Անոնք խուլերուն բարի լուր կը ներկայացնեն
Անոնք խուլերուն բարի լուր կը ներկայացնեն
«ԱՆՈՆՔ ձեր հոգեւորութեան կը նպաստեն»։ Նաւալգարներոյի մէջ, Մատրիտ (Սպանիա), ծերանոցի մը տնօրէնը վերջերս այդպէս նկարագրեց Եհովայի Վկաներուն գործունէութիւնը իր կեդրոնին մէջ։ Ի՞նչ բան զինք մղեց որ այս կերպով արտայայտուի։
Ռոսաս Տէլ Գամինօ կեդրոնի ծերերէն շատեր խուլ են։ Սակայն համրերու լեզուն սորվելով, Վկաները անոնց հետ կը հաղորդակցին։ Տնօրէնը Վկաները գովաբանեց, քանի որ ձրիաբար իրենց ժամանակը կը տրամադրեն՝ կարիքաւորներուն հոգեւոր արժանիքներ սորվեցնելու։ Ան նկատեց թէ Թագաւորութեան բարի լուրին ուսուցումը դրական ազդեցութիւն ունեցած է ծերերուն վրայ։ Իսկ ծերերն ալ,– յատկապէս լսողութեան կամ տեսողութեան տկարութիւն ունեցողները,– մեծապէս կ’արժեւորեն Վկաներուն այցելութիւնները։
Եուլոհիօ անունով կոյր ու խուլ տարեց մը, այժմ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ։ Օր մը, ուսումնասիրութեան ընթացքին տարիքաւոր մարդ մը մօտեցաւ եւ Վկային բանաստեղծութիւն մը յանձնեց, որ ծերերը յօրինած էին, իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտելով։ Քերթուածին խորագիրն էր՝ «Վկայ մը ըլլալ», եւ մասամբ կ’ըսէր. «Անոնք իմաստալից ու բարեկիրթ կեանք մը կը վարեն, իսկ Եհովայէ կը ստանան ճոխ իմաստութիւն։ Անոնք կրկին անգամ տուները կ’այցելեն, քանի որ Եհովայի կը վստահին»։
Արդարեւ Եհովայի հանդէպ այս վստահութիւնը ունենալով, համայն աշխարհի մէջ բազմաթիւ Վկաներ սորված են իրենց երկրին մէջ գործածուած համրերու լեզուն։ Այս կերպով անոնք խուլերուն կը ներկայացնեն յոյսի քաջալերական պատգամը, որ Աստուածաշունչի մէջ կը գտնուի։