«Ձեր ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ»
«Ձեր ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ»
ԿԱՐԳ մը բնական աղէտներ Ճափոնը հարուածեցին՝ 2004–ին։ Անոնք պարփակեցին փոթորիկներ, հեղեղներ եւ երկրաշարժներ։ Անոնք հիմնական կերպով ազդեցին շատերու կեանքին, ի ներառեալ՝ Եհովայի Վկաներ։ (Ժողովողի 9։11) Սակայն այս նեղութիւնները Վկաներուն պատեհութիւն ընծայեցին որ իրարու հանդէպ եղբայրսիրութիւն ցուցաբերեն։—Ա. Պետրոս 1։22
Օրինակ, Յուլիսին տեղատարափ անձրեւներու պատճառով, Ճափոնի կեդրոնը գտնուող գետ մը յորդեցաւ։ Յորդութիւնը Եհովայի Վկաներու աւելի քան 20 տուներու վնաս հասցուց։ Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ հաւաքուած ջուրը շուրջ մէկ մեթր բարձրացաւ։ Շրջակայ ժողովքներէն Վկաներ անմիջապէս օգնութեան փութացին։ Հարիւրաւոր կամաւորներ ցեխոտ տուները մաքրեցին։ Թագաւորութեան Սրահը ամբողջովին մաքրուեցաւ ու նորոգուեցաւ՝ միայն երկու շաբթուան մէջ։
Հոկտեմբեր 23–ին, 6,8 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ նոյն շրջանին մէջ։ Առնուազն 40 հոգի մահացաւ, եւ աւելի քան 100,000 հոգի իրենց տուները լքեցին։ Ջուրը, կազը եւ ելեկտրականութիւնը անմատչելի դարձան։ Թէեւ երկրաշարժին մակակեդրոնը միայն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ էր, բայց նորոգուած Թագաւորութեան Սրահը չվնասուեցաւ։ Անիկա անմիջապէս գործածուեցաւ որպէս օգնութեան կեդրոն։ Քրիստոնեայ տեսուչները շուտով իրենց հաւատակիցներուն որպիսութիւնը ստուգեցին եւ հանգստացան՝ գիտնալով թէ անոնցմէ ո՛չ մէկը վիրաւորուած կամ սպաննուած էր։ Յաջորդ օրը՝ առտու կանուխ, Յուլիսի հեղեղին զոհ գացող վեց Վկաներ որպէս կամաւորներ ջանացին տուժած շրջանին ուտելիք ու ջուր հասցնել։ Երկրաշարժը տեղի ունենալէն մի քանի ժամ ետք, հարկ եղած օժանդակութիւնը մատչելի դարձած էր։
Տեսուչ մը ըսաւ. «Հեղեղին զոհ գացողները, երկրաշարժէն վնասուած անհատներուն օգնելը նկատեցին պատեհութիւն մը որ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեն իրենց ստացած օժանդակութեան համար։ Անոնք արեւածագէն մինչեւ կէս գիշեր ծանր աշխատեցան, իրենց դէմքը խոր ուրախութիւն արտացոլացնելով»։
Ո՛չ հեղեղները, ո՛չ ալ երկրաշարժները սպառնալիք են այն սիրոյ կապին, որ Եհովայի Վկաներու քրիստոնէական եղբայրութիւնը կը միացնէ։ Երբ այսպիսի աղէտներ կը հարուածեն, անոնց «ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ», ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսաւ Թեսաղոնիկէի մէջ գտնուող հաւատակիցներուն։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։3