Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անտիոքի մէջ հալածանքը թափ կու տայ աճումին

Անտիոքի մէջ հալածանքը թափ կու տայ աճումին

Անտիոքի մէջ հալածանքը թափ կու տայ աճումին

ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ նահատակութենէն ետք, երբ հալածանքը սաստկացաւ, Յիսուսի աշակերտներէն շատեր Երուսաղէմէն փախան։ Անոնց ապաստանած վայրերէն մէկն էր շուրջ 550 քմ. հիւսիսը գտնուող Սուրիոյ Անտիոք քաղաքը։ (Գործք 11։19) Հոն տեղի ունեցած յառաջիկայ դէպքերը քրիստոնէական պատմութեան ամբողջ ընթացքին ազդեցին։ Հասկնալու համար տեղի ունեցածը, Անտիոքի մասին քիչ մը տեղեկութիւն ունենալը օգտակար պիտի ըլլայ։

Հռովմէական Կայսրութեան քաղաքներուն հետ բաղդատած, միայն Հռովմը եւ Աղեքսանդրիան՝ չափով, բարգաւաճութեամբ եւ կարեւորութեամբ գերազանց էին Անտիոքէն։ Սուրիոյ այս մայրաքաղաքը Միջերկրականի աւազանին հիւսիս արեւելեան անկիւնին կը տիրապետէր։ Անտիոքը (ներկայ Անթաքիան, Թուրքիա) կը գտնուէր նաւարկելի Ոռոնդէս Գետին վրայ, որ զինք կը կապէր 32 քմ. հեռուն գտնուող իր նաւահանգստին՝ Սելեւկիա Փիէրիային։ Անիկա Հռովմի եւ Տիգրիս–Եփրատ Հովիտին միջեւ գտնուող առեւտրական կարեւոր ճամբաներուն կը տիրէր։ Որպէս վաճառականական կեդրոն, անիկա ամբողջ կայսրութեան հետ առեւտուր կ’ընէր եւ ամէն տեսակ մարդոց գործունէութիւնները կը տեսնէր, որոնք ամբողջ հռովմէական աշխարհին մէջ կրօնական շարժումներու լուրերը կը բերէին։

Հելլենական կրօնքն ու փիլիսոփայութիւնը ծաղկած էր Անտիոքի մէջ։ Բայց պատմաբան Կլէնվիլ Տաունին կ’ըսէ. «Քրիստոսի ժամանակ, կրօնական հին պաշտամունքներն ու փիլիսոփայութիւնները անհատական հաւատալիքի հարցեր սկսած էին դառնալ, երբ մարդիկ իրենց անձնական խնդիրներուն եւ տենչերուն համար անկախաբար գոհացում կը փնտռէին»։ (Սուրիոյ Մէջ Անտիոքի Պատմութիւնը) Շատեր Հրէականութեան միաստուածութեան, արարողութիւններուն եւ բարոյագիտութեան մէջ գոհացում գտան։

Հրէական մեծ գաղութ մը գոյութիւն ունէր Անտիոքի մէջ, Հ.Դ.Ա. 300–ին քաղաքը հիմնուելէն ի վեր։ Կը կարծուի որ անիկա 20,000–էն 60,000 անհատներէ բաղկացած էր. բնակչութեան աւելի քան 10 տոկոսը։ Պատմաբան Յովսեպոս կ’ըսէ թէ Սելեւկեան թագաւորներու հարստութիւնը քաջալերեց որ Հրեաները հոն հաստատուին, անոնց քաղաքացիական լիարժէք իրաւունքներ տալով։ Այդ ժամանակ, Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւնները մատչելի էին Յունարէնով։ Ասիկա համակիրները խթանեց որ Հրեաներու Մեսիական տենչերով հետաքրքրուին։ Ուստի, Յոյներուն մէջ բազմաթիւ նորահաւատներ եղան։ Այս բոլոր ազդակները Անտիոքը բարեբեր դաշտ մը դարձուցին քրիստոնէական աշակերտումին համար։

Հեթանոսներուն Վկայել

Յիսուսի հալածուած աշակերտներէն շատեր որոնք Երուսաղէմէն ցիրուցան եղած էին, իրենց հաւատքը միայն Հրեաներուն հետ կը բաժնէին։ Բայց Անտիոքի մէջ, Կիպրոսէն եւ Կիւրենիայէն կարգ մը աշակերտներ «Հելլենացիներուն» խօսեցան։ (Գործք 11։20) Մինչ յունախօս Հրեաներուն ու նորադարձներուն քարոզելը Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսած էր, բայց այնպէս կ’երեւնայ թէ Անտիոքի մէջ քարոզելը նորութիւն էր։ Անիկա միայն Հրեաներուն ուղղուած չէր։ Ճիշդ է որ Հեթանոս Կոռնելիոսը եւ իր ընտանիքը արդէն աշակերտներ եղած էին։ Բայց հարկ տեսնուեցաւ որ Եհովա տեսիլքով մը համոզէր Պետրոս առաքեալը, թէ հեթանոսներուն, կամ ազգերուն, քարոզելը պատշաճ էր։—Գործք 10։1-48

Հրէական մեծ եւ հին գաղութ մը պարունակող քաղաքի մը մէջ, եւ Հրեաներուն ու հեթանոսներուն միջեւ մասնաւոր հակառակութիւն չըլլալով, ոչ–Հրեաները վկայութիւնը կը ստանային եւ բարի լուրին կ’ընդառաջէին։ Բացայայտօրէն, Անտիոքը այսպիսի զարգացման համար յարմար մթնոլորտ մը կը մատուցանէր, եւ ‘բազմաթիւ մարդիկ հաւատացին’։ (Գործք 11։21) Իսկ երբ նախապէս հեթանոս չաստուածներ պաշտող նորադարձներ Քրիստոնեայ եղան, անոնք լաւագոյն դիրքի վրայ կը գտնուէին իրենց նախկին վիճակին մէջ եղող հեթանոսներուն վկայելու։

Անտիոքի մէջի այս բարեփոխութեան մասին լսելով, Երուսաղէմի ժողովքը Բառնաբասը հոն ղրկեց, որպէսզի վիճակը ուսումնասիրէ։ Ասիկա իմաստուն եւ սիրալիր ընտրութիւն մըն էր։ Ան Կիպրացի էր, ոչ–Հրեաներուն քարոզողներէն ոմանց նման։ Բառնաբաս հանգիստ զգացած ըլլալու էր Անտիոքի հեթանոսներուն մէջ։ Իրենց կարգին, անոնք ալ զինք նկատած ըլլալու էին որպէս իրենց ծանօթ եղող համայնքին մէկ անդամը։ * Ան կրնար անոնց ըրած գործին համակրիլ։ Ուստի, «երբ գնաց եւ Աստուծոյ շնորհքը տեսաւ՝ ուրախացաւ ու կը յորդորէր ամէնքն ալ՝ որ յօժար սրտով Տէրոջը հետ կապուած մնան», ու «Տէրոջը շատ ժողովուրդ աւելցաւ»։—Գործք 11։22-24

«Անտիոքի մէջ առաքելութեան սկիզբի յաջողութեան տրամաբանական պատճառներ» թուելով, պատմաբան Տաունին կ’եզրակացնէ թէ «այս քաղաքին մէջ միսիոնարները՝ Երուսաղէմի նման՝ մոլեռանդ Հրեաներու հանդիպելու վախը չունէին. նաեւ, այդ քաղաքը որպէս Սուրիոյ մայրաքաղաքը, զինուորական հրամանատարի մը կողմէ կը կառավարուէր, հետեւաբար աւելի կարգապահութիւն կար եւ աւելի նուազ պատեհութիւն խուժանային բռնութեան, ինչպէս տեղի ունեցած էր Երուսաղէմի մէջ, ուր կը թուի թէ Հրէաստանի գաւառապետները (առնուազն այն ատեն) կարող չէին Հրեայ մոլեռանդները զսպել»։

Այսպիսի նպաստաւոր պարագաներու ներքեւ եւ շատ ընելիք ունենալով, Բառնաբաս հաւանաբար խորհեցաւ որ օգնութեան պէտք ունէր եւ իր բարեկամին՝ Սաւուղի մասին մտածեց։ Ինչո՞ւ Սաւուղը, կամ Պօղոսը։ Ըստ երեւոյթին, քանի որ Պօղոս՝ որ թէեւ 12 առաքեալներէն մէկը չէր, ազգերուն առաքեալ ըլլալու պաշտօն ստացած էր։ (Գործք 9։15, 27. Հռովմայեցիս 1։5. Յայտնութիւն 21։14) Հետեւաբար, Պօղոս Անտիոքի հեթանոս քաղաքին մէջ բարի լուրը ծանուցանելու համար ընկերակից մը ըլլալու շատ յարմար էր։ (Գաղատացիս 1։16) Ուստի, Բառնաբաս Տարսոն գնաց, Սաւուղը գտաւ եւ զինք Անտիոք բերաւ։—Գործք 11։25, 26. տես՝ շրջագիծը էջ 26-27–ի վրայ։

Աստուածային Նախախնամութեամբ Քրիստոնեայ Կոչուեցան

Բառնաբաս եւ Սաւուղ «լման տարի մը եկեղեցիին հետ մէկտեղ հաւաքուելով՝ շատ ժողովուրդի սորվեցուցին։ Ամենէն առաջ Անտիոքի մէջ աշակերտները [«աստուածային նախախնամութեամբ», ՆԱ] Քրիստոնեայ անուանուեցան»։ Շատ անհաւանական էր որ Հրեաները առաջինը ըլլային Յիսուսի հետեւորդները Քրիստոնեաներ (Յունարէն) կամ Մեսիականներ (Եբրայերէն) կոչելու, քանի որ անոնք Յիսուսը մերժեցին որպէս Մեսիա կամ Քրիստոս, ուրեմն զինք այդ հանգամանքով լռելեայն պիտի չընդունէին, իր հետեւորդները կոչելով Քրիստոնեաներ։ Ոմանք կը խորհին որ թերեւս հեթանոսները Քրիստոնեայ մականուանեցին զիրենք որպէս կատակ կամ արհամարհանք։ Բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Քրիստոնեայ անուանումը Աստուած տուաւ։—Գործք 11։26

Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ նոր անուան կապակցաբար գործածուած բայը՝ սովորաբար թարգմանուած «անուանուեցան», միշտ առնչուած է գերբնական, մարգարէական կամ աստուածային բանի մը հետ։ Անոր համար ուսումնականներ զայն կը թարգմանեն «գուշակում մը ընել», կամ՝ «աստուածային պատուէր կամ նկատողութիւն տալ, երկինքէն սորվեցնել»։ Քանի որ Յիսուսի հետեւորդները Քրիստոնեայ կոչուած էին «աստուածային նախախնամութեամբ», հաւանական է որ Եհովա ինք ուղղութիւն տուաւ Սաւուղի եւ Բառնաբասի որ այս անուանումը ընեն։

Նոր անունը շարունակուեցաւ գործածուիլ։ Յիսուսի աշակերտները այլեւս կարելի չէր շփոթել հրէական աղանդի մը հետ, որմէ շատ անջատ էին։ Հ.Դ. 58–ի ատենները, Հռովմէացի պաշտօնեաները շատ լաւ գիտէին թէ որո՛նք էին Քրիստոնեաները։ (Գործք 26։28) Պատմաբան Տակիտոսի համաձայն, Հ.Դ.  64–ի ատենները այս անունը Հռովմի ժողովուրդին մէջ ալ լայնօրէն տարածուած էր։

Եհովա կը Գործածէ Իր Հաւատարիմները

Բարի լուրը մեծաքայլ ընթացաւ Անտիոքի մէջ։ Եհովայի օրհնութեամբ եւ Յիսուսի հետեւորդներուն քարոզելու վճռակամութեամբ, Անտիոքը առաջին դարու Քրիստոնէութեան օճախը դարձաւ։ Աստուած այդտեղի ժողովքը որպէս ցատկահարթակ գործածեց, բարի լուրը հեռաւոր երկիրներու մէջ տարածելու համար։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալի մեծապէս տպաւորիչ միսիոնարական իւրաքանչիւր շրջապտոյտի մեկնակէտը Անտիոքը եղաւ։

Արդի օրերուն, հակառակութեան դիմաց եռանդն ու վճռակամութիւնը նմանապէս նպաստած են ճշմարիտ Քրիստոնէութեան տարածման, առիթ տալով որ շատեր լսեն բարի լուրը եւ անոր հանդէպ գնահատութիւն յայտնեն։ * Ուստի, եթէ մաքուր պաշտամունքին թիկունք կանգնելու համար հակառակութիւն կը դիմագրաւէք, խորհեցէք որ Եհովա զայն արտօնելու իր պատճառները ունի։ Ինչպէս առաջին դարուն, այսօր ալ մարդոց առիթ պէտք է տրուի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին լսեն եւ անոր կողմը դիրք բռնեն։ Թերեւս միմիայն Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայելու ձեր վճռակամութիւնը պիտի օգնէ ուրիշի մը, որ ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութեան գայ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Պայծառ օրով Կիպրոս կղզին կը տեսնուի Անտիոքի հարաւ–արեւմուտքը գտնուող Կասիոս Լեռնէն։

^ պարբ. 18 Տես՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1999, էջ 9 (Անգլերէն). Զարթի՛ր 22 Ապրիլ 1999, էջ 21-22. Եհովայի Վկաներու 1999–ի Տարեգիրք, էջ 250-252։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 26, 27]

Սաւուղի «անծանօթ տարիները»

ԱՆՏԻՈՔ փոխադրուելէ առաջ Գործք Առաքելոց գրքին մէջ վերջին անգամ Սաւուղի մասին յիշուած է Հ.Դ. 45–ի ատենները, երբ Երուսաղէմի մէջ զինք սպաննելու դաւ մը ձախողեցաւ եւ հաւատակիցները զինք Տարսոն ղրկեցին։ (Գործք 9։28-30. 11։25) Բայց անիկա ինը տարի առաջ էր, Հ.Դ.  36–ի ատենները։ Այդ միջոցին ան ի՞նչ ըրաւ, շրջան մը որ կոչուած է Սաւուղի անծանօթ տարիները։

Սաւուղ Երուսաղէմէն գնաց Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ շրջանները եւ Հրէաստանի ժողովքը լսեց թէ «ան որ ատենօք մեզ կը հալածէր, հիմա ինք այն հաւատքը կը քարոզէ՝ որ ատեն մը կը կործանէր»։ (Գաղատացիս 1։21-23) Այդ տեղեկագրութիւնը թերեւս Անտիոքի մէջ Բառնաբասի հետ իր ունեցած գործունէութեան կ’ակնարկէր, բայց նոյնիսկ անկէ առաջ, Սաւուղ հաւանաբար ձեռքերը ծալլելով նստած չէր։ Հ.Դ. 49–ի ատենները, բազմաթիւ ժողովքներ կային Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ։ Մէկը Անտիոքի մէջ էր, բայց ոմանք կը խորհին որ միւսները թերեւս Սաւուղի այդպէս կոչուած անծանօթ տարիներուն կատարած գործունէութեան արդիւնքն էին։—Գործք 11։26. 15։23, 41

Կարգ մը ուսումնականներ կը հաւատան որ Սաւուղի կեանքի ողբերգական դէպքերէն ոմանք այդ շրջանին պէտք է ըլլան։ Ապա թէ ոչ, որպէս ‘Քրիստոսի պաշտօնեայ’ իր կրած բազմաթիւ դժուարութիւնները իր միսիոնարական ասպարէզին հետ առնչելը դժուար պիտի ըլլար։ (Բ. Կորնթացիս 11։23-27) Սաւուղ ե՞րբ Հրեաներէն հինգ անգամ 39 հարուած ստացաւ։ Երեք անգամ ո՞ւր ձաղկով ծեծուեցաւ։ Ո՞ւր «շատ անգամ» բանտարկուեցաւ։ Հռովմի մէջ իր բանտարկութիւնը աւելի վերջը պատահեցաւ։ Միայն մէկ պատմութիւն գիտենք որ ինք ծեծուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ, ան ալ՝ երբ Փիլիպպէի մէջ էր։ Իսկ մի՞ւս բանտարկութիւնները։ (Գործք 16։22, 23) Գրող մը կը թելադրէ թէ այս շրջանին Սաւուղ «Քրիստոսի մասին կը վկայէր սփիւռքի ժողովարաններուն մէջ, այնպիսի կերպով մը որ իր վրայ հալածանք կը բերէր թէ՛ կրօնական եւ թէ քաղաքացիական հեղինակութիւններէն»։

Սաւուղ չորս անգամ նաւաբեկութեան ենթարկուեցաւ, բայց Սուրբ Գիրքը միայն մէկ հատին մասին մանրամասնութիւններ կու տայ, որ Կորնթացիներուն գրած իր կրած դժուարութիւնները թուելէն ետք տեղի ունեցաւ։ (Գործք 27։27-44) Ուստի, մնացեալ երեքը հաւանաբար տեղի ունեցան այն ճամբորդութիւններու ընթացքին, որոնց մասին տեղեկութիւն չունինք։ Այս դէպքերէն մէկը կամ բոլորը թերեւս «անծանօթ տարիներ»ուն կը պատկանին։

Ուրիշ դէպք մը որ ըստ երեւոյթին այդ ժամանակէն ըլլալու է, նկարագրուած է Բ. Կորնթացիս 12։2-5–ի մէջ։ Սաւուղ ըսաւ. ‘Մարդ մը կը ճանչնայի Քրիստոսով, որ տասնըչորս տարի առաջ մինչեւ երրորդ երկինքը, դրախտ յափշտակուեցաւ ու լսեց անպատմելի խօսքեր, որոնց մասին արժան չէ խօսիլ’։ Ըստ երեւոյթին, Սաւուղ ինքն իր մասին կը խօսէր։ Քանի որ ասիկա գրեց Հ.Դ. 55–ի ատենները, 14 տարի առաջ մեզ կը հասցնէ Հ.Դ. 41–ը, «անծանօթ տարիներ»ուն մէջտեղը։

Անկասկած այդ տեսիլքը Սաւուղի բացառիկ ներատեսութիւն տուաւ։ Արդեօք որպէս «հեթանոսներուն առաքեալ» զինք զինելու համա՞ր էր։ (Հռովմայեցիս 11։13) Անիկա հետագային իր մտածումին, գրութեան եւ խօսակցութեան ազդե՞ց։ Սաւուղի դարձի գալուն եւ Անտիոք կանչուելուն միջեւ գտնուող տարիները արդեօք ապագայ պատասխանատուութիւններու համար զինք մարզեցին եւ հասնցուցի՞ն։ Այս հարցումներուն պատասխանները ի՛նչ ալ ըլլան, կրնանք վստահ ըլլալ որ երբ Բառնաբաս հրաւիրեց զինք որ Անտիոքի մէջ քարոզչութեան գլուխը անցնի, եռանդուն Սաւուղ լիովին որակելի էր իր նշանակումը կատարելու։—Գործք 11։19-26

[Քարտէս՝ էջ 25]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՍՈՒՐԻԱ

Ոռոնդէս

Անտիոք

Սելեւկիա

ԿԻՊՐՈՍ

ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆ ԾՈՎ

Երուսաղէմ

[Նկարին աղբիւրը]

Mountain High Maps® Copyright © 1997 Digital Wisdom, Inc.

[Նկարներ՝ էջ 24]

Վերը՝ արդի Անտիոքը

Մէջտեղը՝ Սելեւկիոյ հարաւային տեսարանը

Վարը՝ Սելեւկիոյ նաւահանգիստին պատը