Հոլանտայի մէջ ամէն տեսակ մարդոց օգնութիւն կը տրուի
Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն
Հոլանտայի մէջ ամէն տեսակ մարդոց օգնութիւն կը տրուի
ԱԲՐԱՀԱՄ բացառիկ հաւատքի տէր մարդ մըն էր։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ «երբ Աբրահամ կանչուեցաւ», ան Աստուծոյ ձայնին հնազանդելով «ելաւ գնաց ու չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ»։ Իր ամբողջ ընտանիքը փոխադրելէ ետք, Աբրահամ իր կեանքի մնացեալ հարիւր տարիներու ընթացքին «պանդխտացաւ աւետեաց երկրին մէջ»։—Եբրայեցիս 11։8, 9
Նմանապէս ներկայիս, Եհովայի Վկաներէն շատեր ուրիշ երկիր մը փոխադրուելու մարտահրաւէրը ընդունած են, ծառայելու համար հո՛ն ուր կարիքը աւելի մեծ է։ Ուրիշներ օտար լեզու մը սորված են, որպէսզի կարենան իրենց երկիրը գաղթած օտարներուն վկայել։ Ինչպէս հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան, ասիկա ‘արդիւնաւոր դուռ մը բացած է’ Հոլանտայի մէջ, ուր 15 միլիոն բնակչութեան մէկ միլիոնը, ուրիշ երկիրներէ եկած են։—Ա. Կորնթացիս 16։9
□ Պահրամ՝ Քոնկ Ֆուի նախկին ուսուցիչ մը, Միջին Արեւելքի երկիրներէն եկած է։ Ան Աստուածաշունչ մը եւ Դիտարանի Ընկերութեան գրականութիւններէն ոմանք ձեռք ձգեց։ Ամիս մը չանցած, Պահրամ անդրադարձաւ որ ճշմարտութիւնը գտած էր։ Իր ու իր կնոջ հետ ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ. բայց խնդիր մը կար՝ իրենց Աստուածաշունչ սորվեցնողը իրենց լեզուն չէր խօսեր։ Անոնք շարժումներով կը հաղորդակցէին, «ձեռքով–ոտքով» կը խօսէին, ըստ իրենց բացատրութեան։ Ժամանակի ընթացքին, Պահրամ ու իր կինը ժողովք մը գտան ուր իրենց մայրենի լեզուն կը խօսուէր, եւ անկէ ետք արագօրէն յառաջդիմեցին։ Ներկայիս Պահրամ մկրտուած Վկայ մըն է։
□ Հոլանտացի ռահվիրայ զոյգ մը, սուբըրմարգէթ–ի մը առջեւ կայնող Ինտոնեզեացի մարդու մը մօտեցաւ։ Ան զարմացաւ երբ այս զոյգը իրեն հետ իր մայրենի լեզուով խօսեցաւ։ Ապա կարգադրութիւններ ըրին որ իրեն՝ իր տան մէջ այցելեն։ Տեղեկացան թէ ան աւելի քան 20 տարի Ռուսաստան ապրած՝ եւ կնախտաբոյժ եղած էր։ Ան դաւանեցաւ անաստուած մը ըլլալ, բայց ընդունեց թէ ամէն անգամ որ ծննդաբերութիւն կ’ընէր, չէր կրնար չսքանչանալ ու չըսել. «Մարդկային մարմինը որքա՜ն կատարեալ է։ Ի՜նչ մեծ հրաշք մըն է»։ Ան համաձայնեցաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ շատ չանցած համոզուեցաւ որ մարդկութեան հոգ տանող Ստեղծիչ մը կա՛յ։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Ներկայիս ան մկրտուած եղբայր մըն է եւ Ամսթերտամի Ինտոնեզիական ժողովքին մէջ կը ծառայէ։
□ Աշխարհի մեծագոյն նաւահանգիստներէն մէկուն՝ Րոթերտամի մէջ, ռահվիրաներու խումբ մը ամէն օր քարափի վրայ գտնուող լեզուական զանազան խումբերու քարոզելու մէջ հմուտ դարձած է։ Այս խանդավառ քարոզիչներու խումբին գործունէութեան որպէս արդիւնք, քանի մը նաւաստիներ՝ ի ներառեալ նաւապետ մը, ծովային պաշտօնեայ մը եւ նախկին թիկնապահ մը, ճշմարտութիւնը ընդունած են։ Ներկայիս անոնք ալ կ’օգնեն որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը տարածուի համայն աշխարհի մէջ։—Մատթէոս 24։14
Ինչպէս երկրի ուրիշ մասերուն մէջ, Հոլանտայի մէջ ալ Եհովայի Վկաները վճռած են բոլոր ազգերուն, ցեղերուն, լեզուներուն ու ժողովուրդներուն յաւիտենական բարի լուրը ծանուցանելու մէջ իրենց բաժինը բերել։—Յայտնութիւն 14։6