Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատքդ ապացուցանէ՝ կենցաղովդ

Հաւատքդ ապացուցանէ՝ կենցաղովդ

Հաւատքդ ապացուցանէ՝ կենցաղովդ

«Հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 2։17

1. Նախկին Քրիստոնեաները ինչո՞ւ թէ՛ հաւատքին եւ թէ գործերուն ուշադրութիւն ընծայեցին։

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ առմամբ, նախկին Քրիստոնեաները իրենց հաւատքը ապացուցանեցին՝ իրենց կենցաղով։ Յակոբոս աշակերտ բոլոր Քրիստոնեաները յորդորեց. «Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք»։ Ան աւելցուց. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ (Յակոբու 1։22. 2։26) Այս խօսքերը գրուելէն շուրջ 35 տարի ետք, Քրիստոնեաներէն շատեր կը շարունակէին պատշաճ գործերով իրենց հաւատքը ապացուցանել։ Բայց ի ցաւ սրտի, ոմանք ասիկա չէին ըներ։ Յիսուս Զմիւռնիոյ ժողովքը գովեց. սակայն, Սարդիկէի ժողովքի անդամներէն շատերուն ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ՝ որ դուն անուն ունիս թէ կենդանի ես, բայց մեռած ես»։—Յայտնութիւն 2։8-11. 3։1

2. Քրիստոնեաները իրենց հաւատքին մասին իրենք իրենց ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղեն։

2 Ուստի Յիսուս Սարդիկէի մէջ եղողները քաջալերեց,– եւ այս կերպով բոլոր անոնք որ հետագային իր խօսքերը պիտի կարդային,– որ քրիստոնէական ճշմարտութեան հանդէպ իրենց սկիզբի սէրը ապացուցանեն եւ հոգեւորապէս արթուն ըլլան։ (Յայտնութիւն 3։2, 3) Իւրաքանչիւրս մենք մեզի կրնանք հարց տալ. ‘Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ իմ գործերուս մասին։ Արարքներս յստակօրէն ցոյց կու տա՞ն թէ լաւագոյնս կ’ընեմ որ ամէն բանի մէջ հաւատքս ապացուցանեմ, նոյնիսկ այն մարզերուն մէջ որոնք քարոզչութեան կամ ժողովքային հանդիպումներուն հետ ուղղակի կապ չունին’։ (Ղուկաս 16։10) Կեանքի բազմաթիւ մարզեր կարելի է նկատի առնել, բայց այժմ քննարկենք միայն մէկ մարզ՝ ընկերային հաւաքոյթները, ի ներառեալ քրիստոնէական հարսանիքին վերաբերեալ հաւաքոյթները։

Ընկերային փոքր հաւաքոյթներ

3. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը նկատէ հաւաքոյթներու մասնակցիլը։

3 Մեզմէ շատեր կը սիրեն հրաւիրուիլ հաւաքոյթներու, ուր երջանիկ Քրիստոնեաներ ներկայ են։ Եհովա «երանելի Աստուած» է եւ կ’ուզէ որ իր ծառաները երջանիկ ըլլան։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Ան թոյլատրեց Սողոմոնի որ հետեւեալ իրողութիւնը Աստուածաշունչի մէջ արձանագրէ. «Ես ուրախութիւնը գովեցի, վասն զի մարդ արեւուն տակ ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ աղէկ բան մը չունի։ Վասն զի . . . կեանքին օրերուն մէջ իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն»։ (Ժողովողի 3։1, 4, 13. 8։15) Այս ուրախութիւնը կարելի է վայելել ընտանեկան ճաշի մը ընթացքին, կամ՝ ճշմարիտ երկրպագուներու ընկերային պզտիկ հաւաքոյթներուն։—Յոբայ 1։4, 5, 18. Ղուկաս 10։38-42. 14։12-14

4. Հաւաքոյթ կազմակերպող անհատը ի՞նչ բանով հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ։

4 Եթէ հաւաքոյթ մը պիտի սարքես եւ անոր պատասխանատու պիտի ըլլաս, զայն ուշադրութեամբ պէտք է ծրագրես, նոյնիսկ եթէ մի քանի հաւատակիցներ պիտի հրաւիրես ճաշի ու բարեկամական խօսակցութեան։ (Հռովմայեցիս 12։13) Պիտի ուզես վստահ ըլլալ թէ ‘ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ կ’ըլլայ’, ‘վերին իմաստութեամբ’ առաջնորդուած։ (Ա. Կորնթացիս 14։40. Յակոբու 3։17) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։ Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք»։ (Ա. Կորնթացիս 10։31, 32) Ո՞ր կարգ մը մարզերը մասնայատուկ ուշադրութեան կը կարօտին։ Ասոնց մասին կանխաւ մտածելը կրնայ օգնել որ դուն եւ հիւրերդ ձեր հաւատքը գործերով ցոյց տաք։—Հռովմայեցիս 12։2

Հաւաքոյթը ինչպիսի՞ բնոյթ պիտի ունենայ

5. Հիւրընկալը ինչո՞ւ լրջօրէն պիտի մտածէ ոգելից ըմպելիներու եւ երաժշտութեան հարցին շուրջ։

5 Հիւրընկալներէն շատեր ոգելից ըմպելիներ հրամցնելու կամ չհրամցնելու հարցը դիմագրաւած են։ Հաւաքոյթ մը շինիչ ըլլալու համար՝ խմիչքը հարկաւոր չէ։ Մտաբերէ թէ Յիսուս իրեն եկող մեծ բազմութեան մը ուտելիք հայթայթեց, հացը եւ ձուկը շատցնելով։ Արձանագրութիւնը չ’ըսեր թէ ան հրաշալիօրէն գինի հայթայթեց, թէեւ գիտենք որ կարող էր ասիկա ընելու։ (Մատթէոս 14։14-21) Եթէ որոշես հաւաքոյթի մը ընթացքին ոգելից ըմպելիներ հրամցնել, զանոնք չափաւոր քանակով մատչելի դարձուր եւ վստահ եղիր որ զովացուցիչներ ալ կը հրամցուին։ (Ա. Տիմոթէոս 3։2, 3, 8. 5։23. Ա. Պետրոս 4։3) Բնաւ մէկը մի՛ ճնշեր բան մը խմելու՝ որ թերեւս ‘օձի պէս խածնէ’։ (Առակաց 23։29-32) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ երաժշտութեան կամ երգեցողութեան մասին։ Եթէ կազմակերպած հաւաքոյթդ երաժշտութիւն պիտի պարփակէ, անկասկած երգերը ուշադրութեամբ պիտի ընտրես, ստուգելով անոնց կշռոյթն ու բառերը։ (Կողոսացիս 3։8. Յակոբու 1։21) Բազմաթիւ Քրիստոնեաներ նկատած են թէ Թագաւորութեան մեղեդիներ ունկնդրելը կամ նոյնիսկ զանոնք խմբովին երգելը հաճելի մթնոլորտ կը ստեղծէ։ (Եփեսացիս 5։19, 20) Անշուշտ, կանոնաւորաբար ձայնածաւալը ստուգէ, որպէսզի երաժշտութիւնը հաճոյալի խօսակցութիւնները չխանգարէ եւ դրացիները չնեղացնէ։—Մատթէոս 7։12

6. Հիւրընկալ մը ի՞նչպէս կրնայ ցոյց տալ թէ զրոյցներու կամ այլ գործունէութիւններու առնչութեամբ ապրող հաւատք ունի։

6 Ընկերային հաւաքոյթի մը ընթացքին, Քրիստոնեաները կրնան զանազան նիւթերու շուրջ խօսիլ, բարձրաձայն ընթերցել կամ հետաքրքրական փորձառութիւններ պատմել։ Եթէ խօսակցութիւնը իր նպատակէն շեղի, հիւրընկալը կրնայ զայն նրբանկատօրէն ուղղել։ Ան նաեւ արթուն պէտք է ըլլայ որ խօսողը միայն մէկ անհատ չըլլայ։ Եթէ ասիկա պատահի, ան կրնայ խորատեսութեամբ ուրիշներն ալ խօսակցութեան մէջ պարփակել, թերեւս դեռատիներէն խնդրելով որ արտայայտուին, կամ նիւթ մը բանալով որ կրնայ շատերը մղել իրենց կարծիքը յայտնելու։ Թէ՛ անչափահասներ եւ թէ չափահասներ հաւաքոյթին այս երեսակէն հաճոյք պիտի քաղեն։ Եթէ որպէս հաւաքոյթ կազմակերպող՝ հարցերը խոհեմօրէն ու նրբանկատօրէն առաջնորդես, քու ‘բանաւորութիւնդ յայտնի պիտի ըլլայ’ ներկաներուն։ (Փիլիպպեցիս 4։5, ՆԱ ) Անոնք պիտի գիտակցին թէ ապրող հաւատք մը ունիս, որ կեանքիդ բոլոր մարզերուն կ’ազդէ։

Հարսանիքներ ու ընդունելութիւններ

7. Հարսանիքներ եւ յարակից հաւաքոյթներ ծրագրելը ինչո՞ւ ուշադրութեան արժանի է։

7 Քրիստոնէական հարսանիքը ուրախանալու մասնայատուկ առիթ մըն է։ Աստուծոյ վաղեմի ծառաները, մէջը ըլլալով Յիսուս ու իր աշակերտները, սիրայօժար մասնակցեցան այս ուրախ առիթներուն եւ յարակից խրախճանքներուն։ (Ծննդոց 29։21, 22. Յովհաննու 2։1, 2) Սակայն վերջերս, փորձառութիւններ ցոյց տուած են թէ հարսանիքներու առնչուած ընկերային գործունէութիւններ ծրագրելը մասնայատուկ ջանքի կը կարօտի, եթէ կ’ուզենք որ անոնք լաւ դատողութիւն ու քրիստոնէական հաւասարակշռութիւն արտացոլացնեն։ Այս գործունէութիւնները կեանքի սովորական երեսակներ են, որոնք Քրիստոնեային պատեհութիւն կ’ընծայեն որ իր հաւատքը ապացուցանէ։

8, 9. Բազմաթիւ հարսանիքներու ընկերակցող սովորութիւնները ի՞նչպէս կը հաստատեն Ա. Յովհաննու 2։16, 17–ի խօսքերը։

8 Աստուածային սկզբունքները չգիտցող եւ անոնցմով չհետաքրքրուող անհատներէն շատեր, հարսանիքը կը նկատեն չափազանցութիւններու առիթ մը, ուր ծայրայեղութիւնները հանդուրժելի են։ Եւրոպական պարբերաթերթի մը մէջ, նորահարս մը իր «արքայական» հարսանիքին մասին հետեւեալը ըսաւ. ‘Չորս ձիերով օժտուած շքերթային կառք մը նստած էինք, որուն կը հետեւէին 12 երկանիւ ձիակառքեր եւ նուագախումբ կրող կառք մը։ Անկէ ետք համադամ ճաշեր կերանք եւ հոյակապ երաժշտութիւն ունկնդրեցինք. շա՜տ փառաւոր էր։ Ճիշդ ուզածիս պէս՝ օրուան թագուհին էի’։

9 Թէեւ երկրէ երկիր սովորութիւնները կը տարբերին, սակայն վերոյիշեալ կեցուածքը պարզապէս կը հաստատէ Յովհաննէս առաքեալին գրածը. «Ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է»։ Կրնա՞ս երեւակայել որ հասուն Քրիստոնեայ զոյգ մը ուզեն «արքայական» հարսանիք ու շքեղաշուք ընդունելութիւն ունենալ։ Փոխարէն, անոնց հայեցակէտը հաշուի պէտք է առնէ թէ «ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։16, 17

10. (ա) Բանաւոր հարսանիքի մը համար, ծրագիրներ ընելը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։ (բ) Հրաւիրեալներուն նկատմամբ ի՞նչպէս որոշումներ պէտք է կայացուին։

10 Քրիստոնեայ զոյգերը կ’ուզեն թէ՛ իրատես եւ թէ բանաւոր ըլլալ, իսկ Աստուածաշունչը կրնա՛յ անոնց օգնել։ Ամուսնութեան օրը նշանակալից ըլլալով հանդերձ, անոնք գիտեն թէ անիկա յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունեցող երկու Քրիստոնեաներու ամուսնական կեանքին սկիզբն է։ Անոնք ստիպուած չեն որ փարթամ խրախճանք մը սարքեն։ Եթէ ուզեն հաւաքոյթ մը ունենալ, անոնք հաւաքոյթին ծախսը պիտի հաշուեն եւ անոր բնոյթը նկատի պիտի առնեն։ (Ղուկաս 14։28) Իրենց ընտանեկան կեանքին մէջ, ամուսինը պիտի ըլլայ գլուխը։ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 5։22, 23) Ուստի հարսանեկան ընդունելութեան գլխաւոր պատասխանատուն փեսան է։ Անշուշտ, ան իր ապագայ կնոջ հետ սիրալիրօրէն պիտի խորհրդակցի կարգ մը հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ հարսանեկան խրախճանքին զորո՛նք կ’ուզեն կամ կարող են հրաւիրել։ Թերեւս կարելի չէ, ո՛չ ալ գործնական է իրենց բոլոր բարեկամներն ու ազգականները հրաւիրել. ուստի, կարգ մը տրամաբանական որոշումներ պէտք է կայացուին։ Զոյգը վստահութիւն ունենալու են թէ չհրաւիրուած Քրիստոնեայ հաւատակիցները հասկացողութիւն ցոյց պիտի տան ու չընդվզին։—Ժողովողի 7։9

«Սեղանապետը»

11. Հարսանիքի մը ընթացքին «սեղանապետը» ի՞նչ դեր կրնայ խաղալ։

11 Եթէ զոյգը որոշեն հարսանեկան խրախճանք սարքել, ի՞նչպէս կրնան վստահ ըլլալ որ առիթը պատուարժան մնայ։ Տասնամեակներէ ի վեր Եհովայի Վկաները, Կանայի մէջ Յիսուսի ներկայ գտնուած հաւաքոյթին մէկ երեսակը պարփակելը իմաստուն քայլ սեպած են։ Հոն «սեղանապետ» մը կար, վստահաբար պատասխանատու հաւատակից մը։ (Յովհաննու 2։9, 10) Նմանապէս, խոհեմ փեսան հոգեւորապէս հասուն Քրիստոնեայ եղբայր մը պիտի ընտրէ որ այս կարեւոր դերը կատարէ։ Փեսային փափաքներն ու նախընտրութիւնները ստուգելէ ետք, սեղանապետը կրնայ թէ՛ նախապէս եւ թէ խրախճանքի ընթացքին ամէն բանի մանրամասնօրէն հոգ տանիլ։

12. Ոգելից ըմպելիներու գործածութեան նկատմամբ փեսան ի՞նչ նկատի պէտք է առնէ։

12 Ինչպէս 5–րդ պարբերութեան մէջ քննարկուեցաւ, կարգ մը զոյգեր կ’որոշեն հարսանեկան խրախճանքին ոգելից ըմպելիներ չհրամցնել, որպէսզի անոնց անչափաւոր գործածութիւնը առիթը չխանգարէ։ (Հռովմայեցիս 13։13. Ա. Կորնթացիս 5։11) Սակայն, եթէ ոգելից ըմպելիներ պիտի հրամցուին, փեսան վստահ պէտք է ըլլայ որ ասոնք չափաւորութեամբ կը հրամցուին կամ մատչելի կը դարձուին։ Կանայի մէջ Յիսուսի ներկայ գտնուած հարսանիքին գինի կը մատուցանուէր, եւ ան ընտիր գինի հայթայթեց։ Հետաքրքրական է որ սեղանապետը ըսաւ. «Ամէն մարդ աղէկ գինին առաջ կը մատուցանէ ու երբ խմած ըլլան, այն ատեն ստորնագոյնը. բայց դուն աղէկ գինին մինչեւ հիմա պահած ես»։ (Յովհաննու 2։10) Վստահաբար Յիսուս գինովութիւնը չքաջալերեց, քանի որ զայն սխալ կը նկատէր։ (Ղուկաս 12։45, 46) Գինիին որակին նկատմամբ իր զարմանքը յայտնելով, սեղանապետը նշեց թէ որոշ առիթներով հարսնեւորներէ ոմանք հարբած էին։ (Գործք 2։15. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։7) Ուստի, թէ՛ փեսան եւ թէ սեղանապետ նշանակուած վստահելի Քրիստոնեան, վստահ պէտք է ըլլան թէ բոլոր ներկաները սա յստակ ցուցմունքին կը հետեւին. «Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ»։—Եփեսացիս 5։18. Առակաց 20։1. Ովսեայ 4։11

13. Զոյգը ի՞նչ բանի ուշադիր պիտի ըլլան, եթէ հարսանեկան խրախճանքին երաժշտութիւն պիտի նուագուի, եւ ինչո՞ւ։

13 Ինչպէս է պարագան այլ հաւաքոյթներուն, եթէ երաժշտութիւն պիտի ըլլայ՝ ձայնածաւալին ուշադրութիւն պէտք է ընծայուի, որպէսզի ներկաները կարենան դիւրաւ խօսակցիլ։ Քրիստոնեայ երէց մը նշեց. «Մինչ ժամանակը կը սահի, երբ զրոյցները աւելի կենսունակ կը դառնան կամ ներկաները պարելու կը սկսին, երբեմն երաժշտութեան ձայնածաւալը կ’աւելնայ։ Սկիզբի մեղմ երաժշտութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ եւ զրոյցներուն արգելք կը հանդիսանայ։ Հարսանեկան ընդունելութիւնը հաճելի ընկերակցութեան պատեհութիւն մը կը ներկայացնէ։ Ի՜նչ ցաւալի պիտի ըլլայ եթէ երաժշտութեան բարձր ձայնածաւալը այդ պատեհութիւնը խափանէ»։ Հոս ալ փեսան ու սեղանապետը պատասխանատու կերպով պէտք է վարուին, երաժշտութեան բնոյթն ու ձայնածաւալը երաժիշտներուն ճաշակին չձգելով, ըլլան վարձուա՛ծ կամ ոչ։ Պօղոս գրեց. «Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք»։ (Կողոսացիս 3։17) Երբ հիւրերը հարսանեկան խրախճանքէն կամ ընդունելութենէն ետք տուն վերադառնան, պիտի յիշե՞ն թէ երաժշտութիւնը ցոյց կու տար թէ զոյգը ամէն բան Յիսուսի անունով կ’ընէին։ Այս պէտք է ըլլայ պարագան։

14. Քրիստոնեաները հարսանիքի մը մասին ի՞նչ հաճելի յիշատակներ պէտք է ունենան։

14 Արդարեւ, լաւ կազմակերպուած հարսանիքը հաճելի յիշատակներ կը ձգէ։ Էտէմ եւ Էտիթա, որոնք 30 տարիէ ամուսնացած են, հարսանիքի մը մասին հետեւեալը ըսին. «Իրապէս զգացինք որ քրիստոնէական մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Եհովան փառաբանող երգեցողութիւններ կային, ինչպէս նաեւ՝ կարգ մը այլ ընտիր ժամանցներ։ Պարելը ու երաժշտութիւնը երկրորդական կարեւորութիւն ունէին։ Անիկա հաճելի ու շինիչ էր, եւ ամէն բան Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ էր»։ Բացորոշ է թէ փեսան եւ հարսը իրենց գործերով իրենց հաւատքը ապացուցանելու համար շատ բան կրնան ընել։

Հարսանեկան նուէրներ

15. Հարսանեկան նուէրներու նկատմամբ, Աստուածաշունչի ո՞ր խրատը կիրարկելի է։

15 Բազմաթիւ երկիրներու մէջ սովորական է որ բարեկամներ ու ազգականներ նուէրներ տան նոր ամուսնացողներուն։ Եթէ ուզես ասիկա ընել, ի՞նչ բան ի մտի կրնաս ունենալ։ Մտաբերէ Յովհաննէս առաքեալի խօսքը՝ «երկրաւոր ինչքերով հպարտանալ»ուն մասին։ Ան այս ցուցամոլութիւնը չառնչեց իրենց հաւատքը գործերով ապացուցանող Քրիստոնեաներուն, այլ՝ ‘անցնող աշխարհին’։ (Ա. Յովհաննու 2։16, 17, Անթիլիաս) Յովհաննէսի ներշնչեալ խօսքին ի տես, նոր ամուսնացած զոյգը բոլոր ներկաներուն առջեւ պէ՞տք է բնորոշեն իւրաքանչիւր նուէրին տէրը։ Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի Քրիստոնեաները Երուսաղէմի եղբայրներուն նուիրատուութիւններ ղրկեցին, բայց ո՛չ մէկ բան կը նշէ թէ անոնց անունները յայտարարուեցան։ (Հռովմայեցիս 15։26) Հարսանեկան նուէր տուող Քրիստոնեաներէն շատեր պիտի ուզեն անծանօթ մնալ, որպէսզի իրենց անձին վրայ անտեղի ուշադրութիւն չհրաւիրեն։ Այս առնչութեամբ, նկատի առ Մատթէոս 6։1-4–ի մէջ Յիսուսի տուած խրատը։

16. Նոր ամուսնացած զոյգը ի՞նչպէս կրնան հարսանեկան նուէրներու առնչութեամբ ուրիշներու զգացումները վիրաւորելէ խուսափիլ։

16 Նուէր բերողներուն ինքնութիւնը ծանուցանելը կրնայ «մրցակցութեան գրգռել», թէ ո՛ր նուէրը լաւագոյնը կամ ամենասուղն է։ Ուստի խոհեմ Քրիստոնեայ զոյգը նուէր տուողներուն անունները հանրապէս պիտի չնշեն։ Անոնց անունները ծանուցանելը կրնայ նուէր բերելու կարողութիւն չունեցողները նեղ կացութեան մատնել։ (Գաղատացիս 5։26, ՆԱ. 6։10) Անշուշտ սխալ չէ որ հարսն ու փեսան գիտնան թէ որոշ նուէր մը ո՛վ բերած է։ Ասիկա կրնան գիտնալ նուէրին ընկերակցող բացիկէն, բայց զայն հանրապէս պէտք չէ կարդան։ Հարսանեկան նուէրներ գնելու, տալու եւ ստանալու ատեն, բոլորս ալ առիթ ունինք ցոյց տալու թէ նոյնիսկ այսպիսի անձնական հարցերու մէջ, մեր հաւատքը մեր արարքներուն կ’ազդէ։ *

17. Քրիստոնեաները իրենց հաւատքին ու գործերուն նկատմամբ ի՞նչ նպատակակէտ պէտք է ունենան։

17 Վստահաբար բաւարար չէ որ մեր հաւատքը ապացուցանենք՝ բարոյապէս մաքուր կեանք մը վարելով, քրիստոնէական ժողովներուն յաճախելով եւ քարոզչութեան մասնակցելով։ Թող իւրաքանչիւրս ապրող հաւատք մը ունենանք, որ մեր բոլոր գործերուն կ’ազդէ։ Արդարեւ, մեր հաւատքը կրնանք ցոյց տալ «կատարեալ» գործերով, ի ներառեալ՝ կեանքի վերոյիշեալ մարզերուն մէջ պարփակուած գործերը։—Յայտնութիւն 3։2

18. Յովհաննու 13։17–ի խօսքերը ի՞նչպէս կրնան քրիստոնէական հարսանիքներու ու հաւաքոյթներու կիրարկուիլ։

18 Իր առաքեալներուն ոտքերը լուալով ընտիր օրինակ հանդիսանալէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք»։ (Յովհաննու 13։4-17) Ներկայիս, մեր ապրած շրջանին մէջ մեր տունը եկող հիւրին ոտքերը լուալը կրնայ անհրաժեշտ կամ բնական չըլլալ։ Սակայն, ինչպէս այս յօդուածին մէջ նկատի առինք, կեանքի այլ երեսակներ կան, որոնց մէջ կրնանք մեր հաւատքը ցուցաբերել սիրալիր ու նկատառու արարքներով, ինչպէս՝ ընկերային հաւաքոյթներու ու քրիստոնէական հարսանիքներու ընթացքին։ Ասիկա կրնանք ընել, ըլլանք նոր ամուսնացող զոյգ, հարսնեւորներ կամ հաւաքոյթի մասնակցող Քրիստոնեաներ, որոնք կ’ուզեն իրենց հաւատքը իրենց գործերով ցոյց տալ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 16 Հարսանիքներու եւ յարակից ընդունելութիւններու յաւելեալ երեսակներ նկատի առնուած են յաջորդ յօդուածին մէջ՝ «Ձեր ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնն ու լրջութիւնը աւելցուցէք»։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

Ի՞նչպէս կրնաս հաւատքդ ապացուցանել՝

• երբ ընկերային հաւաքոյթ մը կը կազմակերպես։

• երբ հարսանիք կամ ընդունելութիւն մը կը կազմակերպես։

• երբ հարսանեկան նուէրներ կու տաս կամ կը ստանաս։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Նոյնիսկ եթէ մի քանի հոգի պիտի հրաւիրես, «վերին իմաստութիւնը» ի գործ դիր