Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞ւր կրնաք գտնել իսկական հոգեւոր արժէքներ

Ո՞ւր կրնաք գտնել իսկական հոգեւոր արժէքներ

Ո՞ւր կրնաք գտնել իսկական հոգեւոր արժէքներ

«ԵԹԷ կրօնքի մը պիտի հետեւինք պարզապէս ընտանեկան աւանդութեան պատճառաւ, ինչո՞ւ չընտրենք կելտական կրօնքը, որուն մեր նախահայրերը կը հետեւէին 2,000 տարի առաջ», հեգնանքով հարց կու տայ Ռոտոլֆ։ Այս գաղափարը ժպիտ մը կը գծէ իր անչափահաս ունկնդրին դէմքին վրայ։

«Աստուծոյ հետ իմ յարաբերութիւնս ինծի համար շատ կարեւոր է», կ’ըսէ Ռոտոլֆ։ «Բոլորովին հակառակ եմ այն կարծիքին, թէ կրօնական համոզումները աւանդութեան միջոցաւ պէտք է պարտադրուին վրաս, պարզապէս քանի որ տասնեակ կամ նոյնիսկ հարիւրաւոր տարիներ առաջ ապրած ընտանիքիս անդամները որոշ կրօնքի մը կը հետեւէին»։ Ռոտոլֆ հարցերը ուշադրութեամբ կշռադատեց. ան այս կարեւոր հարցը չնկատեց որպէս ժառանգուած բան մը։

Թէեւ սերունդէ սերունդ կրօնքին փոխանցուիլը ներկայիս հետզհետէ կը նուազի, սակայն մեծամասնութիւնը տակաւին կառչած կը մնայ իրենց ընտանիքին կրօնքին։ Բայց եւ այնպէս, ծնողքին կրօնական արժէքներուն կառչիլը միշտ շիտա՞կ է։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։

Անապատին մէջ 40 տարի անցընելէ ետք, Մովսէսի յաջորդը՝ Յեսու, Իսրայելացիներուն առջեւ ընտրութիւն մը դրաւ. «Եթէ Տէրոջը ծառայութիւն ընելը ձեզի հաճոյ չերեւնար, ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք՝ Գետին անդիի կողմը ձեր հայրերուն պաշտած աստուածնե՞րը, թէ Ամօրհացիներուն աստուածները, որոնց երկրին մէջ դուք կը բնակիք. բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։—Յեսուայ 24։15

Յեսուի ակնարկած հայրերէն մէկը Աբրահամի հայրը՝ Թարան էր։ Ան Ուր քաղաքին մէջ կ’ապրէր, որ այդ ժամանակ Եփրատ Գետին արեւելեան կողմն էր։ Աստուածաշունչը Թարայի մասին շատ տեղեկութիւն չի տար, բացի այն իրողութենէն թէ ան օտար աստուածներ կը պաշտէր։ (Յեսուայ 24։2) Թէեւ անոր որդին՝ Աբրահամ, Աստուծոյ նպատակին մասին լման գիտութիւն չունէր, բայց պատրաստ էր իր բնագաւառը ձգելու, երբ Եհովա իրեն պատուիրեց ասիկա ընել։ Այո, Աբրահամ իր հօրը կրօնքէն տարբեր կրօնք մը ընտրեց։ Ասիկա ընելով, Աբրահամ Աստուծոյ իրեն խոստացած օրհնութիւնները ստացաւ, եւ եղաւ այն անձը որ շատ մը կրօնքներ կ’ընդունին որպէս ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’։—Հռովմայեցիս 4։11

Աստուածաշունչը նաեւ դրական կերպով կը ներկայացնէ Հռութի պատմութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի մէկ նախամայրը։ Հռութ՝ Իսրայելացիի մը հետ ամուսնացած Մովաբացի կին մըն էր։ Ան որբեւայրի դարձաւ եւ ընտրութեան մը առջեւ գտնուեցաւ. իր երկրին մէջ մնալ կամ իր կեսրոջ հետ Իսրայէլ վերադառնալ։ Անդրադառնալով Եհովայի պաշտամունքին գերազանց արժէքին, բաղդատած իր ծնողքին կռապաշտական սովորութիւններուն հետ, Հռութ իր կեսրոջ ըսաւ. «Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ»։—Հռութայ 1։16, 17

Աստուածաշունչի կանոնագրքին մէջ այս արձանագրութեան յատկանշական ըլլալուն մասին խօսելով, Dictionnaire de la Bible կը բացատրէ թէ այս արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ «ի՛նչպէս օտար կին մը որ ծնած է հեթանոս ժողովուրդի մը մէջ, որ Իսրայէլի թշնամի է եւ անոր կողմէ ատուած, . . . Եհովայի ազգին ու պաշտամունքին հանդէպ իր սիրոյն պատճառաւ, նախախնամութեամբ Դաւիթ Թագաւորին նախամայրերէն մէկը եղաւ»։ Հռութ չվարանեցաւ իր ծնողքին կրօնքէն տարբեր կրօնք մը ընտրելու, եւ այդ որոշումին շնորհիւ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստացաւ։

Քրիստոնէութեան սկիզբը նկարագրող արձանագրութիւնը աւելի բացայայտ կը դարձնէ թէ Յիսուսի աշակերտները ի՛նչ պատճառներով իրենց նախահայրերուն կրօնքը լքեցին։ Շատ համոզիչ դասախօսութեամբ մը, Պետրոս առաքեալ իր ունկնդիրները հրաւիրեց որ ‘այդ խոտորած ազգէն ինքզինքնին ազատեն’, իրենց մեղքերուն համար զղջալով եւ Յիսուս Քրիստոսի անունով մկրտուելով։ (Գործք 2։37-41) Աչքառու օրինակներէն մէկը, Քրիստոնեաները հալածող Հրեայի մը՝ Սօղոսի՝ օրինակն էր։ Մինչ Դամասկոսի ճամբուն վրայ էր, Սօղոս տեսիլքի մը մէջ Քրիստոսը տեսաւ, ապա Քրիստոնեայ մը դարձաւ եւ ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ։—Գործք 9։1-9

Նախկին Քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը այսպիսի տպաւորիչ փորձառութիւն մը չունեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, բոլորն ալ ստիպուեցան Հրէականութիւնը եւ հեթանոս չաստուածներու պաշտամունքը լքել։ Անոնք իրողութիւններուն մասին լման գիտութիւն ձեռք ձգելով Քրիստոնէութիւնը ընդունեցին, որպէս Մեսիա Յիսուսի դերին մասին յաճախ երկար զրոյցներ ունենալէ ետք։ (Գործք 8։26-40. 13։16-43. 17։22-34) Այդ նախկին Քրիստոնեաները յստակօրէն տեղեկացած էին որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ պէտք էր մտցնէին։ Հրաւէրը բոլորին տրուեցաւ, թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ Հրեայ չեղողներուն, բայց պատգամը նոյնը մնաց։ Աստուած հաճեցնելու համար, անհրաժեշտ էր պաշտամունքի նոր կերպի մը հետեւիլ, որ էր՝ Քրիստոնէութիւնը։

Մեզի Վերաբերող Ընտրութիւն մը

Վստահաբար, առաջին դարուն քաջութիւն կը պահանջէր որ անհատ մը ընտանիքին կրօնական աւանդութիւնները մերժէր, ինչպէս՝ Հրէականութիւնը, կայսրի պաշտամունքը, հեթանոս չաստուածներու պաշտամունքը, եւ միանար շարժումի մը, որ թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ Հռովմայեցիներուն կողմէ ծաղրանքի կ’ենթարկուէր։ Այս ընտրութիւնը շուտով բիրտ հալածանքի առաջնորդեց։ Ներկայիս, նոյնանման քաջութիւն կը պահանջէ որ անհատ մը մերժէ «հրապուրուիլ ու կլանուիլ համակերպելու համատարած մթնոլորտով», ինչպէս Քլէրմոն–Ֆերանի Կաթողիկէ եպիսկոպոսը՝ Հիբոլիթ Սիմոն կ’ըսէ իր Vers une France païenne? (Ֆրանսայի Հեթանոսացո՞ւմը) գրքին մէջ։ Քաջութիւն կը պահանջէ փոքրամասնութիւն կազմող կրօնական շարժումի մը՝ Եհովայի Վկաներուն՝ հետ ընկերակցիլ, որ ատեններ քննադատութեան կ’ենթարկուի։

Քորսիքայի Պասթիա քաղաքէն Փօլ անունով երիտասարդ մը, Կաթողիկէ կրօնքին մէջ մեծցած էր եւ երբեմն եկեղեցական գործունէութիւններու կը մասնակցէր, ինչպէս՝ Կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութեան մը ի նպաստ դրամ հաւաքելու համար կարկանդակներ ծախել։ Աստուածաշունչի մասին աւելի հասկացողութիւն ձեռք ձգել ուզելով, ան համաձայնեցաւ Եհովայի Վկաներուն հետ կանոնաւորաբար խօսակցութիւններ ունենալ։ Ժամանակի ընթացքին, ան գիտակցեցաւ թէ իր սորվածը կրնար իրեն մնայուն օգուտներ բերել։ Հետեւաբար, Փօլ Աստուածաշունչի արժէքները լիովին ընդունեց եւ Եհովայի Վկայ մը եղաւ։ Անոր ծնողքը յարգեց իր ընտրութիւնը, որ ժխտական ազդեցութիւն չունեցաւ իրենց ընտանեկան սերտ յարաբերութեան վրայ։

Էմիլի կը բնակի Ֆրանսայի հարաւը։ Իր ընտանիքի անդամները Եհովայի Վկաներ են չորս սերունդներէ ի վեր։ Ան ինչո՞ւ ընտրեց իր ծնողքին կրօնական արժէքները ընդունիլ։ Ան կ’ըսէ. «Եհովայի Վկայ մը չես ըլլար քանի որ ծնողքդ կամ մեծ ծնողքդ Եհովայի Վկաներ են կամ էին։ Բայց օր մը, դուն քեզի կ’ըսես. ‘Ասիկա կրօնքս է, քանի որ համոզումներս կը ներկայացնէ’»։ Շատ մը երիտասարդ Եհովայի Վկաներու նման, Էմիլի գիտէ թէ իր հաստատ կրօնական համոզումները կեանքի մէջ նպատակ մը կու տան իրեն եւ մնայուն երջանկութեան աղբիւր մըն են։

Աստուածային Արժէքները Ինչո՛ւ Ընդունիլ

Առակաց գիրքը, 6–րդ գլուխ, 20–րդ համար, Աստուած հաճեցնել փափաքողները կը քաջալերէ, ըսելով. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր»։ Փոխանակ կոյր հնազանդութիւն յանձնարարելու, այսպիսի խրատներ կը յորդորեն դեռատիները, որ աստուածային չափանիշները ընդունին, իրենց հաւատքը խորացնելով եւ անձամբ Աստուծոյ կողմը դիրք բռնելով։ Պօղոս առաքեալ իր ընկերակիցները հրաւիրեց որ ‘ամէն բան փորձեն’, ստուգեն թէ իրենց սորված բաները Աստուծոյ Խօսքին եւ Անոր կամքին հետ ներդաշնա՞կ են թէ ոչ, ապա անոր համաձայն գործեն։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21

Քրիստոնէական ընտանիքի մը մէջ մեծցած ըլլան կամ ոչ, աւելի քան վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ, երիտասարդ ու տարեց, այսպիսի որոշում մը կայացուցած են։ Աստուածաշունչի լուրջ ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ, անոնք կեանքի նպատակին մասին իրենց հարցումներուն համար վստահելի պատասխաններ գտած են եւ մարդկութեան համար Աստուծոյ կամքին մասին յստակ հասկացողութիւն մը ստացած են։ Այս գիտութիւնը ձեռք ձգելէ ետք, անոնք Աստուծոյ արժէքները ընդունած են եւ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար իրենց լաւագոյնը կ’ընեն։

Այս պարբերաթերթի կանոնաւոր ընթերցող մը ըլլաք կամ ոչ, Աստուածաշունչի հոգեւոր արժէքները քննարկելու համար Եհովայի Վկաներու մատուցած օգնութիւնը ինչո՛ւ չընդունիք։ Այս կերպով, պիտի կարենաք ‘ճաշակել ու տեսնել թէ Տէրը բարի է’ եւ ձեռք ձգել այն գիտութիւնը որ, երբ կիրարկուի, յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։—Սաղմոս 34։8. Յովհաննու 17։3

[Նկար՝ էջ 3]

Եհովայի Վկայ ընտանիքի մը չորս սերունդները՝ Ֆրանսայի մէջ

[Նկար՝ էջ 5]

Հռութ ընտրեց Եհովայի ծառայել, փոխանակ՝ իր նախահայրերու չաստուածներուն