Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ
Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ
«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ», կ’ըսէ Յակոբու 4։8–ը։ Որպէսզի Եհովա Աստուած ցոյց տայ թէ ինք որքա՛ն կ’ուզէ որ մարդիկ իր հետ սերտ յարաբերութիւն վայելեն, մեզի համար ան իր Որդին տուաւ։
ԱՅԴ սիրալիր նախաձեռնութեան ընդառաջելով, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Մենք զանիկա [Աստուած] կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց»։ (Ա. Յովհաննու 4։19) Սակայն, անձնապէս Աստուծոյ մօտենալու համար, որոշ քայլեր պէտք է առնենք։ Անոնք նման են նախորդ յօդուածին մէջ ուրուագծուած չորս քայլերուն, որոնցմով կը մօտենանք ընկեր արարածներու։ Այժմ, զանոնք քննենք։
Նկատեցէք Աստուծոյ Հոյակապ Յատկութիւնները
Աստուած բազմաթիւ հոյակապ յատկութիւններ ունի. անոնցմէ ամենէն յատկանշականներն են՝ իր սէրը, իմաստութիւնը, արդարութիւնն ու զօրութիւնը։ Իր իմաստութիւնն ու զօրութիւնը առատօրէն կը յայտնաբերուին թէ՛ հեռաւոր տիեզերքին մէջ եւ թէ մեր շուրջ գտնուող աշխարհին մէջ, հզօր հոյախումբերէն՝ մինչեւ փոքրագոյն հիւլէներուն մէջ։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ եւ երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ»։—Սաղմոս 19։1. Հռովմայեցիս 1։20
Ստեղծագործութիւնը նաեւ Աստուծոյ սէրը կը ցոլացնէ։ Մեր շինուած կերպը, զոր օրինակ, ցոյց կու տայ թէ Աստուած կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք։ Ան մեզի կարողութիւն տուաւ գոյներ տեսնելու, համտեսելու եւ հոտոտալու, երաժշտութիւնը գնահատելու, խնդալու, գեղեցկութիւնը վայելելու, նաեւ տուաւ շատ մը ուրիշ ատակութիւններ եւ յատկանիշներ, որոնք ապրելու համար ուղղակիօրէն կենսական չեն։ Այո, Աստուած իրապէս առատաձեռն, ազնիւ եւ սիրալիր է. յատկութիւններ՝ որոնք անկասկած կը նպաստեն իր ‘երանելի Աստուած’ մը ըլլալուն։—Ա. Տիմոթէոս 1։11. Գործք 20։35
Եհովա կը պարծենայ այն իրողութեամբ, թէ իր գերիշխանութեան գործադրութիւնը եւ իր մտացի արարածներուն անոր թիկունք կանգնիլը, գլխաւորաբար սիրոյ վրայ հիմնուած են։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Ճիշդ է որ Եհովա Տիեզերքի Գերիշխանն է, սակայն, մարդոց հետ, մանաւանդ իր հաւատարիմ ծառաներուն հետ, ան կը վարուի ինչպէս որ սիրալիր հայր մը պիտի վարուէր իր զաւակներուն հետ։ (Մատթէոս 5։45) Ան իրենց օգտակար եղող որեւէ բան չի խնայեր։ (Հռովմայեցիս 8։38, 39) Ինչպէս յիշուեցաւ, ան նոյնիսկ իր միածին Որդւոյն կեանքը տուաւ մեզի համար։ Այո, մեր գոյութեան եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենալուն պատճառը՝ Աստուծոյ սէրն է։—Յովհաննու 3։16
Յիսուս Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին խոր ներատեսութիւն շնորհեց մեզի, քանի որ ան կատարելապէս իր Հայրը ընդօրինակեց։ (Յովհաննու 14։9-11) Ան բոլորովին անձնուրաց, փափկանկատ եւ նկատառու էր։ Առիթով մը, Յիսուսի խուլ եւ դժուարախօս մարդ մը ներկայացուցին։ Երեւակայեցէք թէ մարդը որքա՜ն անհանգիստ զգացած ըլլալու էր ամբոխին մէջ։ Հետաքրքրականօրէն, Յիսուս մարդը առանձին տեղ մը տարաւ եւ հոն զինք բժշկեց։ (Մարկոս 7։32-35) Ձեր զգացումներուն հանդէպ զգայուն եղող եւ ձեր արժանապատուութիւնը յարգող անհատները կը գնահատէ՞ք։ Եթէ այո, այն ատեն վստահաբար Եհովայի եւ Յիսուսի պիտի մօտենաք, մինչ անոնց մասին աւելի կը սորվիք։
Աստուծոյ Յատկութիւններուն Մասին Մտածեցէք
Անհատ մը սքանչելի յատկութիւններ կրնայ ունենալ, սակայն, այս անհատին մասին պէտք է մտածե՛նք որպէսզի կարենանք անոր մօտենալ։ Նոյնը կը կիրարկուի Եհովայի։ Իր յատկութիւններուն մասին խոկալը, իրեն մօտենալու կենսական երկրորդ քայլն է։ Դաւիթ Թագաւոր՝ Եհովան սրտանց սիրող եւ ‘[Եհովայի] սրտին համեմատ’ մարդ մը՝ ըսաւ. «Նախկին օրերը կը յիշեմ, քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ [«խոկամ», ՆԱ], քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ»։—Գործք 13։22. Սաղմոս 143։5
Երբ ստեղծագործութեան հրաշալիքները կը դիտէք կամ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կը կարդաք, դուք ալ Դաւիթի նման ձեր տեսածին եւ կարդացածին մասին կը խոկա՞ք։ Երեւակայեցէք զաւակ մը որ տակաւին նոր ստացած է նամակ մը իր հօրմէն, որու հանդէպ խոր խանդաղատանք ունի։ Ան այս նամակը ի՞նչ աչքով պէտք է դիտէ։ Վստահաբար, ան նամակին բովանդակութեան վրայ պարզապէս ակնարկ մը նետելով, զայն դարակին մէջ պիտի չշպրտէ։ Ընդհակառակը, զայն պիտի ուսումնասիրէ, անկէ ամէն մանրամասնութիւն քաղելով եւ անոր երփներանգները տեսնելով։ Նմանապէս, Աստուծոյ Խօսքը մեր աչքին արժէքաւոր պէտք է ըլլայ, ինչպէս որ էր սաղմոսերգուին համար, որ երգեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։—Լաւ Հաղորդակցութիւն Պահպանեցէք
Լաւ հաղորդակցութիւնը որեւէ յարաբերութեան մը ծուծն է։ Անիկա կը պարփակէ խօսիլ եւ մտիկ ընել, ոչ թէ միայն մտքով, այլ նաեւ սրտով։ Ստեղծիչին հետ կը խօսինք աղօթքի միջոցաւ, որ երկիւղած խօսակցութիւն մըն է Աստուծոյ հետ։ Եհովան զինք սիրող եւ իրեն ծառայող, նաեւ Յիսուս Քրիստոսը որպէս Իր գլխաւոր ներկայացուցիչը ընդունող անհատներուն աղօթքներէն հաճոյք կ’առնէ։—Սաղմոս 65։2. Յովհաննու 14։6, 14
Անցեալին, Աստուած մարդոց խօսեցաւ զանազան կերպերով, ի ներառեալ տեսիլքներու, երազներու, եւ հրեշտակներու միջոցաւ։ Սակայն, ներկայիս, ան կը խօսի իր գրաւոր Խօսքին՝ Սուրբ Աստուածաշունչին՝ միջոցաւ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Գրաւոր Խօսքը բազմաթիւ առաւելութիւններ ունի։ Անոր կրնանք դիմել որեւէ ժամանակ։ Նամակի մը նման, կրնանք զայն բազմաթիւ անգամներ հաճոյքով կարդալ։ Անիկա ենթակայ չէ այն խեղաթիւրումներուն, որոնք յաճախ կը յատկանշեն բերնէ բերան փոխանցուած պատմութիւնները։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչին մասին խորհեցէք որպէս ձեր սիրալիր Հօրմէն ստացած նամակներու մեծ հաւաքածոյ մը, եւ թոյլ տուէք որ ան ասոնց ընդմէջէն ամէն օր ձեզի խօսի։—Մատթէոս 4։4
Զոր օրինակ, Աստուածաշունչը շիտակի եւ սխալի նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը կը յայտնէ։ Անիկա կը բացատրէ մարդկութեան եւ երկրի նկատմամբ իր նպատակը։ Նաեւ բազմաթիւ մարդոց եւ ազգերու հետ իր ունեցած գործառնութիւնները կը յայտնէ՝ սկսեալ իր հաւատարիմ երկրպագուներէն, մինչեւ իր դառն թշնամիները։ Մարդոց հետ իր գործառնութիւնները այս կերպով արձանագրել տալով, Եհովա մեզի իր անձնաւորութեան մասին յատկանշականօրէն մանրամասն պատկեր մը գծած է։ Ան կը յայտնէ իր սէրը, ուրախութիւնը, վիշտը, յուսախաբութիւնը, բարկութիւնը, ողորմութիւնը, հետաքրքրութիւնը, այո՛, իր խորհուրդներուն եւ զգացումներուն համակ տարողութիւնը, եւ անոնց ետին գտնուող պատճառները. ան այս բոլորը կ’ընէ մարդոց դիւրահասկնալի կերպով մը։—Սաղմոս 78։3-7
Աստուծոյ Խօսքէն հատուած մը կարդալէ ետք, ի՞նչպէս կրնաք ձեր կարդացածէն օգտուիլ։ Իսկ յատկապէս, ի՞նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ։ Նախ՝ որպէս անձնաւորութիւն Աստուծոյ մասին ձեր կարդացած եւ սորված բաներուն մասին խորհեցէք, թոյլ տալով որ այս կէտերը ձեր սրտին հասնին։ Ապա աղօթքով Եհովայի արտայայտեցէք ձեր կարդացած նիւթին առնչութեամբ ձեր խորհուրդներն ու ամենաներքին զգացումները, եւ թէ ի՛նչպէս պիտի ջանաք անկէ օգտուիլ։ Ասոր կ’ըսեն հաղորդակցութիւն։ Անշուշտ, եթէ ձեր մտքին մէջ ուրիշ բաներ ալ կան, վստահօրէն կրնաք զանոնք ձեր աղօթքին մէջ պարփակել։
Աստուծոյ Հետ Միասնաբար Բաներ Ընել
Աստուածաշունչը վաղեմի կարգ մը հաւատարիմ մարդոց մասին կ’ըսէ, թէ անոնք ճշմարիտ Աստուծոյ հետ, կամ անոր առջեւը քալեցին։ (Ծննդոց 6։9. Գ. Թագաւորաց 8։25) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Գլխաւոր առմամբ թէ անոնք իւրաքանչիւր օր ապրեցան, որպէս թէ Աստուած անձամբ հոն իրենց հետ էր։ Ճիշդ է որ անոնք մեղաւորներ էին։ Սակայն, անոնք Աստուծոյ օրէնքներն ու սկզբունքները կը սիրէին, եւ Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ կ’ապրէին։ Եհովա այսպիսիներուն կը մօտենայ եւ անոնց հոգ կը տանի, ինչպէս Սաղմոս 32։8–ը ցոյց կու տայ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։
Եհովան կրնայ ձե՛ր ալ մտերիմ բարեկամը ըլլալ. բարեկամ մը՝ որ ձեր հետ կը քալէ, ձեզի հոգ կը տանի եւ ձեզ հօր մը նման կը խրատէ։ Եսայի մարգարէն Եհովան նկարագրեց որպէս՝ ‘քեզի օգտակար եղածը սորվեցնողը, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի առաջնորդողը’։ (Եսայեայ 48։17) Մինչ այս օգուտները կը քաղենք, կը զգանք թէ Եհովա այլաբանօրէն ‘մեր աջ կողմը’ ներկայ է, ինչպէս որ էր Դաւիթի պարագային։—Սաղմոս 16։8
Աստուծոյ Անունը՝ Իր Յատկութիւններուն Առանցքը
Բազմաթիւ կրօնքներ եւ հետզհետէ աւելցող Աստուածաշունչի թարգմանութիւններ, Աստուծոյ անձնական անունը չեն գործածեր, ո՛չ ալ զայն կը ճանչցնեն։ (Սաղմոս 83։18) Այսուհանդերձ, Եբրայերէն բնագրին մէջ Եհովա անունը շուրջ 7,000 անգամ կ’երեւնայ։ (Մինչ աստուածային անունը իրենց թարգմանութիւններէն վերցուցած են, Աստուածաշունչի թարգմանիչներուն մեծամասնութիւնը, բնագրին մէջ յիշուած սուտ աստուածներու անունները պահած են, ինչպէս՝ Բահաղ, Բէլ, Մարովդաք եւ նոյնիսկ Սատանայ)։
Ոմանք կը խորհին թէ Աստուծոյ անունը դուրս ձգելը աննշան հարց մըն է։ Սակայն, պահ մը խորհեցէք. Անանուն անհատի մը հետ սերտ, լաւատեղեակ յարաբերութիւն մը մշակելը դժուա՞ր թէ դիւրին բան մըն է։ Տիտղոսներ, ինչպէս՝ Աստուած եւ Տէր (որոնք սուտ աստուածներու համար ալ կը գործածուին) կրնան ուշադրութիւն դարձնել Եհովայի զօրութեան, հեղինակութեան, կամ դիրքին. սակայն, միա՛յն իր անձնական անունը զինք բացայայտօրէն կը բնորոշէ։ (Ելից 3։15. Ա. Կորնթացիս 8։5, 6) Ճշմարիտ Աստուծոյ անձնական անունը իր յատկութիւններն ու յատկանիշները կը ներկայացնէ։ Աստուածաբան Ուոլթըր Լորի իրաւացիօրէն ըսաւ. «Աստուած Իր անունով չճանչցող անհատը, իրապէս Զինք որպէս անձնաւորութիւն չի ճանչնար»։
Նկատի առէք Մարիայի՝ Աւստրալիոյ մէջ բնակող անկեղծ Կաթողիկէի մը՝ պարագան։ Երբ առաջին անգամ ըլլալով Եհովայի Վկաները իրեն հանդիպեցան, Մարիա թոյլ տուաւ որ Աստուածաշունչէն Աստուծոյ անունը ցոյց տան։ Ան ի՞նչպէս ընդառաջեց։ «Երբ առաջին անգամ ըլլալով Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ անունը տեսայ, լացի։ Շատ զգացուեցայ, գիտնալով թէ իրապէս կրնայի Աստուծոյ անձնական անունը գիտնալ եւ զայն գործածել»։ Մարիա շարունակեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, եւ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Եհովան ճանչցաւ որպէս անձնաւորութիւն մը եւ կրցաւ անոր հետ մնայուն յարաբերութիւն մը կերտել։
Այո՛, կրնանք ‘Աստուծոյ մօտենալ’, նոյնիսկ երբ զինք մեր բառացի աչքերով չենք կրնար տեսնել։ Կրնանք մեր մտքին ու սրտին մէջ իր գերազանցօրէն գեղեցիկ անձնաւորութիւնը «տեսնել» եւ հետեւաբար իրեն հանդէպ մեր սիրոյն մէջ աճիլ։ Այսպիսի սէր մը «միութեան կատարեալ կապ մըն է»։—Կողոսացիս 3։14, ՆԱ
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 6]
Եհովա իրեն հանդէպ ձեր ունեցած սիրոյն կ’ընդառաջէ
ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ երկկողմանի կ’ըլլան։ Մինչ Աստուծոյ կը մօտենանք, ան կ’ընդառաջէ, մեզի աւելի մօտենալով։ Նկատի առէք Սիմէօնի ու Աննայի հանդէպ իր զգացումները, որոնք Աստուածաշունչին մէջ մասնայատուկ յիշատակութեան արժանացան։ Աւետարանիչ Ղուկաս կ’ըսէ թէ Սիմէօն «արդար ու աստուածավախ էր» եւ Մեսիան կը սպասէր։ Եհովա Սիմէօնի այս ընտիր յատկութիւնները նկատեց եւ այս սիրելի ծերունիին սէր ցոյց տուաւ, անոր յայտնելով թէ «մահ պիտի չտեսնէ, մինչեւ Տէրոջը Օծեալը տեսնէ»։ Եհովա իր խոստումը յարգեց եւ Սիմէօնը առաջնորդեց մանուկ Յիսուսին, որու ծնողքը զինք Երուսաղէմի տաճարը բերած էին։ Հրճուած եւ խոր գնահատութեամբ լեցուած, Սիմէօն մանուկը գիրկը առաւ եւ աղօթեց. «Ալ հիմա, ո՛վ Տէր, արձակէ քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. վասն զի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ»։—Ղուկաս 2։25-35
«Նոյն ժամուն», Եհովա 84 տարեկան Աննային ալ իր սէրը ցուցաբերեց, զայն ալ Յիսուսի առաջնորդելով։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ այս յարգարժան որբեւայրին տաճարէն չէր զատուեր, ուր Եհովայի ‘ծառայութեամբ’ կը զբաղէր։ Սիմէօնի նման, ան ալ գնահատութեամբ լեցուած՝ Եհովայի գոհութիւն տուաւ, անոր արտակարգ ազնուութեան համար, որմէ ետք ան մանուկին վրայով խօսեցաւ «այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին»։—Ղուկաս 2։36-38
Այո, Եհովա նկատեց որ Սիմէօն եւ Աննա ո՛րքան խոր կերպով զինք կը սիրէին եւ իրմէ կ’ակնածէին, եւ ո՛րքան հետաքրքրուած էին Իր նպատակին իրագործումով։ Այսպիսի սուրբ գրային դրուագներ ձեզ Եհովայի չե՞ն մօտեցներ։
Իր Հօր նման, Յիսուս ալ ներքին իսկական անձը կը նկատէր։ Երբ տաճարին մէջ կը սորվեցնէր, ան տեսաւ «տնանկ որբեւարի» մը, որ «երկու լումայ» կը նուիրէր։ Ուրիշ դիտողներու համար, անոր նուիրատուութիւնը աննշան կրնար թուիլ, բայց ո՛չ Յիսուսի։ Ան կինը գովեց, քանի որ ան իր բոլոր ունեցածը տուաւ։ (Ղուկաս 21։1-4) Հետեւաբար, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա եւ Յիսուս մեզ կը գնահատեն եթէ մեր լաւագոյնը տանք իրենց, մեր նուէրը մեծ ըլլայ, թէ՝ պզտիկ։
Մինչ Աստուած կ’ուրախանայ անոնցմով որ զինք կը սիրեն, ան վիրաւորուած կը զգայ երբ մարդիկ իրմէ կը հեռանան եւ յանցագործութեան ընթացք մը կ’որդեգրեն։ Ծննդոց 6։6–ը մեզի կը պատմէ թէ Եհովա «սրտին մէջ տրտմեցաւ», Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն առաջ մարդոց չարութեան պատճառաւ։ Հետագային, անհնազանդ Իսրայելացիները կրկին անգամ «Աստուած փորձեցին ու Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին», կ’ըսէ Սաղմոս 78։41–ը։ Այո, Աստուած զգացումէ զուրկ, վերապահ «Նախապատճառ» մը չէ։ Ան իրական անձ մըն է, անձ մը՝ որու զգացումները մերիններուն նման անհաւասարակշռուած չեն, ոչ ալ անկատարութեան պատճառաւ բթացած են։
[Նկարներ՝ էջ 7]
Եհովայի ստեղծագործութեան մասին խոկալը իրեն մօտենալու կերպերէն մէկն է