Եհովան մեր Ապաւէնն է
Եհովան մեր Ապաւէնն է
«Որովհետեւ դուն [ըսիր] Տէրը՝ իմ Ապաւէնս [է], . . . քեզի չարիք պիտի չհասնի»։—ՍԱՂՄՈՍ 91։9, 10
1. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովան մեր ապաւէնն է։
ԵՀՈՎԱ իր ժողովուրդին համար իսկական ապաւէն է։ Եթէ լիովին իրեն նուիրուած անհատներ ենք, կրնայ ըլլալ որ «ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք. հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան մեզի «գերազանց զօրութիւն» կու տայ։ (Բ. Կորնթացիս 4։7-9, Տրապիզոն) Այո, մեր երկնաւոր Հայրը մեզի կ’օգնէ բարեպաշտ կեանք մը վարելու, իսկ սաղմոսերգուին խօսքերը կրնան մեզ սրտապնդել. «Որովհետեւ դուն [ըսիր] Տէրը՝ իմ Ապաւէնս [է], Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր, քեզի չարիք պիտի չհասնի»։—Սաղմոս 91։9, 10
2. Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Սաղմոս 91–ի մասին, եւ անիկա ի՞նչ կը խոստանայ։
2 Սաղմոս 91–ի այս խօսքերը թերեւս գրուած են Մովսէսի կողմէ։ Մակագրութիւն մը զինք կը յիշէ որպէս 90–րդ Սաղմոսը յօրինողը, իսկ Սաղմոս 91–ը անոր կը յաջորդէ առանց ոչ մէկ խօսք ըսելու ուրիշ գրողի մը մասին։ Թերեւս Սաղմոս 91–ը փոխերգութեամբ կ’երգուէր. այսինքն, թերեւս անհատ մը կը մեներգէր (91։1, 2), ապա երգչախումբ մը կը պատասխանէր (91։3-8)։ Հաւանաբար, անկէ ետք մէկ հոգի կը մեներգէր (91։9ա), որու կը յաջորդէր երգչախումբ մը (91։9բ-13)։ Ապա թերեւս մէկ հոգի կը մեներգէր վերջին խօսքերը (91։14-16)։ Ամէն պարագայի, 91–րդ Սաղմոսը հոգեւոր ապահովութիւն կը խոստանայ օծեալ Քրիստոնեաներուն՝ որպէս դասակարգ, եւ նման երաշխիք մը կու տայ անոնց նուիրեալ ընկերակիցներուն՝ որպէս խումբ։ * Այժմ այս սաղմոսը նկատի առնենք Եհովայի ծառաներուն տեսանկիւնէն։
Ապահով՝ ‘Աստուծոյ Ծածկոցին’ Տակ
3. (ա) «Բարձրելոյն ծածկոց»ը ի՞նչ է։ (բ) ‘Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ հանգչելով’ ի՞նչ կը վայելենք։
3 Սաղմոսերգուն կը տաղերգէ. «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։ Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. ‘Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ’»։ (Սաղմոս 91։1, 2) «Բարձրելոյն ծածկոց»ը պաշտպանութեան այլաբանական տեղ մըն է մեզի համար, եւ մանաւանդ օծեալներուն՝ որոնք Բանսարկուին գլխաւոր թիրախն են։ (Յայտնութիւն 12։15-17) Ան բոլորս կը կործանէր, եթէ չվայելէինք Աստուծոյ քով իջեւանող հոգեւոր հիւրերու պաշտպանութիւնը։ ‘Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ հանգչելով’, Աստուծոյ պաշտպանողական շուքը, կամ հովանին կը վայելենք։ (Սաղմոս 15։1, 2. 121։5) Մեր Գերիշխան Տէր Եհովայէ զատ, չկայ աւելի ապահով ապաւէն կամ անառիկ ամրոց մը։—Առակաց 18։10
4. «Որսորդ»ը՝ Սատանան՝ ի՞նչ հնարքներ կը գործածէ, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոնցմէ ազատիլ։
4 Սաղմոսերգուն կ’աւելցնէ. «Արդարեւ ան [Եհովան] պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն, ապականիչ [«նեղութիւններ պատճառող», ՆԱ] ժանտամահէն»։ (Սաղմոս 91։3) Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, որսորդ մը յաճախ թռչուններ կը բռնէր, թակարդներ կամ ծուղակներ գործածելով։ «Որսորդին»՝ Սատանայի՝ թակարդները կը պարփակեն իր ամբարիշտ կազմակերպութիւնն ու «նենգամիտ արարքներ»ը։ (Եփեսացիս 6։11, ՆԱ, ստորանիշ) Գաղտուկ որոգայթներ մեր ճամբուն վրայ լարուած են, մեզ ամբարշտութեան հրապուրելու եւ հոգեւորապէս կործանելու համար։ (Սաղմոս 142։3) Սակայն, քանի որ անիրաւութիւնը մերժած ենք, ‘մեր անձերը ճնճղուկի պէս որսորդներուն որոգայթէն կ’ազատին’։ (Սաղմոս 124։7, 8) Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովա մեզ կ’ազատէ չար «որսորդ»էն։—Մատթէոս 6։13
5, 6. Ի՞նչ «ժանտամահ» «նեղութիւններ» պատճառած է, սակայն, Եհովայի ժողովուրդը ինչո՞ւ անոր տեղի չեն տար։
5 Սաղմոսերգուն կը յիշէ «նեղութիւններ պատճառող ժանտամահ»ը։ Փոխանցիկ համաճարակի մը նման, կայ բան մը որ մարդկային ընտանիքին եւ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովողներուն «նեղութիւններ» կը պատճառէ։ Այս առնչութեամբ, պատմաբան Արնոլտ Թոյնպի գրեց. «Բ. Համաշխարհային Պատերազմը լրանալէն ասդին, ազգայնականութիւնը կրկնապատկած է գերիշխան ու անկախ պետութիւններու թիւը . . . Մարդկութեան ներկայ տրամադրութիւնը հետզհետէ բաժանումներ կը ստեղծէ»։
6 Դարերու ընթացքին, կարգ մը կառավարիչներ միջազգային պառակտիչ պատերազմներ հրահրած են։ Անոնք նաեւ պահանջած են որ ակնածանք տրուի իրենց կամ զանազան պատկերներու կամ խորհրդանիշերու։ Սակայն Եհովա երբեք թոյլ չէ տուած որ իր հաւատարիմ ծառաները այսպիսի «ժանտամահ»ի մը տեղի տան։ (Դանիէլ 3։1, 2, 20-27. 6։7-10, 16-22) Միջազգային սիրալիր եղբայրակցութիւն մը ըլլալով, Եհովայի բացարձակ պաշտամունք կու տանք, սուրբ գրային չէզոքութիւն կը պահենք, եւ անաչառօրէն կը գիտակցինք թէ «ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ [Աստուծմէ] կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35. Ելից 20։4-6. Յովհաննու 13։34, 35. 17։16. Ա. Պետրոս 5։8, 9) Թէեւ որպէս Քրիստոնեաներ հալածանքի ձեւով «նեղութիւններ»է կը տառապինք, սակայն, ուրախ եւ հոգեւորապէս ապահով ենք «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ»։
7. Եհովա ի՞նչպէս մեզ կը պաշտպանէ «իր փետուրներովը»։
7 Եհովան մեր ապաւէնը ունենալով, հետեւեալ խօսքերէն մխիթարութիւն կը ստանանք. «Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս։ Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար [«պատնէշ», ՆԱ] մը պիտի ըլլայ քեզի»։ (Սաղմոս 91։4) Աստուած մեզ կը պաշտպանէ, ինչպէս որ թռչուն մը իր ձագերը պաշտպանելու համար անոնց վերեւ կը սաւառնի։ (Եսայեայ 31։5) ‘Իր փետուրներով մեզ կը ծածկէ’։ Ընդհանուր առմամբ խօսելով, թռչունի մը «փետուրներ»ը իր թեւերն են։ Անոնցմով թռչունը իր ձագերը կը ծածկէ, զանոնք գիշատիչներէն պաշտպանելու համար։ Ձագերու նման, Եհովայի այլաբանական փետուրներուն տակ ապահով ենք, քանի որ իր ճշմարիտ քրիստոնէական կազմակերպութեան մէջ ապաստանած ենք։—Հռութայ 2։12. Սաղմոս 5։1, 11
8. Ի՞նչպէս Եհովայի «ճշմարտութիւնը» մեծ վահան եւ պատնէշ մըն է։
8 ‘Ճշմարտութեան’ կամ հաւատարմութեան կը վստահինք։ Անիկա վաղեմի ժամանակներու մեծ վահանի մը նման է, որ յաճախ դրան մը ձեւը ունէր եւ անհատի մը ամբողջ մարմինը ծածկելու չափ բաւական մեծ կ’ըլլար։ (Սաղմոս 5։12) Այսպիսի պաշտպանութեան վստահիլը մեզ վախէ զերծ կ’ընէ։ (Ծննդոց 15։1. Սաղմոս 84։11) Մեր հաւատքին նման, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը պաշտպանութեան մեծ վահան մըն է, որ կը կեցնէ Սատանայի կրակոտ նետերը եւ կը հեռացնէ թշնամիին հարուածները։ (Եփեսացիս 6։16) Անիկա նաեւ պատնէշ մըն է, զօրաւոր պաշտպանողական թումբ մը, որու ետեւ կրնանք հաստատ կենալ։
‘Պիտի Չվախնանք’
9. Ինչո՞ւ գիշերը կրնայ վախազդու ժամանակ մը ըլլալ, սակայն, ինչո՞ւ չենք վախնար։
9 Աստուծոյ պաշտպանութեան ի տես, սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն ու ցորեկը՝ թռչող նետէն, ոչ ալ՝ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն ու կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն»։ (Սաղմոս 91։5, 6) Քանի որ բազմաթիւ գէշ արարքներ կը կատարուին մթութեան ծածկոցին տակ, գիշերը կրնայ վախազդու ժամանակ մը ըլլալ։ Այժմ երկիրը ծածկող հոգեւոր խաւարին մէջ, մեր թշնամիները յաճախ խաբեբայ արարքներու կը դիմեն, մեր հոգեւորականութիւնը կործանելու եւ մեր քարոզչութիւնը դադրեցնելու համար։ Սակայն, ‘մենք չենք վախնար գիշերուան զարհուրանքէն’, քանի որ Եհովան մեզ կը պահպանէ։—Սաղմոս 64։1, 2. 121։4. Եսայեայ 60։2
10. (ա) «Ցորեկը՝ թռչող նետ»ը ի՞նչ բանի կրնայ ակնարկել, եւ ի՛նչպէս կը հակազդենք անոր։ (բ) «Մութ տեղը պտըտող ժանտամահ»ին բնոյթը ի՞նչ է, եւ ինչո՛ւ անկէ չենք վախնար։
10 Կը թուի թէ «ցորեկը՝ թռչող նետ»ը բառացի յարձակումին կ’ակնարկէ։ (Սաղմոս 64։3-5. 94։20) Մինչ կը յարատեւենք ճշգրիտ տեղեկութիւններ ներկայացնել, մեր սրբազան ծառայութեան հանդէպ այսպիսի բացայայտ հակառակութիւն ապարդիւն կ’ըլլայ։ Ասկէ զատ, «մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն» չենք վախնար։ Ասիկա այլաբանական ժանտամահ մըն է, որ կը սնուցանուի բարոյապէս ու կրօնապէս հիւանդ՝ Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող՝ այս աշխարհին մթութեան տակ։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Անիկա յառաջ կը բերէ մտքի ու սրտի մահացու վիճակ մը, մարդիկը խաւարի մէջ ձգելով՝ Եհովայի, իր նպատակներուն եւ իր սիրալիր կարգադրութիւններուն նկատմամբ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։4) Այս խաւարին մէջ չենք վախնար, քանի որ բաւարար հոգեւոր լոյս կը վայելենք։—Սաղմոս 43։3
11. Ի՞նչ կը պատահի ‘կէսօրուան ատեն հարուած’ ստացողներուն։
Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21) Մինչ Թագաւորութեան պատգամը խիզախօրէն կը ծանուցանենք, մեր թշնամիներէն ոեւէ մէկէն չենք վախնար, քանի որ Եհովան է մեր Պաշտպանը։—Սաղմոս 64։1. Առակաց 3։25, 26
11 «Կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուած»ն ալ մեզ չի վախցներ։ «Կէսօր»ը կրնայ ակնարկել այս աշխարհի այդպէս կոչուած լուսաւորման։ Անոր նիւթապաշտական տեսակէտներուն անձնատուր եղողները հոգեւոր կործանումի կը հանդիպին։ (12. Հազարաւորներ որո՞ւ կողքին ‘կ’իյնան’ եւ ի՛նչ կերպով։
12 Սաղմոսերգուն կը շարունակէ. «Հազար հոգի քու քովէդ ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան, բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։ Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս ու ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես»։ (Սաղմոս 91։7, 8) Քանի որ կը թերանան Եհովան իրենց ապաւէնը ընելու մէջ, շատեր հոգեւոր մահուան մէջ ‘կ’իյնան’ մեր «քով»ը։ Իրականութեան մէջ, «տասը հազար» ինկած են, ներկայ հոգեւոր Իսրայելացիներու «աջ կողմը»։ (Գաղատացիս 6։16) Սակայն, ըլլանք օծեալ Քրիստոնեաներ թէ անոնց նուիրեալ ընկերակիցները, Աստուծոյ «ծածկոց»ին տակ ապահով ենք։ Պարզապէս ‘կը նայինք ու ամբարիշտներուն հատուցումը կը տեսնենք’, որոնք դժուարութիւններ կը հնձեն՝ առեւտրական, կրօնական եւ այլ կերպերով։—Գաղատացիս 6։7, 8
‘Մեզի Չարիք Պիտի Չհասնի’
13. Ի՞նչպիսի չարիքներ մեր վրայ չեն հասնիր եւ ինչո՛ւ։
13 Թէեւ այս աշխարհի ապահովութիւնը կը քայքայուի, սակայն մենք Աստուած առաջին տեղը կը դնենք եւ սաղմոսերգուին խօսքերով կը քաջալերուինք. «Որովհետեւ դուն [ըսիր] Տէրը՝ իմ Ապաւէնս [է], Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր, քեզի չարիք պիտի չհասնի եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ»։ (Սաղմոս 91։9, 10) Այո, Եհովան մեր ապաւէնն է։ Սակայն, Բարձրեալ Աստուածը նաեւ մեր «ապաստանարան»ը կ’ընենք, հո՛ն ուր ապահովութիւն կը գտնենք։ Եհովան կը փառաբանենք որպէս Տիեզերքի Գերիշխանը, անոր քով ‘կ’ապաստանինք’ որպէս մեր ապահովութեան Աղբիւրը, եւ իր Թագաւորութեան բարի լուրը կը ծանուցանենք։ (Մատթէոս 24։14) Հետեւաբար, ‘մեզի չարիք պիտի չհասնի’. այս սաղմոսին մէջ նախապէս նկարագրուած չարիքներէն ո՛չ մէկը։ Նոյնիսկ երբ ուրիշներու հետ մենք ալ կը տառապինք չարիքներէ, ինչպէս՝ երկրաշարժներէ, ոլորամրրիկներէ, ջրհեղեղներէ, սովերէ, եւ պատերազմի աւերներէ, ասոնք մեր հաւատքը կամ հոգեւոր ապահովութիւնը չեն կործաներ։
14. Որպէս Եհովայի ծառաներ, ինչո՞ւ մահացու պատուհասներով վարակուած չենք։
Ա. Պետրոս 2։11) ‘Անոնց բնակարանին հարուած մը պիտի չմօտենայ’։ Մեր յոյսը երկնային ըլլայ թէ երկրային, մենք այս աշխարհին մէկ մասը չենք, եւ վարակուած չենք մահացու հոգեւոր պատուհասներով, ինչպէս՝ անոր անբարոյութեամբ, նիւթապաշտութեամբ, սուտ կրօնքով, եւ «գազան»ին ու անոր «պատկեր»ին՝ Միացեալ Ազգերու՝ պաշտամունքով։—Յայտնութիւն 9։20, 21. 13։1-18. Յովհաննու 17։16
14 Օծեալ Քրիստոնեաները այս իրերու դրութենէն անջատ՝ վրաններու մէջ ապրող պանդուխտներու պէս են։ (15. Ի՞նչ կերպերով հրեշտակային օգնութիւն կը վայելենք։
15 Մեր վայելած պաշտպանութեան ակնարկելով, սաղմոսերգուն կ’աւելցնէ. «[Եհովա] իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն։ Անոնք ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես»։ (Սաղմոս 91։11, 12) Հրեշտակներուն զօրութիւն տրուած է որպէսզի մեզ պաշտպանեն։ (Դ. Թագաւորաց 6։17. Սաղմոս 34։7-9. 104։4. Մատթէոս 26։53. Ղուկաս 1։19) Անոնք մեր վրայ կը հսկեն ‘մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ’։ (Մատթէոս 18։10) Որպէս Թագաւորութեան ծանուցանողներ, հրեշտակային առաջնորդութիւն ու պաշտպանութիւն կը վայելենք, եւ հոգեւորապէս չենք սայթաքիր։ (Յայտնութիւն 14։6, 7) Նոյնիսկ ‘քարեր’, ինչպէս՝ մեր գործին վրայ դրուած արգելքներ, պատճառ չեն եղած որ սայթաքինք եւ Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնենք։
16. «Առիւծի» մը եւ «իժի» մը կողմէ կատարուած յարձակումները ի՞նչպէս իրարմէ կը տարբերին, եւ ի՛նչպէս կը հակազդենք անոնց։
16 Սաղմոսերգուն կը շարունակէ. «Առիւծի ու իժի վրայ պիտի քալես. առիւծի կորիւնը ու վիշապը [«մեծ օձը», ՆԱ] պիտի կոխկռտես»։ (Սաղմոս 91։13) Ճիշդ ինչպէս որ առիւծը ուղղակի յարձակում կը գործէ, մեր թշնամիներէն ոմանք իրենց հակառակութիւնը ցոյց կու տան, մեր քարոզչութիւնը դադրեցնելու նպատակաւ օրէնքներ դնելով։ Սակայն, իր պահուած տեղէն իժի մը անակնկալ յարձակումներուն նման յարձակումներ ալ կը կատարուին մեր վրայ։ Վարագոյրին ետեւ պահուըտած, կղերները երբեմն մեր վրայ յարձակում կը գործեն՝ օրէնսդիրներ, դատաւորներ եւ ուրիշ անհատներ գործածելով։ Սակայն, Եհովայի աջակցութեամբ, խաղաղ կերպով հանգստութիւն կը փնտռենք դատարաններու միջոցաւ, ‘աւետարանը ջատագովելով ու հաստատելով’։—Փիլիպպեցիս 1։7. Սաղմոս 94։14, 20-22
17. Ի՞նչպէս կրնանք «առիւծի կորիւնը» կոխկռտել։
17 Սաղմոսերգուն կը խօսի «առիւծի կորիւնը ու մեծ օձը» կոխկռտելու մասին։ Առիւծի կորիւն մը կրնայ բաւական կատաղի ըլլալ, եւ մեծ օձ մը կրնայ հսկայ սողուն մը ըլլալ։ (Եսայեայ 31։4) Առիւծի կորիւն մը ուղղակի յարձակման ատեն ո՛րքան ալ կատաղի ըլլայ, այլաբանօրէն զայն կը կոխկռտենք Աստուծոյ հնազանդելով, փոխանակ առիւծանման մարդոց կամ կազմակերպութիւններու հնազանդելու։ (Գործք 5։29) Ուստի, սպառնացող «առիւծ»ը հոգեւոր վնաս չի հասցներ մեզի։
18. «Մեծ օձը» մեզի ո՞վ կրնայ յիշեցնել, եւ ի՛նչ պէտք է ընենք երբ յարձակման ենթարկուինք։
18 Յունարէն Եօթանասնից–ին մէջ «մեծ օձը» կոչուած է «վիշապ»։ Ասիկա մեզի կրնայ յիշեցնել «մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի»։ (Յայտնութիւն 12։7-9. Ծննդոց 3։15) Անիկա վիթխարի սողուն մըն է, իր զոհը ճզմելու եւ կլլելու կարող։ (Երեմեայ 51։34) Երբ Սատանան փորձէ մեր վրայ փաթթուիլ, այս աշխարհի ճնշումներով մեզ ճզմել ու կլլել, ջանանք իրմէ ձերբազատուիլ եւ կոխկռտել այս «մեծ օձը»։ (Ա. Պետրոս 5։8) Օծեալ մնացորդին անդամները պէտք է ընեն ասիկա, եթէ պիտի մասնակցին Հռովմայեցիս 16։20–ի կատարումին։
Եհովա՝ Մեր Փրկութեան Աղբիւրը
19. Ինչո՞ւ Եհովայի կ’ապաւինինք։
19 Ճշմարիտ երկրպագուին ուղղուած Աստուծոյ խօսքերուն ակնարկելով, սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ, անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա. անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ»։ (Սաղմոս 91։14) «Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ» արտայայտութիւնը, բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «զինք բարձր տեղ մը պիտի դնեմ», այսինքն՝ անհասանելի տեղ մը։ Որպէս իր երկրպագուները Եհովայի կ’ապաւինինք, յատկապէս քանի որ ‘իրեն կը ցանկանք’։ (Մարկոս 12։29, 30. Ա. Յովհաննու 4։19) Իր կարգին, Աստուած մեզ ‘կը փրկէ’ մեր թշնամիներէն։ Երբեք երկրէն պիտի չոչնչանանք։ Փոխարէն, պիտի փրկուինք, քանի որ Աստուծոյ անունը գիտենք եւ հաւատքով զայն կը կանչենք։ (Հռովմայեցիս 10։11-13) Եւ վճռած ենք ‘յաւիտեանս յաւիտենից Եհովայի անունովը քալել’։—Միքիայ 4։5. Եսայեայ 43։10-12
20. Մինչ Սաղմոս 91–ը իր եզրափակութեան կը հասնի, Եհովա իր հաւատարիմ ծառային ի՞նչ կը խոստանայ։
20 Մինչ Սաղմոս 91–ը իր եզրափակութեան կը հասնի, Եհովա իր հաւատարիմ ծառային մասին կ’ըսէ. «Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ, նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ, պիտի ապրեցնեմ ու փառաւորեմ զանիկա, երկայն օրերով պիտի կշտացնեմ զանիկա ու իմ փրկութիւնս անոր պիտի ցուցնեմ»։ (Սաղմոս 91։15, 16) Երբ աղօթքով Աստուծմէ բան մը խնդրենք իր կամքին համաձայն, ան մեզի կը պատասխանէ։ (Ա. Յովհաննու 5։13-15) Արդէն իսկ բաւական նեղութիւններէ անցած ենք, Սատանայի հրահրած հակառակութեան պատճառաւ։ Սակայն, «նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ» խօսքը մեզ կը պատրաստէ ապագայ փորձութիւններու եւ մեզ կը վստահեցնէ թէ Աստուած մեզի նեցուկ պիտի կանգնի, երբ այս ամբարիշտ դրութիւնը կործանի։
21. Օծեալները ի՞նչպէս արդէն իսկ փառաւորուած են։
21 Ի հեճուկս Սատանայի վայրագ հակառակութեան, մեր մէջ գտնուող օծեալներուն մնացորդը երկինքի մէջ պիտի փառաւորուի Եհովայի կողմէ որոշուած ժամանակին, երկրի վրայ «երկայն օրեր» անցընելէ ետք։ Սակայն, Աստուծոյ աչքառու ազատագրութիւնները արդէն իսկ օծեալները հոգեւոր փառքի մէջ բերած են։ Իսկ իրենց համար ի՜նչ պատիւ է, որ որպէս Եհովայի Վկաներ երկրի վրայ առաջնորդութիւնը առնեն այս վերջին օրերուն։ (Եսայեայ 43։10-12) Եհովայի կողմէ իր ժողովուրդին մեծագոյն ազատագրութիւնը տեղի պիտի ունենայ իր մեծ պատերազմին՝ Արմագեդոնի ընթացքին, երբ ան իր գերիշխանութիւնը ջատագովէ եւ իր սուրբ անունը սրբացնէ։—Սաղմոս 83։18. Եզեկիէլ 38։23. Յայտնութիւն 16։14, 16
22. Որո՞նք ‘Եհովայի փրկութիւնը’ պիտի տեսնեն։
22 Ըլլանք օծեալ Քրիստոնեաներ կամ իրենց նուիրեալ ընկերակիցներ, փրկութեան համար Աստուծոյ կը նայինք։ «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան ընթացքին, հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայողները պիտի փրկուին։ (Յովելեայ 2։30-32) Մեզմէ անոնք որոնք «մեծ բազմութեան» մաս կազմելով պիտի վերապրին ու Աստուծոյ նոր աշխարհը պիտի մտնեն եւ վերջին փորձութեան ընթացքին հաւատարիմ պիտի մնան, Աստուած զանոնք «երկայն օրերով»՝ անվերջ կեանքով՝ ‘պիտի կշտացնէ’։ Ան նաեւ բազմութիւններու յարութիւն պիտի տայ։ (Յայտնութիւն 7։9. 20։7-15) Արդարեւ, Եհովա մեծապէս պիտի ուրախանայ, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ ‘մեզի փրկութիւն ցուցնելով’։ (Սաղմոս 3։8) Մեր դիմաց այսպիսի հոյակապ հեռանկարներ ունենալով, շարունակենք Եհովայի նայիլ որ մեզի օգնէ մեր օրերը համրելու իր փառքին համար։ Մեր խօսքերով ու արարքներով, շարունակենք ապացուցանել թէ Եհովան մեր ապաւէնն է։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գրողները Սաղմոս 91–ը որպէս մեսիական մարգարէութիւն չնկատեցին։ Անշուշտ, Եհովան ապաւէն եւ ամրոց մըն էր մարդ Յիսուս Քրիստոսի, ճիշդ ինչպէս որ է՝ այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ, Յիսուսի օծեալ հետեւորդներուն եւ անոնց նուիրեալ ընկերակիցներուն համար, որպէս խումբ։—Դանիէլ 12։4
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Ի՞նչ է «Բարձրելոյն ծածկոց»ը։
• Ինչո՞ւ չենք վախնար։
• Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ ‘մեզի չարիք պիտի չհասնի’։
• Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եհովան մեր փրկութեան աղբիւրն է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 17]
Գիտէ՞ք թէ Եհովայի ճշմարտութիւնը ի՛նչպէս մեծ վահան մըն է մեզի համար
[Նկարներ՝ էջ 18]
Եհովա իր ծառաներուն կ’օգնէ իրենց ծառայութիւնը կատարելու, ի հեճուկս անակնկալ յարձակումներու եւ հակառակութեան
[Նկարին աղբիւրը]
Cobra։ A. N. Jagannatha Rao, Trustee, Madras Snake Park Trust