Արագիլէն դաս մը սորվիլ
Արագիլէն դաս մը սորվիլ
«ԱՐԱԳԻԼԸ անգամ օդին մէջ իր որոշ ժամանակը գիտէ . . . բայց իմ ժողովուրդս Տէրոջը դատաստանը չի գիտեր»։ (Երեմեայ 8։7) Այս խօսքերով, Երեմիա մարգարէն Եհովայի դատաստանը ծանուցանեց Յուդայի հաւատուրաց ժողովուրդին դէմ, որոնք իրենց Եհովա Աստուածը լքած էին եւ օտար չաստուածներու պաշտամունք կը մատուցանէին։ (Երեմեայ 7։18, 31) Երեմիա ինչո՞ւ արագիլը ընտրեց, անհաւատարիմ Հրեաներուն դաս մը սորվեցնելու համար։
Իսրայելացիներուն համար արագիլը, եւ յատկապէս ճերմակ արագիլը, սովորական երեւոյթ մըն էր, մինչ սուրբ գրային շրջաններէն անցնելով կը գաղթէր։ Այս մեծ ու բարձրասրունք թռչունին Եբրայերէն անունը, բառի մը իգական ձեւն է, որ կը նշանակէ՝ «հաւատարիմ. հաւատարիմ սէր ունեցող»։ Ասիկա տեղին է, քանի որ միւս թռչուններուն մեծամասնութեան հակառակը, արու եւ էգ ճերմակ արագիլները մինչեւ իրենց կեանքին վերջը կը մնան որպէս զոյգ։ Ջերմ շրջաններու մէջ ձմերելէ յետոյ, գրեթէ բոլոր արագիլները ամէն տարի կը վերադառնան, յաճախ նոյն բոյներուն զորս նախապէս գործածած էին։
Արագիլին բնազդային վարմունքը կարգ մը արտակարգ կերպերով հաւատարմութեան յատկութիւնը աչքառու կը դարձնէ։ Թէ՛ արու եւ թէ էգ արագիլները բաժին կը բերեն թուխս նստելու եւ ձագերը կերակրելու մէջ։ Our Magnificent Wildlife (Մեր Սքանչելի Կենդանական Աշխարհը) գիրքը կը բացատրէ. «Որպէս ծնողք, արագիլները բացառիկ կերպով հաւատարիմ են։ Գերմանիոյ մէջ, հայր արագիլ մը ելեկտրալարերու զարնուելով ելեկտրահար եղաւ։ Մայր արագիլը 3 օր առանձին շարունակեց թուխս նստիլ. միայն մէկ անգամ եւ կարճ ժամանակուան մը համար բոյնէն հեռացաւ, ուտելիք փնտռելու նպատակաւ։ . . . Ուրիշ պարագայ մը. երբ մայր արագիլը սպաննուեցաւ, հայր արագիլը ինք մեծցուց ձագերը»։
Արդարեւ, բնազդաբար իր կենսատեւ զոյգին հանդէպ հաւատարմութիւն, իսկ իր ձագերուն հանդէպ քնքուշ հոգատարութիւն ցուցաբերելով, արագիլը իր անուան համաձայն կ’ապրի. «հաւատարիմ»։ Հետեւաբար, արագիլի օրինակը զօրաւոր դաս մըն էր անհաւատարիմ ու կամակոր Իսրայելացիներուն համար։
Ներկայիս շատերու համար հաւատարմութիւնը ժամանակավրէպ գաղափար մըն է. սքանչելի բայց՝ անգործնական։ Ամուսնալուծման, լքումի, դրամաշորթութեան, եւ խաբեբայութեան այլ կերպերու ուռճացումը ցոյց կու տայ թէ հաւատարմութիւնը այլեւս արժեւորուած բան մը չէ։ Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչը բարձր արժէք կու տայ այն հաւատարմութեան, որ սէրէ ու ազնուութենէ մղուած կ’ըլլայ։ Անիկա Քրիստոնեաները կը յորդորէ որ ‘նոր անձնաւորութիւնը հագնին, որ Աստուծոյ կամքին պէս արդարութիւնով ու հաւատարմութիւնով ստեղծուած է’։ (Եփեսացիս 4։24, ՆԱ) Այո, նոր անձնաւորութիւնը մեզի կ’օգնէ հաւատարիմ ըլլալու, սակայն, հաւատարմութեան մասին նաեւ արագիլէն կրնանք դաս մը սորվիլ։