Ձեր ուսուցումը ազդո՞ւ է
Ձեր ուսուցումը ազդո՞ւ է
ԾՆՈՂՆԵՐ, երէցներ, բարի լուրը ծանուցանողներ. բոլորէն պահանջուած է ուսուցանողներ ըլլալ։ Ծնողներ կ’ուսուցանեն իրենց զաւակներուն, երէցներ՝ քրիստոնէական ժողովքի անդամներուն, իսկ բարի լուրի քարոզիչները՝ նոր հետաքրքրուած անհատներուն։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7. Մատթէոս 28։19, 20. Ա. Տիմոթէոս 4։13, 16) Ձեր ուսուցումը աւելի ազդու դարձնելու համար ի՞նչ կրնաք ընել։ Կերպերէն մէկը՝ կրնաք Աստուծոյ Խօսքին մէջ յիշուած ատակ ուսուցիչներուն օրինակն ու մեթոտը ընդօրինակել։ Եզրաս այսպիսի ուսուցիչ մըն էր։
Եզրասի Օրինակէն Սորվիլ
Եզրաս Ահարոնական քահանայ մըն էր, որ շուրջ 2,500 տարի առաջ ապրեցաւ Բաբելոնի մէջ։ Հ.Դ.Ա. 468–ին, ան Երուսաղէմ գնաց, հոն ապրող Հրեաներուն մէջ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ տանելու համար։ (Եզրասայ 7։1, 6, 12, 13) Այս ձեռնարկը իրմէ կը պահանջէր ժողովուրդին Աստուծոյ Օրէնքը սորվեցնել։ Եզրաս ի՞նչ ըրաւ վստահ ըլլալու համար որ իր ուսուցումը ազդու էր։ Ան քանի մը անհրաժեշտ քայլեր առաւ։ Նկատի առէք Եզրասայ 7։10–ի մէջ արձանագրուած հետեւեալ քայլերը.
«Եզրաս [1] իր սիրտը պատրաստեց՝ [2] որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու [3] կատարէ ու [4] օրէնքն [«արդարութիւնն», ՆԱ] ու կանոնները սորվեցնէ Իսրայէլին»։ Հակիրճօրէն ակնարկ մը նետենք այս քայլերէն իւրաքանչիւրին վրայ եւ տեսնենք թէ անոնցմէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ։
«Եզրաս Իր Սիրտը Պատրաստեց»
Ճիշդ ինչպէս որ հողագործը մաճ մը գործածելով նախ հողը կը պատրաստէ, հունտը ցանելէ առաջ, նմանապէս Եզրաս աղօթքով իր սիրտը պատրաստեց Աստուծոյ խօսքը ընկալելու համար։ (Եզրասայ 10։1) Ուրիշ խօսքով, ան իր ‘սիրտը բացաւ’ Եհովայի ուսուցումին։—Առակաց 2։2
Նմանապէս, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յովսափատ Թագաւոր ‘իր սիրտը Աստուած փնտռելու պատրաստեց’։ (Բ. Մնացորդաց 19։3) Ասոր հակառակը, Իսրայելացի սերունդ մը՝ «որոնց սիրտը չէ հաստատուած [«պատրաստուած», ՆԱ]», նկարագրուած է որպէս «կամակոր ու ապստամբ»։ (Սաղմոս 78։8) Եհովա կը տեսնէ «սրտին ծածուկ մարդը»։ (Ա. Պետրոս 3։4) Այո, ան «իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ»։ (Սաղմոս 25։9) Հետեւաբար, որքա՜ն կարեւոր է որ ներկայիս ուսուցանողները Եզրասի օրինակին հետեւին, նախ՝ աղօթքով իրենց սիրտը պատշաճ վիճակի մէջ բերելով։
«Որպէս զի Տէրոջը Օրէնքը Փնտռէ»
Ատակ ուսուցիչ մը ըլլալու համար, Եզրաս Աստուծոյ Խօսքին դիմեց։ Եթէ բժիշկի մը դիմէիք, ուշի ուշով անոր մտիկ պիտի չընէի՞ք, վստահ ըլլալու համար թէ անոր ըսածները եւ տուած դեղագիրը կը հասկնաք։ Անկասկած պիտի ընէիք, քանի որ ձեր առողջութիւնը վտանգի տակ է։ Հետեւաբար, որքա՜ն աւելի խոր ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ Եհովայի մեզի ըսած կամ դեղագրած բաներուն։ Ի վերջոյ, իր խրատները մեր կեանքին հետ կապ ունին։ (Մատթէոս 4։4. 24։45-47) Անշուշտ, բժիշկ մը կրնայ սխալիլ, բայց «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է»։ (Սաղմոս 19։7) Երբեք երկրորդ կարծիքի մը դիմելու կարիքը պիտի չունենանք։
Աստուածաշունչի Մնացորդաց գրքերը (որոնք Եզրաս սկիզբը գրեց որպէս մէկ հատոր) ցոյց կու տան թէ Եզրաս արդարեւ բծախնդիր աշակերտ մըն էր։ Այս գրքերը գրելու համար, ան զանազան աղբիւրներու դիմեց։ * Հրեաները, որոնք Բաբելոնէն վերջերս հասած էին, իրենց ազգային պատմութեան ամփոփումին կարիքը ունէին։ Անոնք իրենց կրօնքին տօնակատարութիւններուն, տաճարին մէջ կատարուող ծառայութեան եւ Ղեւտացիներու պարտականութիւններուն նկատմամբ անբաւարար գիտութիւն ունէին։ Անոնց համար սերնդաբանական արձանագրութիւնները շատ կենսական էին։ Եզրաս այս հարցերուն մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայեց։ Մինչեւ Մեսիային գալը, Հրեաները պէտք էր մնային որպէս ազգ մը, որ ունի երկիր մը, տաճար մը, քահանայութիւն մը եւ կառավարիչ մը։ Եզրասի հաւաքած տեղեկութիւններուն շնորհիւ, միութիւնն ու ճշմարիտ պաշտամունքը կրնային գոյատեւել։
Ուսումնասիրութեան ձեր սովորութիւնները ի՞նչպէս կը համեմատին Եզրասի սովորութիւններուն հետ։ Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն ուսումնասիրելը ձեզի պիտի օգնէ Աստուածաշունչը ազդու կերպով ուսուցանելու։
‘Տէրոջը Օրէնքը Փնտռեցէք’ Որպէս Ընտանիք
Եհովայի օրէնքը փնտռելը միայն անձնական ուսումնասիրութեան սահմանափակուած չէ։ Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնն ալ հոյակապ պատեհութիւն մըն է ասիկա ընելու։
Եանը ու Եուլիան, Հոլանտայէն ամոլ մը, իրենց երկու տղոց Աստուածաշունչէն բարձրաձայն կարդացած են անոնց ծնած օրէն ի վեր։ Ներկայիս, Իւօ 15 տարեկան է, իսկ Էտօ՝ 14 տարեկան։ Շաբաթը անգամ մը անոնք տակաւին ընտանեկան ուսումնասիրութիւն կ’ունենան։ Եան կը բացատրէ. «Մեր գլխաւոր նպատակակէտը՝ ուսումնասիրութեան ընթացքին շատ նիւթ ծածկել չէ, հապա՝ որ տղաքը նկատի առնուած նիւթը ըմբռնեն»։ Ան կ’աւելցնէ. «Տղաքը շատ պրպտում կ’ընեն։ Անոնք անծանօթ բառերու եւ սուրբ գրային անձնաւորութիւններու մասին փնտռտուք կ’ընեն. ե՛րբ ապրած են, ո՛վ էին, ի՛նչ գործով կը զբաղէին, եւայլն։ Կարդալ սորվելէն ի վեր, անոնք դիմած են Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ աշխատասիրութեան, բառարաններու եւ համայնագիտարաններու։ Ասիկա ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը շատ աւելի հաճելի դարձուցած է։ Տղաքը անհամբեր կը սպասեն ուսումնասիրութեան եւ պատրաստ կ’ըլլան»։ Յաւելեալ օգուտ մը. երկու տղաքներն ալ ներկայիս լաւագոյն նիշերը կը բերեն լեզուական դասերուն մէջ։
Հոլանտայէն ուրիշ զոյգ մը՝ Ճոն եւ Թինի, ուսումնասիրեցին իրենց տղուն՝ Իսլիի հետ (այժմ 24 տարեկան է եւ ռահվիրայութիւն կ’ընէ ուրիշ ժողովքի մը մէջ), եւ իրենց դուստրին՝ Լինտայի հետ (այժմ 20 տարեկան է եւ ամուսնացած է երիտասարդ եղբօր մը հետ)։ Սակայն, փոխանակ որոշ գրականութիւն մը ուսումնասիրելու սովորական հարց–պատասխանի մեթոտով, անոնք ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը զաւակներուն տարիքին ու կարիքներուն յարմարցուցին։ Անոնք ի՞նչ մեթոտ գործածեցին։
Ճոն կը բացատրէ թէ իր տղան ու աղջիկը հետաքրքրական նիւթ մը կ’ընտրէին «Հարցումներ Ընթերցողներէն» (Դիտարան–էն) եւ «Աստուածաշունչի Հայեցակէտը» յօդուածաշարքէն (Զարթի՛ր–էն)։ Ետքը իրենց պատրաստածը կը ներկայացնէին, որ միշտ ընտանեկան հետաքրքրական զրոյցներու դուռ կը բանար։ Այս կերպով զաւակները պրպտում ընելու եւ իրենց ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն մասին զրուցելու մէջ փորձառութիւն շահեցան։ Ձեր զաւակներուն հետ միասին ‘Եհովայի օրէնքը կը փնտռէ՞ք’։ Ասիկա ոչ միայն ուսուցանելու ձեր կարողութիւնը պիտի բարելաւէ, այլ նաեւ՝ ձեր զաւակներուն պիտի օգնէ որ աւելի ազդու ուսուցիչներ դառնան։
«Կատարէ»
Եզրաս իր սորվածը կիրարկեց։ Օրինակ, մինչ տակաւին Բաբելոնի մէջ էր, թերեւս սովորական ու կայուն կեանք մը կ’ապրէր։ Այսուհանդերձ, երբ անդրադարձաւ թէ կրնար հայրենիքի մէջ գտնուող իր ժողովուրդին օգնել, ան Բաբելոնի հանգստաւէտութիւնը փոխարինեց հեռաւոր Երուսաղէմ քաղաքով, անոր ներկայացուցած բոլոր անյարմարութիւններով, խնդիրներով եւ վտանգներով։ Բացայայտօրէն, Եզրաս ո՛չ միայն սուրբ գրային գիտութիւն կը հաւաքէր, այլ՝ պատրաստ էր իր սորվածը կիրարկելու։—Ա. Տիմոթէոս 3։13
Հետագային, մինչ Երուսաղէմի մէջ կը բնակէր, Եզրաս դարձեալ ցոյց տուաւ թէ իր սորվածը եւ սորվեցուցածը կը կիրարկէր։ Ասիկա բացայայտ դարձաւ երբ ան լսեց թէ Իսրայելացի տղամարդիկ հեթանոս կիներու հետ կ’ամուսնանային։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը մեզի կ’ըսէ թէ ան ‘իր հանդերձը ու վերարկուն պատռեց եւ գլխուն ու մօրուքին մազերը փետտեց ու ապշած նստեցաւ’։ Ան նոյնիսկ ‘ամչցաւ ու իր երեսը Եհովայի վերցնելու չհամարձակեցաւ’։—Եզրասայ 9։1-6
Աստուծոյ Օրէնքին ուսումնասիրութիւնը որքա՜ն ազդած էր իրեն։ Ժողովուրդին անհնազանդութեան ահռելի հետեւանքները Եզրասի բացայայտ էին։ Վերադարձած Հրեաներուն թիւը փոքր էր։ Եթէ անոնք խառնակ ամուսնութիւններու մէջ մտնէին, ի վերջոյ կրնային զիրենք շրջապատող հեթանոս ազգերուն հետ ձուլուիլ, իսկ ճշմարիտ պաշտամունքը կրնար երկրի երեսէն դիւրաւ ջնջուիլ։
Բարեբախտաբար, Եզրասի աստուածավախութեան եւ նախանձախնդրութեան օրինակը մղեց Իսրայելացիները որ իրենց ճամբաները սրբագրեն։ Անոնք իրենց օտար կիներէն ձերբազատուեցան։ Երեք ամսուան ընթացքին ամէն ինչ կարգի դրուած էր։ Աստուծոյ Օրէնքին հանդէպ Եզրասի հաւատարմութիւնը իր ուսուցումը ազդու դարձնելու մէջ մեծ դեր խաղցաւ։
Ներկայիս պարագան նոյնն է։ Քրիստոնեայ հայր մը ըսաւ. «Երախաները ըսածիդ պէս չեն ըներ. անոնք ըրածիդ պէս կ’ընեն»։ Նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Երէցներ որոնք լաւ օրինակ կը հանդիսանան, կրնան ակնկալել որ ժողովքը ընդառաջէ իրենց ուսուցումներուն։
«Արդարութիւնն ու Կանոնները Սորվեցնէ Իսրայէլին»
Տակաւին ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ թէ Եզրասի ուսուցումը ինչո՛ւ ազդու էր։ Ան իր գաղափարները չսորվեցուց, այլ՝ «արդարութիւնն ու կանոնները»։ Այսինքն՝ Եհովայի կանոնները, կամ օրէնքները։ Ասիկա իր քահանայական պատասխանատուութիւնն էր։ (Մաղաքեայ 2։7) Ան նաեւ արդարութիւն սորվեցուց եւ իր սորվեցուցած բաներուն նկատմամբ օրինակ հանդիսացաւ, չափանիշի մը համաձայն՝ արդար ու անաչառ կերպով օրէնքներու կառչելով։ Երբ հեղինակութիւն ունեցողները արդարութիւն կը ցուցաբերեն, կայունութիւն կը ստեղծուի եւ մնայուն արդիւնքներ յառաջ կու գան։ (Առակաց 29։4) Նմանապէս, Աստուծոյ Խօսքին քաջածանօթ եղող Քրիստոնեայ երէցներ, ծնողներ եւ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ, հոգեւոր կայունութիւն մը պիտի ստեղծեն, երբ Եհովայի կանոններն ու արդարութիւնը սորվեցնեն ժողովքին մէջ, իրենց ընտանիքներուն մէջ, եւ հետաքրքրուած անհատներուն։
Չէ՞ք համաձայնիր թէ ձեր ուսուցումը կրնայ աւելի ազդու ըլլալ, երբ լիովին ընդօրինակէք հաւատարիմ Եզրասի օրինակը։ Հետեւաբար, ‘ձեր սիրտը պատրաստեցէք, Տէրոջը օրէնքը փնտռեցէք, զայն կատարեցէք ու Եհովայի արդարութիւնն ու կանոնները սորվեցուցէք’։—Եզրասայ 7։10, ՆԱ
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 11 20 աղբիւրներու ցանկ մը կարելի է գտնել Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ աշխատասիրութեան մէջ, Հատոր Ա., էջ 444-445, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 10]
Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԵԶՐԱՍԻ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ ԱԶԴՈՒ ԴԱՐՁՈՒՑ
1. Ան իր սիրտը պատշաճ վիճակի մը մէջ բերաւ
2. Ան Եհովայի Օրէնքը փնտռեց
3. Իր սորվածը կիրարկելու մէջ հոյակապ օրինակ մը հանդիսացաւ
4. Ժրաջանօրէն ուսումնասիրեց, սուրբ գրային տեսակէտը ուսուցանելու միտումով