Առանց ափսոսանքի ծառայենք
«Ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ» (ՓԼՊ. 3։13)։
1-3. ա) Ոմանք ի՞նչ բաներու համար կ’ափսոսան։ բ) Մեր անցեալի սխալները ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն։ գ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Պօղոսին օրինակէն։
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ մը՝ Ճ. Կ. Ուիթայըր՝ նշեց, թէ գրուած կամ արտասանուած ամէնէն տխուր արտայայտութիւնն է՝ «Երանի թէ. . .»։ Մարդիկ սապէս կ’արտայայտուին, երբ կը մտածեն թէ կեանքը որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլար, եթէ որոշ բաներ ա՛յլ կերպով ըրած ըլլային։ Բոլորս ալ կը փափաքինք ետ դառնալ եւ կարգ մը հարցեր տարբեր կերպով ձեռք առնել։ Բայց ոմանք յարատեւաբար կ’ափսոսան կամ խորապէս կը տխրին, քանի որ կարգ մը բաներ ըրին կամ չըրին։ Դուն ի՞նչ բանի համար կ’ափսոսաս։
2 Ոմանք լուրջ մեղքեր կամ սխալ արարքներ գործած են։ Ուրիշներ պարզապէս վստահ չեն եթէ իրապէս լաւագոյն որոշումները առած են կամ ոչ։ Տակաւին ուրիշներ կրցած են իրենց անցեալին հետ հաշտուիլ եւ իրենց կեանքը շարունակել։ Իսկ ուրիշ խումբ մը իր առած որոշումներով շարունակ ջախջախուած կը զգայ ու կը մտածէ. ‘Երանի թէ այդ մէկը ըրած չըլլայի’ (Սաղ. 51։3)։ Դուն ինչպէ՞ս կը զգաս։ Կ’ուզե՞ս Աստուծոյ ծառայութեան մէջ լաւագոյնդ ընել, առանց շարունակաբար մտահոգուելու անցեալին ըրած սխալներուդ մասին։ Արդեօք Աստուածաշունչին մէջ կա՞յ մէկը որ կրցաւ այդպէս ընել։ Այո՛, Պօղոս առաքեալը։
3 Պօղոս թէ՛ ահռելի սխալներ եւ թէ իմաստուն ընտրութիւններ ըրաւ։ Ան խորապէս ափսոսաց իր ըրած սխալներուն համար, բայց նաեւ սորվեցաւ կեդրոնանալ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իր լաւագոյնը ընելու վրայ։ Տեսնենք թէ իր օրինակէն ի՛նչ դասեր կրնանք քաղել։
ՊՕՂՈՍԻՆ ԱՆՑԵԱԼԸ
4. Պօղոս առաքեալ կը փափաքէր որ ի՞նչ ըրած չըլլար։
4 Որպէս երիտասարդ փարիսեցի, Պօղոս ըրաւ բաներ, որոնց համար յետագային ափսոսաց։ Օրինակի Գործք 8։3)։ Աստուածաշնչագէտ Ալպերթ Պարնզ կ’ըսէ, թէ «շատ վնաս կու տար» թարգմանուած յունարէն բառը «զօրաւոր արտայայտութիւն մըն է, որ ցոյց կու տայ թէ [Սօղոս] որքա՜ն եռանդով ու կատաղութեամբ կը հալածէր»։ Պարնզ կ’աւելցնէ. «Այսպէս, Սօղոս գազանի մը նման կատղած էր ժողովքին դէմ»։ Սօղոս նախանձախնդիր հրեայ մըն էր, որ կը հաւատար թէ իր աստուածատուր պարտականութիւնն էր՝ քրիստոնէական ժողովքը բնաջնջել։ Ուստի, ան վայրագօրէն քրիստոնեաները հալածեց եւ սպառնաց սպաննել «այրեր ու կիներ» (Գործք 9։1, 2. 22։4) *։
համար, ան Քրիստոսի աշակերտները կատաղիօրէն հալածեց։ Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ Ստեփանոսին նահատակութենէն անմիջապէս ետք, «Սօղոս [որ յետագային ճանչցուեցաւ որպէս՝ Պօղոս] եկեղեցիին շատ վնաս կու տար, տուները կը մտնէր, այրեր ու կիներ կը քաշէր՝ բանտ դնել կու տար» (5. Ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ որ Սօղոս դադրի Յիսուսի աշակերտները հալածելէ եւ սկսի անոր մասին քարոզել։
5 Սօղոս յետագային ուզեց Դամասկոս երթալով՝ քրիստոնեաները իրենց տուներէն քաշել ու Երուսաղէմ բերել, որպէսզի Սենետրիոնը զանոնք պատժէ։ Բայց Յիսուս՝ քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը՝ անոր արգելք հանդիսացաւ (Եփ. 5։23)։ Երբ Սօղոս Դամասկոս կը մօտենար, Յիսուս իրեն երեւցաւ եւ երկնքէն լոյս մը Սօղոսը կուրցուց։ Ապա Յիսուս զինք Դամասկոս ղրկեց, որպէսզի հոն յաւելեալ ցուցմունքներ ստանայ։ Եւ գիտենք անկէ ետք ի՛նչ պատահեցաւ (Գործք 9։3-22)։
6, 7. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ Պօղոս կը գիտակցէր թէ լուրջ սխալներ գործած էր։
6 Երբ Պօղոս գիտակցեցաւ թէ սխալ արարքներ կը գործէր, դադրեցաւ Քրիստոսի աշակերտները հալածելէ եւ փոխարէն սկսաւ անոր մասին նախանձախնդրաբար քարոզել։ Բայց եւ այնպէս իր ըրածները չուրացաւ։ Ան յետագային ինքնիր մասին գրեց. «Լսած էք դուք իմ նախկին վարմունքս Հրէութեան մէջ, ինչպէ՜ս չափէ դուրս կը հալածէի Աստուծոյ եկեղեցին ու կը կործանէի» (Գաղ. 1։13)։ Ան դարձեալ իր անցեալը նշեց, երբ կորնթացիներուն, փիլիպպեցիներուն եւ Տիմոթէոսին գրեց (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։9. Փլպ. 3։6. Ա. Տիմ. 1։13)։ Պօղոս իր ըրածներէն կ’ամչնար, բայց չձեւացուց որ անոնք երբեք չէին պատահած։ Ան կը գիտակցէր թէ լուրջ սխալներ գործած էր (Գործք 26։9-11)։
7 Աստուածաշնչագէտ Ֆրէտերիք Ու. Ֆարար գրեց, թէ երբ մտածենք թէ Պօղոս որքա՜ն վայրագօրէն քրիստոնեաները հալածեց, կրնանք հասկնալ անոր խոր տխրութիւնը եւ կրնանք երեւակայել թէ ուրիշները որքա՜ն զինք քննադատեցին։ Երբ Պօղոս զանազան ժողովքներ կ’այցելէր, զինք առաջին անգամ ըլլալով տեսնող եղբայրները թերեւս ըսին. ‘Ուրեմն դո՛ւն ես Պօղոսը, ան որ մեզ կը հալածէր’ (Գործք 9։21)։
8. ա) Իրեն հանդէպ Եհովայի եւ Յիսուսի ցուցաբերած ողորմութեան նկատմամբ, Պօղոս ինչպէ՞ս զգաց։ բ) Պօղոսի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
8 Բայց Պօղոս գիտակցեցաւ թէ կրնար որպէս առաքեալ ծառայել, միա՛յն քանի որ Աստուած իրեն հանդէպ անզուգական բարութիւն ցուցաբերած էր։ Ան Աստուծոյ շնորհքին կամ անզուգական բարութեան մասին շուրջ 90 անգամ կը խօսի իր 14 նամակներուն մէջ, Աստուածաշունչի միւս գրողներէն աւելի՛ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։10)։ Պօղոս շատ երախտապարտ էր որ Աստուած իրեն հանդէպ ողորմած գտնուեցաւ, եւ ուզեց այս մէկը գործով ցոյց տալ։ Ուստի, միւս առաքեալներէն աւելի՛ ան Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ծանր աշխատեցաւ։ Պօղոսի օրինակը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ եթէ Յիսուսի զոհաբերութեան հաւատանք, մեր մեղքերը խոստովանինք եւ դադրինք սխալ արարքներ գործելէ, Եհովան պատրաստ է ներելու նո՛յնիսկ շատ լուրջ մեղքեր։ Ուստի, եթէ կը խորհիս որ գործած ծանր մեղքերդ անկարելի է որ ներուին Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ, յիշէ Պօղոսին օրինակը (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։15, 16)։ Թէեւ Պօղոս Քրիստոսը բրտօրէն հալածեց, սակայն կրցաւ գրել. ‘Աստուծոյ Որդին զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց’ (Գաղ. 2։20. Գործք 9։5)։ Պօղոս սորվեցաւ, թէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իր լաւագոյնը պէտք էր ընէր, ի՛նչ որ ալ ըլլար իր անցեալը, որպէսզի ափսոսալու նոր պատճառ մը չունենար։ Դուն ալ այս կէտը սորվա՞ծ ես։
ԲԱՆԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ Կ’ԱՓՍՈՍԱ՞Ս
9, 10. ա) Թերեւս ինչո՞ւ ափսոսանք։ բ) Ինչո՞ւ անցեալի սխալներու մասին շարունակ մտահոգուիլը լաւ բան չէ։
9 Արդեօք ըրա՞ծ ես բաներ, որոնց համար այժմ կ’ափսոսաս։ Կը ցանկա՞ս որ ժամանակդ եւ կորովդ աւելի կարեւոր բաներու համար գործածած ըլլայիր։ Երբեք ուրիշներուն վնաս հասցուցա՞ծ ես։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ որոշ բանի մը համար ըսես. ‘Երանի՜ թէ զայն տարբեր կերպով ըրած ըլլայի’։ Եթէ այսպէս կը զգաս, ի՞նչ կրնաս ընել։
10 Ոմանք միշտ կը մտահոգուին։ Շարունակաբար մտահոգուիլ կը նշանակէ՝ ինքզինք տանջել, ինքզինք նեղել եւ ինքզինք հալածել։ Մտահոգուելով խնդիրներդ պիտի լուծե՞ս։ Ո՛չ։ Երեւակայէ որ ճօճաթոռին վրայ ժամերով կը ճօճիս՝ յառաջ երթալու նպատակաւ։ Ճիշդ է որ շատ կորով պիտի վատնէիր, բայց տեղ մը պիտի չհասնէիր։ Ուստի մտահոգուելու փոխարէն, պէտք է դրական քայլեր առնես, որպէսզի խնդիրը լուծես։ Կրնաս ներողութիւն խնդրել այն անհատէն որ վիրաւորած ես, թերեւս այսպէս ընելով իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ վերահաստատես։ Պահ մը խորհէ թէ ինչո՛ւ այդ սխալը ըրած ես, որպէսզի ապագային զայն դարձեալ չկրկնես։ Բայց ատեններ, ըրած սխալիդ հետեւանքները պէտք է կրես։ Սակայն, անցեալի սխալներուն
համար մտահոգուիլը քեզի պիտի չօգնէ։ Իրականութեան մէջ, ատիկա կրնայ դժուարացնել, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ լաւագոյնդ տաս։11. ա) Եթէ կ’ուզենք որ Եհովան մեզի ողորմի ու մեզ սիրէ, ի՞նչ պէտք է ընենք։ բ) Ըստ Աստուածաշունչին, ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի մեր անցեալի սխալներուն համար ա՛լ յանցաւոր չզգանք։
11 Ոմանք կը զգան, որ ա՛յնքան ահռելի սխալներ գործած են որ Աստուծոյ ողորմութեան արժանի չեն։ Անոնք կը խորհին թէ իրենց գործած սխալները շատ լուրջ են կամ բազմաթիւ են։ Սակայն, իրողութիւնը այն է՝ թէ անցեալին ի՛նչ որ ալ ըրած ըլլան, անոնք կրնան իրենց սխալները խոստովանիլ, փոփոխութիւններ ընել եւ Աստուծմէ ներում խնդրել (Գործք 3։19)։ Եհովան անոնց հանդէպ ողորմութիւն եւ սէր կրնայ ցուցաբերել, ինչպէս որ ուրիշներուն ցուցաբերած է։ Եհովան պիտի ներէ խոնարհ, պարկեշտ եւ զղջացող անհատին։ Օրինակի համար, ան ներեց Յոբին՝ որ ըսաւ. «Հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ» (Յոբ 42։6)։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ճիշդ ի՛նչ պէտք է ընենք, որ մեր սխալներուն համար ա՛լ յանցաւոր չզգանք եւ մտքի խաղաղութիւն ունենանք. «Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ» (Առ. 28։13. Յակ. 5։14-16)։ Հարկ է որ մեր մեղքերը Աստուծոյ խոստովանինք, աղօթքով ներում խնդրենք եւ մեր ամէն կարելին ընենք ցոյց տալու որ զղջացած ենք (Բ. Կոր. 7։10, 11)։ Այսպէս, Եհովան՝ որ «առատապէս կը ներէ», մեզի պիտի ողորմի (Եսա. 55։7)։
12. ա) Երբ յանցաւոր խիղճ ունենանք, ինչպէ՞ս կրնանք Դաւիթի լաւ օրինակին հետեւիլ։ բ) Ի՞նչ առումով Եհովան ափսոսած է։ Այս հարցումին պատասխանը ինչպէ՞ս մեզ կը քաջալերէ (տե՛ս շրջանակը)։
12 Աղօթքը ազդու կերպ մըն է, որով կրնանք Աստուծմէ օգնութիւն ստանալ։ Սաղմոսներուն մէջ, Դաւիթ իր հաւատքը յայտնեց, թէ Եհովան իր աղօթքները լսած էր (կարդա՛ Սաղմոս 32։1-5)։ Իր մեղքը Աստուծոյ խոստովանելէ առաջ, Դաւիթի յանցաւոր խիղճը զինք տանջեց։ Ան նեղացաւ, անհանգիստ ու ընկճուած զգաց։ Անոր մեղքը ներուեցաւ եւ ան հանգստացաւ միա՛յն՝ երբ իր մեղքը Աստուծոյ խոստովանեցաւ։ Եհովան Դաւիթի աղօթքներուն պատասխանեց։ Ան օգնեց Դաւիթին որ աւելի լաւ զգայ եւ շարունակէ ճիշդ կերպով վարուիլ։ Համանման կերպով, եթէ ըրած սխալներուդ համար մտահոգուիս, անկեղծ աղօթքով Եհովայէն ներում խնդրէ եւ լաւագոյնդ ըրէ որ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընես։ Եւ ապա, հաւատա՛ որ Եհովան ուշի–ուշով աղօթքդ լսեց եւ քեզի ներեց (Սաղ. 86։5)։
ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՆ ՆԱՅԷ
13, 14. ա) Այժմ ի՞նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնանանք։ բ) Ո՞ր հարցումները մեզի կ’օգնեն մտածելու, թէ այժմ ի՛նչ կ’ընենք։
13 Ճիշդ է որ անցեալէն կրնանք սորվիլ, բայց ատոր մասին շարունակ պէտք չէ մտահոգուինք։ Ներկային եւ ապագային
վրայ կեդրոնացի՛ր։ Հետեւեալին նման հարցումներ դուն քեզի ուղղէ. ‘Ասկէ տարիներ ետք, հիմա ըրած ընտրութիւններուս համար պիտի ափսոսա՞մ։ Պիտի ցանկա՞մ որ հարցերը տարբեր կերպով ձեռք առած ըլլայի։ Արդեօք Աստուծոյ հաւատարմաբար կը ծառայե՞մ, այնպէս որ ապագային բանի մը համար պիտի չափսոսամ’։14 Այժմ մեծ նեղութիւնը շա՜տ մօտ է։ Իմաստութիւն է դուն քեզի հարց տալ. ‘Աստուծոյ ծառայութեան մէջ կրնա՞մ աւելին տալ։ Կրնա՞մ ռահվիրայութեան ձեռնարկել։ Ի՞նչ բան ինծի արգելք կը հանդիսանայ որ օգնական ծառայ ըլլամ։ Իմ ամէն կարելիս կ’ընե՞մ նոր անձնաւորութիւնը հագուելու համար։ Եհովան կ’ուզէ՞ որ ինծի նման անհատ մը իր նոր աշխարհին մէջ ապրի’։ Փոխանակ մտահոգուելու որ ի՛նչ չես կրցած ընել, մտածէ թէ այժմ ի՛նչ կ’ընես եւ վստահ եղիր որ Եհովային ծառայութեան մէջ լաւագոյնդ կու տաս։ Հիմա ըրէ այնպիսի ընտրութիւններ, որոնց համար ապագային պիտի չափսոսաս (Բ. Տիմ. 2։15)։
ՍՈՒՐԲ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆԴ ՀԱՄԱՐ ԲՆԱՒ ՄԻ՛ ԱՓՍՈՍԱՐ
15, 16. ա) Շատեր ի՞նչ զոհողութիւններ ըրած են, իրենց լաւագոյնը Եհովային տալու համար։ բ) Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր ըրած որեւէ զոհողութեան համար ինչո՞ւ պէտք չէ ափսոսանք։
15 Եհովային լիաժամ ծառայելու համար զոհողութիւններ ըրա՞ծ ես։ Թերեւս յաջող գործ մը լքեցիր, որպէսզի Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աւելի՛ն տաս։ Կամ թերեւս ընտրեցիր չամուսնանալ կամ զաւակներ չունենալ, որպէսզի ծառայես Բեթէլի մէջ, մասնակցիս միջազգային շինարարական գործին կամ շրջանային գործին, եւ կամ իբրեւ միսիոնար ծառայես։ Հիմա որ տարիքով կը մեծնաս, պէ՞տք է այդ որոշումներուդ համար ափսոսաս։ Պէ՞տք է զգաս որ ըրած զոհողութիւններդ անհրաժեշտ չէին կամ սխալ ժամանակին եղան։ Բնա՛ւ երբեք։
16 Դուն այդ որոշումները առիր, քանի որ Եհովան շատ կը սիրէիր եւ կ’ուզէիր օգնել ուրիշներուն որ իրեն ծառայեն։ Մի՛ կարծեր որ կեանքդ աւելի լաւ պիտի դառնար, եթէ տարբեր որոշումներ առած ըլլայիր։ Կրնա՛ս կայացուցած որոշումներովդ մեծապէս ուրախ ըլլալ։ Քու պարագաներուդ համաձայն, Եհովային ծառայելու լաւագոյն կերպը ընտրեցիր։ Ան պիտի չմոռնայ այն բոլոր զոհողութիւնները, որ իրեն համար ըրիր։ Երբ «յաւիտենական կեանքը» ձեռք ձգես, Եհովան քեզ պիտի վարձատրէ այնպիսի օրհնութիւններով, որոնք խելքէ–մտքէ վեր են (Ա. Տիմ. 6։19. Սաղ. 145։16)։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ԾԱՌԱՅԵԼ ԱՌԱՆՑ ԱՓՍՈՍԱՆՔԻ
17, 18. ա) Պօղոս ի՞նչ ըրաւ, որպէսզի ա՛լ յաւելեալ ափսոսանք չունենար։ բ) Պօղոսի օրինակին ինչպէ՞ս պիտի հետեւիս։
17 Պօղոս ի՞նչ ըրաւ որպէսզի յետագային ա՛լ յաւելեալ ափսոսանք չունենար։ Ան ըսաւ, թէ այլեւս իր անցեալով չէր մտահոգուեր եւ թէ իր վարձատրութեան համար ծանր աշխատեցաւ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 3։13, 14)։ Պօղոս չշարունակեց մտածել այն սխալ արարքներուն մասին, որոնք գործեց երբ տակաւին հրէականութեան կը հետեւէր։ Փոխարէն, իր ամբողջ կորովը տրամադրեց հաւատարիմ մնալու, այնպէս որ կարենար յաւիտենական կեանքի մրցանակը ստանալ։
18 Պօղոսի ըսածէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Փոխանակ մտահոգուելու մեր անցեալին մասին, որ չենք կրնար փոխել, պէտք է կեդրոնանանք թէ ինչ կրնանք ընել հի՛մա, որպէսզի ապագային օրհնուինք։ Թերեւս չկարենանք մեր սխալները ամբողջովին մոռնալ, բայց պէտք չէ անոնց պատճառով շարունակ յանցաւոր զգանք։ Մենք կրնա՛նք անցեալին մասին ա՛լ չմտահոգուիլ, այժմ Աստուծոյ մեր լաւագոյնը տալ եւ մտածել այն հոյակապ ապագային մասին, որ մեզի կը սպասէ։
^ պարբ. 4 Աստուածաշունչը շատ անգամ կը նշէ, որ Սօղոս կիներն ալ հալածեց։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ առաջին դարուն, կիները քարոզչութեան մէջ կարեւոր դեր խաղցան,– ինչպէս որ է պարագան ներկայիս (Սաղ. 68։11, ՆԱ)։