«Երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր»
«Երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր»
«Երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։ . . . Ինչո՞ւ, որդեա՛կ իմ, դուն օտար կնոջ մը սիրովը զմայլիս»։—ԱՌԱԿԱՑ 5։18, 20
1, 2. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ ամուսինին ու իր կնոջ միջեւ եղած ռոմանթիկ սէրը օրհնեալ է։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ սեռային յարաբերութիւններուն մասին վերապահ չէ։ Առակաց 5։18, 19–ի մէջ կը կարդանք. «Քու աղբիւրդ օրհնեալ ըլլայ եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։ Անիկա քեզի սիրելի եղնիկի պէս եւ շնորհալի այծեամի պէս թող ըլլայ։ Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող կշտացնեն ու միշտ անոր սիրովը զմայլէ»։
2 Հոս «աղբիւր» բառը կ’ակնարկէ սեռային գոհունակութիւն տուող միջոցին։ Անիկա օրհնեալ է՝ այն առումով որ կողակիցներու վայելած ռոմանթիկ սիրոյ ու մտացնծութեան զգացումը Աստուծմէ պարգեւ մըն է։ Սակայն այս մտերմութիւնը սահմանափակուած է ամուսնացա՛ծ զոյգին։ Ատոր համար վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը, Առակաց գրքին մէջ հռետորական հարցում մը կ’ուղղէ. «Ինչո՞ւ, որդեա՛կ իմ, դուն օտար կնոջ մը սիրովը զմայլիս ու օտար կնոջ կուրծքը գրկես»։—Առակաց 5։20
3. (ա) Շատ մը ամուսնութիւններու նկատմամբ ի՞նչ տխուր իրողութիւն մը կայ։ (բ) Աստուած շնութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէ։
3 Իրենց ամուսնութեան օրը, այրը եւ կինը զիրար սիրելու եւ իրարու հաւատարիմ մնալու լուրջ յանձնառութիւն մը կ’ընեն։ Այսուհանդերձ բազմաթիւ ամուսնութիւններ շնութեան պատճառաւ կը խորտակուին։ Իրականութեան մէջ, հետազօտիչ մը աւելի քան երկու երկվեցեակ փորձագիտանքներ վերլուծելէ ետք եզրակացուց թէ «կիներուն 25 տոկոսը եւ ամուսիններուն 44 տոկոսը արտամուսնական յարաբերութիւններ ունեցած են»։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները . . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Շատ բացայայտ է թէ շնութիւնը Աստուծոյ աչքին լուրջ մեղք մըն է, եւ ճշմարիտ երկրպագուները ամուսնական անհաւատարմութենէն պէտք է զգուշանան։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ ‘ամուսնութիւնը պատուական ու անկողինը անարատ պահելու’։—Եբրայեցիս 13։4
Խաբեբայ սիրտէն զգուշացիր
4. Ամուսնացած Քրիստոնեայ մը ի՞նչ կերպերով կրնայ անգիտակցաբար արտամուսնական ռոմանթիկ յարաբերութիւն մը զարգացնել։
4 Բարոյականօրէն նուաստացած ներկայ միջավայրին մէջ, շատեր «շնութեամբ լեցուն աչքեր ունին, որ մեղքէ չեն դադարիր»։ (Բ. Պետրոս 2։14) Անոնք կամովին կը ջանան արտամուսնական ռոմանթիկ յարաբերութիւններ ունենալ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեծ թիւով կիներ գործի կ’երթան, եւ երկսեռ միջավայրը բարեբեր հող պատրաստած է, որ գործատեղիին մէջ ռոմանթիկ յարաբերութիւններ զարգանան։ Ցանցազրոյցի սենեակներն ալ դիւրին դարձուցած են որ նոյնիսկ ամենէն երկչոտ անհատը, համացանցի միջոցաւ սերտ բարեկամութիւններ հաստատէ։ Ամուսնացած անհատներէն շատեր այսպիսի թակարդներու մէջ կ’իյնան, առանց անդրադառնալու թէ ի՛նչ կը պատահի իրենց։
5, 6. Քրիստոնեայ կին մը ի՞նչպէս վտանգաւոր կացութեան մը մատնուեցաւ, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։
5 Նկատի առ Քրիստոնեայ կին մը, զոր պիտի կոչենք Մէրի։ Ան կացութեան մը մէջ էր, որ ճամբան կը հարթէր սեռային անբարոյութիւն գործելու։ Անոր ամուսինը, որ Եհովայի Վկայ չէ, իր ընտանիքին հանդէպ չնչին գորով կը ցուցաբերէր։ Մէրի կը մտաբերէ թէ քանի մը տարի առաջ իր ամուսնոյն գործակիցներէն մէկուն ծանօթացաւ։ Մարդը շատ քաղաքավար էր եւ առիթով մը նոյնիսկ Մէրիի կրօնական հաւատալիքներով հետաքրքրուեցաւ։ «Ան շատ ազնիւ էր եւ ամուսինէս՝ շա՜տ տարբեր», կ’ըսէ Մէրի։ Շուտով իրարու միջեւ ռոմանթիկ յարաբերութիւն մը զարգացաւ։ Մէրի պատճառաբանեց. «Շնութիւն չեմ գործած, եւ մարդը Աստուածաշունչով հետաքրքրուած է։ Թերեւս կարենամ իրեն օգնել»։
6 Իր ռոմանթիկ կապակցութեան պատճառով շնութիւն գործելէ առաջ, Մէրի զգաստացաւ։ (Գաղատացիս 5։19-21. Եփեսացիս 4։19) Անոր խղճմտանքը սկսաւ աշխատիլ, եւ ան իսկոյն հարցերը շտկեց։ Մէրիի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ «սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է»։ (Երեմեայ 17։9) Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ»։ (Առակաց 4։23) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։
‘Խորագէտը կը զգուշանայ’
7. Ամուսնական խնդիրներ ունեցող անհատի մը օգնելու ատեն, աստուածաշնչական ո՞ր խրատներուն հետեւիլը քեզ պիտի պաշտպանէ։
7 «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Ա. Կորնթացիս 10։12) Իսկ Առակաց 22։3–ը կ’ըսէ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ»։ Փոխանակ չափազանց ինքնավստահութեամբ խորհելու. «Ինծի բան մը պիտի չպատահի», խոհեմութիւն է խնդիրներու առաջնորդող պարագաները զատորոշել։ Օրինակ, խուսափէ ամուսնութեան մէջ կնճռոտ հարցեր ունեցող՝ հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը միակ գաղտնեկիցը ըլլալէ։ (Առակաց 11։14) Անոր ըսէ թէ նախընտրելի է որ ամուսնական խնդիրներու մասին խօսի իր կողակիցին հետ, նոյն սեռին պատկանող հասուն Քրիստոնեայի մը հետ, որ կ’ուզէ ամուսնութիւնը յաջողցնել, կամ երէցներուն հետ։ (Տիտոս 2։3, 4) Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ երէցները այս առնչութեամբ ընտիր օրինակ կը հանդիսանան։ Երբ երէց մը Քրիստոնեայ քրոջ մը հետ առանձին պիտի խօսի, ան ասիկա հանրային վայրի մը մէջ կ’ընէ, ինչպէս՝ Թագաւորութեան Սրահին մէջ։
8. Գործատեղիին մէջ ո՞ր զգուշացումը անհրաժեշտ է։
8 Գործատեղիին մէջ եւ այլուր, մտերմութիւն զարգացնող պարագաներէն զգուշացիր։ Օրինակ, հակառակ սեռի պատկանող աշխատակիցի մը հետ յաւելեալ ժամեր աշխատիլը կրնայ ճամբան հարթել փորձութեան։ Ամուսնացած մարդ մը կամ կին մը ըլլալով, խօսելակերպովդ ու վերաբերմունքովդ բացայայտ պէտք է դարձնես թէ մատչելի չես։ Աստուածապաշտ մէկը ըլլալով, վստահաբար պիտի չուզես քու վրադ անտեղի ուշադրութիւն հրաւիրել՝ անլուրջ սիրախօսութեամբ կամ անհամեստ հագուելակերպով ու յարդարանքով։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8. 6։11. Ա. Պետրոս 3։3, 4) Գործատեղիիդ մէջ կողակիցիդ ու զաւակներուդ լուսանկարները դնելը, քեզի եւ ուրիշներուն պիտի յիշեցնէ թէ նախապատուութիւններ ունիս։ Վճռէ ռոմանթիկ նախաձեռնութիւնները ո՛չ քաջալերել, ո՛չ ալ հանդուրժել։—Յոբայ 31։1
«Քու սիրած կնոջդ հետ կեանքը վայլէ»
9. Իրարայաջորդ ի՞նչ իրադարձութիւններ կրնան ռոմանթիկ նոր յարաբերութիւն մը հրապուրիչ դարձնել։
9 Սիրտը պահելը, վտանգաւոր պարագաներէ խուսափելէն աւելին կը պահանջէ։ Երբ ամուսնացած անհատ մը իր կողակիցը չեղող մէկու մը հանդէպ ռոմանթիկ զգացումներ կը զարգացնէ, ասիկա կրնայ ցոյց տալ թէ ամուսինն ու կինը իրարու կարիքներուն ուշադիր չեն։ Թերեւս կինը շարունակ կ’անտեսուի, կամ՝ ամուսինը յարատեւ կը քննադատուի։ Յանկարծ անհատ մը,– գործատեղին կամ նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովքին մէջ,– այնպէս կը թուի թէ կողակիցին չունեցած յատկութիւնները ունի։ Շուտով կապ մը կը հաստատուի, եւ նոր յարաբերութիւնը շատ հրապուրիչ կը դառնայ։ Այս իրարայաջորդ իրադարձութիւնները Աստուածաշունչի հետեւեալ խօսքին ճշմարիտ ըլլալը կը հաստատեն. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած»։—Յակոբու 1։14
10. Ամուսիններ ու կիներ ի՞նչպէս կրնան իրենց յարաբերութիւնը ամրապնդել։
10 Սիրուելու, բարեկամ մը ունենալու կամ նեղութեան մէջ օգնական մը ունենալու փափաքին գոհացում տալը ամուսնութենէն դուրս փնտռելու տեղ, ամուսիններ ու կիներ պէտք է ջանան իրենց կողակիցին հետ սիրալիր յարաբերութիւն մը ամրապնդել։ Ուստի ամէն գնով իրարու հետ ժամանակ անցուցէք եւ իրարու մօտեցէք։ Մտածէ թէ ի՛նչ բան պատճառ եղաւ որ իրարու սիրահարիք։ Ջանա՛ կողակիցիդ հանդէպ սկզբնական ջերմ զգացումներդ վերարծարծել։ Մտաբերէ իրարու հետ անցուցած հաճելի ժամանակները։ Հարցին շուրջ Աստուծոյ աղօթէ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ Եհովայէ խնդրեց. «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ»։ (Սաղմոս 51։10) Վճռէ ‘քու սիրած կնոջդ հետ կեանքը վայելել՝ քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ, որ Աստուած քեզի տուաւ արեւուն տակ’։—Ժողովողի 9։9
11. Գիտութիւնը, իմաստութիւնն ու խորատեսութիւնը ամուսնական կապը ամրացնելու մէջ ի՞նչ դեր կը խաղան։
11 Ամուսնական կապը ամրացնելու մէջ գիտութեան, իմաստութեան ու խորատեսութեան արժէքը պէտք չէ անտեսուի։ Առակաց 24։3, 4–ը կ’ըսէ. «Տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով կը հաստատուի։ Շտեմարանները գիտութեամբ եւ ամէն տեսակ պատուական ու վայելուչ գանձերով կը լեցուին»։ Երջանիկ տունը լեցնող պատուական գանձերը կը պարփակեն յատկութիւններ, ինչպէս՝ սէր, հաւատարմութիւն, աստուածպաշտութիւն եւ հաւատք։ Զանոնք ձեռք ձգելու համար՝ Աստուծոյ գիտութեան հարկ կայ։ Ուստի ամոլները Աստուածաշունչի լուրջ աշակերտներ պէտք է ըլլան։ Իսկ իմաստութիւնը եւ խորատեսութիւնը որքա՞ն կարեւոր են։ Ամէնօրեայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելը իմաստութիւն կը պահանջէ,– Աստուածաշունչի գիտութիւնը կիրարկելու կարողութիւնը։ Խորատես անհատը կրնայ իր կողակիցին մտածումներն ու զգացումները հասկնալ։ (Առակաց 20։5) Սողոմոնի միջոցով Եհովա կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, մտի՛կ ըրէ իմաստութեանս եւ քու ականջդ իմ հանճարիս տո՛ւր»։—Առակաց 5։1
Երբ «նեղութիւն» ըլլայ
12. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ ամոլներ խնդիրներ ունենան։
12 Ո՛չ մէկ ամուսնութիւն կատարեալ է։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ կ’ըսէ թէ ամուսիններ ու կիներ «մարմնի նեղութիւն» պիտի ունենան։ (Ա. Կորնթացիս 7։28) Մտահոգութիւնները, հիւանդութիւնները, հալածանքը եւ այլ ազդակներ կրնան ամուսնութեան վրայ ճնշում բանեցնել։ Սակայն երբ խնդիրներ կը ծագին, միասնաբար լուծումներ պէտք է փնտռէք, որպէս Եհովան հաճեցնող հաւատարիմ ամոլներ։
13. Ամուսինը ու կինը ո՞ր մարզերուն մէջ իրենք զիրենք կրնան վերլուծել։
13 Ի՞նչ կարելի է ընել եթէ ամուսնութիւնը ճնշումի կ’ենթարկուի, իրարու հանդէպ կողակիցներուն ցուցաբերած վերաբերմունքին պատճառով։ Ասոր լուծումը փնտռելը ջանքի կը կարօտի։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ իրենց ամուսնութենէն ներս անազնիւ խօսելակերպ մը թափանցած է, եւ այժմ զայն կը յատկանշէ։ (Առակաց 12։18) Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք, ասիկա կրնայ կործանարար ազդեցութիւններ ունենալ։ Աստուածաշունչի առակ մը կ’ըսէ. «Աղէկ է անապատը բնակիլ, քան թէ՝ կռուազան ու բարկացող կնոջ հետ»։ (Առակաց 21։19) Եթէ այս տեսակ ամուսնութեան մը մէջ գտնուող կին մըն ես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Արդեօք բնաւորութի՞ւնս պատճառ կ’ըլլայ որ ամուսինս հետս ժամանակ չանցընէ’։ Աստուածաշունչը ամուսիններուն կ’ըսէ. «Սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց»։ (Կողոսացիս 3։19) Եթէ ամուսին մըն ես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Վերաբերմունքս պա՞ղ է, պատճառ ըլլալով որ կինս այլուր կարեկցութիւն փնտռէ’։ Անշուշտ, ո՛չ մէկ բան կ’արդարացնէ սեռային անբարոյութիւնը։ Այսուհանդերձ, այսպիսի ողբերգութեան մը կարելիութիւնը էական պատճառ մըն է, որ խնդիրներու մասին բացէ ի բաց խօսուի։
14, 15. Արտամուսնական յարաբերութիւնը ինչո՞ւ ամուսնական խնդիրներուն լուծում մը չէ։
14 Արտամուսնական ռոմանթիկ յարաբերութեան մը մէջ սփոփանք փնտռելը, ամուսնական խնդիրներուն լուծում մը չէ։ Այսպիսի յարաբերութիւն մը ո՞ւր կրնայ առաջնորդել։ Նոր ու աւելի լաւ ամուսնութեա՞ն մը։ Ոմանք այդպէս կը խորհին, պատճառաբանելով. ‘Ի վերջոյ, այս անձը կողակիցի մը մէջ ինծի հարկ եղած յատկութիւնները ունի’։ Բայց այս պատճառաբանութիւնը սխալ է, քանի որ ան որ իր կողակիցը կը ձգէ, կամ քեզ կը քաջալերէ որ կողակիցդ ձգես, ամուսնութեան սրբութիւնը լրջօրէն կ’արհամարհէ։ Անտրամաբանական է ակնկալել թէ այս նոր յարաբերութիւնը աւելի լաւ ամուսնութեան մը պիտի առաջնորդէ։
15 Նախապէս նշուած Մէրին, իր ընթացքին հետեւանքներուն մասին լրջօրէն մտածեց, ի ներառեալ՝ Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնելու կարելիութիւնը։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Ան կ’ըսէ. «Երբ սկսայ ամուսինիս աշխատակիցին հանդէպ զարգացուցած զգացումներս քննել, անդրադարձայ թէ եթէ հաւանականութիւն կար որ ան ճշմարտութիւնը գիտնար, ես արգելք կը հանդիսանայի։ Յանցագործութիւնը խնդրոյ առարկայ անհատներուն վնաս պիտի հասցնէր եւ ուրիշները պիտի գայթակղեցնէր»։—Բ. Կորնթացիս 6։3
Ամենազօրաւոր դրդապատճառը
16. Բարոյական պղծութեան կարգ մը հետեւանքները ի՞նչ են։
16 Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ. «Օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթի ու անոր քիմքը իւղէն կակուղ է. բայց անոր վախճանը՝ օշինդրի պէս դառն ու երկսայրի թուրի պէս հատու է»։ (Առակաց 5։3, 4) Բարոյական պղծութեան հետեւանքները ցաւալի են ու կրնան մահացու ըլլալ։ Անոնք կը պարփակեն՝ տանջուող խղճմտանք, սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններ, եւ անհաւատարիմ անհատին կողակիցին զգացական ջախջախումը։ Վստահաբար ասոնք պատճառ մըն են որ մէկը չսկսի ընթացքի մը հետեւիլ, որ կրնայ ամուսնական անհաւատարմութեան առաջնորդել։
17. Ամուսնական հաւատարմութիւնը պահպանելու ամենազօրաւոր պատճառը ի՞նչ է։
17 Ամուսնական անհաւատարմութեան սխալ ըլլալուն գլխաւոր պատճառը այն է թէ Եհովա՝ ամուսնութեան Հիմնադիրը ու սեռային կարողութիւն Շնորհողը՝ զայն կը դատապարտէ։ Մաղաքիա մարգարէին միջոցաւ, Ան կ’ըսէ. «Դատաստանի համար ձեզի պիտի մօտենամ, . . . շնացողներուն . . . դէմ արագ վկայ պիտի ըլլամ»։ (Մաղաքեայ 3։5) Եհովայի տեսած բաներուն նկատմամբ, Առակաց 5։21–ը կ’ըսէ. «Մարդուն ճամբաները Տէրոջը աչքերուն առջեւն են ու անոր բոլոր քայլերուն ինք կը հսկէ»։ Այո, «ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը»։ (Եբրայեցիս 4։13) Ուրեմն, ամուսնական հաւատարմութիւն պահպանելու ամենազօրաւոր դրդապատճառը այն գիտակցութիւնն է, թէ անհաւատարմութիւնը ո՛րքան ալ գաղտնի ըլլայ եւ անոր ֆիզիքական կամ ընկերային հետեւանքները ո՛րքան ալ չնչին թուին, սեռային պղծութեան որեւէ արարք կը վնասէ Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան։
18, 19. Պետափրէսի կնոջ հետ Յովսէփի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
18 Յակոբ նահապետի որդիին՝ Յովսէփի օրինակը ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ մնալու փափաքը զօրաւոր դրդապատճառ մըն է։ Փարաւոնի պալատականին՝ Պետափրէսի առջեւ շնորհք գտնելով, Յովսէփ անոր տան մէջ առանձնաշնորհեալ դիրք մը ունեցաւ։ Յովսէփ նաեւ «գեղեցիկ էր դէմքով ու գեղեցիկ՝ տեսքով», եւ ասիկա Պետափրէսի կնոջ ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ան ամէն օր փորձեց Յովսէփը հրապուրել, բայց՝ ի զուր։ Ի՞նչ պատճառով Յովսէփ անոր բոլոր առաջարկները մերժեց։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Յովսէփ չհաճեցաւ։ Իր տիրոջը կնոջը ըսաւ. ‘Ահա իմ տէրս . . . բա՛ն մը ինծմէ չարգիլեց՝ քեզմէ զատ, վասն զի դուն անոր կինն ես. ուրեմն ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ’»։—Ծննդոց 39։1-12
19 Ամուրի Յովսէփ բարոյական անարատութիւն պահպանեց, մերժելով ուրիշի մը կնոջ հետ յարաբերութիւն ունենալ։ Առակաց 5։15–ը ամուսնացած տղամարդոց կ’ըսէ. «Դուն քու ջրամբարէդ ջուր խմէ եւ քու ջրհորիդ մէջ վազող ջուրէն»։ Զգուշացիր նոյնիսկ անգիտակցաբար ամուսնութենէն դուրս ռոմանթիկ կապակցութիւն զարգացնելէ։ Ջանք թափէ ամուսնութեանդ մէջ սիրոյ կապը ամրացնելու եւ ծանր աշխատէ ամուսնական որեւէ խնդիր լուծելու։ Ամէն գնով՝ «քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր»։—Առակաց 5։18
Ի՞նչ սորվեցար
• Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս անգիտակցաբար ռոմանթիկ յարաբերութեան մը ծուղակին մէջ կրնայ իյնալ։
• Ի՞նչ նախազգուշութիւններ կրնան անհատին օգնել որ արտամուսնական ռոմանթիկ կապակցութիւն չզարգացնէ։
• Ամոլներ ի՞նչ պէտք է ընեն, երբ ամուսնական խնդիրներ կը ծագին։
• Ամուսնական հաւատարմութիւն պահպանելու ամենազօրաւոր դրդապատճառը ի՞նչ է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 10]
Դժբախտաբար, գործատեղը կրնայ բարեբեր հող դառնալ, որ անպատշաճ ռոմանթիկ յարաբերութիւն մը զարգանայ
[Նկար՝ էջ 12]
‘Գիտութեամբ շտեմարանները վայելուչ գանձերով կը լեցուին’