Երէցները ‘գործակիցներ են մեր ուրախութեան’
«Գործակից ենք ձեր ուրախութեանը» (Բ. ԿՈՐ. 1։23)։
1. Ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ, որ Պօղոս Կորնթոսի քրիստոնեաներուն համար ուրախանայ։
Ք.Ե. 55–ին, Պօղոս լսեց թէ Կորնթոսի եղբայրները անդադար իրարու հետ կը վիճէին։ Ուստի, հայրական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով՝ անոնց նամակ մը ուղարկեց, զանոնք սրբագրելու համար (Ա. Կոր. 1։11. 4։15)։ Պօղոս նաեւ իր համագործակիցը՝ Տիտոսը՝ հոն ղրկեց եւ կարգադրեց որ Տրովադա վերադառնայ։ Քանի մը ամիս ետք, Պօղոս արդէն Տրովադայի մէջ Տիտոսին կը սպասէր, Կորնթոսի եղբայրներուն լուրերը առնելու համար, քանի որ տակաւին անոնց մասին մտահոգուած էր։ Ցաւօք սրտի, Տիտոս չեկաւ եւ Պօղոս դէպի Մակեդոնիա նաւարկեց։ Բայց շատ ուրախացաւ, երբ որոշ ժամանակ ետք, հոն Տիտոսին հետ տեսնուեցաւ։ Տիտոս ըսաւ, թէ Կորնթոսի եղբայրները անոր յորդորին անսացին եւ թէ ի՛րապէս կ’ուզէին զինք տեսնել։ Երբ Պօղոս այս մէկը լսեց, ‘ա՛լ աւելի ուրախ եղաւ’ (Բ. Կոր. 2։12, 13. 7։5-9)։
2. ա) Պօղոս կորնթացիներուն ի՞նչ գրեց հաւատքի եւ ուրախութեան մասին։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի պատասխանուին։
2 Անկէ քիչ ետք, Պօղոս կորնթացիներուն ուրիշ նամակ մը գրեց։ Անոնց ըսաւ. «Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք» (Բ. Կոր. 1։23)։ Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Եւ երէցները այդ խօսքերէն ի՞նչ դասեր կրնան քաղել։
ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
3. ա) Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Դուք հաւատքով կը կենաք»։ բ) Այժմու երէցները ինչպէ՞ս Պօղոսի օրինակին կը հետեւին։
3 Պօղոս նշեց երկու կարեւոր յատկութիւններ, որոնք քրիստոնեաները պէտք է ունենան. հաւատք եւ ուրախութիւն։ Նախ՝ ան նշեց հաւատքը, ըսելով. «Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք. . . վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք»։ Պօղոս գիտէր, թէ Կորնթոսի եղբայրները Աստուծոյ հաւատարմօրէն կը ծառայէին՝ Բ. Կոր. 2։3)։ Համանման կերպով, այժմու երէցները Պօղոսը կ’ընդօրինակեն եւ վստահ են թէ իրենց եղբայրները Աստուծոյ հաւատք կ’ընծայեն եւ պատշաճ մղումներով իրեն կը ծառայեն (Բ. Թես. 3։4)։ Եւ փոխանակ ժողովքէն ներս խիստ կանոններ դնելու, անոնք կը յարին աստուածաշնչական սկզբունքներուն եւ Եհովայի կազմակերպութեան ուղղութեան։ Վերջ ի վերջոյ, երէցները իրենց եղբայրներուն հաւատքին վրայ չեն տիրապետեր (Ա. Պետ. 5։2, 3)։
Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած անձնական հաւատքին պատճառաւ, եւ ոչ թէ իր կամ ուրիշ ոեւէ անհատի պատճառաւ։ Ան վստահ էր, որ անոնք Աստուած կը սիրէին եւ կ’ուզէին ճիշդ արարքներ գործել։ Ուստի, Պօղոս հարկ չունէր անոնց հաւատքին վրայ տիրապետելու, ոչ ալ կ’ուզէր այդպէս վարուիլ (4. ա) Ի՞նչ ըսել ուզեց Պօղոս, երբ գրեց. «Գործակից ենք ձեր ուրախութեանը»։ բ) Ներկայիս երէցները ինչպէ՞ս Պօղոսը կ’ընդօրինակեն։
4 Պօղոս նաեւ ըսաւ. «Գործակից ենք ձեր ուրախութեանը»։ Այս «գործակից»ները անոնք են՝ որոնք իրեն հետ ծանր աշխատեցան, կորնթացիներուն օգնելու համար։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Քանի որ կորնթացիներուն յղած իր նոյն նամակին մէջ, Պօղոս անոնցմէ երկուքը նշեց, երբ գրեց. «[Յիսուս] մեզմով ձեզի քարոզուեցաւ, (ինձմով եւ Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով)» (Բ. Կոր. 1։19)։ Նաեւ, ամէն անգամ որ ա՛յլ «գործակից»ներ կը նշէր իր նամակներուն մէջ, Պօղոս միշտ կ’ակնարկէր անոնց՝ որոնք քարոզչութեան մէջ իրեն հետ ծանր կ’աշխատէին, ինչպէս՝ Ապօղոս, Ակիւղաս, Պրիսկէ, Տիմոթէոս եւ Տիտոս (Հռով. 16։3, 21. Ա. Կոր. 3։6-9. Բ. Կոր. 8։23)։ Ուստի երբ Պօղոս ըսաւ՝ «գործակից ենք ձեր ուրախութեանը», ան կորնթացիներուն կ’ըսէր, թէ ինք եւ իրեն հետ աշխատողները կ’ուզէին իրենց ամէն կարելին ընել, որպէսզի ժողովքը ուրախութեամբ Աստուծոյ ծառայէ։ Ներկայիս, երէցներն ալ կ’ուզեն իրենց ամէն կարելին ընել, որպէսզի իրենց եղբայրները ‘ուրախութեամբ Տէրոջ ծառայեն’ (Սաղ. 100։2. Փլպ. 1։25)։
5. ա) Կարգ մը եղբայրներու եւ քոյրերու ի՞նչ հարցում ուղղուեցաւ։ բ) Ի՞նչ պէտք է ընես, մինչ անոնց պատասխանները կը քննարկենք։
5 Վերջերս, տարբեր երկիրներու մէջ ապրող նախանձախնդիր եղբայրներու եւ քոյրերու հետեւեալ հարցումը ուղղուեցաւ. «Երէցի մը ո՞ր խօսքերն ու արարքները քեզ ուրախացուցած են»։ Մինչ անոնց պատասխանները կը քննարկենք, պահ մը խորհէ երէցներու ա՛յն խօսքերուն եւ արարքներուն մասին, որոնք քե՛զ շատ ուրախացուցած են։ Ինչպէս նաեւ մտածէ թէ ի՛նչ կրնաս ընել, ժողովքէդ ներս ուրախ հոգիի մը նպաստելու համար *։
«ԲԱՐԵՒ ԸՐԷՔ ՊԵՐՍԻԴԷ ՍԻՐԵԼԻԻՆ»
6, 7. ա) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը, Պօղոսը եւ Աստուծոյ ուրիշ ծառաները ընդօրինակել։ բ) Եղբայրները ինչո՞ւ կ’ուրախանան, երբ իրենց անունները կը յիշենք։
6 Բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր ըսին, թէ կ’ուրախանան երբ երէցները իրենցմով հետաքրքրուին։ Հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու հիմնական կերպ մըն է՝ հետեւիլ Դաւիթի, Եղիուսի եւ Յիսուսի օրինակին (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 9։6. Յոբ 33։1. Ղուկաս 19։5)։ Եհովայի այս ծառաները ցոյց տուին, թէ ուրիշներով հետաքրքրուած էին՝ անոնց անունները գործածելով։ Պօղոս ալ գիտէր, թէ որքա՜ն կարեւոր էր որ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն անունները յիշէր եւ գործածէր։ Իր նամակներէն մէկուն վերջաւորութեան, ան անունով նշեց աւելի քան 25 եղբայրներ ու քոյրեր։ Քոյրերէն մէկն էր՝ Պերսիդէն, որուն մասին Պօղոս ըսաւ. «Բարեւ ըրէք Պերսիդէ սիրելիին» (Հռով. 16։3-15)։
7 Կարգ մը երէցներ անուններ յիշելու մէջ դժուարութիւն կ’ունենան։ Բայց երբ երէցը Ել. 33։17)։ Եղբայրները նաեւ կ’ուրախանան, երբ Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան կամ ա՛յլ ժողովներու ընթացքին մեկնաբանութիւններ ներկայացնելու համար, երէցները իրենց անունները կու տան (համեմատէ՛ Յովհաննէս 10։3)։
այս մարզին մէջ ջանք կը թափէ, եղբայրները եւ քոյրերը կը զգան թէ ան իրենցմով հետաքրքրուած է («ՇԱՏ ԱՇԽԱՏԵՑԱՒ, ՏԷՐՈՋՄՈՎ»
8. Ի՞նչ կարեւոր մէկ կերպով Պօղոս Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակեց։
8 Պօղոս նաեւ ցոյց տուաւ թէ ուրիշներով հետաքրքրուած էր, զանոնք գովելով։ Ասիկա ուրիշ կերպ մըն է, որով երէցները կրնան իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնել, որ ուրախութեամբ Աստուծոյ ծառայեն։ Երբ կորնթացիներուն կը գրէր, Պօղոս ըսաւ. «Շատ հպարտ եմ ձեզմով» (Բ. Կոր. 7։4)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Պօղոսի խօսքերը պատճառ դարձան, որ Կորնթոսի եղբայրները սիրուած զգան։ Ան ուրիշ ժողովքներ ալ գովեց, անոնց տարած լաւ գործունէութեան համար (Հռով. 1։8. Փլպ. 1։3-5. Ա. Թես. 1։8)։ Եւ հռոմայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ Պերսիդէն նշելէ ետք, Պօղոս աւելցուց. «Շատ աշխատեցաւ, Տէրոջմով» (Հռով. 16։12)։ Այս խօսքը լսելով, Պերսիդէն շատ քաջալերուած ըլլալու էր։ Այսպէս, ուրիշները գովելով, Պօղոս Եհովան եւ Յիսուսը կ’ընդօրինակէր (կարդա՛ Մարկոս 1։9-11. Յովհաննէս 1։47. Յայտ. 2։2, 13, 19)։
9. Ժողովքի անդամները ինչո՞ւ աւելի՛ ուրախ կ’ըլլան երբ մէկզմէկ կը գովեն։
9 Ներկայիս, երէցները կը գիտակցին թէ որքա՜ն կարեւոր է իրենց եղբայրներուն յայտնել, թէ կը գնահատեն զիրենք (Առ. 3։27. 15։23)։ Ամէն անգամ որ իր եղբայրները կը գովէ, երէցը ցոյց կու տայ թէ անոնցմով հետաքրքրուած է եւ թէ անոնց արարքները կը նշմարէ։ Հարկ է որ ժողովքէն ներս եղբայրներն ու քոյրերը երէցներէն քաջալերական խօսքեր լսեն։ Իր 50–ական տարիքին մէջ եղող քոյր մը կը նշէ, թէ իր գործատեղիին մէջ բնաւ գովասանք չէ լսած, քանի որ հոն մարդիկ իրարմով հետաքրքրուած չեն եւ իրարու հետ կը մրցակցին։ Ուստի, երբ երէց մը զինք կը գովէ, ժողովքին համար կատարած իր մէկ արարքին համար, ան կը թարմանայ եւ իր ուժը կը վերանորոգէ։ Ան կ’ըսէ. «Երկնաւոր Հօրս կողմէ սիրուած կը զգամ»։ Եղբայր մը, որ առանձին երկու զաւակ կը մեծցնէ, նոյն զգացումը ունեցաւ, երբ երէց մը զինք սրտանց գովեց։ Երէցին խօսքերը իրապէս զինք քաջալերեցին, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ շարունակէ իր լաւագոյնը ընել։ Յստակ է որ երբ երէց մը անկեղծօրէն իր եղբայրներն ու քոյրերը կը գովէ, անոնց կ’օգնէ որ շարունակեն ուրախութեամբ Աստուծոյ ծառայել «ու չյոգնին» (Եսա. 40։31)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՔԸ ՀՈՎՈՒԵԼ
10, 11. ա) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Նէեմիան ընդօրինակել։ բ) Հովուական այցելութիւններուն ընթացքին, երէցը ինչպէ՞ս կրնայ իր հաւատակիցներուն հաւատքը զօրացնել։
10 Ի՞նչ է ուրիշ կարեւոր կերպ մը, որով երէցները իրենց եղբայրներուն սէր կը ցուցաբերեն եւ կ’օգնեն, որ ուրախութեամբ Աստուծոյ ծառայեն։ Անոնք քաջալերութեան պէտք ունեցողներուն համար ա՛նմիջապէս գործի կը լծուին (կարդա՛ Գործք 20։28)։ Այսպիսով, անոնք Աստուծոյ վաղեմի հաւատարիմ ծառաները կ’ընդօրինակեն։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երբ Նէեմիան նշմարեց որ իր հայրենակիցներէն ոմանք վհատած էին, ‘ելաւ’ եւ զանոնք քաջալերեց (Նէ. 4։14)։ Ներկայիս, երէցները նոյն բանը կ’ուզեն ընել։ Երբ իրենց հաւատակիցները վհատած կը զգան, երէցները ‘կ’ելլեն’ կամ նախաձեռնութիւնը կ’առնեն զանոնք քաջալերելու։ Այսպիսի քաջալերութեան աղբիւր ըլլալու համար, երէցները հովուական այցելութիւններ կ’ընեն՝ «հոգեւոր շնորհք» հաղորդելով անոնց,– խօսիլ նիւթի մը շուրջ, որ անոնց հաւատքը կը զօրացնէ (Հռով. 1։11)։ Երէցները ինչպէ՞ս կրնան այս մէկը ընել։
11 Հովուական այցելութիւն ընելէ առաջ, երէցը պէտք է ժամանակ տրամադրէ մտածելու համար այն անձին մասին, որուն պիտի այցելէ։ Օրինակի համար, կրնայ ինքն իրեն հարց տալ. ‘Այս անձը ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։ Զինք հանգստացնելու համար ի՞նչ կրնամ ըսել։ Աստուածաշունչի ո՞ր համարը կամ անձնաւորութիւնը զինք պիտի քաջալերէ’։ Այսպիսի կանխամտածում մը պիտի օգնէ երէցին, որ անհատին հետ իմաստալից խօսակցութիւն ունենայ։ Հովուական այցելութեան ընթացքին, երէցը թոյլ կու տայ, որ իր եղբայրներն ու քոյրերը արտայայտուելու ազատ զգան, մինչ անոնց ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ (Յակ. 1։19)։ Քոյր մը ըսաւ. «Շատ կը մխիթարուիմ երբ երէցը սրտանց ինծի մտիկ կ’ընէ» (Ղուկ. 8։18)։
12. Ժողովքին մէջ որո՞նք քաջալերութեան պէտք ունին եւ ինչո՞ւ։
12 Որո՞նք երէցներուն հովուական այցելութիւններուն պէտք ունին։ Պօղոս երէցները յորդորեց, որ «բոլոր հօտին» ուշադիր ըլլան։ Ի՛րապէս, ժողովքի բոլոր անդամները քաջալերութեան պէտք ունին, նոյնիսկ տարիներէ ի վեր հաւատարմօրէն ծառայող հրատարակիչներն ու ռահվիրաները։ Անոնք ինչո՞ւ հոգեւոր հովիւներուն աջակցութեան պէտք ունին։ Քանի որ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենալով հանդերձ, ատեններ անոնք կը զգան որ առանձին չեն կրնար տոկալ այս չար աշխարհին պատճառած խնդիրներուն։ Դաւիթ թագաւորին պատահած վտանգաւոր մէկ դէպքը ցոյց կու տայ, թէ այսպիսի եղբայրներ ու քոյրեր ալ օգնութեան պէտք ունին։
ԱԲԵՍՍԱ «ԱՆՈՐ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՒ»
13. ա) Յեսբիբենոբ ե՞րբ յարմար տեսաւ Դաւիթին վրայ յարձակիլ։ բ) Աբեսսան ինչպէ՞ս կրցաւ ճիշդ ժամանակին Դաւիթի օգնութեան հասնիլ։
13 Պատանի Դաւիթ՝ թագաւոր օծուելէ քիչ ետք, քաջաբար կռուեցաւ Գողիաթին դէմ,– ռափայիններու տոհմէն հսկայ մը,– ու զայն սպաննեց (Ա. Թագ. 17։4, 48-51. Ա. Մն. 20։5, 8)։ Տարիներ ետք, իսրայէլացիներու եւ փղշտացիներու մէկ պատերազմին ընթացքին, Դաւիթ կռուեցաւ ուրիշ հսկայի մը դէմ, որուն անունն էր Յեսբիբենոբ, որ դարձեալ ռափայիններու տոհմէն էր (Բ. Թագ. 21։16)։ Բայց այս անգամ քիչ մնաց որ հսկան Դաւիթը սպաննէր։ Ինչո՞ւ։ Ոչ թէ քանի որ Դաւիթ իր քաջութիւնը կորսնցուցած էր, այլ՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ «Դաւիթ ուժասպառ եղաւ»։ Երբ Յեսբիբենոբ նշմարեց որ Դաւիթ յոգնեցաւ, անմիջապէս խորհեցաւ որ անոր վրայ յարձակելու ճիշդ ժամանակն էր։ Բայց Աբեսսան Դաւիթի «օգնութեան հասաւ ու փղշտացին զարկաւ ու մեռցուց» (Բ. Թագ. 21։15-17)։ Վստահաբար Դաւիթ երախտապարտ էր, որ Աբեսսան իր վրայ կը հսկէր եւ անմիջապէս իրեն օգնեց երբ իր կեանքը վտանգի տակ էր։ Այս պատմութենէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։
14. ա) Շատ դժուար պարագաներու ներքեւ, ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ հաւատարիմ մնանք։ բ) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգնել ուրիշներուն, որ հաւատարիմ մնան եւ դարձեալ ուրախ ըլլան. օրինակ մը տուր։
14 Աշխարհի տարածքին, Եհովայի ժողովուրդը կը շարունակէ իրեն ծառայել, հակառակ անոր որ Սատանան ու անոր գործակալները խոչընդոտներ կը դնեն իրենց առջեւ։ Մեզմէ ոմանք դիմագրաւած են հսկայ դժուարութիւններ։ Բայց լիովին Եհովային վստահելով այդ գողիաթանման խնդիրներուն հետ գլուխ ելած են։ Սակայն, ատեններ Սատանայի աշխարհին դէմ մեր մղած յարատեւ պայքարը մեզ կը յոգնեցնէ ու կը վհատեցնէ։ Այդ տկար վիճակին մէջ, անպաշտպան ու յարձակումի ենթակայ կ’ըլլանք կեանքի այն ճնշումներուն առջեւ, որոնց դիմանալը դիւրին է պարզ օրերու ընթացքին։ Այս պարագային, երէցի մը ժամանակայարմար աջակցութիւնը կրնայ մեզի օգնել, որ ետ ձեռք ձգենք մեր ուրախութիւնն ու զօրութիւնը,– ինչպէս որ ոմանք փորձառաբար կ’ըսեն։ Ռահվիրայ քոյր մը, որ իր 60–ական տարիքին մէջ է, կ’ըսէ. «Ժամանակ մը առաջ, ֆիզիքապէս հանգիստ չէի, եւ դաշտի ծառայութիւնը զիս կը յոգնեցնէր։ Երէց մը այս մէկը նշմարեց եւ ինծի մօտեցաւ։ Աստուածաշունչի մէկ հատուածին վրայ հիմնուած քաջալերական խօսակցութիւն մը ունեցանք։ Իր առաջարկները կիրարկեցի եւ օգտուեցայ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Որքա՜ն սիրալիր արարք մըն էր, որ երէցը իմ տկար վիճակս նկատեց եւ օգնութեան հասաւ»։ Սրտապնդիչ է գիտնալ, թէ ունինք երէցներ որոնք մեզ կը հոգան եւ միշտ պատրաստ են մեզի օգնելու, ինչպէս որ Աբեսսան պատրաստ էր Դաւիթին օգնելու։
ԱՆՈՆՔ ԳԻՏԷԻՆ ԹԷ ՊՕՂՈՍ ԶԻՐԵՆՔ ԿԸ ՍԻՐԷՐ
15, 16. ա) Եղբայրներն ու քոյրերը ինչո՞ւ կը սիրէին Պօղոսը։ բ) Ինչո՞ւ մեր երէցները կը սիրենք։
15 Հովիւ ըլլալը շատ աշխատանք կը պահանջէ։ Ատեններ, երէցները անքուն գիշերներ կ’անցընեն, աղօթելով Աստուծոյ հօտին համար կամ եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգեւոր աջակցութիւն տալու համար (Բ. Կոր. 11։27, 28)։ Բայց երէցները, Պօղոսին նման, իրենց պատասխանատուութիւնը լիովին եւ ուրախութեամբ կը կատարեն։ Պօղոս կորնթացիներուն գրեց. «Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ ալ ձեր անձերուն համար» (Բ. Կոր. 12։15)։ Քանի որ Պօղոս եղբայրները սիրեց, ինքզինք ‘ծախք ըրաւ’, այսինքն իր ամբողջ կորովը տրամադրեց՝ զանոնք զօրացնելու համար (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 2։4. Փլպ. 2։17. Ա. Թես. 2։8)։ Զարմանալի չէ որ եղբայրները Պօղոսը շատ կը սիրէին (Գործք 20։31-38)։
16 Մենք ալ կը սիրենք մեր երէցները, եւ երախտապարտ ենք Եհովային որ զիրենք կը գործածէ մեզ հոգալու համար։ Ուրախ ենք որ անոնք մեր իւրաքանչիւրով հետաքրքրուած են եւ հովուական այցելութիւններ կ’ընեն, որպէսզի մեզ քաջալերեն։ Ինչպէս նաեւ երախտապարտ ենք, որ անոնք միշտ պատրաստ են մեզի օգնելու, երբ կը զգանք թէ ա՛լ չենք կրնար մեր խնդիրներուն հետ առանձին գլուխ ելլել։ Այսպիսի երէցներ իրապէս ծանր կ’աշխատին մեր ուրախութեան համար։
^ պարբ. 5 Նոյն եղբայրներուն եւ քոյրերուն նաեւ հարցուեցաւ. «Երէցի մը մէջ ո՞ր յատկութիւնը ամէնէն շատ կ’արժեւորես»։ Անոնց մեծամասնութիւնը պատասխանեց. «Դիւրամերձ ըլլալը»։ Յետագային, յօդուածի մը մէջ պիտի սորվինք թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ երէցները այդ յատկութիւնը ունենան։