Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կախարդութեան մասին ի՛նչ պէտք է գիտնաք

Կախարդութեան մասին ի՛նչ պէտք է գիտնաք

Կախարդութեան մասին ի՛նչ պէտք է գիտնաք

ԱՐԴԻ կախարդութիւնը սահմանելը դժուար է, քանի որ անոր միջամուխ եղողները իրարմէ մեծապէս կը տարբերին։ Անոնք իրենց հաւատքը միացնող գլխաւոր հեղինակութիւն, կամ վարդապետութիւն, կամ սրբազան գիրք մը չունին։ Անոնք նաեւ իրարմէ կը տարբերին աւանդութեամբ, կազմակերպութեամբ, արարողութեամբ եւ ո՛ր աստուածները պատուելու շուրջ իրենց կարծիքով։ Հեղինակ մը կը նշէ. «Խորհրդապաշտական աշխարհը անհատին կը մատուցանէ գաղափարներու ‘ազատ շուկայ’ մը»։ Ուրիշ մը կ’ըսէ. «Նոր–հեթանոսներուն մեծամասնութիւնը գրեթէ ամէն բանի շուրջ տարակարծիք է»։

Շատերու համար, հակասութիւնները խնդիր մը չեն։ Կախարդութեան ձգտողներու համար պատրաստուած ուղեգիրք մը կ’ըսէ. «Երբ հակասական թուող տեղեկութիւններ ձեզի համար դժուարութիւն յարուցանեն, քննեցէք այս տեղեկութիւնները ապա որոշեցէք թէ ո՛ր մէկուն պիտի հետեւիք։ Ձեր նախազգացումին մտի՛կ ըրէք։ Ուրիշ խօսքով, ազատ զգացէք հրատարակուած արարողութիւններուն եւ արարողական դասագրքերուն մէջէն ընտրելու, որոշելով ի՛նչ որ ձեզի շիտակ կը թուի»։

Ճշմարտութեան բնոյթին գիտակցող անհատներուն համար, այսպիսի հակասութիւններ խնդիր կը յարուցանեն։ Ճշմարտութիւնը իրողութիւն մը, իսկական բան մըն է։ Բան մը ճշմարիտ չէ պարզապէս քանի որ անհատ մը կը զգայ, կամ կը յուսայ, կամ կը հաւատայ թէ անիկա ճշմարիտ է։ Զոր օրինակ, ատեն մը բժիշկներ կը հաւատային թէ կրնային թոքատապը բուժել, ողջ հաւ մը երկուքի բաժնելով եւ այդ երկու կտորները հիւանդին կուրծքին վրայ դնելով։ Անկասկած, բազմաթիւ հիւանդներ անկեղծօրէն կը հաւատային թէ այս դարմանումը զիրենք պիտի բուժէր։ Սակայն, անոնց հաւատքն ու յոյսերը իրողութեան հետ ներդաշնակ չէին. այսպիսի գործընթաց մը թոքատապը չի բուժեր։ Մարդիկ ճշմարտութիւն չեն ստեղծեր. անոնք կը ջանան զայն ըմբռնել։

Աստուածաշունչը կը դաւանի որ հոգեւոր հարցերու շուրջ ճշմարտութիւնը կը բովանդակէ։ Յիսուս Քրիստոս երբ երկրի վրայ էր, իր Հօր աղօթելով ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհաննու 17։17) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Կախարդութիւն ընողներէն շատեր ասոր չեն համաձայնիր։ Փոխարէն, ներշնչման եւ առաջնորդութեան համար անոնք կը դիմեն դիցաբանութեան, վաղեմի կրօնքներու եւ նոյնիսկ գիտական շինծու պատմութիւններու։ Սակայն, տրամաբանական չէ՞ առնուազն նկատի առնել թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ։ Ի վերջոյ, անիկա գրեթէ համայն աշխարհի մէջ ընդունուած է որպէս սուրբ գիրք մը։ Անիկա նաեւ կրօնական ամենէն հին գրքերէն մէկն է, որ վերապրած է։ Աստուածաշունչը գրուած է աւելի քան 1,600 տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ, սակայն, անոր ուսուցումները զիրար չեն հակասեր։ Արդ, Աստուածաշունչի ուսուցումները բաղդատենք կարգ մը ծանօթ հաւատալիքներու հետ, զորս ներկայիս կախարդութիւն խրախուսողները կ’արտայայտեն։

Հոգեւոր Ծիրին Մէջ Ո՞վ կը Բնակի

Հոգեւոր ծիրին մէջ ո՞վ կը բնակի. ասիկա հոգեւոր հասկացողութեան փնտռտուքին մէջ հիմնական հարցում մըն է։ Թէեւ ներկայ կախարդներուն մեծամասնութիւնը բնապաշտ եւ բազմաստուած հաւատքի հետեւորդներ են, սակայն ոմանք կը պաշտեն գլխաւոր մայր–աստուածուհի մը, որ եռեակ դեր ունի՝ կոյս, մայր եւ պառաւ, ներկայացնելով կեանքի հիմնական հանգրուանները։ Անոր սիրահարը կոտոշաւոր աստուած մըն է։ Ուրիշ կախարդներ կը պաշտեն չաստուած եւ չաստուածուհի մը։ Հեղինակ մը կ’ըսէ. «Չաստուածուհին եւ Չաստուածը կը նկատուին որպէս բնութեան իգական եւ արական ուժերու յայտնաբերումը։ Իւրաքանչիւրը անզուգական յատկանիշներ [ունի], որոնք երբ միանան, կեանքի ներդաշնակ ստեղծագործութիւն մը յառաջ կը բերեն»։ Ուրիշ հեղինակ մը կը գրէ. «Կախարդութեան մէջ ամենէն կարեւոր ընտրութիւններէն մէկն է՝ ընտրել աստուածութիւնները (Չաստուածներ/Չաստուածուհիներ), որոնց հետ պիտի աշխատիք։ . . . Այս Արհեստը ձեզի ազատութիւն կու տայ, որ ձեր ուզած տեսակի Չաստուածը ընտրէք եւ հետեւաբար զայն պատուէք»։

Աստուածաշունչը վերոյիշեալ գաղափարներէն ո՛չ մէկուն թիկունք կը կանգնի։ Յիսուս Քրիստոս իր ամբողջ ծառայութիւնը յատկացուց, ուրիշներուն սորվեցնելու Եհովայի՝ ‘միմիայն ճշմարիտ Աստուծոյ’ մասին։ (Յովհաննու 17։3) Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը [«Եհովա», ՆԱ] մեծ է ու խիստ գովելի, անիկա ամէն աստուածներու վրայ ահաւոր է։ Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են»։—Ա. Մնացորդաց 16։25, 26

Ի՞նչ կրնանք ըսել Բանսարկուին մասին։ Ուէպսթըրի Իններորդ Քոլէճական Նոր Բառարան–ը կախարդութիւնը կը սահմանէ որպէս «բանսարկուին հետ հաղորդակցութիւն»։ Ներկայիս դժուար պիտի ըլլայ գտնել կախարդ մը որ կը համաձայնի այս բացատրութեան հետ, քանի որ շատեր նոյնիսկ Բանսարկու Սատանային գոյութեան չեն հաւատար։ Երիտասարդ կին մը, որ Այրիշ Թայմզ–ին մէջ նկարագրուած է որպէս «բարձրաստիճան վհուկ եւ Իրլանտայի ամենէն յատկանշական խմբակներէն մէկուն առաջնորդը», հետեւեալ կերպով կը պատճառաբանէ. «Բանսարկուին հաւատալ կը նշանակէ Քրիստոնէութիւնը ընդունիլ . . . [Բանսարկուն] չի կրնար բնակիլ տիեզերքի մը մէջ ուր Աստուած չկայ»։

Աստուածաշունչը կը հաստատէ Բանսարկուին գոյութիւնը եւ զինք կը նկատէ երկրի վրայ եղող տառապանքին ու տուայտանքին գլխաւոր պատճառը։ (Յայտնութիւն 12։12) Յիսուս ո՛չ միայն սորվեցուց թէ Սատանան գոյութիւն ունի, այլ նաեւ ցոյց տուաւ թէ կարելի է անգիտակցաբար Բանսարկուին կամքը կատարել։ Զոր օրինակ, առաջին դարու ինքնարդար կրօնական առաջնորդները կը պնդէին թէ, կերպով մը, իրենք Աստուծոյ որդիներն էին եւ կը հաւատային որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէին։ Յիսուս, որ իրենց սրտին մէջինը հասկնալու կարող էր, անոնց հետ համաձայն չէր։ Ան ուղղակի անոնց ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել»։ (Յովհաննու 8։44) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը կ’ըսէ որ Բանսարկուն «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։—Յայտնութիւն 12։9

Քիչ մը Կախարդութիւն Օգտակա՞ր Է

Անշուշտ, կախարդութիւնը միշտ ընկերակցած է խորհրդապաշտութեան հետ։ * Թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս, շատեր կը հաւատան թէ կախարդներուն ըրած կախարդութիւնը, ուրիշներուն վնաս հասցնելու համար կը կատարուի։ Կախարդներուն կը վերագրուի թէ զօրութիւն ունին կախարդութեան միջոցաւ խիստ ցաւ ու նոյնիսկ մահ պատճառելու։ Հինէն ի վեր, կախարդները մեղադրուած են գրեթէ ամէն տեսակի դժբախտութիւններուն համար, ի ներառեալ՝ հիւանդութեան, մահուան եւ հունձքի ձախորդութեան։

Ներկայիս կախարդներ ուժգնօրէն կը մերժեն այսպիսի ամբաստանութիւններ։ Թէեւ կ’ընդունին որ գէշ ու խաբեբայ կախարդ մը երբեմն կը գտնուի, բայց մեծամասնութիւնը կը պնդէ թէ իրենց կախարդութիւնը կը գործածեն օգուտներ բերելու եւ ոչ թէ վնաս հասցնելու համար։ Ուիքքաները կը սորվեցնեն թէ կախարդութեան հետեւանքները եռապատիկ շահ կ’ապահովեն զայն կատարողներուն եւ կ’ըսեն թէ ասիկա անէծքները ի դերեւ հանելու գլխաւոր միջոց մըն է։ Այդպէս կոչուած օգտակար կախարդութեան օրինակները կը պարփակեն հմայեակներ՝ դուք ձեզ պաշտպանելու, ձեր տունը նախկին վարձակալներուն ետին ձգած վնասակար ուժերէն մաքրագործելու, անհատ մը ձեզի սիրահարեցնելու, բուժում եւ առողջութիւն խրախուսելու, ձեր գործը չկորսնցնելու եւ դրամ շահելու համար։ Կախարդութեան այսքան շատ զօրութիւններ վերագրելով, զարմանալի չէ որ անիկա մեծապէս ժողովրդական դարձած է։

Սակայն, Աստուածաշունչը օգտակար եւ վնասակար կախարդութեան միջեւ զանազանութիւն չի դներ։ Մովսէսին տրուած Օրէնքին մէջ, Աստուած իր կեցուածքը բաւական բացայայտ ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Կախարդութեամբ մի՛ զբաղուէք»։ (Ղեւտացւոց 19։26, Էջմիածին) Նաեւ կը կարդանք. «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ . . . գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. նաեւ կախարդ կամ վհուկ»։—Բ. Օրինաց 18։10, 11

Աստուած ինչո՞ւ ըսաւ ասիկա։ Ոչ թէ անոր համար որ կ’ուզէ մեզ օգտակար բաներէ զրկել։ Եհովա այս օրէնքները իր ժողովուրդին տուաւ, քանի որ կը սիրէր զանոնք եւ չէր ուզեր որ անոնք վախի ու նախապաշարումի գերի դառնային։ Փոխարէն, ան իր ծառաները կը հրաւիրէ որ իրենց հարկ եղած բաներուն համար իրեն դիմեն։ Ան «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողն է։ (Յակոբու 1։17) Յովհաննէս առաքեալ իր հաւատակիցները վստահեցուց. «Ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք [Աստուծմէ], վասն զի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք»։—Ա. Յովհաննու 3։22

Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Չար Ոգիներու Մասին

Կախարդներէն շատեր այս կէտին շուրջ Աստուածաշունչին հետ կը համաձայնին. Չար ոգիներ գոյութիւն ունի՛ն։ Քննասիրութեան մը մէջ, կախարդութիւն խրախուսող անհատ մը կ’ազդարարէ. «Ուրուականները ամէն տեղ են. Անոնք գոյութիւն ունի՛ն անտեսանելի աշխարհին մէջ, որ մերինին նման լեցուն է ապրող էակներով։ . . . ‘Գաճաճ Դեւ’, ‘Չար Ոգի’ ու ‘Դեւ’ արտայայտութիւնները գրեթէ ճշգրիտ են։ Անոնք շատ զօրաւոր են։ . . . Ամենէն խելացի տեսակը . . . կարող է (եթէ մէկը բաւարար օգտակար դառնայ, ճամբայ մը բանալով անոնց) մեր աշխարհը մտնելու։ . . . Անոնք կրնան ձեր մարմինէն ներս մտնել . . ., նոյնիսկ որոշ չափով ձեր վրայ իշխանութիւն բանեցնել։ Այո, ասիկա ճիշդ կը նմանի Դիւահարութեան մասին եղած հին պատմութիւններուն»։

Աստուածաշունչի ժամանակներուն, դիւահարութիւնը զանազան կերպերով մարդիկը տառապեցուց։ Անկէ ազդուողներէն ոմանք համր, ոմանք կոյր, ոմանք խելագար էին, իսկ ուրիշներ ալ գերմարդկային ոյժ ունէին։ (Մատթէոս 9։32. 12։22. 17։14, 17. Մարկոս 5։2-5. Ղուկաս 8։29. 9։42, 43. 11։14. Գործք 19։16) Երբեմն, տառապանքը կը սաստկանար երբ բազմաթիւ դեւեր միաժամանակ անհատը գրաւէին։ (Ղուկաս 8։2, 30) Ուստի, անկասկած, լաւ պատճառով Եհովա մարդիկը կը զգուշացնէ որ կախարդութենէ եւ ուրիշ խորհրդաւոր սովորութիւններէ ետ կենան։

Ճշմարտութեան Վրայ Հիմնուած Կրօնք

Ներկայիս շատեր կախարդութեամբ կը հրապուրուին, քանի որ անիկա անվնաս, անվտանգ ու բնապաշտ կրօնք մը կը թուի ըլլալ։ Կարգ մը համայնքներու մէջ անիկա ընդունելի դարձած է։ Անկէ չեն վախնար. այլ, զայն յաճախ սնոտի կը նկատեն։ Այն միջավայրին մէջ, ուր կրօնական հանդուրժողութիւնը շատերը կ’առաջնորդէ որ նոյնիսկ արտառոցը ընդունին, կախարդութիւնը մեծ յարգանք շահած է։

Արդարեւ, կրօնքներու աշխարհը դարձած է շուկայ մը, ուրկէ մարդիկ ազատօրէն կ’ընտրեն իրենց կարիքներուն յարմարողը, ճիշդ զոյգ մը կօշիկ գնելու նման։ Ասոր հակառակը, Յիսուս խօսեցաւ միա՛յն երկու ընտրութիւններու մասին։ Ան ըսաւ. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։ (Մատթէոս 7։13, 14) Բնականաբար, մեր ուզած ճամբան ընտրելու ազատ ենք։ Բայց քանի որ մեր յաւիտենական բարօրութիւնը վտանգուած է, այդ ընտրութիւնը շատ կարեւոր է։ Հոգեւոր լուսաւորում ձեռք ձգելու համար, ճշմարտութեան ճամբան պէտք է հետապնդենք. այն ճամբան, որ կը գտնուի միայն Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Հայերէն լեզուի մէջ, ոմանք «աճպարարութիւն» բառը կը գործածեն խորհրդաւոր տեսակի կախարդութեան եւ բեմին վրայ կատարուած խաբէական երեւոյթներուն միջեւ եղած տարբերութիւնը զատորոշելու համար։ Տես՝ Զարթի՛ր 8 Սեպտեմբեր 1993, էջ 26, «Կախարդութիւն Ընելու Մէջ Վտանգ Կա՞յ»։

[Նկար՝ էջ 5]

Ներկայիս շատեր կախարդութիւնը կը նկատեն որպէս անվնաս, բնապաշտ կրօնք մը

[Նկար՝ էջ 6]

Կախարդութիւնը միշտ առնչուած է խորհրդապաշտութեան հետ

[Նկար՝ էջ 6]

Արդեօք կախարդութեան միջամուխ եղողները անգիտակցաբար Բանսարկուի՞ն կամքը կը կատարեն

[Նկարներ՝ էջ 7]

Աստուածաշունչը ճշմարտութեան ճամբան կը յայտնէ