Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք»

«Պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք»

«Պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք»

«Պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 2։1

1. Բացատրեցէք թէ մտացիր ըլլալը ի՛նչպէս կրնայ աղէտի առաջնորդել։

ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ արկածները ամէն տարի շուրջ 37,000 կեանքեր կը խլեն միայն Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Մասնագէտներ կ’ըսեն թէ այս մահերէն շատերը կրնային չպատահիլ, եթէ շարժավարները ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընէին ճամբուն։ Կարգ մը շարժավարներ երթեւեկի նշաններու եւ ցուցատախտակներու, կամ բջիջային հեռաձայնի գործածութեան պատճառ մտացիր կ’ըլլան։ Կան նաեւ անոնք, որոնք ինքնաշարժ վարելու ժամանակ կ’ուտեն։ Այս բոլոր պարագաներուն, մտացիր ըլլալը կրնայ աղէտի առաջնորդել։

2, 3. Պօղոս Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն ի՞նչ յորդոր տուաւ, եւ իր խրատը ինչո՞ւ տեղին էր։

2 Ինքնաշարժի գիւտէն շուրջ 2,000 տարի առաջ, Պօղոս առաքեալ անուշադրութեան տեսակ մը բնորոշեց, որ կարգ մը Եբրայեցի Քրիստոնեաներու համար աղիտալի կը դառնար։ Պօղոս շեշտեց թէ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս բոլոր հրեշտակներէն գերազանց եղաւ, Աստուծոյ աջ կողմը նստելով։ Ապա առաքեալը ըսաւ. «Անոր համար պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք [«փրկութեան ճամբէն հեռանանք», Անթիլիաս]»։—Եբրայեցիս 2։1

3 Եբրայեցի Քրիստոնեաները ինչո՞ւ ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն պէտք էր ընէին [Յիսուսի վրայով] իրենց լսած բաներուն’։ Քանի որ գրեթէ 30 տարի անցած էր այն օրէն, երբ Յիսուս երկրային թատերաբեմը ձգեց։ Իրենց Տիրոջ բացակայութեան, կարգ մը Եբրայեցի Քրիստոնեաներ սկսած էին ճշմարիտ հաւատքէն հեռանալ։ Անոնք իրենց նախկին պաշտամունքի կերպով՝ Հրէականութեամբ՝ մտացիր եղած էին։

Մօտէն Ուշադրութիւն Ընելու Կարիքը Ունէին

4. Կարգ մը Եբրայեցի Քրիստոնեաներ ինչո՞ւ կրնային Հրէականութեան վերադառնալու փորձութեան դիմաց գտնուիլ։

4 Քրիստոնեայ մը ինչո՞ւ կրնար Հրէականութեան վերադառնալու փորձութեան դիմաց գտնուիլ։ Օրէնքին ներքեւ հաստատուած պաշտամունքի դրութիւնը շօշափելի բաներ կը պարփակէր։ Մարդիկ կրնային քահանաները տեսնել եւ կիզուող զոհերուն հոտը հոտոտալ։ Սակայն, կարգ մը երեսակներու մէջ, Քրիստոնէութիւնը շատ տարբեր էր։ Քրիստոնեաները ունէին Քահանայապետ մը՝ Յիսուս Քրիստոս, բայց ան երեք տասնամեակներէ ի վեր երկրի վրայ չէր տեսնուած։ (Եբրայեցիս 4։14) Անոնք տաճար մը ունէին, սակայն անոր սրբարանը բուն երկինքն էր։ (Եբրայեցիս 9։24) Օրէնքին ներքեւ եղած թլփատութեան հակառակը, քրիստոնէական թլփատութիւնը ‘սրտին թլփատութիւնն էր հոգիով’։ (Հռովմայեցիս 2։29) Հետեւաբար, Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն համար, Քրիստոնէութիւնը թերեւս սկսած էր վերացական բնոյթ մը ստանալ։

5. Պօղոս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Յիսուսի կողմէ հաստատուած պաշտամունքի դրութիւնը Օրէնքին ներքեւ եղած պաշտամունքի դրութենէն գերադաս էր։

5 Եբրայեցի Քրիստոնեաները Քրիստոսի հաստատած պաշտամունքի դրութեան նկատմամբ շատ յատկանշական բանի մը պէտք էր անդրադառնային։ Անիկա հաւատքի վրայ հիմնուած էր, քան՝ երեւոյթի, այսուհանդերձ, Մովսէս մարգարէի միջոցաւ փոխանցուած Օրէնքէն գերադաս էր։ Պօղոս գրեց. «Եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը եւ երինջին մոխիրը սրսկուելով՝ պղծեալները կը սրբէր մարմնի մաքրութեան կողմանէ, ալ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսին արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին ձեռքով իր անձը անարատ պատարագ մատուցանեց Աստուծոյ, պիտի սրբէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ կենդանի Աստուածը պաշտելու»։ (Եբրայեցիս 9։13, 14) Այո, այն թողութիւնը որ մատչելի է Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ հաւատք ունենալով, բազմաթիւ կերպերով գերադաս է Օրէնքին ներքեւ մատուցուած զոհերուն կարելի դարձուցած թողութենէն։—Եբրայեցիս 7։26-28

6, 7. (ա) Ի՞նչ պարագայ ստիպողական դարձուց որ Եբրայեցի Քրիստոնեաները ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընէին իրենց լսած բաներուն’։ (բ) Երբ Պօղոս Եբրայեցիներուն յղած իր նամակը գրեց, Երուսաղէմի համար ո՞րքան ժամանակ մնացած էր։ (Տես ստորանիշը։)

6 Ուրիշ պատճառ մըն ալ կար թէ Եբրայեցի Քրիստոնեաները ինչո՛ւ մօտէն ուշադրութիւն պէտք էր ընէին Յիսուսի վրայով իրենց լսած բաներուն։ Ան նախագուշակած էր թէ Երուսաղէմը պիտի կործանէր։ Յիսուս ըսաւ. «Օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ, քանի որ չճանչցար քու այցելութեանդ ժամանակը»։—Ղուկաս 19։43, 44

7 Ասիկա ե՞րբ պիտի պատահէր։ Յիսուս օրն ու ժամը չյայտնեց։ Փոխարէն, ան հետեւեալ պատուէրը տուաւ. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ»։ (Ղուկաս 21։20, 21) Այս խօսքերը ըսուելէն ետք, 30 տարուան ընթացքին, Երուսաղէմի մէջ կարգ մը Քրիստոնեաներ իրենց ստիպողականութեան հոգին կորսնցուցին ու մտացիր դարձան։ Անոնց աչքերը որպէս թէ ճամբէն շեղած էին։ Եթէ իրենց մտածելակերպը չբարեճշդէին, աղէտը անխուսափելի էր։ Երուսաղէմի կործանումը մօտալուտ էր, անոնք այսպէս խորհած ըլլային կամ ոչ։ * Բարեբախտաբար, Պօղոսի յորդորը ահազանգ մը եղաւ Երուսաղէմի մէջ հոգեւորապէս մրափող Քրիստոնեաներուն համար։

‘Ա՛լ Աւելի Ուշադրութիւն Ընել’ Ներկայիս

8. Ինչո՞ւ պէտք է ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք’ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւններուն։

8 Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, պէտք է ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք’ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւններուն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մենք ալ մօտալուտ կործանում մը կը դիմագրաւենք, ո՛չ թէ մէկ ազգի, այլ՝ իրերու ամբողջ դրութեան մը։ (Յայտնութիւն 11։18. 16։14, 16) Անշուշտ, այս քայլը առնելու Եհովայի որոշած օրն ու ժամը չենք գիտեր։ (Մատթէոս 24։36) Այսուհանդերձ, ականատես ենք Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու կատարման, որոնք բացայայտօրէն ցոյց կու տան թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ուստի, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ որեւէ բան մեզ մտացիր չընէ։ Աստուծոյ Խօսքին պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք եւ ստիպողականութեան սուր զգացում մը պահպանենք։ Միայն այսպէս ընելով է որ պիտի կարենանք ‘այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիլ’։—Ղուկաս 21։36

9, 10. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ ուշադրութիւն կ’ընծայենք հոգեւոր բաներու։ (բ) Աստուծոյ խօսքը ի՞նչպէս ‘մեր ոտքերուն ճրագ է’ ու ‘մեր շաւիղներուն՝ լոյս’։

9 Այս ծանրակշիռ ժամանակներուն, ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն կ’ընենք’ հոգեւոր բաներու։ Կերպերէն մէկն է կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ քրիստոնէական ժողովներուն ու համաժողովներուն։ Նաեւ Աստուածաշունչի ժրաջան աշակերտները պէտք է ըլլանք, որպէսզի կարենանք անոր Հեղինակին՝ Եհովայի՝ մօտենալ։ (Յակոբու 4։8) Եթէ անձնական ուսումնասիրութեան ու ժողովներու միջոցաւ Եհովայի գիտութիւնը ստանանք, պիտի ըլլանք սաղմոսերգուին նման, որ Աստուծոյ ըսաւ. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։—Սաղմոս 119։105

10 Աստուածաշունչը որպէս ‘մեր շաւիղներուն լոյս’ կը ծառայէ, երբ ապագայի նկատմամբ Եհովայի նպատակները կը յայտնէ մեզի։ Անիկա նաեւ ‘մեր ոտքերուն ճրագ է’։ Ուրիշ խօսքով, անիկա մեզի կրնայ օգնել յաջորդ քայլը առնելու, երբ կեանքի նեղացուցիչ խնդիրները դիմագրաւենք։ Անոր համար կենսական է որ ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք’, երբ սորվելու համար հաւատակիցներու հետ կը ժողվուինք եւ երբ անձնապէս Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք։ Մեր ստացած տեղեկութիւնները մեզի պիտի օգնեն իմաստուն եւ օգտակար որոշումներ կայացնելու, որոնք Եհովան կը հաճեցնեն ու իր սիրտը կ’ուրախացնեն։ (Առակաց 27։11. Եսայեայ 48։17) Ժողովներու եւ անձնական ուսումնասիրութեան պահերու ընթացքին մեր կեդրոնացման տեւողութիւնը ի՞նչպէս կրնանք աւելցնել, որպէսզի Աստուծոյ հոգեւոր հայթայթումներէն լաւագոյնս օգտուինք։

Ժողովներուն Մէջ Մեր Կեդրոնացումը Բարելաւենք

11. Քրիստոնէական ժողովներու ընթացքին ուշադրութիւն ընծայելը, երբեմն ինչո՞ւ մարտահրաւէր մըն է։

11 Երբեմն, քրիստոնէական ժողովներու ընթացքին ուշադրութիւն ընծայելը մարտահրաւէր մըն է։ Միտքը դիւրաւ կրնայ ցրուիլ, թերեւս լացող մանուկի կամ ուշ եկող ու աթոռ փնտռող անհատի մը պատճառաւ։ Գործին մէջ երկար օր մը անցընելէ ետք, կրնանք յոգնած ըլլալ։ Բեմէն խօսողը կրնայ մեր հետաքրքրութիւնը շարժող դասախօս մը չըլլալ, եւ առանց անդրադառնալու, կը սկսինք բաց աչքով երազել, նոյնիսկ մրափել։ Ներկայացուած կենսական տեղեկութիւններուն ի տես, լաւ կ’ըլլայ որ ժողովներու ընթացքին կեդրոնանալու մեր կարողութիւնը բարելաւենք։ Սակայն, ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։

12. Ի՞նչ բան կրնայ դիւրացնել ժողովներու ընթացքին ուշադրութիւն ընծայելը։

12 Սովորաբար աւելի դիւրին է ժողովներու ընթացքին ուշադրութիւն ընծայել, եթէ լաւ պատրաստուած ենք։ Ուստի, ինչո՞ւ ժամանակ չտրամադրէք նկատի առնուելիք նիւթերը աչքէ անցընելու համար։ Ամէն օր միայն քանի մը վայրկեան կ’առնէ, Աստուածաշունչի ընթերցանութեան համար նշանակուած գլուխներէն հատուած մը կարդալը եւ անոր մասին խոկալը։ Քիչ մը ծրագրելով, կրնանք նաեւ ժամանակ գտնել պատրաստելու համար Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը։ Ի՛նչ յայտագիր ալ ընտրենք, մէկ բան որոշ է. Պատրաստութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ ժողովքային հանդիպումներուն նկատի առնուած նիւթերուն ուշադրութիւն ընծայենք։

13. Ի՞նչ բաներ մեզի կ’օգնեն ժողովներուն նկատի առնուած նիւթերուն վրայ մեր կեդրոնացումը պահելու։

13 Լաւ պատրաստուելու կողքին, ոմանք նկատած են թէ ժողովներու ընթացքին աւելի ուշադրութիւն կ’ընծայեն, երբ Թագաւորութեան Սրահի առջեւի շարքերը նստին։ Դասախօսին հետ աչքի հաղորդակցութիւն պահելը, համար մը կարդացուելու ատեն Աստուածաշունչէն հետեւիլը եւ նոթեր առնելը, այլ կերպեր են մտացրիւ չըլլալու համար։ Սակայն, պատրաստ սիրտ մը ունենալը շատ աւելի կարեւոր է քան՝ որեւէ կեդրոնացման մեթոտ։ Մեր իրարու քով հաւաքուելուն նպատակը պէտք է գնահատենք։ Հաւատակիցներուն հետ կը ժողվուինք գլխաւորաբար Եհովան պաշտելու համար։ (Սաղմոս 26։12. Ղուկաս 2։36, 37) Ժողովները կարեւոր կերպ մըն են, որով հոգեւորապէս կը կերակրուինք։ (Մատթէոս 24։45-47) Ասկէ զատ, անոնք մեզի պատեհութիւններ կը հայթայթեն ‘զիրար սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելու’։—Եբրայեցիս 10։24, 25

14. Ո՞ր պարագային ժողով մը յաջող կը նկատուի։

14 Ոմանք թերեւս ժողովի մը որակը կը դատեն, մասնակցութիւն բերողներուն ուսուցանելու կարողութիւններուն համաձայն։ Եթէ դասախօսները շատ ատակ ըլլան, անիկա կրնայ լաւ ժողով մը կոչուիլ։ Իսկ եթէ ազդու ուսուցում չըլլայ, կրնանք հակառակ տեսակէտ մը ունենալ։ Ճիշդ է որ յայտագրին մասնակցողները իրենց լաւագոյնը պէտք է ընեն սորվեցնելու արուեստը գործածելու եւ յատկապէս սրտերուն հասնելու համար։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Այսուհանդերձ, մենք՝ ունկնդիրներս՝ անտեղիօրէն քննադատողներ պէտք չէ ըլլանք։ Թէեւ մասնակցողներուն սորվեցնելու կարողութիւնը կարեւոր է, բայց անիկա ժողովի մը յաջողութեան նպաստող միակ ազդակը չէ։ Չէ՞ք համաձայնիր թէ մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ, ոչ թէ դասախօսը ո՛րքան լաւ կը ներկայացնէ իր դասախօսութիւնը, այլ՝ ո՛րքան լաւ մենք ականջ կու տանք։ Երբ ժողովներու ներկայ կը գտնուինք եւ ներկայացուած նիւթերուն ուշադրութիւն կ’ընծայենք, Աստուած կը պաշտենք իր կամքին հետ ներդաշնակ։ Այս պարագային է որ ժողովը յաջող կը նկատուի։ Եթէ սրտանց կը փափաքինք Աստուծոյ գիտութիւնը ձեռք ձգել, ժողովներէն պիտի օգտուինք, դասախօսին կարողութիւնները ի՛նչ որ ալ ըլլան։ (Առակաց 2։1-5) Արդ, ամէն գնով վճռենք ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընել’ մեր ժողովներուն մէջ։

Անձնական Ուսումնասիրութենէն Լիովին Օգտուեցէք

15. Ուսումնասիրութիւնն ու խորհրդածութիւնը ի՞նչպէս կրնան մեզի օգտակար ըլլալ։

15 Մեծապէս կ’օգտուինք ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընելով’ անձնական ուսումնասիրութեան եւ խորհրդածութեան ընթացքին։ Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական գրականութիւնները կարդալը եւ անոնց մասին խոկալը, թանկարժէք պատեհութիւններ պիտի տայ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները մեր սրտին մէջ դրոշմելու համար։ Ասիկա իր կարգին մեր մտածելակերպին ու վարուելակերպին վրայ խոր ազդեցութիւն պիտի բանեցնէ։ Արդարեւ, անիկա մեզի պիտի օգնէ Եհովայի կամքը կատարելու մէջ ուրախութիւն գտնելու։ (Սաղմոս 1։2. 40։8) Հետեւաբար, կեդրոնանալու մեր կարողութիւնները պէտք է մշակենք, որպէսզի լաւ կերպով ծառայեն մեզի երբ կ’ուսումնասիրենք։ Շա՜տ դիւրին է մտացիր ըլլալը։ Փոքր ընդհատումներ, ինչպէս՝ հեռաձայն մը կամ աղմուկ մը, կրնան պատճառ ըլլալ որ մեր կեդրոնացումը կորսնցնենք։ Կամ կրնայ ըլլալ որ պարզապէս դժուար կը գտնենք երկար ժամանակ կեդրոնանալը։ Կրնանք հոգեւորապէս կերակրուելու լաւ միտումներով սկսիլ, սակայն, շատ չանցած մեր միտքը կը թափառի։ Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին, ի՞նչպէս կրնանք ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընել’։

16. (ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ անձնական ուսումնասիրութեան համար ժամանակ յայտագրենք։ (բ) Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու համար ի՞նչպէս ժամանակ տրամադրած էք։

16 Յայտագիր մը ընելը եւ ուսումնասիրութեան նպաստող մթնոլորտ մը ընտրելը օգտակար է։ Գրեթէ բոլորս մեր անձին համար շատ քիչ ժամանակ կը գտնենք։ Կրնանք զգալ թէ առօրեայ իրադարձութիւնները ուժեղ հոսանքի մէջ գտնուող ճիւղի մը նման մեզ կը քշեն։ Այլաբանօրէն խօսելով, հոսանքին դէմ պէտք է պայքարինք, եւ հանդարտ ու փոքր կղզի մը փնտռենք։ Չենք կրնար պարզապէս սպասել որ ուսումնասիրութեան պատեհութիւն մը ներկայանայ։ Փոխարէն, պէտք է պարագան հակակշռի տակ առնենք, ուսումնասիրութեան համար ժամանակ յատկացնելով։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Ոմանք առտուն կարճ ժամանակ մը կը յատկացնեն, քանի որ աւելի նուազ զբաղումներ կ’ըլլան։ Ուրիշներ նկատած են թէ երեկոները աւելի լաւ պատեհութիւններ կը ներկայացնեն։ Բուն կէտը այն է որ Աստուծոյ ու իր Որդւոյն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալու կենսական կարիքը պէտք չէ անտեսենք։ (Յովհաննու 17։3) Հետեւաբար, անձնական ուսումնասիրութեան համար ժամանակ յայտագրենք, ապա այդ յայտագրին կառչինք։

17. Ի՞նչ է խորհրդածութիւնը, եւ անիկա ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ։

17 Խորհրդածութիւնը՝ մեր մտքին մէջ մեր սորված բաները որոճալը՝ թանկարժէք է։ Անիկա մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ խորհուրդները տպագրուած էջէն հանելու եւ մեր սրտին հասցնելու։ Խորհրդածութիւնը մեզի կ’օգնէ գիտնալու սուրբ գրային խրատ մը կիրարկելու կերպը, որպէսզի ‘խօսքը կատարողներ ըլլանք, եւ ոչ միայն լսողներ’։ (Յակոբու 1։22-25) Ասկէ զատ, խորհրդածութիւնը մեզի կ’օգնէ Եհովայի ա՛լ աւելի մօտենալու, քանի որ մեզ կարող կը դարձնէ մտածելու իր յատկութիւններուն մասին եւ թէ անոնք ի՛նչպէս աչքառու դարձուած են ուսումնասիրութեան ընթացքին նկատի առնուած նիւթերուն մէջ։

18. Ազդու խորհրդածութեան համար ի՞նչ պայմաններ կը պահանջուին։

18 Ուսումնասիրութենէն եւ խորհրդածութենէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է ջանանք մտացրիւ չըլլալ։ Խոկալու ընթացքին նոր տեղեկութիւններ իւրացնելու համար, պէտք է մեր միտքը հեռացնենք առօրեայ կեանքի զբաղումներէն։ Ասիկա ընելը ժամանակ եւ առանձնութիւն կը պահանջէ, սակայն, որքա՜ն թարմացուցիչ է Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող հոգեւոր սնունդէն ուտելը եւ ճշմարտութեան ջուրերէն խմելը։

19. (ա) Անձնական ուսումնասիրութեան նկատմամբ, ոմանց ի՞նչ բան օգնած է որ իրենց կեդրոնացման տեւողութիւնը աւելցնեն։ (բ) Ուսումնասիրութեան հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք, եւ այս կարեւոր գործունէութենէն ի՞նչ օգուտներ կրնանք քաղել։

19 Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մեր կեդրոնացման տեւողութիւնը կարճ է եւ ուսումնասիրելու սկսելէ ետք մեր միտքը շուտով կը թափառի։ Ոմանք գտած են թէ ուսումնասիրութեան ընթացքին իրենց կեդրոնացման կարողութիւնը կրնան աւելցնել, նախ ուսումնասիրութեան կարճ պահեր ունենալով, ապա աստիճանաբար զանոնք երկարելով։ Մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ բաւարար ժամանակ տրամադրել ուսումնասիրութեան, փոխանակ հապճեպով ուսումնասիրել։ Նկատի առնուած նիւթին հանդէպ սուր հետաքրքրութիւն պէտք է մշակենք։ Կրնանք յաւելեալ պրպտումներ ընել, գործածելով հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ հայթայթուած բազմաթիւ գրականութիւնները։ ‘Աստուծոյ խորունկ բաներուն’ թափանցելը մեծ օգուտներ կը բերէ։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Անիկա Աստուծոյ մասին մեր գիտութիւնը կ’աւելցնէ ու մեր ըմբռնողութիւնը կը զարգացնէ։ (Եբրայեցիս 5։14) Եթէ Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտներն ենք, նաեւ «ուրիշներուն սորվեցնել»ու որակելի պիտի ըլլանք։—Բ. Տիմոթէոս 2։2

20. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովա Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը մշակել եւ պահպանել։

20 Քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը եւ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելը, մեծապէս պիտի օգնեն մեզի որ Եհովայի հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը մշակենք եւ պահպանենք։ Բացայայտօրէն, այս էր պարագան սաղմոսերգուին, որ Աստուծոյ ըսաւ. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։ (Սաղմոս 119։97) Ամէն գնով, ուրեմն, կանոնաւորաբար ներկայ գտնուինք ժողովներուն եւ համաժողովներուն։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան եւ խորհրդածութեան համար ժամանակը ծախու առնենք։ Այս կերպով Աստուծոյ Խօսքին ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընելով’, առատապէս պիտի օրհնուինք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Եբրայեցիներուն յղուած նամակը հաւանաբար Հ.Դ. 61–ին գրուած էր։ Եթէ այս էր պարագան, ուրեմն շուրջ հինգ տարի ետքն էր որ Սեսդիոս Գաղիոսի բանակները Երուսաղէմը պաշարեցին։ Շատ չանցած այդ բանակները քաշուեցան, թոյլ տալով որ արթուն Քրիստոնեաները փախչին։ Անկէ չորս տարի ետք, Զօրավար Տիտոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող հռովմէական զօրքերը քաղաքը քարուքանդ ըրին։

Կը յիշէ՞ք

• Ինչո՞ւ կարգ մը Եբրայեցի Քրիստոնեաներ ճշմարիտ հաւատքէն կը հեռանային։

• Քրիստոնէական ժողովներուն ի՞նչպէս կրնանք մեր կեդրոնացումը պահպանել։

• Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն որ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութենէն եւ խորհրդածութենէն օգտուինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 9]

Եբրայեցի Քրիստոնեաները Երուսաղէմի մօտալուտ կործանումին նկատմամբ արթուն պէտք էր ըլլային

[Նկար՝ էջ 11]

Ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ քրիստոնէական ժողովներէն օգտուին