Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նեղութեան ժամանակներուն լիովին Եհովայի վստահեցէք

Նեղութեան ժամանակներուն լիովին Եհովայի վստահեցէք

Նեղութեան ժամանակներուն լիովին Եհովայի վստահեցէք

«Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու»։—ՍԱՂՄՈՍ 46։1

1, 2. (ա) Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ վստահիլ դաւանիլը բաւարար չէ։ (բ) Ինչո՞ւ Եհովայի կը վստահինք ըսելէն աւելին պէտք է ընենք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ վստահիլ դաւանիլը բան մըն է, եւ զայն մեր արարքներով ցոյց տալը բոլորովին տարբեր բան մըն է։ Օրինակ, «Աստուծոյ կը Վստահինք» արտայայտութիւնը երկար տարիներէ ի վեր կ’երեւայ Մ.Ն. թղթադրամներուն ու մետաղադրամներուն վրայ։ * 1956–ին, Մ.Ն. Քոնկրէսը օրէնք մը որդեգրեց, որ այդ արտայայտութիւնը Միացեալ Նահանգներու ազգային նշանաբանը դարձուց։ Ծիծաղելին այն է թէ շատեր,– ո՛չ միայն այդ երկրին մէջ, այլ համայն աշխարհի մէջ,– դրամին ու նիւթական հարստութեան աւելի կը վստահին քան՝ Աստուծոյ։—Ղուկաս 12։16-21

2 Իբր ճշմարիտ Քրիստոնեաներ, Եհովայի կը վստահինք ըսելէն շատ աւելին պէտք է ընենք։ Ճիշդ ինչպէս որ «հաւատքը առանց գործերու մեռած է», նոյնպէս ալ Աստուծոյ վստահիլ դաւանիլը անիմաստ է, եթէ զայն մեր արարքներով ցոյց չտանք։ (Յակոբու 2։26) Նախորդ յօդուածին մէջ սորվեցանք թէ Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը կը ցուցաբերենք, երբ աղօթքով իրեն դիմենք, երբ իր Խօսքէն ուղղութիւն փնտռենք, եւ երբ առաջնորդութեան համար իր կազմակերպութեան նայինք։ Այժմ քննարկենք թէ նեղութեան ժամանակներուն ի՛նչպէս կրնանք այս երեք քայլերը առնել։

Երբ Գործը Կորսուի Կամ Եկամուտը Նուազի

3. Այս «չար ժամանակներ»ուն Եհովայի ծառաները տնտեսական ի՞նչ ճնշումներ կը դիմակալեն, եւ ի՞նչպէս գիտենք թէ Աստուած յօժար է մեզի օգնելու։

3 Այս «չար ժամանակներ»ուն, Քրիստոնեաներս եւ ուրիշ մարդիկ նոյն տնտեսական ճնշումները կը դիմակալենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ուստի կրնանք յանկարծ մեր գործը կորսնցնել։ Կամ՝ կրնանք ստիպուած ըլլալ որ չնչին աշխատավարձքով երկար ժամեր աշխատինք։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, թերեւս դժուար գտնենք ‘մերիններուն հոգ տանիլը’։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Այսպիսի ժամանակներուն Բարձրեալ Աստուածը մեզի օգնելու յօժա՞ր է։ Վստա՛հաբար։ Անշուշտ իրերու այս դրութեան մէջ Եհովա մեզ չի պաշտպաներ կեանքի բոլոր դժուարութիւններէն։ Սակայն եթէ իրեն վստահինք, Սաղմոս 46։1–ի խօսքերը մեր վրայ պիտի կիրարկուին. «Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու»։ Ուստի ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ տնտեսական նեղութեան ժամանակներուն լիովին Եհովայի կը վստահինք։

4. Երբ դրամական խնդիրներ դիմակալենք, ի՞նչ բանի մասին կրնանք աղօթել, եւ Եհովա այսպիսի աղօթքներու ի՞նչպէս կ’ընդառաջէ։

4 Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ապացուցանելու կերպերէն մէկն է՝ աղօթքով իրեն դիմել։ Բայց ի՞նչ բանի համար կրնանք աղօթել։ Դրամական խնդիրներով ծանրաբեռնուած ըլլալով, այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի գործնական իմաստութեան կարիքը ունինք։ Ուստի անպայման զայն խնդրենք աղօթքով։ Եհովայի Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի»։ (Յակոբու 1։5) Այո, Եհովայէ խնդրեցէք իմաստութիւն,– գիտութիւնը, հասկացողութիւնն ու խորատեսութիւնը օգտակար կերպով գործածելու կարողութիւնը,– որպէսզի ողջամիտ որոշումներ կայացնէք եւ շիտակ ընտրութիւններ ընէք։ Մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ այսպիսի աղօթքներու պիտի պատասխանէ։ Ան միշտ պատրաստ է ամբողջ սիրտով իրեն վստահողներուն ուղիները շտկելու։—Սաղմոս 65։2. Առակաց 3։5, 6

5, 6. (ա) Տնտեսական ճնշումներու հետ գլուխ ելլելու համար, ինչո՞ւ կրնանք օգնութեան համար Աստուծոյ Խօսքին նայիլ։ (բ) Երբ մեր աշխատանքը կորսնցնենք, ի՞նչ կրնանք ընել մտահոգութիւնը նուազեցնելու համար։

5 Առաջնորդութեան համար Աստուծոյ Խօսքին նայիլը, ուրիշ կերպ մըն է ցոյց տալու թէ Եհովայի կը վստահինք։ Աստուածաշունչին մէջ գտնուած իր իմաստուն վերյիշեցումները «շատ վստահելի» են։ (Սաղմոս 93։5) Այս ներշնչեալ գիրքը թէեւ աւելի քան 1,900 տարիներ առաջ ամբողջացաւ, բայց վստահելի խրատներ եւ սուր խորատեսութիւն կը պարունակէ, որոնք կրնան մեզի օգնել տնտեսական ճնշումներու հետ աւելի լաւ կերպով գլուխ ելլելու։ Նկատի առէք Աստուածաշունչի իմաստութեան կարգ մը օրինակները։

6 Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր վաղուց ըսաւ. «Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ, բայց հարուստին կուշտ ըլլալը չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ»։ (Ժողովողի 5։12) Մեր նիւթական ստացուածքները նորոգելը, մաքրելը, պահպանելը եւ պաշտպանելը ժամանակի ու դրամի կը կարօտին։ Ուստի, երբ մեր աշխատանքը կորսնցնենք, կրնանք առիթը օգտագործել մեր ապրելակերպը վերաքննելու, ջանալով անհրաժեշտ եղող ու չեղող բաները իրարմէ զանազանել։ Մտահոգութիւնը նուազեցնելու համար, թերեւս խոհեմութիւն է կարգ մը փոփոխութիւններ ընել։ Օրինակ, կարելի՞ է մեր կեանքը պարզացնել, թերեւս աւելի փոքր բնակարան մը փոխադրուելով կամ անհրաժեշտ չեղող նիւթական ստացուածքներէ ձերբազատուելով։—Մատթէոս 6։22

7, 8. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ անկատար մարդիկ նիւթական բաներու մասին չափազանց մտահոգուելու հակումը ունին։ (Նաեւ տես ստորանիշը։) (բ) Յիսուս ի՞նչ իմաստուն խրատ տուաւ անտեղի մտահոգութենէ ի՛նչպէս խուսափելու մասին։

7 Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս խրատեց. «Մի՛ մտահոգուիք ձեր անձին մասին՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ ի՛նչ պիտի խմէք, ո՛չ ալ ձեր մարմիններուն մասին՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք»։ * (Մատթէոս 6։25, ԱՎ) Յիսուս գիտէր թէ անկատար մարդիկ բնականաբար կը մտահոգուին հիմնական անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելու մասին։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի բաներու մասին ‘չմտահոգուիլ’։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Ի՛նչ խնդիրներ ալ դիմակալենք, պէտք է շարունակենք մեր կեանքին մէջ Եհովայի պաշտամունքին նախապատուութիւնը տալ։ Եթէ ասիկա ընենք, մեր առօրեայ բոլոր անհրաժեշտութիւնները մեզի «պիտի տրուին» մեր երկնաւոր Հօր կողմէ։ Ձեւով մը ան մեզի հարկ եղածը պիտի հայթայթէ։—Մատթէոս 6։33

8 Յիսուս սա խրատն ալ տուաւ. «Մի՛ մտահոգուիք վաղուան համար, որովհետեւ վաղուան օրը պիտի հոգայ իրեն համար»։ (Մատթէոս 6։34, ԱՎ) Խոհեմութիւն չէ անտեղիօրէն մտահոգուիլ թէ վաղուան օրը ի՛նչ կրնայ բերել։ Ուսումնական մը նշեց. «Ապագայի նկատմամբ մեր վախերը հազուագիւտօրէն կը համապատասխանեն իրականութեան»։ Մեր նախապատուութիւններուն վրայ կեդրոնանալու Աստուածաշունչի խրատին խոնարհօրէն անսալը եւ օրը օրին ապրիլը կրնան մեզի օգնել որ անտեղի մտահոգութենէ խուսափինք։—Ա. Պետրոս 5։6, 7

9. Երբ տնտեսական նեղութիւն դիմակալենք, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին գրականութիւններուն մէջ ի՞նչ օգնութիւն կրնանք գտնել։

9 Երբ դրամական նեղութեան հանդիպինք, կրնանք նաեւ Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ցոյց տալ՝ օգնութեան համար «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթած գրականութիւններուն դիմելով։ (Մատթէոս 24։45) Ժամանակ առ ժամանակ Զարթի՛ր պարբերաթերթին մէջ յօդուածներ լոյս տեսած են, որոնք տնտեսական խնդիրներ ձեռք առնելու մասին օգտակար խրատներ ու թելադրութիւններ պարունակած են։ 8 Օգոստոս 1991–ի թիւին մէջ, «Անգործ Ըլլալ՝ Ի՞նչ Են Լուծումները» խորագրով յօդուածը ուրուագծեց ութը գործնական ուղեգծեր, որոնք շատերուն օգնեցին որ դրամական ու զգացական գետնի վրայ կայուն մնան, երբ որոշ ժամանակ մը անգործ էին։ * Անշուշտ այս ուղեգծերուն կողքին, դրամին իսկական կարեւորութեան նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ մը պէտք է ունենալ։ Ասիկա քննարկուեցաւ «Դրամէն Աւելի Կենսական Բան մը» խորագրով յօդուածին մէջ, որ նոյն թիւին մէջ լոյս տեսաւ։—Ժողովողի 7։12

Երբ Առողջապահական Խնդիրներ Նեղութիւն Պատճառեն

10. Դաւիթ Թագաւորին օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ լուրջ հիւանդութեան մը պարագային Եհովայի վստահիլը իրատեսութիւն է։

10 Լուրջ հիւանդութեան պարագային Եհովայի վստահիլը իրատեսութի՞ւն է։ Անշո՛ւշտ։ Եհովա իր ժողովուրդին մէջ գտնուող հիւանդներուն կը կարեկցի։ Ասկէ աւելի, ան պատրաստ է անոնց օգնելու։ Օրինակ, նկատի առէք Դաւիթ Թագաւորը։ Ան թերեւս լրջօրէն հիւանդ էր, երբ գրեց հիւանդութենէ տառապող ուղղամիտ անհատին հետ Աստուծոյ գործառնութեանց մասին։ Ան ըսաւ. «Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ. անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը»։ (Սաղմոս 41։1, 3, 7, 8) Աստուծոյ հանդէպ Դաւիթի վստահութիւնը զօրաւոր մնաց, եւ ի վերջոյ թագաւորը իր ախտէն բուժուեցաւ։ Ուստի ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ վստահիլ, երբ առողջապահական խնդիրներ մեզ նեղացնեն։

11. Երբ հիւանդութենէ մը տառապինք, մեր երկնաւոր Հօրմէն ի՞նչ կրնանք խնդրել։

11 Երբ հիւանդութենէ մը կը տառապինք, Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ցոյց տալու կերպերէն մէկն է՝ աղօթքով աղաչել որ մեզի օգնէ որ տոկանք։ Կրնանք խնդրել որ մեզի օգնէ «գործնական իմաստութիւն» գործածելու, որպէսզի մեր պարագաներուն ներած չափով առողջ վիճակ մը ունենանք։ (Առակաց 3։21, ՆԱ) Կրնանք խնդրել նաեւ որ մեզի օգնէ որ համբերենք ու տոկանք, հիւանդութեան հետ գլուխ ելլելու համար։ Մանաւանդ պիտի ուզենք Եհովայէ խնդրել որ մեզի թիկունք կանգնի, մեզ զօրացնելով որ ամէն պարագայի իրեն հաւատարիմ մնանք ու մեր հաւասարակշռութիւնը չկորսնցնենք։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահպանելը շատ աւելի կարեւոր է քան՝ մեր ներկայ կեանքը պահպանելը։ Եթէ մեր ուղղամտութիւնը պահպանենք, Մեծ Վարձատրողը պիտի տայ մեզի յաւիտեան գոյատեւող կատարեալ կեանք ու առողջութիւն։—Եբրայեցիս 11։6

12. Սուրբ գրային ո՞ր սկզբունքները կրնան մեզի օգնել որ բժշկական դարմանումին վերաբերեալ իմաստուն որոշումներ կայացնենք։

12 Եհովայի վստահիլը մեզ կը մղէ նաեւ որ գործնական առաջնորդութեան համար իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ նայինք։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ գտնուած սկզբունքները կրնան մեզի օգնել որ բժշկական դարմանումին վերաբերեալ իմաստուն որոշումներ կայացնենք։ Օրինակ, գիտնալով որ Աստուածաշունչը «կախարդութիւնը» կը դատապարտէ, կը խուսափինք ոգեհարցութեան հետ կապ ունեցող ախտաճանաչման կամ բուժական գործելակերպերէն։ (Գաղատացիս 5։19-21. Բ. Օրինաց 18։10-12) Ահաւասիկ Աստուածաշունչի վստահելի իմաստութեան այլ օրինակ մը. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ»։ (Առակաց 14։15) Ուստի, երբ բժշկական դարմանումի մը մասին կը խորհրդածենք, խոհեմութիւն է վստահելի տեղեկութիւններ փնտռել, փոխանակ ‘ամէն խօսքի հաւատալու’։ Այս «զգաստութիւն»ը կրնայ մեզի օգնել որ մեր փոխընտրութիւնները ուշադրութեամբ կշռադատենք եւ իրազեկ որոշում մը կայացնենք։—Տիտոս 2։12

13, 14. (ա) Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ առողջապահական հարցերու շուրջ ի՞նչ տեղեկատու յօդուածներ հրատարակուած են։ (Տես՝ էջ 31–ի վրայ գտնուած շրջագիծը։) (բ) Զարթի՛ր 22 Յունուար 2001–ի թիւին մէջ, երկարատեւ հիւանդութիւններու հետ գլուխ ելլելու մասին ի՞նչ խրատներ ներկայացուած են։

13 Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ցոյց կու տանք նաեւ հաւատարիմ ծառային գրականութիւնները պրպտելով։ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ, ատեն–ատեն տեղեկատու յօդուածներ հրատարակուած են առողջապահական խնդիրներու եւ հիւանդութիւններու մասին։ * Երբեմն այս պարբերաթերթերը յօդուածներ ներկայացուցած են անհատներու մասին, որոնք գլուխ ելած են զանազան խանգարումներու, ախտերու եւ հաշմանդամութիւններու հետ։ Ասկէ զատ, որոշ յօդուածներ ներկայացուցած են սուրբ գրային թելադրութիւններ եւ գործնական խրատներ, երկարատեւ առողջապահական խնդիրներու հետ հաշտուելու մասին։

14 Օրինակ, Զարթի՛ր 22 Յունուար 2001 թիւը, «Մխիթարութիւն Հիւանդներուն» խորագրով յօդուածաշարք մը ներկայացուց։ Յօդուածները ներկայացուցին սուրբ գրային օգտակար սկզբունքներ, ինչպէս նաեւ ուղղակի տեղեկութիւններ, քաղուած՝ հարցազրոյցներէ լաւատեղեակ անհատներու հետ, որոնք երկար տարիներ հաշմանդամութենէ տառապած են։ «Ձեր Հիւանդութեան Հետ Ի՞նչպէս Կրնաք Հաշտուիլ» յօդուածը հետեւեալ խրատները ներկայացուց. Ձեր հիւանդութեան մասին կարելի եղածին չափ տեղեկութիւններ հաւաքեցէք։ (Առակաց 24։5) Գործնական նպատակակէտեր դրէք, ի ներառեալ ուրիշներուն օգնելու նպատակակէտեր, բայց գիտակցեցէք որ թերեւս չէք կրնար ուրիշներուն դրած նոյն նպատակակէտերը ունենալ։ (Գործք 20։35. Գաղատացիս 6։4) Ընկերային գետնի վրայ մեկուսանալէ զգուշացէք։ (Առակաց 18։1) Ձեզի այցելելը հաճելի փորձառութիւն մը դարձուցէք այցելուներուն համար։ (Առակաց 17։22) Ամէն բանէ վեր, Եհովայի ու ժողովքին հետ սերտ կապ մը պահպանեցէք։ (Նաւումայ 1։7. Հռովմայեցիս 1։11, 12) Իր կազմակերպութեան միջոցով Եհովայի հայթայթած վստահելի առաջնորդութեան համար երախտապարտ չե՞նք։

Երբ Մարմնաւոր Տկարութիւն մը Յարատեւէ

15. Պօղոս առաքեալ անկատար մարմնին տկարութիւններուն դէմ իր մղած պայքարէն ի՞նչպէս կրցաւ յաղթական դուրս գալ, եւ ի՞նչ երաշխիք կրնանք ունենալ։

15 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր»։ (Հռովմայեցիս 7։18) Պօղոս փորձառաբար գիտէր թէ անկատար մարմնին ցանկութիւններուն ու տկարութիւններուն դէմ պայքարը որքա՜ն դժուար կրնայ ըլլալ։ Սակայն Պօղոս նաեւ վստահ էր թէ կրնար յաղթական ըլլալ։ (Ա. Կորնթացիս 9։26, 27) Ի՞նչպէս։ Անվերապահօրէն Եհովայի վստահելով։ Անոր համար Պօղոս կրցաւ ըսել. «Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն։ Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 7։24, 25) Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Մենք ալ մարմնաւոր տկարութիւններուն դէմ պայքար մը ունինք։ Մինչ այս տկարութիւններուն դէմ կը պայքարինք, դիւրին է մեր վստահութիւնը կորսնցնել եւ համոզուիլ թէ երբեք պիտի չյաջողինք։ Բայց Եհովա պիտի օգնէ մեզի եթէ Պօղոսի նման Իրեն իսկապէս վստահինք եւ ո՛չ թէ մեր անձնական զօրութեան։

16. Երբ մարմնաւոր տկարութիւն մը յարատեւէ, ի՞նչ բանի համար պէտք է աղօթենք, իսկ ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ վերանկում մը ունենանք։

16 Երբ մարմնաւոր տկարութիւն մը յարատեւէ, աղօթքով Եհովայի դիմելով կրնանք ցոյց տալ թէ իրեն կը վստահինք։ Պէտք է խնդրենք, նոյնիսկ թախանձենք, որ Եհովայի սուրբ հոգին օգնէ մեզի։ (Ղուկաս 11։9-13) Կրնանք յատկապէս ժուժկալութիւն խնդրել, որ Աստուծոյ հոգիին պտուղին մաս կը կազմէ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ վերանկում մը ունենանք։ Ամէն գնով, պէտք չէ յանձնուինք։ Երբեք չյոգնինք խոնարհութեամբ աղօթելէ մեր ողորմած Աստուծոյն, իր ներումն ու օգնութիւնը հայցելով։ Եհովա բնաւ պիտի չմերժէ «կոտրած ու խոնարհ» սիրտը, որ յանցաւոր խղճմտանքով ծանրաբեռնուած է։ (Սաղմոս 51։17) Եթէ անկեղծ ու վշտաբեկ սրտով իրեն աղաչենք, Եհովա մեզի պիտի օգնէ որ փորձութիւններուն դէմ պայքարինք։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

17. (ա) Ինչո՞ւ օգտակար է խոկալ թէ մեր պայքարած տկարութեան մասին Եհովա ի՛նչպէս կը զգայ։ (բ) Սուրբ գրային ո՞ր համարները կրնանք անգիր սորվիլ, եթէ կը պայքարինք բարկացկոտ ըլլալու դէմ, մեր լեզուն զսպելու համար, եւ վնասակար ժամանցի հանդէպ հակում չունենալու համար։

17 Կրնանք նաեւ ցոյց տալ թէ Եհովայի կը վստահինք, օգնութեան համար իր Խօսքը պրպտելով։ Աստուածաշունչի համաբարբառ մը կամ Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ը գործածելով, կրնանք հետեւեալ հարցումին պատասխանը փնտռել. ‘Եհովա իմ պայքարած տկարութեանս հանդէպ ի՞նչպէս կը զգայ’։ Հարցին հանդէպ Եհովայի կեցուածքին մասին խոկալը կրնայ զինք հաճեցնելու մեր փափաքը զօրացնել։ Այսպէս, կը սկսինք իրեն պէս զգալ, ատելով ինչ որ ինք կ’ատէ։ (Սաղմոս 97։10) Ոմանք օգտակար գտած են գոց սորվիլ սուրբ գրային այն համարները, որոնք կապ ունին իրենց պայքարած տկարութեան հետ։ Արդեօք բարկացկոտ ըլլալու դէմ պայքար կը մղե՞նք։ Ուրեմն կրնանք հետեւեալին նման համարներ անգիր սորվիլ՝ Առակաց 14։17 եւ Եփեսացիս 4։31։ Մեր լեզուն զսպելու դժուարութիւն ունի՞նք։ Կրնանք Առակաց 12։18 եւ Եփեսացիս 4։29–ի նման համարներ գոց սորվիլ։ Վնասակար ժամանցի հանդէպ հակում ունի՞նք։ Կրնանք մեր յիշողութեան մէջ պահել հետեւեալին նման համարներ՝ Եփեսացիս 5։3 եւ Կողոսացիս 3։5։

18. Մեր տկարութիւնը յաղթահարելու համար, ինչո՞ւ պէտք չէ քաշուինք երէցներուն օգնութիւնը խնդրելէ։

18 Ժողովքին մէջ հոգիէն նշանակուած երէցներէն օգնութիւն խնդրելը, յաւելեալ կերպ մըն է ցոյց տալու թէ Եհովայի կը վստահինք։ (Գործք 20։28) Ի վերջոյ, ‘որպէս պարգեւներ տրուած այս տղամարդիկը’ Քրիստոսի միջոցով Եհովայի կողմէ հայթայթում մըն են, իր ոչխարները պաշտպանելու եւ անոնց հոգ տանելու համար։ (Եփեսացիս 4։7, 8, ՆԱ, 11-14) Ճիշդ է որ տկարութեան մը հետ գլուխ ելլելու համար օգնութիւն խնդրելը դիւրին չէ։ Թերեւս կը քաշուինք, վախնալով որ երէցները այլեւս նուազ արժէք տան մեզի։ Բայց հոգեւորապէս հասուն այս տղամարդիկը անկասկած պիտի յարգեն մեզ, քանի որ քաջութիւն ունեցանք օգնութիւն խնդրելու։ Ասկէ զատ, երէցները կը ջանան հօտին հետ իրենց գործառնութեանց մէջ Եհովայի յատկութիւնները ցուցաբերել։ Աստուծոյ Խօսքէն անոնց տուած մխիթարութիւնը, գործնական խրատներն ու ցուցմունքները, մեր տկարութիւնը յաղթահարելու մեր վճռակամութիւնը ամրապնդելու համար կրնան շատ տեղին ըլլալ։—Յակոբու 5։14-16

19. (ա) Սատանան ի՞նչ կերպով կը ջանայ այս դրութեան մէջ կեանքի ունայնութիւնը գործածել։ (բ) Վստահութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

19 Երբեք մի՛ մոռնաք որ Սատանան գիտէ թէ իր ժամանակը կարճ է։ (Յայտնութիւն 12։12) Ան կ’ուզէ այս աշխարհի մէջ կեանքին ունայնութիւնը գործածել, որպէսզի մեզ վհատեցնէ ու պատճառ ըլլայ որ ձեռնթափ ըլլանք։ Թող որ Հռովմայեցիս 8։35-39–ի մէջ ըսուած խօսքերուն հանդէպ լման վստահութիւն ունենանք. «Ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը։ . . . Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է»։ Եհովայի հանդէպ վստահութիւն արտացոլացնող ի՜նչ հոյակապ խօսքեր։ Սակայն այս վստահութիւնը պարզ զգացումէն աւելին է։ Անիկա կը պարփակէ մեր առօրեայ կեանքին մէջ մեր կայացուցած իրազեկ որոշումները։ Ուստի թող որ հաստատօրէն վճռենք նեղութեան ժամանակներուն լիովին Եհովայի վստահիլ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Մ.Ն. Փողերանոցին ուղղուած 20 Նոյեմբեր 1861 թուակիր նամակին մէջ, Գանձարանի Քարտուղար՝ Սէմըն Փ. Չէյս գրեց. «Միայն Աստուծոյ զօրութեամբ կրնայ ազգ մը զօրաւոր ըլլալ, կամ՝ անոր պաշտպանութեամբ ապահով ըլլալ։ Մեր ազգային մետաղադրամներուն վրայ պէտք է ծանուցանուի թէ մեր ժողովուրդը Աստուծոյ կը վստահի»։ Որպէս արդիւնք, «Աստուծոյ կը Վստահինք» նշանաբանը առաջին անգամ 1864–ին երեւցաւ Մ.Ն. մետաղադրամի մը վրայ։

^ պարբ. 7 «Մի՛ մտահոգուիք» արտայայտութիւնը ըսել չ’ուզեր թէ մտահոգուելու պէտք չէ սկսինք։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. ‘Յունարէն բայը ցոյց կու տայ հրաման մը՝ տեղի ունեցող գործողութիւնը դադրեցնելու’։

^ պարբ. 9 Ութը կէտերն են. (1) Շփոթութեան մի՛ մատնուիք, (2) դրական կերպով մտածեցէք, (3) տարբեր տեսակի գործեր նկատի առէք, (4) ձեր եւ ո՛չ թէ ուրիշի մը պիւտճէին համաձայն ապրեցէք, (5) պարտքի տակ մտնելէ զգուշացէ՛ք, (6) ընտանիքը միացած պահեցէք, (7) ձեր արժանապատուութիւնը պահեցէք, եւ (8) պիւտճէ մը որոշեցէք։

^ պարբ. 13 Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այս պարբերաթերթերը որեւէ բժշկական դարմանում չեն յանձնարարեր կամ քաջալերեր, գիտակցելով թէ ասիկա անձնական որոշում մըն է։ Փոխարէն, մասնայատուկ հիւանդութիւններ կամ խանգարումներ քննարկող յօդուածներուն նպատակն է՝ ընթերցողները տեղեակ պահել ընթացիկ իրողութիւններէն։

Կը յիշէ՞ք

• Երբ տնտեսական խնդիրներ դիմակալենք, ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովայի կը վստահինք։

• Երբ առողջապահական խնդիրներ մեզ նեղացնեն, ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Աստուծոյ կը վստահինք։

• Երբ մարմնաւոր տկարութիւն մը յարատեւէ, ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ իրապէս Եհովայի կը վստահինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 31]

Այս յօդուածները կը յիշէ՞ք

Երբ առողջապահական խնդիրներ մեզ նեղացնեն, քաջալերական է կարդալ ուրիշներու մասին, որոնք գլուխ ելած են առողջապահական խանգարումներու, ախտերու կամ հաշմանդամութիւններու հետ։ Ստորեւ, Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ լոյս տեսած կարգ մը յօդուածներ են։

«Տկարութիւններուս Հետ Գլուխ Ելլել»՝ կեդրոնացաւ բացասական մտածելակերպն ու ընկճուածութիւնը ձեռք առնելու վրայ։—Դիտարան 1 Մայիս 1990, Անգլերէնով։

«Երկաթէ Թոքն Անգամ Չկրցաւ Զինք Ետ Պահել Քարոզելէ»։—Զարթի՛ր 22 Յունուար 1993։

«Բոլոր Օրերուս Մէջ Եհովան Ինծի Ոյժ Տուած Է», անդամալուծութեան հետ գլուխ ելլելու մասին։—Դիտարան 1 Մարտ 2001։

«Չէք Գիտեր թէ Վաղը Ի՞նչ Պիտի Ըլլայ Ձեր Կեանքը»՝ քննարկեց տրամադրութեան հակադիր խանգարումին հետ գլուխ ելլելու նիւթը։—Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 2000։

«Լոյտա Լռութենէն Դուրս կու Գայ»՝ ձեռք առաւ ուղեղային անդամալուծութեան պարագան։—Զարթի՛ր 8 Մայիս 2000։

«Պայքարս Ներարգանդախտի Դէմ»։—Զարթի՛ր 22 Յուլիս 2000։

«Պայքարս Կարծրամորթութեան Դէմ»։—Զարթի՛ր 8 Օգոստոս 2001։

«Յետ–ծննդեան Ընկճուածութեան Դէմ Պայքարս Շահեցայ»։—Զարթի՛ր 22 Յուլիս 2002։

[Նկար՝ էջ 29]

Երբ մեր գործը կորսնցնենք, խոհեմութիւն է որ մեր ապրելակերպը վերաքննենք

[Նկար՝ էջ 30]

Լոյտայի պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ Եհովայի վստահիլը ի՛նչպէս կ’օգնէ անհատին որ տոկայ։ (Տես էջ 31–ի վրայ գտնուող շրջագիծը)