Դուն քեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահէ
Դուն քեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահէ
«Սի՛րելիներ, . . . անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք . . . յաւիտենական կեանքի համար»։—ՅՈՒԴԱ 20, 21
1, 2. Ի՞նչպէս կրնաս Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ։
ԵՀՈՎԱ մարդկային աշխարհը ա՛յնպէս կը սիրէ, որ մինչեւ անգամ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատք ընծայողները յաւիտենական կեանք ունենան։ (Յովհաննու 3։16) Այսպիսի սէր մը վայելելը ի՜նչ հոյակապ է։ Եթէ Եհովայի ծառայ մըն ես, վստահաբար պիտի ուզես այդ սէրը յաւերժ վայելել։
2 Յուդա աշակերտ բացատրեց թէ ի՛նչպէս կրնաս Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ։ Ան գրեց. «Անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ սուրբ հոգիով աղօթեցէք, անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար»։ (Յուդա 20, 21) Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը եւ բարի լուրը քարոզելը կ’օգնեն դուն քեզ շինելու «ամենասուրբ հաւատքին»՝ քրիստոնէական ուսուցումներուն վրայ։ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար, «սուրբ հոգիով» կամ անոր ազդեցութեան ներքեւ պէտք է աղօթես։ Յաւիտենական կեանքի օրհնութիւնը ստանալու համար, նաեւ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք պէտք է ընծայես։—Ա. Յովհաննու 4։10
3. Ոմանք ինչո՞ւ այլեւս Եհովայի Վկաներ չեն։
3 Ոմանք որոնք ատենօք հաւատք ունէին, Աստուծոյ սիրոյն մէջ չեն մնացած։ Որովհետեւ մեղաւոր ընթացք մը ընտրած են, անոնք այլեւս Եհովայի Վկաներ չեն։ Ի՞նչպէս կրնաս այս փորձառութենէն խուսափիլ։ Հետեւեալ կէտերուն վրայ խոկալը կրնայ քեզի օգնել մեղքէ հեռու կենալու եւ դուն քեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահելու։
Աստուծոյ հանդէպ սէրդ ցուցաբերէ
4. Աստուծոյ հնազանդիլը ո՞րքան կարեւոր է։
4 Աստուծոյ հանդէպ սէրդ ցուցաբերէ՝ իրեն հնազանդելով։ (Մատթէոս 22։37) Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Աստուծոյ հնազանդելու ընթացքը կրնայ քեզ զօրացնել որ փորձութեան դէմ դնես եւ կրնայ քեզ ուրախ դարձնել։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, . . . հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է»։—Սաղմոս 1։1, 2
5. Եհովայի հանդէպ սէրդ քեզ պիտի մղէ որ ի՞նչ կերպով վարուիս։
5 Եհովայի հանդէպ սէրդ քեզ պիտի մղէ որ լուրջ մեղք մը գործելէ խուսափիս, որ կրնայ իր անուան անարգանք բերել։ Ագուր աղօթեց. «Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար։ Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ, որպէս զի չըլլայ թէ կշտանամ եւ քեզ ուրանամ ու ‘Տէրը ո՞վ է’, ըսեմ։ Եւ չըլլայ թէ աղքատանամ ու գողութիւն ընեմ եւ իմ Աստուծոյս անունը պարապ տեղ բերանս առնեմ»։ (Առակաց 30։1, 8, 9) Վճռէ Աստուծոյ անունը չարատաւորել՝ անոր վրայ նախատինք բերելով։ Փոխարէն, միշտ ջանա՛ իրեն փառք բերող ուղիղ բաներ ընել։—Սաղմոս 86։12
6. Եթէ դիտաւորութեամբ մեղք գործես, ի՞նչ կրնայ պատահիլ։
6 Քու սիրալիր երկնաւոր Հօրդ կանոնաւորաբար աղօթէ, որ քեզի օգնէ մեղք գործելու փորձութեան դիմադրելու։ (Մատթէոս 6։13. Հռովմայեցիս 12։12) Շարունակէ Աստուծոյ խրատին հետեւիլ, որպէսզի աղօթքներուդ արգելք չըլլայ։ (Ա. Պետրոս 3։7) Եթէ դիտմամբ մեղք գործես, հետեւանքները կրնան աղիտալի ըլլալ, քանի որ Եհովա ըմբոստներու մատուցած աղօթքները չի լսեր, այլաբանօրէն ամպով ծածկուելով, որպէսզի անոնց աղօթքները իրեն չհասնին։ (Ողբք 3։42-44) Ուստի խոնարհ հոգի մը ցուցաբերէ եւ աղօթէ որ բան մը չընես, որ կրնայ Աստուծոյ մատուցած աղօթքներուդ արգելք հանդիսանալ։—Բ. Կորնթացիս 13։7
Աստուծոյ Որդւոյն հանդէպ սէր ցուցաբերէ
7, 8. Յիսուսի խրատին անսալը ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեղաւոր ընթացք մը մերժելու։
7 Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ սէր ցուցաբերէ՝ իր պատուիրաններուն հնազանդելով։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ մեղաւոր ընթացք մը մերժելու։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ»։ (Յովհաննու 15։10) Յիսուսի այս խօսքերը կիրարկելը ի՞նչպէս կրնայ քեզի օգնել Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու։
8 Յիսուսի խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայելը կրնայ քեզի օգնել բարոյապէս ուղղամիտ մնալու։ Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը ըսաւ. «Շնութիւն մի՛ ըներ»։ (Ելից 20։14) Բայց Յիսուս այդ պատուիրանին ետին եղող սկզբունք մը յայտնեց, ըսելով. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։ (Մատթէոս 5։27, 28) Պետրոս առաքեալ ըսաւ թէ առաջին դարու ժողովքին մէջ ոմանք «շնութեամբ լեցուն աչքեր» ունէին եւ ‘անհաստատ հոգիները կը խաբէին’։ (Բ. Պետրոս 2։14) Սակայն անոնց հակառակը, կրնաս սեռային մեղքերէ խուսափիլ, եթէ Աստուած ու Քրիստոս սիրես եւ անոնց հնազանդիս, եւ վճռես իրենց հետ յարաբերութիւնը պահպանել։
Թող Եհովայի հոգին քեզ առաջնորդէ
9. Երբ անհատ մը մեղքի մէջ յարատեւէ, սուրբ հոգիին ի՞նչ կը պատահի։
9 Աստուծոյ սուրբ հոգին ունենալու համար աղօթէ եւ թոյլ տուր որ քեզ առաջնորդէ։ (Ղուկաս 11։13. Գաղատացիս 5։19-25) Եթէ մեղքի մէջ յարատեւես, Աստուած կրնայ իր հոգին քեզմէ հեռացնել։ Դաւիթ Բերսաբէի հետ մեղք գործելէ ետք, Աստուծոյ աղաչեց. «Զիս երեսէդ մի՛ ձգեր ու քու Սուրբ Հոգիդ ինծմէ մի՛ առներ»։ (Սաղմոս 51։11) Անզեղջ մեղաւոր մը դառնալով՝ Սաւուղ թագաւոր Աստուծոյ հոգին կորսնցուց։ Սաւուղ մեղանչեց ողջակէզ մատուցանելով եւ խնայելով ոչխարներուն, արջառներուն ու Ամաղեկացիներու թագաւորին։ Անկէ ետք, Եհովա իր սուրբ հոգին Սաւուղէ հեռացուց։—Ա. Թագաւորաց 13։1-14. 15։1-34. 16։14-23
10. Ինչո՞ւ մեղք գործելը սովորութիւն դարձնելու գաղափարն իսկ պէտք է մերժես։
10 Մեղք գործելը սովորութիւն դարձնելու գաղափարն իսկ մերժէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Եթէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք գործելու ըլլանք, ա՛լ Եբրայեցիս 10։26-31) Ի՜նչ ողբերգական պիտի ըլլայ եթէ մեղքի մէջ յարատեւելով այդ աստիճանին հասնիս։
անկէ յետոյ մեղքերու համար ուրիշ զոհ չի մնար»։ (Ուրիշներուն հանդէպ հարազատ սէր ցուցաբերէ
11, 12. Սէրն ու յարգանքը ի՞նչ կերպերով անհատը ետ պիտի պահեն սեռային անբարոյութիւն գործելէ։
11 Մարդոց հանդէպ սէրդ քեզ ետ պիտի պահէ սեռային անբարոյութիւն գործելէ։ (Մատթէոս 22։39) Այս սէրը քեզ պիտի մղէ սիրտդ պահպանելու, որպէսզի չհրապուրուիս ուրիշի մը կողակիցին սիրոյ զգացումները գողնալու, որ կրնայ շնութեան առաջնորդել։ (Առակաց 4։23. Երեմեայ 4։14. 17։9, 10) Նմանէ ուղղամիտ Յոբին, որ ինքնիրեն թոյլ չտուաւ որ իր կողակիցէն զատ՝ ուրիշ կնոջ մը ուշադրութիւն դարձնէ։—Յոբայ 31։1
12 Ամուսնութեան սրբութիւնը յարգելը կրնայ քեզի օգնել որ լուրջ մեղք մը չգործես։ Աստուած նպատակադրեց որ պատուարժան ամուսնութիւնը եւ սեռային յարաբերութիւնները, կեանք մէջտեղ բերելու միջոցներ ըլլան։ (Ծննդոց 1։26-28) Մի՛ մոռնար թէ սեռային գործարանները կեանքին առնչուած են, որ սուրբ է։ Պոռնիկներն ու շնացողները Աստուծոյ անհնազանդ կը գտնուին, սեռային արարքը կը նուաստացնեն, ամուսնութեան սրբութիւնը չեն յարգեր եւ իրենց մարմնին դէմ կը մեղանչեն։ (Ա. Կորնթացիս 6։18) Բայց Աստուծոյ ու ընկերին հանդէպ սէրը, Աստուծոյ հնազանդելուն հետ մէկտեղ, անհատը ետ պիտի պահէ քրիստոնէական ժողովքէն վտարուելու առաջնորդող վարքի մը միջամուխ ըլլալէ։
13. Անբարոյ անհատը ի՞նչ կերպով «ստացուածքը կը ցրուէ»։
13 Մեղաւոր գաղափարները պէտք է զսպենք, որպէսզի մեր սիրելիներուն ցաւ չպատճառենք։ «Պոռնիկներուն ընկեր եղողը ստացուածքը կը ցրուէ», կ’ըսէ Առակաց 29։3–ը։ Անզեղջ շնացողը՝ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը կը կործանէ եւ ընտանեկան կապերը կը քանդէ։ Անոր կինը ամուսնալուծուելու վաւերական պատճառ ունի։ (Մատթէոս 19։9) Յանցագործը ըլլայ ամուսինը թէ կինը, ամուսնութեան քայքայումը կրնայ անմեղ կողակիցին, զաւակներուն եւ ուրիշներուն մեծ ցաւ պատճառել։ Չե՞ս համաձայնիր որ անբարոյ վարքին կործանարար հետեւանքները գիտնալը պէտք է մղէ մեզ այս փորձութեան դէմ դնելու։
14. Առակաց 6։30-35–էն, յանցագործութեան մասին ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։
14 Այն իրողութիւնը թէ շնութեան համար ո՛չ մէկ կերպով կարելի է փոխհատուցում ընել, անհատը պէտք է մղէ որ այս չափազանց անձնասէր արարքէն խուսափի։ Առակաց 6։30-35–ը ցոյց կու տայ թէ մարդիկ թերեւս կարեկցին այն գողին՝ որ անօթի ըլլալուն համար կը գողնայ, բայց անոնք շնացողը կ’արհամարհեն, իր գէշ շարժառիթին համար։ Ան «իր հոգին [կամ՝ կեանքը] կը կորսնցնէ»։ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, ան մահապատիժի կ’ենթարկուէր։ (Ղեւտացւոց 20։10) Շնութիւն գործողը ուրիշներուն ցաւ կը պատճառէ՝ պարզապէս իր տռփանքը յագեցնելու համար, եւ անզեղջ շնացողը Աստուծոյ սիրոյն մէջ չի մնար, այլ՝ մաքուր քրիստոնէական ժողովքէն կը վտարուի։
Մաքուր խղճմտանք պահպանէ
15. «Խանձուած» խղճմտանքին վիճակը ի՞նչ է։
15 Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար, թոյլ չենք կրնար տալ որ մեր խղճմտանքը մեղքին հանդէպ անզգայ դառնայ։ Բացայայտ է թէ աշխարհի բարոյական ցած չափանիշները պէտք է մերժենք եւ զգուշութեամբ ընտրենք մեր ընկերակիցները, ընթերցելիք նիւթերն ու ժամանցը։ Պօղոս ազդարարեց. «Վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն, ստախօսներուն կեղծաւորութիւնովը, որոնց խղճմտանքը խանձուած է»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1, 2) «Խանձուած» խղճմտանքը սպիի նման է, որ զգացումէ զերծ է։ Այսպիսի խղճմտանք մը այլեւս մեզ չի զգուշացներ որ հեռու կենանք հաւատուրացներէ եւ պարագաներէ, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ որ հաւատքը ուրանանք։
16. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է մաքուր խղճմտանք ունենալ։
16 Մեր փրկութիւնը մաքուր խղճմտանք ունենալէն կախեալ է։ (Ա. Պետրոս 3։21) Յիսուսի թափուած արեան հաւատք ընծայելով, մեր խղճմտանքը մեռած գործերէ մաքրուած է, ‘որպէսզի կենդանի Աստուածը պաշտենք’։ (Եբրայեցիս 9։13, 14) Եթէ կամովին մեղանչենք, մեր խղճմտանքը պիտի պղծուի եւ այլեւս պիտի չըլլանք մաքուր անհատներ՝ Աստուծոյ ծառայութեան համար որակեալ։ (Տիտոս 1։15) Բայց Եհովայի օգնութեամբ կրնա՛նք մաքուր խղճմտանք ունենալ։
Սխալ վարքէ խուսափելու այլ կերպեր
17. ‘Կատարելապէս Եհովայի հետեւելուն’ օգուտները ի՞նչ են։
17 ‘Կատարելապէս Եհովայի հետեւէ’, ինչպէս Իսրայելացի Քաղէբ ըրաւ։ (Բ. Օրինաց 1։34-36) Ըրէ ի՛նչ որ Աստուած քեզմէ կը պահանջէ, եւ երբեք «դեւերուն սեղանէն» մի՛ ուտեր։ (Ա. Կորնթացիս 10։21) Հաւատուրացութիւնը մերժէ՛։ Միայն Եհովայի սեղանին վրայ մատչելի եղող հոգեւոր սնունդէն գոհութեամբ կեր, եւ սուտ ուսուցիչներու կամ չար ոգիներու կողմէ պիտի չմոլորիս։ (Եփեսացիս 6։12. Յուդա 3, 4) Հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացիր, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, ժողովներու յաճախելը եւ դաշտի ծառայութիւնը։ Եթէ կատարելապէս Եհովայի հետեւիս եւ միշտ աւելիով աշխատիս Տէրոջ գործին համար, անպայման երջանիկ պիտի ըլլաս։—Ա. Կորնթացիս 15։58
18. Եհովայի վախը ի՞նչպէս պիտի ազդէ վարքիդ։
18 Վճռէ ‘Աստուած պաշտել ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ’։ (Եբրայեցիս 12։28) Եհովայէ ակնածիլը քեզ պիտի մղէ որեւէ կամակոր ընթացք մերժելու։ Անիկա քեզի պիտի օգնէ օծեալ հաւատակիցներու ուղղուած Պետրոսի սա խրատին համաձայն վարուելու. «Եթէ Հայր կը կոչէք զանիկա՝ որ առանց աչառութեան կը դատէ ամէն մէկը իր գործին համեմատ, ուրեմն ձեր պանդխտութեան ժամանակը վախո՛վ անցուցէք»։—Ա. Պետրոս 1։17
19. Ինչո՞ւ Աստուծոյ Խօսքէն սորված բաներդ յարատեւ ի գործ պէտք է դնես։
19 Աստուծոյ Խօսքէն սորված բաներդ յարատեւ գործադրէ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ լուրջ մեղք չգործելու, քանի որ պիտի ըլլաս անոնցմէ՝ «որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»։ (Եբրայեցիս 5։14) Փոխանակ խօսելակերպիդ ու վարքիդ նկատմամբ անհոգ ըլլալու, զգուշացի՛ր որ իմաստուններու պէս քալես, «ժամանակը ծախու առնելով» այս չար օրերուն։ Հասկցիր թէ «ի՞նչ է Տէրոջը կամքը» եւ շարունակէ զայն կատարել։—Եփեսացիս 5։15-17. Բ. Պետրոս 3։17
20. Ընչաքաղցութենէ ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք։
20 Ընչաքաղցութեան տեղի մի՛ տար, որ չափազանց ծակաչքութիւն է։ Տասը պատուիրաններէն մէկը կ’ըսէ. «Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։ (Ելից 20։17) Այս օրէնքը անհատին տունը, կինը, ծառաները, անասունները եւ այլ բաները կը պաշտպանէր։ Բայց շատ կարեւոր է Յիսուսի խօսքը՝ թէ ընչաքաղցութիւնը մարդը կը պղծէ։—Մարկոս 7։20-23
21, 22. Քրիստոնեան ի՞նչ կանխարգելիչ քայլեր կրնայ առնել՝ մեղք գործելէ խուսափելու համար։
21 Ցանկութիւնը մեղքի չառաջնորդելու համար՝ կանխարգելիչ քայլեր առ։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի»։ (Յակոբու 1։14, 15) Օրինակ, եթէ անհատ մը անցեալին խմիչքի մոլի էր, թերեւս որոշէ իր տան մէջ ոգելից ըմպելիներ չունենալ։ Հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հետ անբարոյութիւն գործելու փորձութեան դէմ դնելու համար, Քրիստոնեայ մը թերեւս իր գործի վայրը կամ տեսակը փոխէ։—Առակաց 6։23-28
22 Մեղքի առաջնորդող առաջին քայլն իսկ մի՛ առներ։ Անլուրջ սիրախօսութիւնը եւ անբարոյ գաղափարներ սնուցանելը կրնայ պոռնկութեան կամ շնութեան առաջնորդել։ Պզտիկ սուտեր խօսիլը կրնայ անհատը քաջալերել որ աւելի մեծ սուտեր խօսի, զարգացնելով ստելու մեղաւոր սովորութիւնը։ Պզտիկ գողութիւններ ընելը կրնայ անհատին խղճմտանքը ա՛յնքան բթացնել, որ ան կը սկսի աւելի մեծ գողութիւններ ընել։ Հաւատուրաց մտածելակերպի քիչ մը հանդուրժելն իսկ կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատը վերջապէս լիովին հաւատուրաց մը դառնայ։—Առակաց 11։9. Յայտնութիւն 21։8
Եթէ մեղք գործես. . .
23, 24. Բ. Մնացորդաց 6։29, 30–էն ու Առակաց 28։13–էն ի՞նչ մխիթարութիւն կրնանք քաղել։
23 Բոլոր մարդիկ անկատար են։ (Ժողովողի 7։20) Բայց եթէ լուրջ մեղք մը գործես, Եհովայի տաճարին նաւակատիքին առթիւ Սողոմոն թագաւորին մատուցած աղօթքը կրնայ քեզ մխիթարել։ Ան Աստուծոյ աղօթեց. «Եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրանք մը ընելու ըլլայ ու իւրաքանչիւր մարդ իր ախտն ու ցաւը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ, այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս»։—Բ. Մնացորդաց 6։29, 30
24 Արդարեւ Աստուած սիրտը կը ճանչնայ ու ներող է։ Առակաց 28։13–ը կ’ըսէ. «Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ»։ Երբ անհատը զղջումով խոստովանի ու մեղքը լքէ, կրնայ Աստուծոյ ողորմութիւնը ստանալ։ Սակայն եթէ հոգեւորապէս տկարացած ես, ուրիշ ի՞նչ կրնայ քեզի օգնել Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահել։
• Աստուծոյ ու Քրիստոսի հանդէպ սէրը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ մեղաւոր ընթացք մը մերժելու։
• Ուրիշներու հանդէպ իսկական սէրը ինչո՞ւ մեզ ետ կը պահէ սեռային անբարոյութիւն գործելէ։
• Սխալ վարքէ խուսափելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 5]
Ամուսնութեան քայքայումը կրնայ անմեղ կողակիցին ու զաւակներուն մեծ ցաւ պատճառել
[Նկար՝ էջ 6]
Քաղէբի նման, վճռա՞ծ ես ‘կատարելապէս Եհովայի հետեւիլ’
[Նկար՝ էջ 7]
Կանոնաւորաբար աղօթէ օգնութիւն ստանալու համար, որպէսզի փորձութեան դէմ դնես