Խղճմտանքիդ ընդառաջէ
Խղճմտանքիդ ընդառաջէ
«Ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն, բայց պիղծերուն ու անհաւատներուն բա՛ն մը մաքուր չէ»։—ՏԻՏՈՍ 1։15
1. Պօղոս Կրետէի ժողովքներուն հետ ի՞նչպէս առնչութիւն ունէր։
ՊՕՂՈՍ առաքեալ միսիոնարական երեք շրջապտոյտ կատարելէ յետոյ ձերբակալուեցաւ եւ ի վերջոյ Հռովմի մէջ երկու տարի բանտարկուեցաւ։ Ան ի՞նչ ըրաւ երբ ազատ արձակուեցաւ։ Առիթով մը ան եւ Տիտոս Կրետէ այցելեցին, ապա անոր գրեց. «Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես»։ (Տիտոս 1։5) Այս նշանակումին հոգ տանիլը կապ ունէր խղճմտանքներու հետ։
2. Տիտոս Կրետէի մէջ ո՞ր խնդրին հոգ պէտք էր տանէր։
2 Պօղոս Տիտոսի ուշադրութեան յանձնեց ժողովքի երէցներուն որակումները, ապա նշեց թէ «շատ են անհնազանդները, ունայնութիւն խօսողները ու խաբողները»։ Անոնք ‘ամբողջ տուներ կը կործանէին ու անպատեհ բաներ կը սորվեցնէին’։ Տիտոս զանոնք ‘պէտք էր յանդիմանէր’։ (Տիտոս 1։10-14. Ա. Տիմոթէոս 4։7) Պօղոս ըսաւ թէ անոնց միտքն ու խղճմտանքը «պղծուած» էին, գործածելով բառ մը որ կը նշանակէ արատաւոր ըլլալ, ինչպէս գեղեցիկ հագուստ մը որ ներկի բիծ ունի։ (Տիտոս 1։15) Անոնցմէ ոմանք թերեւս հրէական ենթահող ունէին, քանի որ ‘թլփատութեան’ կը յարէին։ Թէեւ ներկայիս այսպիսի տեսակէտ ունեցող տղամարդիկ չեն մոլորեցներ ժողովքները, սակայն Տիտոսի տրուած խրատէն շատ բան կրնանք սորվիլ խղճմտանքին մասին։
Պղծուած խղճմտանքով անհատներ
3. Պօղոս Տիտոսի ի՞նչ գրեց խղճմտանքի մասին։
3 Նկատէ Պօղոսի խօսքերուն բովանդակութիւնը, ուր խղճմտանքը նշեց։ «Ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն, բայց պիղծերուն ու անհաւատներուն բա՛ն մը մաքուր չէ, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են։ Կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան»։ Բացայայտ է թէ ոմանք այդ ժամանակ կարգ մը փոփոխութիւններ պէտք էր ընէին, որպէսզի ‘առողջանային հաւատքի մէջ’։ (Տիտոս 1։13, 15, 16) Անոնք մաքուր ու պիղծ բաները զատորոշելու մէջ խնդիր ունէին, եւ ասիկա իրենց խղճմտանքին առնչուած էր։
4, 5. Ժողովքներուն մէջ ոմանք ո՞ր թերութիւնը ունէին, եւ ասիկա իրենց ի՞նչպէս ազդեց։
4 Աւելի քան տասը տարի առաջ, Քրիստոնեայ կառավարիչ մարմինը եզրակացուցած էր թէ ճշմարիտ երկրպագու մը ըլլալու համար՝ այլեւս թլփատութիւնը պահանջ մը չէր, եւ ըստ այնմ ժողովքները տեղեկացուցած էր։ (Գործք 15։1, 2, 19-29) Այսուհանդերձ Կրետէի մէջ ոմանք տակաւին կը յարէին ‘թլփատութեան’։ Անոնք բացէ ի բաց կառավարիչ մարմինին հետ համամիտ չէին, ‘անպատեհ բաներ սորվեցնելով’։ (Տիտոս 1։10, 11) Խեղաթիւրուած մտածումով, անոնք թերեւս Օրէնքին մէջ նշուած ուտելիքներու եւ ծիսական մաքրութեան վերաբերեալ կանոններ կը ջատագովէին։ Թերեւս անոնք նոյնիսկ Օրէնքին ըսածին վրայ կ’աւելցնէին, ինչպէս իրենց նախորդները Յիսուսի օրերուն ըրին, եւ կը ջատագովէին հրէական հէքեաթներն ու մարդկային պատուիրանները։—Մարկոս 7։2, 3, 5, 15. Ա. Տիմոթէոս 4։3
5 Այս մտածումը անոնց դատողութեան ու բարոյական զգացումին՝ խղճմտանքին՝ վրայ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ։ Պօղոս գրեց. «Պիղծերուն ու անհաւատներուն բա՛ն մը մաքուր չէ»։ Անոնց խղճմտանքը ա՛յնքան խեղաթիւրուած էր, որ այլեւս իրենց արարքներուն եւ արժեւորման համար վստահելի ուղեցոյց մը չէր։ Ասկէ զատ, անոնք Քրիստոնեայ հաւատակիցները կը դատէին անձնական հարցերու շուրջ, որոնց նկատմամբ մէկ Քրիստոնեան միւսէն տարբեր ընտրութիւն կրնար ընել։ Այս ուղղութեամբ, այս Կրետացիները պիղծ կը սեպէին բաներ, որոնք իսկապէս պիղծ չէին։ (Հռովմայեցիս 14։17. Կողոսացիս 2։16) Անոնք կը դաւանէին թէ կը ճանչնան Աստուած, բայց կ’ուրանային զայն իրենց գործերով։—Տիտոս 1։16
«Մաքուր է մաքուրներուն»
6. Պօղոս նշեց ի՞նչ երկու տեսակ մարդիկ։
6 Ի՞նչպէս կրնանք Տիտոսի գրած Պօղոսի խօսքերէն օգտուիլ։ Նկատէ այս խօսքին բովանդակած հակադրութիւնը. «Ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն, բայց պիղծերուն ու անհաւատներուն բա՛ն մը մաքուր չէ, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են»։ (Տիտոս 1։15) Վստահաբար Պօղոս ըսել չէր ուզեր թէ բարոյապէս մաքուր Քրիստոնեային համար, բացարձակապէս ամէն բան մաքուր ու թոյլատրելի է։ Ասկէ վստահ ենք, քանի որ Պօղոս ուրիշ նամակի մը մէջ յստակօրէն նշեց թէ պոռնկութիւն, կռապաշտութիւն, ոգեհարցութիւն եւ ասոնց նման բաներ ընող անհատները «Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն»։ (Գաղատացիս 5։19-21) Հետեւաբար պէտք է եզրակացնենք թէ Պօղոս ընդհանուր ճշմարտութիւն մը կը նշէր՝ երկու տեսակ մարդոց մասին. անհատներ որոնք բարոյապէս ու հոգեւորապէս մաքուր են, եւ ուրիշներ՝ որոնք այդպէս չեն։
7. Եբրայեցիս 13։4–ը ի՞նչ բան կ’արգիլէ, բայց ի՞նչ հարցում կը ծագի։
7 Անկեղծ Քրիստոնեային խուսափելիք բաները սահմանափակուած չեն այն բաներուն, զորս Աստուածաշունչը յատկապէս կ’արգիլէ։ Օրինակ, նկատի առ սա բացայայտ խօսքը. «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ (Եբրայեցիս 13։4) Նոյնիսկ Քրիստոնեայ չեղողներ ու Աստուածաշունչին մասին ոչինչ գիտցողներ, ճշգրտօրէն պիտի եզրակացնէին թէ այս համարը շնութիւնը կ’արգիլէ։ Աստուածաշունչի այս եւ այլ հատուածներէ յստակ է թէ Աստուած կը դատապարտէ սեռային յարաբերութիւնը՝ ամուսնացած անհատին եւ իր օրինաւոր կողակիցը չեղողին միջեւ։ Սակայն ի՞նչ կրնայ ըսուիլ չամուսնացած երկու անհատներու մասին, որոնք բերանային սեռի միջամուխ կ’ըլլան։ Բազմաթիւ պատանիներ կը դաւանին թէ այս արարքը անվնաս է, քանի որ սեռային յարաբերութիւն չէ։ Քրիստոնեան կրնա՞յ բերանային սեռը մաքուր նկատել։
8. Բերանային սեռի նկատմամբ, Քրիստոնեաները ի՞նչպէս աշխարհային շատ մը մարդոցմէ կը տարբերին։
8 Եբրայեցիս 13։4 եւ Ա. Կորնթացիս 6։9–ն կը հաստատեն թէ Աստուած չի հաճիր թէ՛ շնութեան եւ թէ պոռնկութեան (Յունարէն՝ բոռ·նէա)։ Պոռնկութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։ Յունարէն բառը կը նշէ սեռային անդամներու գործածութիւնը՝ բնական թէ այլասերած ձեւով, լկտի նպատակներու համար։ Անիկա կը պարփակէ ապօրինի սեռային յարաբերութիւններու բոլոր տեսակները, աստուածաշնչական ամուսնութենէ դուրս։ Արդ, անիկա կը պարփակէ բերանային սեռը, հակառակ այն իրողութեան թէ համայն աշխարհի մէջ բազմաթիւ պատանիներու ըսուած է կամ իրենք եզրակացուցած են թէ բերանային սեռը ընդունելի է։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենց մտածումն ու արարքները չեն առաջնորդեր ‘ունայնութիւն խօսողներուն եւ խաբողներուն’ կարծիքներով։ (Տիտոս 1։10) Անոնք Սուրբ Գրութիւններուն վեհ չափանիշներուն կը կառչին։ Փոխանակ բերանային սեռի նկատմամբ չքմեղանքներ փնտռելու, անոնք կը հասկնան թէ Աստուածաշունչի տեսանկիւնէն դիտուած՝ անիկա պոռնկութիւն է (բոռ·նէա), եւ իրենց խղճմտանքը ըստ այնմ կը մարզեն։ *—Գործք 21։25. Ա. Կորնթացիս 6։18. Եփեսացիս 5։3
Տարբեր ձայներ, տարբեր որոշումներ
9. Եթէ «ամէն բան մաքուր է», ի՞նչ է խղճմտանքին դերը։
9 Բայց Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ թէ «ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն»։ Պօղոս կ’ակնարկէր Քրիստոնեաներու, որոնք իրենց մտածումն ու բարոյական զգացումը ներդաշնակած էին Աստուծոյ չափանիշներուն հետ, որոնք արձանագրուած են Իր ներշնչեալ Խօսքին մէջ։ Այսպիսի Քրիստոնեաներ կը զատորոշեն թէ ուղղակի չդատապարտուած շատ մը հարցերու շուրջ կարելի է որ հաւատացեալներ տարբեր որոշումներ կայացնեն։ Փոխանակ քննադատող ըլլալու, անոնք «մաքուր» կը նկատեն այն բաները՝ զորս Աստուած չի դատապարտեր։ Անոնք չեն ակնկալեր որ ուրիշներ ճիշդ իրենց պէս մտածեն կեանքի այն երեսակներուն մասին, որոնց նկատմամբ Աստուածաշունչը մասնայատուկ ուղղութիւն չի տար։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։
10. Հարսանիքը (կամ յուղարկաւորութիւնը) ի՞նչպէս կրնայ մարտահրաւէր մը ներկայացնել։
10 Բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ կողակիցներէն մէկը Քրիստոնեայ եղած է, իսկ միւսը՝ ոչ։ (Ա. Պետրոս 3։1. 4։3) Ասիկա այլազան դժուարութիւններ կրնայ յարուցանել, ինչպէս՝ երբ ազգականի մը հարսնիքը կամ յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ։ Երեւակայէ անհաւատ ամուսին ունեցող Քրիստոնեայ կնոջ մը պարագան։ Ամուսինին մէկ ազգականը պիտի ամուսնանայ եւ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ։ (Կամ՝ անոր ազգականը կամ ծնողը մահացած է, եւ յուղարկաւորութիւնը եկեղեցիի մը մէջ տեղի պիտի ունենայ։) Ամոլը հրաւիրուած է, եւ ամուսինը կ’ուզէ որ կինը իրեն ընկերակցի։ Ներկայ գտնուելու նկատմամբ կնոջ խղճմտանքը ի՞նչ կ’ըսէ։ Ան ի՞նչ պիտի ընէ։ Երեւակայէ հետեւեալ երկու կարելիութիւնները։
11. Քրիստոնեայ կին մը ի՞նչպէս կրնայ պատճառաբանել պսակի մը ներկայ գտնուելու նկատմամբ, եւ ո՞ր եզրակացութեան կրնայ յանգիլ։
11 Լիտիա Աստուածաշունչի սա լուրջ պատուէրին վրայ կը խոկայ. ‘Ելէ՛ք մեծ Բաբելոնի մէջէն’,– սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւն։ (Յայտնութիւն 18։2, 4) Ատենօք ան կը պատկանէր այդ եկեղեցիին, ուր պսակը տեղի պիտի ունենայ, եւ գիտէ թէ արարողութեան ընթացքին բոլոր ներկաներէն պիտի խնդրուի կրօնական արարքներու մասնակցիլ, ինչպէս՝ աղօթք, շարականներ կամ կրօնական շարժուձեւեր։ Ան վճռած է անոնց չմասնակցիլ եւ չ’ուզեր նոյնիսկ հոն գտնուիլ եւ իր ուղղամտութիւնը բեկանելու ճնշումին ենթարկուիլ։ Լիտիա իր ամուսինը կը յարգէ եւ կ’ուզէ իր աստուածաշնչական գլուխին հետ համագործակցիլ, բայց չ’ուզեր իր աստուածաշնչական սկզբունքներուն մէջ համակերպում ընել։ (Գործք 5։29) Ուստի ան փափկանկատօրէն իր կողակիցին կը բացատրէ թէ չի կրնար ներկայ գտնուիլ։ Ան կրնայ նշել որ եթէ ներկայ գտնուի եւ մերժէ որոշ արարքի մը մասնակցիլ, ասիկա կրնայ ամուսինը նեղ կացութեան մատնել. հետեւաբար իր ներկայ չգտնուիլը ամուսինին համար աւելի լաւ է։ Լիտիա այս որոշումով անբիծ խղճմտանք կը պահէ։
12. Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ խորհիլ եւ հակազդել, երբ պսակի մը հրաւիրուի։
Դանիէլ 3։15-18) Ան կ’որոշէ իր ամուսինին ընկերակցիլ բայց կրօնական որեւէ արարքի չմասնակցիլ, իր խղճմտանքին հետ ներդաշնակ գործելով։ Ան նրբանկատօրէն բայց յստակօրէն իր ամուսինին կը բացատրէ թէ իր խղճմտանքին համաձայն ի՛նչ բան պիտի կարենայ ընել եւ ի՛նչ բան՝ ոչ։ Հռութ կը յուսայ որ իր ամուսինը ճշմարիտ ու սուտ պաշտամունքին միջեւ տարբերութիւնը տեսնէ։—Գործք 24։16
12 Հռութ նոյն երկընտրանքը կը դիմագրաւէ։ Ան իր ամուսինը կը յարգէ, վճռած է Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ, եւ Աստուածաշունչով մարզուած իր խղճմտանքին ականջ կու տայ։ Լիտիայի նկատի առած կէտերուն շուրջ խորհրդածելէ յետոյ, Հռութ ջերմեռանդ աղօթքով նկատի կ’առնէ Դիտարան 1 Յունիս 2002 թիւին «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը։ Ան կը մտաբերէ թէ երեք Եբրայեցիները ենթարկուեցան հրամանի մը որ գտնուին վայր մը, ուր կռապաշտութիւն տեղի պիտի ունենար, բայց իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին՝ կռապաշտական արարքի մը չմասնակցելով։ (13. Ինչո՞ւ պէտք չէ խռովինք երբ երկու Քրիստոնեայ տարբեր եզրակացութիւններու յանգին։
13 Այն իրողութիւնը թէ երկու Քրիստոնեաներ կրնան տարբեր եզրակացութիւններու յանգիլ, կը թելադրէ՞ թէ կարեւոր չէ թէ անհատ մը ի՛նչ կ’ընէ, կամ թէ այս երկուքէն մէկը տկար խղճմտանք ունի։ Ո՛չ։ Եկեղեցական արարողութիւններու երաժշտութիւնն ու պերճանքը վերյիշելով, Լիտիա կ’անդրադառնայ թէ հոն ներկայ գտնուիլը կրնայ յատկապէս իրեն համար վտանգաւոր ըլլալ։ Եւ իր խղճմտանքին նաեւ կրնան ազդել կրօնական հարցերու շուրջ իր ամուսինին հակազդեցութիւնները։ Ուստի ան համոզուած է թէ իր որոշումը իրեն համար լաւագոյնն է։
14. Քրիստոնեաները անձնական որոշումներ պահանջող հարցերու նկատմամբ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենան։
14 Բայց Հռութի որոշումը անխոհեմ չէ՞։ Ուրիշներուն չ’իյնար ասիկա ըսել։ Անոնք զինք պէտք չէ դատեն կամ քննադատեն, քանի որ ընտրեց ներկայ գտնուիլ բայց կրօնական որեւէ արարքի չմասնակցիլ։ Յիշէ որոշ կերակուր ուտելու կամ չուտելու շուրջ անձնական որոշումներ կայացնելու վերաբերեալ Պօղոսի խրատը. «Ան որ կ’ուտէ չուտողը թող չանարգէ՛ ու ան որ չ’ուտեր՝ ուտողը թող չդատէ՛։ . . . Իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ. բայց պիտի կանգնի, վասն զի Աստուած կարող է զանիկա կանգնեցնել»։ (Հռովմայեցիս 14։3, 4) Աներկբայօրէն, ո՛չ մէկ հարազատ Քրիստոնեայ պիտի ուզէ յորդորել ոեւէ մէկը որ մարզուած խղճմտանքին ուղղութիւնը անտեսէ, քանի որ ասիկա ընելը կը նշանակէ անտեսել ձայն մը, որ փրկաբեր պատգամ կրնայ հաղորդել։
15. Ուրիշներուն խղճմտանքն ու զգացումները ինչո՞ւ լրջօրէն նկատի պէտք է առնուին։
15 Վերոնշեալ երկու կիներն ալ յաւելեալ ազդակներ պէտք է նկատի առնեն, ինչպէս՝ ուրիշներուն վրայ ձգուած ազդեցութիւնը։ Պօղոս մեզ խրատեց. «Որոշենք մեր մտքերուն մէջ՝ խոչ կամ գայթակղութիւն չդնել ոեւէ եղբօր»։ (Հռովմայեցիս ) Լիտիա թերեւս գիտէ թէ համանման պարագաներ շատ խռովութիւն պատճառած են ժողովքին մէջ կամ իր ընտանիքէն ներս, եւ իր ըրածը կրնայ յատկանշականօրէն իր զաւակներուն ազդել։ Միւս կողմէ, Հռութ թերեւս քաջատեղեակ է թէ նոյնանման ընտրութիւններ խռովութիւն չեն պատճառած ժողովքին կամ համայնքին մէջ։ Երկու կիները,– եւ բոլորս ալ,– պէտք է գիտակցին թէ պատշաճօրէն մարզուած խղճմտանքը զգայուն է՝ ուրիշներուն վրայ ձգուած ազդեցութեան նկատմամբ։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որոնք ինծի կը հաւատան, աղէկ է անոր՝ որ իր պարանոցէն իշու աղացքի քար մը կախուի ու ծովուն անդունդը ընկղմի»։ ( 14։13Մատթէոս 18։6) Եթէ անհատ մը ուրիշները գայթակղեցնելու հարցը անտեսէ, ի վերջոյ կրնայ պղծուած խղճմտանք ունենալ, Կրետէի կարգ մը Քրիստոնեաներուն պէս։
16. Ժամանակի ընթացքին, Քրիստոնեայի մը մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ կրնանք ակնկալել։
16 Քրիստոնեային հոգեւոր զարգացումը շարունակական պէտք է ըլլայ, ինչպէս նաեւ իր խղճմտանքին ականջ տալու եւ ընդառաջելու մէջ պէտք է յառաջդիմէ։ Երեւակայենք Մարկոսը՝ որ նոր մկրտուած է։ Անոր խղճմտանքը իրեն կ’ըսէ որ իր անցեալի անաստուածաշնչական սովորութիւններէն մէկդի կենայ, որոնք թերեւս կապ ունին կուռքերու կամ արեան հետ։ (Գործք 21։25) Իրականութեան մէջ, այժմ ան բծախնդրօրէն կը զգուշանայ նոյնիսկ բաներէ, որոնք Աստուծոյ արգիլած բաներուն քիչ մը նման են։ Միւս կողմէ, ան հարց կու տայ թէ ոմանք ինչո՛ւ կը մերժեն կարգ մը բաներ, զորս ընդունելի կը գտնէ, ինչպէս՝ հեռատեսիլի որոշ յայտագիրներ։
17. Լուսաբանէ թէ ի՛նչպէս ժամանակն ու հոգեւոր զարգացումը կրնան Քրիստոնեայի մը խղճմտանքին ու որոշումներուն ազդել։
17 Ժամանակի ընթացքին, Մարկոս գիտութեան մէջ կ’աճի եւ Աստուծոյ աւելի կը մօտենայ։ (Կողոսացիս 1։9, 10) Արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Անոր ներքին ձայնը բաւական մարզում կը ստանայ։ Այժմ Մարկոս իր խղճմտանքին ականջ տալու եւ աստուածաշնչական սկզբունքները ուշադրութեամբ նկատի առնելու աւելի հակամէտ է։ Իրականութեան մէջ, ան կ’անդրադառնայ թէ այն «քիչ մը նման» բաներէն ոմանք, զորս կը մերժէր, Աստուծոյ մտածումին հակառակ չեն։ Ասկէ զատ, աստուածաշնչական սկզբունքներուն եւ իր լաւ մարզուած խղճմտանքին ընդառաջելու աւելի յօժար ըլլալով, այժմ Մարկոսի խղճմտանքը զինք կը մղէ որ խուսափի յայտագիրներէ, զորս նախապէս ընդունելի կը նկատէր։ Արդարեւ անոր խղճմտանքը յղկուած է։—Սաղմոս 37։31
18. Ուրախանալու ի՞նչ պատճառ ունինք։
18 Գրեթէ բոլոր ժողովքներուն մէջ, քրիստոնէական յառաջդիմութեան բոլոր հանգրուաններուն մէջ եղող անհատներ կան։ Անոնցմէ ոմանք հաւատքին մէջ նոր են։ Թերեւս անոնց խղճմտանքը որոշ հարցերու շուրջ գրեթէ լուռ է, բայց այլ հարցերու շուրջ բարձրաձայն կը խօսի։ Այսպիսիներ Եհովայի ուղղութեան եւ իրենց մարզուած խղճմտանքին ընդառաջելու համար, ժամանակի եւ օգնութեան կը կարօտին։ (Եփեսացիս 4։14, 15) Բարեբախտաբար, նոյն ժողովքներուն մէջ կան շատեր, որոնք ունին խոր գիտութիւն, Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրելու մէջ փորձառութիւն, եւ Աստուծոյ մտածումին հետ շատ ներդաշնակ եղող խղճմտանք։ Ի՜նչ ուրախութիւն է ընկերակցիլ այսպիսի «մաքուրներու» հետ, որոնք Տէրոջ ընդունելի եղող բաները բարոյապէս ու հոգեւորապէս «մաքուր» կը տեսնեն։ (Եփեսացիս 5։10) Թող մեր նպատակակէտը ըլլայ՝ այդ աստիճան յառաջդիմել ու ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութեան եւ աստուածպաշտութեան հետ ներդաշնակ եղող խղճմտանք մը պահպանել։—Տիտոս 1։1
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 8 Դիտարան 15 Մարտ 1983, էջ 30-31 (Անգլերէն), ամոլներուն վերաբերեալ նկատի առնուելիք կարգ մը կէտեր կը ներկայացնէ։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Կրետէի կարգ մը Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պղծուած խղճմտանք ունէին։
• Ինչո՞ւ զգայուն խղճմտանք ունեցող երկու Քրիստոնեաներ կրնան տարբեր որոշումներ կայացնել։
• Ժամանակի ընթացքին, մեր խղճմտանքին ի՞նչ պէտք է պատահի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Քարտէս՝ էջ 14]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Սիկիլիա
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
Կրետէ
ՓՈՔՐ ԱՍԻԱ
Կիպրոս
ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆ ԾՈՎ
[Նկար՝ էջ 16]
Համանման պարագայ դիմագրաւող երկու Քրիստոնեաներ կրնան տարբեր որոշումներ կայացնել