Աստուծոյ ժողովուրդը քաղցրութիւն պէտք է սիրէ
Աստուծոյ ժողովուրդը քաղցրութիւն պէտք է սիրէ
«Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն [կամ քաղցրութիւն] սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել»։—ՄԻՔԻԱՅ 6։8
1, 2. (ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք որ Եհովա իր ժողովուրդէն կ’ակնկալէ քաղցրութիւն ցուցաբերել։ (բ) Քաղցրութեան նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
ԵՀՈՎԱ քաղցրութեան Աստուած է։ (Հռովմայեցիս 2։4. 11։22) Առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան որքա՜ն գնահատած ըլլալու էին այս իրողութիւնը։ Եդեմի պարտէզին մէջ, անոնք շրջապատուած էին տեսանելի ու հաճոյալի ստեղծագործութիւններով, որոնք կ’ապացուցանէին Աստուծոյ քաղցրութիւնը մարդոց հանդէպ։ Աստուած կը շարունակէ բոլորին հանդէպ քաղցր ըլլալ, նոյնիսկ ապերախտ ու ամբարիշտ մարդոց հանդէպ։
2 Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալով, մարդիկ աստուածային յատկանիշներ արտացոլացնելու կարողութիւն ունին։ (Ծննդոց 1։26) Զարմանալի չէ որ Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ քաղցրութիւն ցուցաբերել։ Ինչպէս Միքիայ 6։8–ը կ’ըսէ, Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք է ‘ողորմութիւն [կամ քաղցրութիւն] սիրէ’։ Բայց ի՞նչ է քաղցրութիւնը։ Անիկա ի՞նչպէս առնչուած է աստուածային այլ յատկութիւններու հետ։ Մարդիկ քաղցրութիւն ցուցաբերելու կարողութիւն ունենալով հանդերձ, ինչո՞ւ աշխարհը այսքան անգութ ու բիրտ դարձած է։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, ինչո՞ւ պէտք է ջանանք ուրիշներուն հետ մեր գործառնութեանց մէջ քաղցրութիւն ցուցաբերել։
Ի՞նչ Է Քաղցրութիւնը
3. Ի՞նչպէս կը սահմանէք քաղցրութիւնը։
3 Քաղցրութիւնը կը ցուցաբերուի ուրիշներու բարօրութեան հանդէպ գործօն հետաքրքրութիւն ցոյց տալով։ Անիկա կը ցուցաբերուի օգտալից արարքներով եւ նկատառու խօսքերով։ Քաղցր ըլլալ կը նշանակէ բարութիւն ընել եւ ո՛չ թէ վնասաբեր բաներ։ Քաղցր անհատը բարեկամական, բարեկիրթ, կարեկից եւ շնորհալի է։ Ան ուրիշներու հետ վեհանձնութեամբ ու նկատառութեամբ կը վարուի։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները յորդորեց. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը»։ (Կողոսացիս 3։12) Ուստի քաղցրութիւնը իւրաքանչիւր ճշմարիտ Քրիստոնեային այլաբանական հագուստին մէկ մասը կը կազմէ։
4. Եհովա մարդկութեան հանդէպ քաղցրութիւն ցուցաբերելու մէջ ի՞նչպէս առաջնորդութիւնը առած է։
4 Եհովա Աստուած քաղցրութիւն ցուցաբերելու մէջ առաջնորդութիւնը առած է։ Ինչպէս Պօղոս ըսաւ, երբ «մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը յայտնուեցաւ, . . . մեզ փրկեց նորէն ծնանելու աւազանին միջոցաւ ու Սուրբ Հոգիին նորոգելովը»։ (Տիտոս 3։4, 5) Աստուած օծեալ Քրիստոնեաները կը մաքրէ Յիսուսի արիւնով, անոնց ի նպաստ կիրարկելով Քրիստոսի փրկանքի զոհին արժէքը։ Անոնք նաեւ սուրբ հոգիով կը նորոգուին, «նոր ստեղծուած մը» ըլլալով որպէս Աստուծոյ հոգիէն–ծնած որդիներ։ (Բ. Կորնթացիս 5։17) Ասկէ զատ, Աստուած քաղցրութիւն ու սէր յայտնած է «մեծ բազմութեան» հանդէպ, որ ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած են’։—Յայտնութիւն 7։9, 14. Ա. Յովհաննու 2։1, 2
5. Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուողները ինչո՞ւ քաղցրութիւն պէտք է ցուցաբերեն։
5 Քաղցրութիւնը նաեւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին՝ կամ գործօն ոյժին մէկ պտուղն է։ Պօղոս ըսաւ. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ուստի Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուողները ուրիշներու հանդէպ քաղցրութիւն պէտք չէ՞ ցուցաբերեն։
Իսկական Քաղցրութիւնը Տկարութիւն Չէ
6. Քաղցրութիւնը ե՞րբ տկարութիւն մըն է, եւ ինչո՛ւ։
6 Ոմանք քաղցրութիւնը տկարութեան ապացոյց կը նկատեն։ Անոնք կը խորհին թէ անհատ մը խիստ եւ երբեմն նոյնիսկ կոպիտ պէտք է ըլլայ,
որպէսզի ուրիշներ իր նկարագրի զօրութիւնը տեսնեն։ Սակայն իրականութեան մէջ, իսկական ոյժ կը պահանջուի որ անհատը իրապէս քաղցր ըլլայ եւ խուսափի անտեղի քաղցրութիւն ցուցաբերելէ։ Իսկական քաղցրութիւնը Աստուծոյ հոգիին մէկ պտուղը ըլլալով, չի կրնար սխալ վարքի հանդէպ թոյլ ու հանդուրժողական կեցուածք մը ըլլալ։ Միւս կողմէ, անտեղի քաղցրութիւնը տկարութիւն մըն է, որ պատճառ կ’ըլլայ որ անհատը յանցագործութեան աչք գոցէ։7. (ա) Հեղի ի՞նչպէս թոյլ գտնուեցաւ։ (բ) Երէցները ինչո՞ւ անտեղի քաղցրութիւն ցուցաբերելէ պէտք է զգուշանան։
7 Նկատի առէք, զոր օրինակ, Իսրայէլի քահանայապետը՝ Հեղին։ Ան իր որդիները՝ Ոփնին ու Փենէհէսը կրթելու մէջ թոյլ էր, որոնք խորանին մէջ իբր քահանաներ կը ծառայէին։ Աստուծոյ Օրէնքին մէջ իրենց տրուած զոհի մասերէն չգոհանալով, անոնք իրենց սպասաւորը կը ղրկէին որ զոհ մատուցանողէն հում միս պահանջէ, զոհասեղանին վրայ ճարպը այրելէ առաջ։ Հեղիի որդիները նաեւ խորանին մուտքը համախմբուող կիներուն հետ կը պառկէին։ Սակայն Հեղի փոխանակ Ոփնին ու Փենէհէսը պաշտօնազրկելու, միայն զանոնք մեղմութեամբ յանդիմանեց։ (Ա. Թագաւորաց 2։12-29) Զարմանալի չէ որ «այն օրերը Տէրոջը խօսքը հազուագիւտ էր»։ (Ա. Թագաւորաց 3։1) Քրիստոնեայ երէցները զգոյշ պէտք է ըլլան որ անտեղի քաղցրութիւն չցուցաբերեն յանցագործներու հանդէպ, որոնք կրնան ժողովքին հոգեւորականութիւնը վտանգել։ Իսկական քաղցրութիւնը Աստուծոյ չափանիշները ոտնակոխող չար խօսքերուն եւ արարքներուն աչք չի գոցեր։
8. Յիսուս ի՞նչպէս իսկական քաղցրութիւն ցուցաբերեց։
8 Մեր Տիպարը՝ Յիսուս Քրիստոս երբեք անտեղի քաղցրութիւն չցուցաբերեց։ Ան իսկական քաղցրութեան մարմնացումն էր։ Օրինակ, ‘ան ժողովուրդին վրայ խղճաց, քանի որ յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս’։ Պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները չվարանեցան Յիսուսի մօտենալու, եւ նոյնիսկ իրենց երախաները բերին իրեն։ Մտածեցէք անոր ցուցաբերած քաղցրութեան ու կարեկցութեան մասին, երբ երախաները «գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք»։ (Մատթէոս 9։36. Մարկոս 10։13-16) Թէեւ Յիսուս քաղցր էր, բայց իր երկնաւոր Հօր աչքին շիտակ եղած բաներուն վերաբերեալ հաստատ էր։ Յիսուս բնաւ չարիքին չհանդուրժեց. ան կեղծաւոր կրօնական առաջնորդները դատապարտելու աստուածատուր քաջութիւնը ունէր։ Մատթէոս 23։13-26–ի մէջ, ան մի քանի անգամ կրկնեց. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ»։
Քաղցրութիւնը եւ Աստուածային Միւս Յատկութիւնները
9. Քաղցրութիւնը ի՞նչպէս առնչուած է երկայնմտութեան եւ բարութեան հետ։
9 Քաղցրութիւնը Աստուծոյ հոգիին արտադրած միւս յատկութիւններուն հետ առնչուած է։ Անիկա յիշուած է ‘երկայնմտութեան’ եւ ‘բարութեան’ միջեւ։ Արդարեւ քաղցրութիւն մշակող անհատը, այս յատկութիւնը կը ցուցաբերէ երկայնամիտ ըլլալով։ Ան համբերատար է նոյնիսկ կոշտ անհատներուն հանդէպ։ Քաղցրութիւնը առնչուած է բարութեան հետ, քանի որ յաճախ կը ցուցաբերուի ուրիշներու ի նպաստ եղած օգտալից արարքներով։ Աստուածաշունչին մէջ «քաղցրութեան» համար գործածուած Յունարէն բառը, երբեմն կրնայ «բարութիւն» թարգմանուիլ։ Նախկին Քրիստոնեաներուն մէջ այս յատկանիշի դրսեւորումը ա՛յնքան ապշեցուց հեթանոսները, որ Յիսուսի հետեւորդները կոչեցին ‘քաղցրութեամբ շաղախուած մարդիկ’, ըստ Տերտուղիանոսի։
10. Քաղցրութիւնը ի՞նչպէս առնչուած է սիրոյ հետ։
Յովհաննու 13։35) Իսկ այս սիրոյն նկատմամբ Պօղոս ըսաւ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Քաղցրութիւնը նաեւ առնչուած է «հաւատարիմ սէր» արտայայտութեան հետ, որ յաճախ գործածուած է Սուրբ Գրութիւններուն բնագրին մէջ։ «Հաւատարիմ սէր» թարգմանուած Եբրայերէն գոյականը կրնայ սահմանուիլ որպէս քաղցրութիւն, որ սիրալիր կերպով կը կառչի բանի մը, մինչեւ անոր նկատմամբ իր նպատակը իրագործուի։ Եհովայի հաւատարիմ սէրը զանազան կերպերով կը ցուցաբերուի։ Օրինակ, անիկա կը տեսնուի իր փրկարար ու պաշտպանիչ արարքներուն մէջ։—Սաղմոս 6։4. 40։11. 143։12
10 Քաղցրութեան ու սիրոյ միջեւ կապ մը կայ։ Իր հետեւորդներուն մասին, Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (11. Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը ի՞նչ երաշխիք կու տայ մեզի։
11 Եհովայի հաւատարիմ սէրը կը քաշէ մարդիկը իրեն։ (Երեմեայ 31։3) Երբ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ազատագրութեան կամ օգնութեան կարիք ունենան, անոնք գիտեն թէ ան արդարեւ հաւատարիմ սէր ցոյց պիտի տայ իրենց հանդէպ։ Անիկա զիրենք յուսախաբ պիտի չընէ։ Ուստի կրնան սաղմոսերգուին նման հաւատքով աղօթել, որ ըսաւ. «Ես քու կարեկցութեանդ վստահեցայ, սիրտս քու փրկութեամբդ պիտի խայտայ»։ (Սաղմոս 13։5, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով [ԱՎ]) Որովհետեւ Աստուծոյ սէրը հաւատարիմ է, իր ծառաները կրնան ամբողջովին վստահիլ իրեն։ Անոնք սա երաշխիքը ունին. «Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ ու իր ժառանգութիւնը պիտի չլքէ»։—Սաղմոս 94։14
Աշխարհը Ինչո՞ւ Ա՛յսքան Անգութ Է
12. Կեղեքիչ իշխանութիւնը ե՞րբ եւ ի՛նչպէս սկսաւ։
12 Այս հարցումին պատասխանը կապ ունի Եդեմի պարտէզին մէջ պատահած բաներուն հետ։ Մարդկային պատմութեան սկիզբը, անձնասէր ու ինքնահաւան դարձած հոգեղէն արարած մը, աշխարհի կառավարիչը ըլլալու ծրագիր մը սկսաւ գործադրել։ Իր ծրագրին հետեւանքով, ան «այս աշխարհին իշխանը» եղաւ. արդարեւ շատ կեղեքիչ կառավարիչ մը։ (Յովհաննու 12։31) Ան ճանչցուեցաւ որպէս Բանսարկու Սատանայ, Աստուծոյ ու մարդոց գլխաւոր հակառակորդը։ (Յովհաննու 8։44. Յայտնութիւն 12։9) Եհովայի քաղցր իշխանութեան հետ մրցող իշխանութիւն մը հաստատելու իր անձնասէր ծրագիրը քօղազերծուեցաւ Եւայի ստեղծագործութենէն քիչ ետք։ Ուստի վատ իշխանութիւնը սկսաւ, երբ Ադամ ընտրեց Աստուծոյ իշխանութենէն անկախ ըլլալ, բոլորովին մերժելով անոր քաղցրութիւնը։ (Ծննդոց 3։1-6) Փոխանակ իրապէս անկախ ըլլալու, Ադամ ու Եւա Բանսարկուի վատ ազդեցութեան ներքեւ եկան ու անոր իշխանութեան հպատակները դարձան։
13-15. (ա) Եհովայի արդար իշխանութիւնը մերժելուն հետեւանքներէն ոմանք ի՞նչ էին։ (բ) Աշխարհը ինչո՞ւ անգութ է։
13 Նկատի առէք կարգ մը հետեւանքները։ Ադամ ու Եւա վռնտուեցան երկրագունդի այն շրջանէն որ դրախտ էր։ Սննդարար բանջարեղէնով ու պտուղով օժտուած հաճելի պարտէզը կորսնցնելով, անոնք Եդեմի պարտէզին դուրս դժուար կացութիւն դիմագրաւեցին։ Աստուած Ադամի ըսաւ. «Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր, ու կերար այն ծառէն՝ որուն մասին քեզի պատուիրեցի. ‘Անկէ մի՛ ուտեր’, գետինը քու պատճառովդ անիծեա՛լ ըլլայ։ Կեանքիդ բոլոր օրերը ցաւո՛վ պիտի ուտես անկէ. փուշ ու տատասկ պիտի բուսցնէ քեզի»։ Գետինին վրայ եկած անէծքը նշանակեց թէ զայն մշակելը այլեւս շատ դժուար պիտի ըլլար։ Անիծեալ գետինին հետեւանքները, անոր փուշին ու տատասկին հետ մէկտեղ, Ադամի զարմին կողմէ ա՛յնքան զգալի դարձան, որ Նոյի հայրը՝ Ղամէք խօսեցաւ ‘իրենց ձեռքերուն ցաւին մասին, որ Տէրոջ անիծած գետինին պատճառով կը կրէին’։—Ծննդոց 3։17-19, ԱՎ. 5։29, ԱՎ
14 Ադամ ու Եւա նաեւ անդորրութիւնը փոխարինեցին տառապանքով։ Աստուած Եւայի ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը մեծապէս պիտի շատցնեմ. տքնելո՛վ որդի պիտի ծնանիս։ Ամուսինիդ պիտի բաղձաս, բայց ինք պիտի տիրէ քու վրադ»։ Հետագային Ադամի ու Եւայի անդրանիկ որդին՝ Կայէն, անգթօրէն սպաննեց իր եղբայրը՝ Աբէլը։—Ծննդոց 3։16, ԱՎ. 4։8
15 «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է», ըսաւ Յովհաննէս առաքեալ։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Իր կառավարիչին նման, ներկայիս աշխարհը գէշ յատկանիշներ կը ցուցաբերէ, մէջը ըլլալով անձնասիրութիւն եւ հպարտութիւն։ Զարմանալի չէ որ անիկա կոպտութեամբ ու անգթութեամբ զեղուն է։ Բայց պարագան այսպէս պիտի չշարունակուի։ Եհովա կ’երաշխաւորէ որ իր Թագաւորութեան ներքեւ կոպտութեան ու անգթութեան տեղ, քաղցրութիւնը եւ կարեկցութիւնը տիրական պիտի ըլլան։
Աստուծոյ Թագաւորութեան Ներքեւ Քաղցրութիւնը Պիտի Տիրէ
16. Քրիստոս Յիսուսի միջոցով Աստուծոյ իշխանութիւնը ինչո՞ւ քաղցրութեամբ յատկանշուած է, եւ ասիկա մեզ կը պարտաւորէ որ ի՞նչ ընենք։
16 Եհովա եւ իր Թագաւորութեան թագաւորը՝ Քրիստոս Յիսուս, կը պահանջեն որ իրենց հպատակները քաղցրութեամբ զատորոշուին։ (Միքիայ 6։8) Յիսուս Քրիստոս գաղափար մը տուաւ թէ ինչպէս իր Հօր կողմէ իրեն յանձնած վարչութիւնը քաղցրութեամբ պիտի յատկանշուէր։ (Եբրայեցիս 1։3) Ասիկա կը նկատենք իր հետեւեալ խօսքին մէջ, որով ժողովուրդը ծանրաբեռնող կեղծ կրօնական առաջնորդները քօղազերծեց. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ (Մատթէոս 11։28-30) Երկրային կառավարիչներէն շատեր, ըլլան կրօնական կամ ոչ, ժողովուրդը կը մաշեցնեն անսահման օրէնքներու եւ անհատոյց պարտականութիւններու բեռներով։ Սակայն ինչ որ Յիսուս իր հետեւորդներէն կը պահանջէ, անոնց կարիքները կը գոհացնէ ու անոնց կարողութեան սահմանէն ներս է։ Արդարեւ թարմացուցիչ ու քաղցր լուծ մը։ Քաղցրութիւն ցուցաբերելու մէջ զինք ընդօրինակելու չե՞նք մղուիր։—Յովհաննու 13։15
17, 18. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ երկինքի մէջ Քրիստոսի իշխանակիցները եւ իր երկրային ներկայացուցիչները քաղցրութիւն պիտի ցուցաբերեն։
17 Իր առաքեալներուն ուղղուած Յիսուսի ուշագրաւ դիտողութիւնները ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութիւնը բոլորովին կը տարբերի մարդկային իշխանութենէն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Վէճ մըն ալ եղաւ անոնց [աշակերտներուն] մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի։ Յիսուս ըսաւ անոնց. ‘Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։ Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք, հապա ան որ ձեր մէջ մեծ է, պզտիկի պէս թող ըլլայ եւ առաջնորդը՝ սպասաւորի պէս։ Քանզի ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը թէ սպասաւորը։ Չէ՞ որ սեղան նստողը. սակայն ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ’»։—Ղուկաս 22։24-27
18 Մարդկային կառավարիչները կը ջանան իրենց մեծութիւնը հաստատել, ժողովուրդին վրայ ‘տիրելով’ եւ մեծարգոյ տիտղոսներ կրելով, խորհելով թէ այսպիսի տիտղոսներ զիրենք գերակայ կը դարձնեն։ Բայց Յիսուս ըսաւ թէ իսկական մեծութիւնը յառաջ կու գայ ուրիշներու սպասաւորութիւն ընելով. փութաջանութեամբ ու յարատեւաբար ջանալով ծառայել։ Բոլոր անոնք որ Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ պիտի իշխեն կամ պիտի ծառայեն իբր իր երկրային ներկայացուցիչները, պէտք է ջանան իր խոնարհութիւնը եւ քաղցրութիւնը ընդօրինակել։
19, 20. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս նշեց Եհովայի քաղցրութեան տարողութիւնը։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք քաղցրութիւն ցուցաբերելու մէջ Եհովան ընդօրինակել։
19 Այժմ մեր ուշադրութիւնը դարձնենք Յիսուսի տուած այլ սիրալիր խրատի մը։ Եհովայի քաղցրութեան տարողութիւնը ցոյց տալով, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ սիրէք ձեզ սիրողները, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. որովհետեւ մեղաւորնե՛րն ալ կը սիրեն զիրենք սիրողները։ Եթէ բարիք ընէք ձեզի բարիք ընողներուն, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. որովհետեւ մեղաւորնե՛րն ալ նոյն բանը կ’ընեն։ Եթէ փոխ տաք այնպիսի մարդոց՝ որոնցմէ յոյս ունիք վերստանալու, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. որովհետեւ Ղուկաս 6։32-36, ԱՎ
մեղաւորնե՛րն ալ փոխ կու տան մեղաւորներուն, որպէսզի վերստանան նոյն չափով։ Հապա դուք՝ սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները ու բարի՛ք ըրէք, փո՛խ տուէք՝ առանց փոխարէնը բան մը սպասելու, եւ ձեր վարձատրութիւնը շատ պիտի ըլլայ ու Ամենաբարձրին որդիները պիտի ըլլաք, որովհետեւ ան քաղցր է ապերախտներուն ու չարերուն հանդէպ։ Ուրեմն արգահատո՛ղ եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ արգահատող է»։—20 Աստուածային քաղցրութիւնը անձնուրաց է։ Անիկա հատուցում ո՛չ կը պահանջէ, ո՛չ ալ կ’ակնկալէ։ Եհովա քաղցր ըլլալով՝ «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ»։ (Մատթէոս 5։43-45. Գործք 14։15, 16) Մեր երկնաւոր Հայրը ընդօրինակելով, ո՛չ միայն ապերախտներուն վնաս հասցնելէ ետ կը կենանք, այլ նաեւ անոնց բարիք կ’ընենք, նոյնիսկ անոնց՝ որ մեզի դէմ թշնամացած են։ Քաղցրութիւն ցուցաբերելով, Եհովայի ու Յիսուսի ցոյց կու տանք թէ կը փափաքինք Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ ապրիլ, երբ քաղցրութիւնը եւ աստուածային միւս յատկութիւնները մարդկային բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ տեղ պիտի ունենան։
Ինչո՞ւ Քաղցրութիւն Ցուցաբերենք
21, 22. Ինչո՞ւ քաղցրութիւն պէտք է ցուցաբերենք։
21 Քաղցրութիւն ցուցաբերելը յատկապէս կարեւոր է անկեղծ Քրիստոնեային համար։ Անիկա ապացոյց մըն է թէ Աստուծոյ հոգին ունինք։ Ասկէ զատ, իսկական քաղցրութիւն ցուցաբերելով, Եհովա Աստուած ու Քրիստոս Յիսուս կ’ընդօրինակենք։ Քաղցրութիւնը նաեւ պահանջուած է անոնցմէ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ պիտի ըլլան։ Ուստի քաղցրութիւնը պէտք է սիրենք ու ցուցաբերենք։
22 Մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք քաղցրութիւն ցուցաբերել։ Յաջորդ յօդուածը այս նիւթը պիտի քննարկէ։
Ի՞նչպէս կը պատասխանէք
• Ի՞նչ է քաղցրութիւնը։
• Աշխարհը ինչո՞ւ անգութ ու կոպիտ է։
• Ի՞նչպէս գիտենք թէ Աստուծոյ իշխանութեան ներքեւ քաղցրութիւնը պիտի տիրէ։
• Քաղցրութիւն ցուցաբերելը ինչո՞ւ կարեւոր է անոնց համար, որ կը փափաքին Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ ապրիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 7]
Քրիստոնեայ երէցները կը ջանան հօտին հետ քաղցրութեամբ վարուիլ
[Նկար՝ էջ 9]
Եհովայի հաւատարիմ սէրը իր ծառաները յուսախաբ պիտի չընէ դժուար ժամանակներուն մէջ
[Նկարներ՝ էջ 10]
Եհովա քաղցր ըլլալով՝ արեւը կը ծագեցնէ եւ անձրեւը կը ղրկէ բոլոր մարդոց վրայ