Ձեր ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնն ու լրջութիւնը աւելցուցէք
Ձեր ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնն ու լրջութիւնը աւելցուցէք
«ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ օրս կեանքիս ամենէն իմաստալից եւ ամենէն ուրախ օրերէն մէկն էր», ըսաւ Կորտըն, որ շուրջ 60 տարիէ ամուսնացած է։ Ի՞նչ բան ամուսնութեան օրը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար ա՛յսքան իմաստալից կը դարձնէ։ Այդ օրը անոնք իրենց շատ սիրած անձերուն,– իրենց կողակիցին ու Եհովա Աստուծոյ,– սրբազան խոստում մը կու տան։ (Մատթէոս 22։37. Եփեսացիս 5։22-29) Արդարեւ, ամուսնանալ ծրագրող զոյգեր կ’ուզեն իրենց ամուսնութեան օրը վայելել, բայց նաեւ կը փափաքին ամուսնութեան Հիմնադիրը պատուել։—Ծննդոց 2։18-24. Մատթէոս 19։5, 6
Փեսան ի՞նչպէս կրնայ այս ուրախ առիթին լրջութիւնը աւելցնել։ Հարսը ի՞նչ կրնայ ընել իր ամուսինը ու Եհովան պատուելու համար։ Հարսնեւորները ի՞նչպէս կրնան ամուսնութեան օրուան ուրախութեան նպաստել։ Աստուածաշունչի կարգ մը սկզբունքներ նկատի առնելը պիտի օգնէ այս հարցումներուն պատասխանելու, իսկ այս սկզբունքները կիրարկելը պիտի նուազեցնէ խնդիրներու հաւանականութիւնը, որոնք կրնան այս յատուկ առիթը խանգարել։
Ո՞վ պատասխանատու է
Շատ մը երկիրներու մէջ, ամուսնական արարողութիւնը օրինապէս կը կատարուի Եհովայի Վկայ ծառայի մը կողմէ։ Նոյնիսկ հո՛ն ուր պետական պաշտօնեայ մը այս օրինական քայլը կը կատարէ, զոյգը կրնան փափաքիլ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը ունենալ։ Այդ դասախօսութեան մէջ, սովորաբար փեսային ուշադրութեան կը յանձնուի իր աստուածատուր դերը իբրեւ ընտանիքի գլուխ։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Հետեւաբար, հարսանիքին տեղի ունենալիք բաներուն գլխաւոր պատասխանատուն փեսան է։ Անշուշտ, ամուսնութեան արարողութեան եւ հարսանեկան խրախճանքին կարգադրութիւնները, սովորաբար բաւական առաջուընէ կ’ըլլան։ Ասիկա ինչո՞ւ մարտահրաւէր մը կրնայ ըլլալ։
Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ այս կամ այդ կողմի ազգականները թերեւս փորձեն հարսանեկան ծրագիրներուն վրայ իրենց տեսակէտները պարտադրել։ Ռոտոլֆօ, որ բազմաթիւ ամուսնութիւններ կատարած է, կ’ըսէ. «Երբեմն, փեսային վրայ զօրաւոր ճնշում կը բանեցուի ազգականներուն կողմէ, մանաւանդ երբ անոնք հարսանեկան ընդունելութեան ծախսերը պիտի ծածկեն։ Անոնք թերեւս ուզեն իրենց գաղափարները պարտադրել ամուսնութեան արարողութեան ու ընդունելութեան ընթացքին տեղի ունենալիք բաներուն նկատմամբ։ Ասիկա կրնայ փեսային աստուածաշնչական դերը տկարացնել, որպէս այս առիթին պատասխանատուն»։
Մաքս, որ աւելի քան 35 տարիէ ի վեր ամուսնական արարողութիւններ կատարած է, դիտել կու տայ. «Նկատած եմ թէ հակում կայ որ հարսը ինք առաջնորդութիւն առնէ՝ հարսանիքին ու ընդունելութեան ընթացքին տեղի ունենալիք բաները որոշելու մէջ»։ Տէյվիտ, որ նաեւ բազմաթիւ ամուսնութիւններ կատարած է, կ’ըսէ. «Փեսաները թերեւս առաջնորդութիւնը առնելու վարժ չեն եւ յաճախ հարսանիքի պատրաստութիւններուն մէջ բաւարար մասնակցութիւն չեն բերեր»։ Փեսան ի՞նչպէս կրնայ իր պատասխանատուութիւնը ատակօրէն կրել։
Հաղորդակցութիւնը ուրախութիւնը կ’աւելցնէ
Որպէսզի փեսան յաջողապէս կարենայ հարսանեկան կարգադրութիւնները ընելու պատասխանատուութիւնը կատարել, ան հմտօրէն պէտք է հաղորդակցի։ Աստուածաշունչը շեշտակիօրէն կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին»։ (Առակաց 15։22) Սակայն, յուսախաբութենէն կարելի է խուսափիլ, եթէ փեսան հարսանեկան պատրաստութիւններուն մասին նա՛խ խօսակցի հարսին, ընտանիքի անդամներուն եւ ուրիշներու հետ, որոնք կրնան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ողջամիտ խրատներ տալ։
Արդարեւ կենսական է որ նշանուած զոյգը նա՛խ իրարու հետ խօսակցին ծրագիրներուն ու կարելիութիւններուն մասին։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ թէ Իվան ու իր կինը՝ Տէլուին ի՛նչ կ’ըսեն։ Անոնք մշակութային տարբեր ենթահողերէ եկած են եւ երկար տարիներէ ի վեր երջանիկ ամուսնութիւն մը կը վայելեն։ Իրենց ամուսնական ծրագիրները մտաբերելով, Իվան կ’ըսէ. «Հարսանիքիս վերաբերեալ որոշ գաղափարներ ունէի, ինչպէս՝ ընդունելութիւն մը սարքել, բոլոր բարեկամներս հրաւիրել, հարսանեկան կարկանդակ մը պատրաստել, եւ կինս հարսանեկան ճերմակ հագուստ մը հագուի։ Միւս կողմէ, Տէլուին կ’ուզէր պզտիկ ու պարզ հարսանիք մը, առանց կարկանդակի։ Ան նոյնիսկ կը նախընտրէր հարսանեկան հագուստի փոխարէն ուրիշ բան մը հագնիլ»։
Այս զոյգը իրենց տարակարծութիւնները ի՞նչպէս լուծեցին։ Ազնուօրէն ու անկեղծօրէն հաղորդակցելով։ (Առակաց 12։18) Իվան կ’աւելցնէ. «Հարսանիքներու մասին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յօդուածներ ուսումնասիրեցինք, ինչպէս՝ Դիտարան 1 Յունուար 1985 թիւին մէջ հրատարակուած յօդուածները։ * Այս նիւթերը մեզի օգնեցին որ առիթին հանդէպ հոգեւոր տեսակէտ ունենանք։ Մեր տարբեր ենթահողերուն ի տես, անձնական ընտրութեան զանազան մարզերուն մէջ զիջումներ ընելու էինք։ Երկուքս ալ հարկ եղած ճշդումները ըրինք»։
Արէթ ու Բէննի նոյնանման ընթացքի մը հետեւեցան։ Իրենց ամուսնութեան օրուան մասին խօսելով՝ Արէթ կ’ըսէ. «Բէննի ու ես հարսանիքին վերաբերեալ մեր տարբեր փափաքները իրարու յայտնեցինք եւ լաւ համաձայնութեան մը հասանք։ Եհովայի աղօթեցինք որ այդ օրը օրհնէ։ Նաեւ մեր ծնողներուն եւ ժողովքի կարգ մը հասուն ամոլներուն խրատը խնդրեցի։ Անոնց թելադրութիւնները շատ օգտակար էին։ Ասոր շնորհիւ, մեր ամուսնութեան օրը բերկրալի օր մըն էր»։
Պատշաճ հագուելակերպ ու յարդարանք
Հասկնալի է որ հարսն ու փեսան իրենց հարսանիքին համար կ’ուզեն լաւ հագնիլ։ (Սաղմոս 45։8-15) Անոնք յարմար հագուստներ ապահովելու համար ժամանակ, ջանք եւ դրամ կը տրամադրեն։ Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները կրնան անոնց օգնել՝ թէ՛ վայելուչ եւ թէ գրաւիչ հագուստներ ընտրելու։
Նկատի առէք թէ հարսը այս առիթով ի՛նչ կը հագնի։ Թէեւ անհատէ անհատ ու երկրէ երկիր ճաշակները կը տարբերին, բայց Աստուածաշունչի խրատները ամէնուրեք կիրարկելի են։ Կիները պէտք է «վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն»։ Ասիկա ամէն ժամանակ Քրիստոնեայ կիներուն կը կիրարկուի, եւ վստահաբար՝ Ա. Տիմոթէոս 2։9. Ա. Պետրոս 3։3, 4) Այս խրատը գործադրելը ո՜րքան գոհունակութիւն կու տայ։
ամուսնութեան օրը։ Իրականութեան մէջ, ուրախ հարսանիքը «մեծածախս հանդերձներ» չի պահանջեր։ (Նախապէս յիշուած Տէյվիտը կ’ըսէ. «Զոյգերուն մեծ մասը կը ջանայ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւիլ, եւ անոնք գովասանքի արժանի են։ Սակայն, եղած են պարագաներ, երբ հարսին ու հարսնքրոջ զգեստները անհամեստ էին, հագուստի վերին մասը շատ ցած կամ թափանցիկ ըլլալով»։ Հասուն Քրիստոնեայ երէց մը, հարսին ու փեսային հետ նախապէս ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին, անոնց կ’օգնէ որ հոգեւոր հայեցակէտ ունենան։ Ի՞նչպէս։ Անոնց հարցնելով թէ իրենց ի մտի ունեցած զգեստները բաւարար պատշա՞ճ են որ քրիստոնէական ժողովի մը համար հագցուին։ Ճիշդ է որ հարսանեկան հանդերձանքին ոճը, սովորական ժողովներուն հագուելիք զգեստներու ոճէն տարբեր կրնայ ըլլալ, եւ հարսանիքի զգեստը կրնայ տեղական սովորութենէն կախեալ ըլլալ, սակայն անոր համեստութեան մակարդակը պէտք է համապատասխանէ քրիստոնէական բարձր չափանիշներուն։ Նոյնիսկ եթէ աշխարհի մէջ ոմանք Աստուածաշունչի բարոյական օրէնքները կաշկանդիչ նկատեն, ճշմարիտ Քրիստոնեաները գոհունակ են որ զիրենք իր կաղապարին մէջ առնելու աշխարհի փորձերուն դէմ կը դնեն։—Հռովմայեցիս 12։2. Ա. Պետրոս 4։4
Բէննի կ’ըսէ. «Փոխանակ հարսանեկան զգեստները կամ ընդունելութիւնը ամենակարեւոր բանը նկատելու, Արէթ ու ես առիթին հոգեւոր երեսակին՝ արարողութեան՝ վրայ կեդրոնացանք։ Անիկա օրուան ամենակարեւոր մասն էր։ Մասնայատուկ բաները զորս կը մտաբերեմ, ո՛չ թէ հագած կամ կերած բաներս են, այլ՝ ընկերակցութիւնը եւ երջանկութիւնը զոր զգացի, քանի որ սիրած տղամարդուս հետ կ’ամուսնանայի»։ Քրիստոնեայ զոյգը թող այսպիսի կէտեր ի մտի ունենան, երբ իրենց հարսանիքը կը ծրագրեն։
Թագաւորութեան Սրահը՝ յարգարժան վայր մը
Քրիստոնեայ զոյգերէն շատեր կը փափաքին իրենց ամուսնական արարողութիւնը Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ ունենալ, եթէ մատչելի է։ Անոնք ինչո՞ւ կը նախընտրեն ասիկա։ Զոյգ մը իրենց պատճառը բացատրեցին. «Գիտակցեցանք թէ ամուսնութիւնը Եհովայի սրբազան կարգադրութիւնն է։ Մեր պաշտամունքի վայրին՝ Թագաւորութեան Սրահին՝ մէջ ամուսնանալը, սկիզբէն մեր մտքին մէջ դրոշմեց թէ Եհովան մեր ամուսնութեան մաս պէտք է կազմէ։ Ասկէ զատ, արարողութիւնը ուրիշ վայրի մը մէջ ընելու փոխարէն Թագաւորութեան Սրահին մէջ ընելը, Վկայ չեղող ազգականներուն ցոյց տուաւ թէ Եհովայի պաշտամունքը մեզի համար ո՜րքան կարեւոր է»։
Եթէ Թագաւորութեան Սրահին պատասխանատու եղող երէցները արտօնութիւն տան որ հարսանիքը հոն ըլլայ, զոյգը կանխաւ անոնց պէտք է իմացնեն նկատի առնուած պատրաստութիւնները։ Հարսն ու փեսան հարսնեւորներուն հանդէպ պատշաճ յարգանք կրնան ցուցաբերել, երբ կը վճռեն հարսանիքին որոշուած ժամուն հասնիլ։ Անոնք նաեւ պիտի ուզեն վստահ ըլլալ որ ամէն բան վայելչութեամբ տեղի կ’ունենայ։ * (Ա. Կորնթացիս 14։40) Այսպիսով, անոնք պիտի խուսափին անճոռնի ցուցամոլութենէն, որ կը յատկանշէ շատ մը աշխարհային հարսանիքները։—Ա. Յովհաննու 2։15, 16
Հարսենաւորներն ալ կրնան ցոյց տալ թէ ամուսնութեան հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունին։ Օրինակ, անոնք պիտի չակնկալեն որ հարսանիքը քրիստոնէական այլ հարսանիքները գերազանցէ, որպէս թէ մրցակցութիւն մը գոյութիւն ունենար։ Հասուն Քրիստոնեաները նաեւ կը գիտակցին թէ աստուածաշնչական դասախօսութեան մը համար Թագաւորութեան Սրահ ներկայ գտնուիլը աւելի կարեւոր ու օգտակար է, քան՝ հարսանեկան խրախճանքին կամ հաւաքոյթին մասնակցիլը։ Եթէ ժամանակին կամ պարագաներուն պատճառաւ՝ Քրիստոնեայ մը երկուքէն միայն մէկուն ներկայ պիտի ըլլայ, վստահաբար նախընտրելի է Թագաւորութեան Սրահը ներկայ գտնուիլ։ Ուիլիըմ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Եթէ հրաւիրեալները անհարկիօրէն Թագաւորութեան Սրահ ներկայ
չգտնուին, բայց ընդունելութեան ներկայ գտնուին, ասիկա առիթին սրբութեան հանդէպ գնահատութեան պակաս ցոյց կու տայ։ Նոյնիսկ եթէ ընդունելութեան չենք հրաւիրուած, կրնանք հարսին ու փեսային թիկունք կանգնիլ եւ Վկայ չեղող ազգականներուն հոյակապ վկայութիւն մը տալ, Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող արարողութեան ներկայ գտնուելով»։Ամուսնութեան օրէն անդին տեւող ուրախութիւն
Առեւտրական աշխարհը հարսանիքը վերածած է հսկայ ճարտարարուեստի մը։ Վերջին տեղեկագրութեան մը համաձայն, Միացեալ Նահանգներու մէջ սովորական հարսանիք մը «22,000 տոլարի կը նայի, այսինքն՝ ընտանիքի մը [տարեկան] միջին եկամուտին կէսը»։ Առեւտրական պրոպականդէ ազդուած, նոր ամուսնացող զոյգերէն շատեր կամ անոնց ընտանիքները այդ մէկ օրուան համար ծանր պարտքի տակ կու գան, զոր տարիներ կը կրեն։ Ամուսնութեան այսպիսի սկիզբ մը տալը խոհեմութի՞ւն է։ Աստուածաշունչի սկզբունքները չգիտցող կամ անտեսող անհատները կրնան այսպիսի շռայլութիւն ընտրել, բայց ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մէջ պարագան ո՜րքան տարբեր է։
Իրենց հարսանիքին չափը տրամաբանական ու իրենց նիւթական կարողութեան սահմաններէն ներս պահելով եւ առիթին հոգեւոր երեսակին վրայ կեդրոնանալով, Քրիստոնեայ զոյգերէն շատեր կրցած են իրենց ժամանակն ու նիւթական միջոցները գործածել Աստուծոյ ըրած իրենց նուիրումին համաձայն։ (Մատթէոս 6։33) Նկատի առէք Լոյտի ու Ալեքսանդրայի օրինակը, որոնք իրենց ամուսնութենէն ետք շարունակած են լիաժամ ծառայութիւնը 17 տարիէ ի վեր։ Լոյտ կ’ըսէ. «Ոմանք թերեւս մեր հարսանիքը նկատեցին պարզ դէպք մը, բայց Ալեքսանդրան ու ես շատ ուրախ էինք։ Խորհեցանք թէ մեր ամուսնութեան օրը պարտքերով ծանրաբեռնուելու տեղ, ուրախանալու ենք երկու անհատներ երջանկացնելու Եհովայի կարգադրութեամբ»։
Ալեքսանդրա կ’աւելցնէ. «Ամուսնանալէս առաջ ռահվիրայ մըն էի եւ այս առանձնաշնորհումէն չուզեցի հրաժարիլ, պարզապէս շռայլ հարսանիք մը ունենալու համար։ Մեր ամուսնութեան օրը շատ մասնայատուկ էր։ Սակայն անիկա միասնաբար մեր ապրելիք կեանքին միայն առաջին օրն էր։ Ամուսնութեան արարողութեան վրայ չափազանց չկեդրոնանալու խրատը կիրարկեցինք եւ որպէս ամուսնացած զոյգ Եհովայի առաջնորդութիւնը փնտռեցինք։ Ասիկա որոշապէս մեր վրայ Եհովայի օրհնութիւնը բերաւ»։ *
Արդարեւ ձեր ամուսնութեան օրը մասնայատուկ առիթ մըն է։ Այդ օրը ի յայտ եկող կեցուածքներն ու արարքները կրնան ձեր ամուսնական կեանքին որոշ ուղղութիւն տալ։ Ուստի առաջնորդութեան համար Եհովայի ապաւինեցէք։ (Առակաց 3։5, 6) Գլխաւորաբար ձեր մտքին մէջ ունեցէք այդ օրուան հոգեւոր նշանակութիւնը։ Ձեր աստուածատուր դերերուն մէջ իրարու նեցուկ կանգնեցէք։ Այսպիսով պիտի կարենաք ձեր ամուսնութեան համար ամուր հիմ դնել, եւ Եհովայի օրհնութեամբ, ձեր ամուսնութեան օրուընէ անդին տեւող ուրախութիւն պիտի վայելէք։—Առակաց 18։22
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 11 Յաւելեալ տեղեկութիւններ լոյս տեսան՝ Զարթի՛ր 8 Փետրուար 2002 թիւին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
^ պարբ. 20 Եթէ զոյգը ծրագրեն որ Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող արարողութիւնը լուսանկարուի կամ ժապաւէնի վրայ առնուի, անոնք կանխաւ վստահ պէտք է ըլլան թէ ո՛չ մէկ բան հարսանիքը պիտի արժեզրկէ։
^ պարբ. 25 Տես՝ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը, էջ 26, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
[Նկար՝ էջ 15]
Զոյգը երբ իրենց հարսանիքը կը ծրագրեն, բացէ ի բաց՝ բայց յարգալից կերպով պէտք է հաղորդակցին
[Նկար՝ էջ 17]
Գլխաւորաբար ձեր մտքին մէջ ունեցէք՝ ձեր ամուսնութեան օրուան հոգեւոր նշանակութիւնը