Աստուծոյ ու մարդոց աչքին պատուարժան հարսանիքներ
Աստուծոյ ու մարդոց աչքին պատուարժան հարսանիքներ
«Հարսանիք մը կար Գալիլիայի Կանա քաղաքը . . . Յիսուս ալ կանչուեցաւ այն հարսանիքին ու իր աշակերտներն ալ»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2։1, 2
1. Կանայի հարսանիքին մէջ Յիսուսի ըրածը ի՞նչ բանի ուշադրութիւն կը դարձնէ։
ՅԻՍՈՒՍ, իր մայրը եւ իր աշակերտներէն ոմանք գիտէին թէ Աստուծոյ ժողովուրդին ունեցած պատուարժան հարսանիքները ուրախութեան առիթներ էին։ Քրիստոս նոյնիսկ հարսանիք մը յատկանշական դարձուց, երբ հոն իր առաջին արձանագրուած հրաշքը կատարեց, առիթը աւելի հաճելի դարձնելով։ (Յովհաննու 2։1-11) Թերեւս ներկայ եղած ես հարսանիքներու, ուր Քրիստոնեաներ ուզած են Եհովայի ծառայել որպէս ամուսնացած անհատներ։ Թերեւս պատրաստութիւն կը տեսնես հարսանիքիդ համար, կամ՝ բարեկամի մը պիտի օգնես յաջող հարսանիք մը կազմակերպելու։ Ի՞նչ բան կրնայ հարսնիքի մը յաջողութեան նպաստել։
2. Աստուածաշունչը հարսանիքներու մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ։
2 Քրիստոնեաները փորձառաբար գիտեն թէ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին խրատները շատ օգտակար են, երբ տղամարդ ու կին կը ծրագրեն ամուսնանալ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Աստուածաշունչը քրիստոնէական հարսանիքին մանրամասն գործընթացը չ’ուրուագծեր։ Ասիկա հասկնալի է, քանի որ սովորութիւնները եւ նոյնիսկ օրինական պահանջները տեղէ տեղ ու ժամանակէ ժամանակ կը տարբերին։ Օրինակ, վաղեմի Իսրայէլի մէջ ամուսնութեան պաշտօնական արարողութիւն չկար։ Ամուսնութեան օրը, փեսան հարսը կը բերէր իր տունը կամ իր հօր տունը։ (Ծննդոց 24։67. Եսայեայ 61։10. Մատթէոս 1։24) Հանրապէս կատարուած այս քայլը ինքնին կը հաստատէր ամուսնութիւնը, առանց այն պաշտօնական արարողութեան՝ որ այժմ սովորական է շատ մը հարսանիքներու մէջ։
3. Կանայի մէջ Յիսուս ի՞նչ բանի նպաստեց։
3 Իսրայելացիները կը սեպէին թէ ամուսնութիւնը կը կնքուէր՝ վերոնշեալ քայլը առնելով։ Անկէ ետք, անոնք խրախճանքի կը մասնակցէին։ Յովհաննու 2։1–ը կ’ըսէ. «Հարսանիք մը կար Գալիլիայի Կանա քաղաքը»։ Բայց բնագրին մէջ գործածուած բառը կրնայ թարգմանուիլ՝ «ամուսնական խնճոյք» կամ «հարսանեկան խրախճանք»։ * (Մատթէոս 22։2-10. 25։10. Ղուկաս 14։8) Արձանագրութիւնը կը բացայայտէ թէ Յիսուս հրէական ամուսնութեան մը հետ կապ ունեցող խրախճանքի ներկայ էր եւ զայն ճոխացուց։ Սակայն բուն կէտը այն է, թէ ներկայ հարսանիքները տարբեր են։
4. Կարգ մը Քրիստոնեաներ ինչպիսի՞ հարսանիք կ’ընտրեն եւ ինչո՞ւ։
4 Այսօր, շատ մը երկիրներու մէջ, ամուսնանալ փափաքող Քրիստոնեաները կարգ մը օրինական պահանջներու գոհացում պէտք է տան։ Երբ ասիկա ընեն, անոնք կրնան օրինապէս ընդունուած որեւէ կերպով ամուսնանալ։ Անիկա կրնայ պարզ արարողութիւն մը ըլլալ, զոր կը կատարէ դատաւոր մը, քաղաքապետ մը կամ պետութեան կողմէ լիազօրուած Եհովայի Վկայ մը։ Ոմանք կ’ընտրեն այս կերպը, եւ կարգ մը ազգականներէ կամ Քրիստոնեայ բարեկամներէ կը խնդրեն ներկայ գտնուիլ որպէս օրինական վկաներ, կամ՝ որպէսզի այս կարեւոր առիթին ուրախութեան մասնակցին։ (Երեմեայ 33։11. Յովհաննու 3։29) Նմանապէս, ուրիշ Քրիստոնեաներ կ’ընտրեն հարսանեկան մեծ խրախճանք կամ ընդունելութիւն չընել, քանի որ շատ ծրագրում կը պահանջէ ու մեծ ծախսի կը նայի։ Փոխարէն, անոնք կը կարգադրեն որ մի քանի մտերիմ բարեկամներով ճաշի մը մասնակցին։ Այս առնչութեամբ մեր նախընտրութիւնները ի՛նչ որ ալ ըլլան, պէտք է գիտակցինք թէ այլ հասուն Քրիստոնեաներ կրնան տարբեր տեսակէտներ ունենալ։—Հռովմայեցիս 14։3, 4
5. Քրիստոնեաներէն շատեր ինչո՞ւ կ’ուզեն որ հարսանիքի օրը ամուսնութեան վերաբերեալ դասախօսութիւն մը ներկայացուի, եւ անիկա ի՞նչ կը բովանդակէ։
5 Քրիստոնեայ զոյգերէն շատեր կը փափաքին որ իրենց ամուսնութեան օրը՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը ներկայացուի։ * Անոնք կը գիտակցին թէ Եհովա ամուսնութեան ծագում Տուողն է եւ իր Խօսքին մէջ անոր յաջողութեան ու երջանկութեան շուրջ իմաստուն խրատներ հայթայթած է։ (Ծննդոց 2։22-24. Մարկոս 10։6-9. Եփեսացիս 5։22-33) Իսկ զոյգերուն մեծամասնութիւնը կ’ուզէ որ Քրիստոնեայ բարեկամներն ու ազգականները ներկայ գտնուին այս ուրախ առիթին։ Սակայն զանազան օրինական պահանջները, գործընթացները եւ նոյնիսկ տիրական եղող տեղական սովորութիւնները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։ Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ զանազան շրջաններու մէջ գոյութիւն ունեցող պարագաներ։ Անոնցմէ ոմանք գիտցածէդ կամ շրջանիդ մէջ տեղի ունեցածէն շա՜տ տարբեր կրնան ըլլալ։ Այսուհանդերձ, պիտի նկատես ընդհանուր սկզբունքներ կամ երեսակներ, որոնք Աստուծոյ ծառաներուն համար կարեւոր են։
Պատուարժան ամուսնութիւնը՝ օրինական պահանջներուն գոհացում կու տայ
6, 7. Ինչո՞ւ ամուսնութեան օրինական երեսակներով հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք, եւ ասիկա ի՞նչպէս ցոյց կու տանք։
6 Թէեւ Եհովա ամուսնութեան ծագում տուաւ, բայց մարդկային կառավարութիւններն են որ որոշ չափով կը ղեկավարեն ամուսնական գործընթացը։ Ասիկա պատշաճ է, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ (Մարկոս 12։17) Նոյնպէս, Պօղոս առաքեալ նշեց. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են»։—Հռովմայեցիս 13։1. Տիտոս 3։1
7 Բազմաթիւ երկիրներու մէջ Կայսրը կամ քաղաքային հեղինակութիւնը կ’որոշէ թէ որո՛նք ամուսնանալու որակեալ են։ Ուստի, երբ Աստուածաշունչի հիման վրայ ամուսնանալու ազատ եղող երկու Քրիստոնեաներ կ’որոշեն ամուսնանալ, անոնք խղճմտօրէն տեղական օրէնքներուն կ’ենթարկուին, ինչպէս՝ արտօնագիր ձեռք ձգել, պետութեան կողմէ լիազօրութիւն ունեցողի մը միջոցով, եւ ամբողջացած ամուսնութիւնը գրանցել։ Երբ Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց որ «բոլոր աշխարհ գրուի», Յովսէփ ու Մարիամ ենթարկուեցան, «աշխարհագիրը մտնելու» համար Բեթլեհէմ ճամբորդելով։—Ղուկաս 2։1-5
8. Եհովայի Վկաները ո՞ր սովորութիւնները կը մերժեն եւ ինչո՞ւ։
8 Երբ երկու Քրիստոնեաներ օրինական եւ ընդունուած կերպով մը կ’ամուսնանան, անոնց միութիւնը Աստուծոյ աչքին պարտաւորիչ է։ Ուստի Եհովայի Վկաները ամուսնութիւնը չեն կրկներ՝ օրինական արարողութիւնը մի քանի անգամ կատարելով, Մատթէոս 5։37) (Եկեղեցիներէն ոմանք կ’անտեսեն օրինականօրէն ընդունելի քաղաքացիական ամուսնութեան ծէսը, դաւանելով թէ անիկա վաւերական չէ, բացի՝ եթէ քահանայ մը կամ կղերական մը որոշ արարողութիւն կատարէ կամ զոյգին ամուսնացած ըլլալը յայտարարէ։) Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, կառավարութիւնը Եհովայի Վկայի մը լիազօրութիւն կու տայ ամուսնութիւններ կատարելու։ Այս պարագային, ան հաւանաբար պիտի ուզէ ասիկա ընել Թագաւորութեան Սրահին մէջ, ամուսնութեան դասախօսութիւնը ներկայացնելով։ Սրահը ճշմարիտ պաշտամունքի տեղական վայրն է եւ Եհովա Աստուծոյ հաստատած այս կարգադրութեան մասին դասախօսելու պատշաճ տեղը։
ո՛չ ալ ամուսնական ուխտերը կը նորոգեն, ինչպէս՝ ամուսնութեան 25–րդ կամ 50–րդ տարեդարձին։ (9. (ա) Քաղաքացիական ամուսնութեան պարագային, Քրիստոնեայ զոյգը ի՞նչ կրնայ ընել։ (բ) Երէցները ի՞նչ կերպով կրնան հարսանեկան ծրագիրներուն հետ կապ ունենալ։
9 Այլ երկիրներու մէջ, օրէնքը կը պահանջէ որ զոյգը իրենց ամուսնութիւնը կատարեն պետական գրասենեակի մը մէջ, ինչպէս՝ քաղաքապետարանը, կամ նշանակուած քաղաքացիական պաշտօնեայի մը միջոցով։ Քրիստոնեաները յաճախ կ’ընտրեն որ այդ օրինական քայլէն ետք ունենան ամուսնութեան դասախօսութիւնը Թագաւորութեան Սրահին մէջ, նոյն օրը կամ յաջորդ օրը։ (Անոնք պիտի չուզեն որ քաղաքացիական արարողութեան եւ աստուածաշնչական դասախօսութեան միջեւ շատ օրեր անցնին, քանի որ ամուսնացած են Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ, ի ներառեալ՝ քրիստոնէական ժողովքը։) Այն զոյգը որոնք կը ծրագրեն քաղաքացիական ամուսնութիւն կատարել, երբ փափաքին որոշ Թագաւորութեան Սրահի մէջ ամուսնութեան դասախօսութիւնը ունենալ, անոնք կանխաւ Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբի երէցներէն արտօնութիւն պէտք է առնեն։ Զոյգին լաւ համբաւը ստուգելէ զատ, տեսուչները վստահ պիտի ըլլան որ հարսանիքին որոշուած ժամանակը չխանգարէ սրահին մէջ տեղի ունեցող կանոնաւոր ժողովներն ու յայտագիրները։ (Ա. Կորնթացիս 14։33, 40) Անոնք նաեւ աչքէ պիտի անցընեն սրահին վերաբերեալ զոյգին պահանջած պատրաստութիւնները եւ որոշեն թէ սրահին գործածութեան մասին ծանուցում մը ըլլա՛յ կամ ոչ։
10. Քաղաքացիական ամուսնութեան պարագային, ի՞նչպէս կ’ազդուի ամուսնութեան դասախօսութիւնը։
10 Ամուսնութեան դասախօսութիւնը նկատի առնող երէցը պիտի ջանայ զայն ներկայացնել ջերմ, հոգեւորապէս շինիչ ու յարգալից կերպով։ Եթէ զոյգը նա՛խ քաղաքացիական ամուսնութիւն կնքած են, ան յստակօրէն պիտի նշէ թէ անոնք Կայսրին օրէնքին համաձայն ամուսնացած են։ Եթէ քաղաքացիական արարողութեան ընթացքին ամուսնական ուխտերը չեն փոխանակուած, զոյգը կրնան ասիկա ընել դասախօսութեան ընթացքին։ * Եթէ այդ քաղաքացիական արարողութիւնը ուխտեր պարփակած է, բայց նոր ամուսնացած զոյգը կ’ուզեն Եհովայի ու ժողովքին առջեւ ուխտ ընել, անոնք ասիկա կրնան ընել անցեալ եղանակը գործածելով, ցոյց տալու համար թէ իրենք արդէն ‘միաւորուած’ են։—Մատթէոս 19։6. 22։21
11. Կարգ մը վայրերու մէջ զոյգը ի՞նչպէս իրենց ամուսնութիւնը կը կնքեն, եւ ասիկա ամուսնութեան դասախօսութեան ի՞նչպէս կ’ազդէ։
11 Կարգ մը տեղեր օրէնքը չի պահանջեր որ ամուսնութիւնը կնքուի որոշ արարողութեամբ, նոյնիսկ՝ պետական պաշտօնեայի մը միջոցով։ Ամուսնութիւնը տեղի կ’ունենայ, երբ զոյգը պաշտօնեային կը յանձնեն ամուսնութիւնը գրանցելու ստորագրուած պատճեն մը։ Անկէ անմիջապէս ետք, ամուսնական վկայագիր մը կը պատրաստուի։ Այս կերպով, զոյգը ամուսնացած կը նկատուին, վկայագրին կրած թուականը իրենց ամուսնութեան թուականը ըլլալով։ Ինչպէս վերը նշուեցաւ, նոր ամուսնացած զոյգը պիտի ուզեն այդ գրանցումէ անմիջապէս ետք՝ Թագաւորութեան Սրահին մէջ աստուածաշնչական դասախօսութիւն Երգ Երգոց 3։11
մը ունենալ։ Դասախօսութիւնը ներկայացնող հոգեւորապէս հասուն եղբայրը, բոլոր ներկաներուն պիտի տեղեկացնէ թէ զոյգը ամուսնացած են, նոր տեղի ունեցած գրանցումով։ Իսկ ուխտերուն վերաբերեալ, պիտի գործադրուի ինչ որ նշուած է 10–րդ պարբերութեան եւ անոր ստորանիշին մէջ։ Թագաւորութեան Սրահին մէջ ներկայ եղողները պիտի ուրախանան զոյգին հետ եւ Աստուծոյ Խօսքէն տրուած խրատներէն պիտի օգտուին։—Սովորութենական ու կանոնական ամուսնութիւններ
12. Ի՞նչ է սովորութենական ամուսնութիւնը, եւ անկէ ետք ի՞նչ բան յանձնարարելի է։
12 Կարգ մը երկիրներու մէջ, զոյգը այդպէս կոչուած սովորութենական (կամ՝ տոհմային) ամուսնութիւն կը կնքեն։ Ասիկա չ’ակնարկեր պարզապէս իրարու հետ ապրող երկու անհատներու, ո՛չ ալ կ’ակնարկէ անգիր օրէնքով եղած կացութեան մը, որ կարգ մը շրջաններու մէջ որոշ չափով օրինաւոր կը նկատուի, բայց լիովին օրինական ամուսնութիւն չէ։ * Կը խօսինք ամուսնութեան մը մասին, որ կը կնքուի տոհմին կամ շրջանին հանրապէս ընդունուած սովորութեան համաձայն։ Ասիկա կրնայ պարփակել հարսնեգին վճարել ու զայն ընդունիլ, որով զոյգը օրինաբար եւ աստուածաշնչականօրէն ամուսնացած կ’ըլլան։ Կառավարութիւնը այս սովորութենական ամուսնութիւնը վաւերական, օրինաւոր եւ պարտաւորիչ կը նկատէ։ Անկէ ետք, սովորաբար կարելի է տեղի ունեցած սովորութենական ամուսնութիւնը գրանցել եւ պաշտօնական վկայագիր մը ստանալ։ Գրանցումը օրինաբար կը պաշտպանէ զոյգը կամ կինը՝ երբ այրի դառնայ, ինչպէս նաեւ՝ ապագայ զաւակները։ Ժողովքը սովորութենական ամուսնութիւն կնքող զոյգը պիտի յորդորէ որ կարելի եղածին չափ շուտ գրանցեն զայն։ Հետաքրքրական է որ ըստ երեւոյթին՝ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, ամուսնութիւններն ու ծնունդները պաշտօնապէս կը գրանցուէին։—Մատթէոս 1։1-16
13. Սովորութենական ամուսնութենէ մը ետք, ամուսնութեան դասախօսութեան վերաբերեալ ի՞նչ բան պատշաճ է։
13 Սովորութենական ամուսնութեամբ օրինապէս միացած զոյգը ամուսին ու կին կը դառնան, երբ այդ ամուսնութիւնը կատարուի։ Ինչպէս նշուեցաւ, այս օրինաւոր ամուսնութիւնը կնքող Քրիստոնեաները կրնան Թագաւորութեան Սրահին մէջ ամուսնական դասախօսութիւնը ունենալ եւ ամուսնական ուխտերը ընել։ Այս պարագային, դասախօսը պիտի հաստատէ թէ զոյգը արդէն ամուսնացած են Կայսրին օրէնքներուն համաձայն։ Միայն մէ՛կ ամուսնական դասախօսութիւն պիտի ներկայացուի։ Մէկ ամուսնութիւն կայ, այս պարագային՝ օրինապէս վաւերական նկատուած սովորութենական (տոհմային) ամուսնութիւնը, եւ մէկ աստուածաշնչական դասախօսութիւն կայ։ Այս երկու քայլերը կարճ ժամանակի մէջ կատարելը, նախընտրաբար նոյն օրը, համայնքին մէջ քրիստոնէական ամուսնութեան պատիւ կը բերէ։
14. Քրիստոնեան ի՞նչ կրնայ ընել եթէ թէ՛ սովորութենական եւ թէ կանոնական ամուսնութիւնները կարելի են։
14 Կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր սովորութենական ամուսնութիւնը օրինական կը նկատուի, կարգադրութիւն կայ նաեւ կանոնական ամուսնութեան համար։ Կանոնական ամուսնութիւնը սովորաբար կը կատարուի պետական պաշտօնեայի մը միջոցով, եւ կրնայ պարփակել թէ՛ ամուսնական ուխտեր ընել եւ թէ գրանցման մատեանի մէջ ստորագրել։ Քրիստոնեայ զոյգերէն ոմանք կանոնական ամուսնութիւնը սովորութենական ամուսնութենէն աւելի կը նախընտրեն։ Օրէնքը չի պահանջեր որ երկուքն ալ կատարուին. իւրաքանչիւրը առանձին օրինաբար վաւերական է։ Ինչ որ նշուեցաւ 9–րդ եւ 10–րդ պարբերութիւններուն մէջ ամուսնութեան դասախօսութեան եւ ուխտերուն մասին, այս պարագային ալ կիրարկելի է։ Գլխաւոր կէտը այն է՝ թէ զոյգը պատուարժան կերպով կ’ամուսնանան Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ։—Ղուկաս 20։25. Ա. Պետրոս 2։13, 14
Ամուսնութիւնը պատուաւոր պահել
15, 16. Ամուսնութիւնը ի՞նչպէս պատուելու ենք։
15 Երբ Պարսիկ թագաւորի մը ամուսնութեան մէջ խնդիր ծագեցաւ, Մեմուքան անունով գլխաւոր խրատատու մը խրատ տուաւ, որ կրնար դրական ազդեցութիւն ունենալ,– ‘բոլոր կիները իրենց այրերը պիտի պատուէին’։ (Եսթերայ 1։20) Քրիստոնեայ կիները մարդկային թագաւորի մը հրովարտակին հարկ չունին, քանի որ կ’ուզե՛ն իրենց ամուսինները պատուել։ Նոյն կերպով, Քրիստոնեայ ամուսինները իրենց կիները կը յարգեն ու կը գովեն։ (Առակաց 31։11, 30. Ա. Պետրոս 3։7) Մեր ամուսնութիւնը պատուելը, ամուսնութենէն տարիներ ետք պէտք չէ ըլլայ։ Արդարեւ պէտք է պատուենք զայն սկիզբէն իսկ, հարսանիքի օրէն սկսեալ։
16 Ամուսնութեան օրը՝ միայն ամուսնացող զոյգը չեն որ յարգանք պէտք է ցուցաբերեն։ Քրիստոնեայ երէցը պատուարժան կերպով պէտք է ներկայացնէ ամուսնութեան դասախօսութիւնը։ Դասախօսութիւնը զոյգին պէտք է ուղղուի։ Զոյգը պատուելով, դասախօսը կատակներ կամ ժողովրդական ասացուածքներ պիտի չգործածէ։ Ան չափազանց անձնական դիտողութիւններ պիտի չպարփակէ, որոնք կրնան զոյգը եւ ունկնդիրները նեղ կացութեան մատնել։ Փոխարէն, ան պիտի ջանայ ջերմ ու շինիչ ըլլալ, ամուսնութեան Հիմնադիրը եւ Անոր ուշագրաւ խրատները աչքառու դարձնելով։ Արդարեւ, երէցին ներկայացուցած յարգալից դասախօսութիւնը պիտի նպաստէ ամուսնութեան մը, որ Եհովա Աստուծոյ պատիւ կը բերէ։
17. Քրիստոնէական ամուսնութիւնը ինչո՞ւ օրինական երեսակ մը ունի։
17 Այս յօդուածին մէջ հաւանաբար նկատեցիր ամուսնութեան վերաբերեալ շատ մը օրինական մանրամասնութիւններ։ Կարգ մը երեսակներ թերեւս շրջանիդ մէջ ուղղակի չեն կիրարկուիր։ Սակայն բոլորս ալ պէտք է գիտակցինք թէ շատ Ղուկաս 20։25) Պօղոս մեզ յորդորեց. «Հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը, . . . որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը»։ (Հռովմայեցիս 13։7) Այո, տեղին է որ Քրիստոնեաները ամուսնութեան օրէն սկսեալ, Աստուծոյ ներկայ կարգադրութիւնը պատուեն։
կարեւոր է որ Եհովայի Վկաներու հարսանեկան կարգադրութիւնները յարգեն տեղական օրէնքները, Կայսրին պահանջները։ (18. Ամուսնութեան ո՞ր երեսակը մեր ուշադրութեան արժանի է, եւ ո՞ւր կրնանք տեղեկութիւններ գտնել այս հարցին շուրջ։
18 Քրիստոնէական ամուսնութենէն ետք յաճախ ընկերային հաւաքոյթ մը տեղի կ’ունենայ,– հարսանեկան խրախճանք, ճաշկերոյթ կամ ընդունելութիւն։ Մտաբերէ թէ Յիսուս այսպիսի խրախճանքի մը ներկայ գտնուեցաւ։ Եթէ այսպիսի հաւաքոյթ տեղի պիտի ունենայ, Աստուածաշունչի խրատները ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն վստահ ըլլալու թէ ասիկա ալ Աստուած պիտի պատուէ, եւ նոր ամուսնացողներուն ու քրիստոնէական ժողովքին մասին լաւ տպաւորութիւն պիտի ձգէ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցը պիտի քննարկէ։ *
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 3 Նոյն Յունարէն բառը կրնայ նշել խնճոյք մը, որ ամուսնութեան հետ կապ չունի։—Եսթերայ 9։22, Եօթանասնից
^ պարբ. 5 Եհովայի Վկաները ամուսնութեան շուրջ՝ «Աստուծոյ աչքին պատուարժան ամուսնութիւն» խորագրով 30 վայրկեան տեւող դասախօսութիւն մը կը ներկայացնեն։ Այս դասախօսութիւնը հիմնուած է Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գրքին եւ Եհովայի Վկաներու այլ հրատարակութիւններուն մէջ գտնուող աստուածաշնչական ընտիր խրատներուն վրայ։ Անիկա թէ՛ ամուսնացող զոյգին եւ թէ հարսնեւորներուն օգտակար է։
^ պարբ. 10 Բացի եթէ տեղական օրէնքը ուրիշ բան կը պահանջէ, Աստուած պատուող հետեւեալ ուխտերը կը գործածուին։ Փեսան կ’ըսէ. «Ես [փեսային անունը] քեզ [հարսին անունը] կ’առնեմ որ իմ կինս ըլլաս, քեզ սիրեմ ու գուրգուրամ աստուածային օրէնքին համաձայն, որ նշուած է Քրիստոնեայ ամուսիններուն համար Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, այնքան ատեն որ երկրի վրայ միասնաբար կ’ապրինք Աստուծոյ ամուսնական կարգադրութեան հետ ներդաշնակ»։ Իսկ հարսը կ’ըսէ. «Ես [հարսին անունը] քեզ [փեսային անունը] կ’առնեմ որ իմ ամուսինս ըլլաս, քեզ սիրեմ եւ գուրգուրամ ու խորապէս յարգեմ աստուածային օրէնքին համաձայն, որ նշուած է Քրիստոնեայ կիներուն համար Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, այնքան ատեն որ երկրի վրայ միասնաբար կ’ապրինք Աստուծոյ ամուսնական կարգադրութեան հետ ներդաշնակ»։
^ պարբ. 12 Դիտարան 1 Մայիս 1962 (Անգլերէն), էջ 287, անգիր օրէնքով եղած ամուսնութեան մասին տեղեկութիւններ կը ներկայացնէ։
^ պարբ. 18 Տես նաեւ՝ «Ձեր ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնն ու լրջութիւնը աւելցուցէք» յօդուածը, էջ 14-17։
Կը յիշե՞ս
• Ինչո՞ւ ամուսնութեան օրինական ու հոգեւոր երեսակներով հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։
• Եթէ երկու Քրիստոնեաներ քաղաքացիական արարողութեամբ ամուսնանան, անկէ անմիջապէս ետք ի՞նչ կ’ուզեն ունենալ։
• Ամուսնութեան դասախօսութիւնը ինչո՞ւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ կը տրուի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 4]
Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, ամուսնութեան օրը՝ փեսան հարսը կը բերէր իր կամ իր հօր տունը
[Նկար՝ էջ 7]
Սովորութենական ամուսնութենէն ետք, Քրիստոնեաները կ’ուզեն Թագաւորութեան Սրահին մէջ դասախօսութիւն մը ունենալ