Եհովա պիտի չուշանայ
Եհովա պիտի չուշանայ
«Եթէ [տեսիլքը] ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, պիտի չուշանայ»։—ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ 2։3, ՆԱ
1. Եհովայի ծառաները ի՞նչ վճռակամութիւն ցոյց տուած են եւ ասիկա ի՛նչ ընելու մղած է զիրենք։
«ԻՄ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆՍ տեղը պիտի կենամ»։ Ա՛յս էր Աստուծոյ մարգարէին Ամբակումի որոշումը։ (Ամբակումայ 2։1) Ի. դարու Եհովայի ծառաները այդ նոյն վճռակամութիւնը ցոյց տուած են։ Ուստի, 1922–ի Սեպտեմբերի պատմական համաժողովին տրուած հետեւեալ կոչին եռանդով ընդառաջեցին. «Ասիկա կարեւորագոյն օրն է։ Ահա՛ւասիկ Թագաւորը կ’իշխէ։ Դուք անոր մունետիկներն էք։ Հետեւաբար, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ իր թագաւորութիւնը»։
2. Առաջին Աշխարհամարտէն ետք, երբ եռուն գործունէութեան վերադարձան, օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ կրցան ծանուցանել։
2 Առաջին Աշխարհամարտէն ետք, Եհովա հաւատարիմ օծեալ մնացորդը վերադարձուց եռուն գործունէութեան մը։ Արդ, ամէն մէկը Ամբակումի նման կրնար ըսել. «Պարսպին վրայ պիտի կայնիմ։ Պիտի սպասեմ [«արթուն մնամ», ՆԱ], որ տեսնեմ թէ ինծի հետ ի՞նչ պիտի խօսի»։ Եբրայերէն «արթուն» եւ ‘հսկել’ բառերը շատ մը մարգարէութիւններու մէջ կրկնուած են։
«Պիտի Չուշանայ»
3. Ինչո՞ւ պէտք է արթուն կենանք։
3 Մինչ Եհովայի ծառաները ազդարարութիւն կը հնչեցնեն ներկայիս, անոնք որեւէ ժամանակէ աւելի Յիսուսի տուած մեծ մարգարէութեան եզրափակիչ խօսքերուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն։ Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ։ Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։ (Մարկոս 13։35-37) Մենք ալ Ամբակումի նման եւ Յիսուսի խօսքերուն համաձայն արթուն պէտք է կենանք։
4. Մեր վիճակը ի՞նչպէս կրնանք համեմատել Հ.Դ.Ա. 628–ին Ամբակումի վիճակին հետ։
4 Հաւանաբար Ամբակում իր մարգարէութիւնը ամբողջացուց շուրջ Հ.Դ.Ա. 628–ին, Բաբելոն աշխարհակալ տիրական ոյժ ըլլալէն առաջ իսկ։ Տարիներէ ի վեր, հաւատուրաց Երուսաղէմի վրայ Եհովայի դատաստանը կը ծանուցանուէր։ Սակայն, յստակ չէր թէ այդ դատաստանը ե՛րբ պիտի գործադրուէր։ Ո՞վ կրնար հաւատալ որ անիկա միայն շուրջ 21 տարի ետք տեղի պիտի ունենար եւ թէ Բաբելոնը Եհովայի դահիճը պիտի ըլլար։ Ներկայիս, մենք ալ չենք գիտեր այս դրութեան վախճանին համար որոշուած ‘օրն ու ժամը’, բայց Յիսուս կանխազգուշացուցած է մեզ. «Դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։—Մատթէոս 24։36, 44
5. Ամբակումայ 2։2, 3–ի մէջ արձանագրուած Աստուծոյ խօսքին մէջ մասնաւորաբար ի՞նչ բան քաջալերական է։
5 Լաւ պատճառով մը Եհովա Ամբակումի տուաւ այս ոգեւորիչ յանձնարարութիւնը. «Տեսիլքը գրէ՛ ու տախտակներու վրայ յայտնի նշանակէ, որպէս զի զանիկա կարդացողը համարձակ կարդայ։ Քանզի տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ [«պիտի չուշանայ», ՆԱ]»։ (Ամբակումայ 2։2, 3) Ներկայիս, համայն աշխարհի մէջ ամբարշտութիւնն ու բռնութիւնը վերելքի մէջ են, ցոյց տալով որ «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան ուղղակի սեմին կը գտնուինք։ (Յովելեայ 2։31) Արդարեւ, քաջալերական են վստահութիւն ներշնչող Եհովայի խօսքերը՝ թէ անիկա «պիտի չուշանայ»։
6. Ինչպէ՞ս կրնանք դատաստանի գործադրութեան օրուընէ վերապրիլ։
6 Արդ, դատաստանի գործադրման այդ օրուընէ ի՞նչպէս կրնանք վերապրիլ։ Եհովա կը պատասխանէ, արդարն ու անիրաւը իրարու հետ հակադրելով. «Ահա հպարտ մարդուն հոգին իր ներսիդին ուղիղ չէ, բայց արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի»։ (Ամբակումայ 2։4) Հպարտ ու ագահ կառավարիչներ ու մարդիկ, արդի պատմութեան էջերը միլիոնաւոր անմեղ զոհերու արիւնով արատաւորած են, մասնաւորաբար երկու աշխարհամարտերու եւ ազգատոհմային արիւնահեղութիւններու ընթացքին։ Անոնց հակառակը, Աստուծոյ խաղաղասէր ծառաները հաւատարմութեամբ տոկացած են։ Անոնք «ճշմարտութիւն պահող արդար ազգ»ն են։ Այս ազգը իր ընկերակիցներուն՝ «ուրիշ ոչխարներ»ուն հետ, հետեւեալ յորդորին կ’ընդառաջէ, «Յաւիտեան Տէրոջը յուսացէք, քանզի Տէր Եհովան յաւիտենական վէմ է»։—Եսայեայ 26։2-4. Յովհաննու 10։16
7. Պօղոսի Ամբակումայ 2։4–ի գործածութեան հետ ներդաշնակ ըլլալու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
7 Պօղոս առաքեալ, Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրելով Ամբակումայ 2։4–ը մէջբերեց, երբ Եհովայի ծառաներուն կ’ըսէր. «Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք. ‘Քանզի քիչ մը ատենէն ան որ գալու է՝ պիտի գայ ու պիտի չուշանայ։ Եւ արդարը հաւատքով պիտի ապրի ու եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի’»։ (Եբրայեցիս 10։36-38) Հիմա մեր ձեռքերը թուլցնելու, կամ Սատանայի աշխարհի նիւթապաշտական ու հաճոյամոլ ճամբաներու ծուղակին մէջ իյնալու ժամանակը չէ։ Ուստի, մինչեւ որ «քիչ մը ատեն»ը վերջանայ, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Պօղոսի նման, Եհովայի սուրբ ազգէն եղողներս, պէտք է ‘առջեւի եղածներուն դիմենք. նպատակը’՝ յաւիտենական կեանքը՝ հետապնդելով։ (Փիլիպպեցիս 3։13, 14 ) Իսկ Յիսուսի նման, պէտք է ‘մեր առջեւ կեցած ուրախութեան համար համբերենք’։—Եբրայեցիս 12։2
8. Ամբակումայ 2։5–ի «մարդը» ո՞վ է. ան ինչո՞ւ պիտի չյաջողի։
8 Ամբակումայ 2։5–ը կը նկարագրէ «հպարտ մարդ մը» որ իր նպատակին չի կրնար հասնիլ, նոյնիսկ երբ ‘իր հոգին գերեզմանի պէս լայնցնէ’։ Ո՞վ է այս մարդը որ «չի կշտանար»։ Ամբակումի ժամանակուան Բաբելոնին նմանող անյագութեամբ, այս բաղադրեալ «մարդը», որ բաղկացած է քաղաքական տարրերէ՝ Ֆաշիստ, Նացի, Համայնավար թէ այդպէս կոչուած ժողովրդավարական ուժեր՝ պատերազմներ կը մղէ իր հողամասերը ընդարձակելու համար։ Ան նաեւ Շէօլը, գերեզմանը, անմեղ հոգիներով կը լեցնէ։ Բայց Սատանայի աշխարհին այս խաբեբայ, բաղադրեալ «մարդը», որ ինքնարժեւորումով գինովցած է, ‘բոլոր ազգերը հաւաքելու ու բոլոր ժողովուրդները գումարելու’ իր ջանքերուն մէջ չի յաջողիր։ Միայն Եհովա Աստուած կրնայ ամբողջ մարդկութիւնը միացնել եւ ասիկա պիտի իրագործէ իր Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ։—Մատթէոս 6։9, 10
Եղերական Հինգ Վայերուն Առաջինը
9, 10. (ա) Եհովա ի՞նչ կը ծանուցանէ Ամբակումի միջոցաւ։ (բ) Անիրաւ շահու առնչութեամբ կացութիւնը ի՞նչ է ներկայիս։
9 Իր Ամբակում մարգարէին միջոցով, Եհովա հինգ վայերէ բաղկացած դատաստաններու շարք մը կը ծանուցանէ, որոնք պէտք է գործադրուին, որպէսզի երկիրը Աստուծոյ հաւատարիմ երկրպագուներուն կողմէ բնակուելու համար պատրաստ ըլլայ։ Այսպիսի արդարամիտ անհատներ Եհովայի ներկայացուցած ‘առակը կը հանեն’։ Ամբակումայ 2։6–ի մէջ կը կարդանք. «Վա՜յ անոր, որ իրենը չեղածը կը շատցնէ (մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ) ու իր վրայ գրաւներ կը բեռցնէ»։
10 Հոս խօսքը անիրաւ շահու մասին է։ Մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ, հարուստը աւելի կը հարստանայ, իսկ աղքատը՝ աւելի կ’աղքատանայ։ Թմրեցուցիչ վաճառողներ եւ դրամաշորթներ հսկայական հարստութիւն կը դիզեն, մինչ անդին, հասարակ ժողովուրդը սովամահ կ’ըլլայ։ Կ’ըսուի թէ աշխարհի բնակչութեան մէկ չորրորդը աղքատութեան մակարդակէն վար կ’ապրի։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ ապրուստի պայմանները ուղղակի սարսափելի են։ Երկրի վրայ արդարութեան կարօտը քաշողները կ’աղաղակեն. «Մինչեւ ե՞րբ» այս անիրաւութիւնները պիտի բազմապատկուին։ Բայց վախճանը մօ՛տ է։ Արդարեւ, տեսիլքը «պիտի չուշանայ»։
11. Ամբակում ի՞նչ կ’ըսէ մարդկային արիւն թափելու մասին եւ ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ ներկայիս շատ մեծ արիւնահեղութիւն կայ։
11 Մարգարէն ամբարշտին կ’ըսէ. «Որովհետեւ դուն շատ ազգեր կողոպտեցիր, քեզ ալ ժողովուրդներուն բոլոր մնացորդները պիտի կողոպտեն՝ մարդոց արիւններուն ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար»։ (Ամբակումայ 2։8) Ներկայիս, երկրի վրայ որքա՜ն արիւնապարտութիւն կայ։ Յիսուս պարզօրէն նշեց. «Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։52) Սակայն, միայն Ի. դարուն, արիւնապարտ ազգերն ու ազգատոհմերը աւելի քան հարիւր միլիոն մարդոց սպանութեան պատճառ եղած են։ Վա՜յ անոնց, որոնք այս արիւնահեղութեան մասնակից կ’ըլլան։
Երկրորդ Վայը
12. Ամբակումի կողմէ արձանագրուած երկրորդ վայը ի՞նչ է, եւ ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ անպարկեշտ շահը անօգուտ պիտի ըլլայ։
12 Երկրորդ վայը, որ արձանագրուած է Ամբակումայ 2։9-11–ի մէջ, կու գայ անոր վրայ «որ իր տանը համար ագահութեամբ կը վաստկի, որպէս զի իր բոյնը բարձր տեղ դնէ, չարին ձեռքէն ազատելու համար»։ Անպարկեշտ շահը բանի մը օգտակար պիտի չըլլայ, ինչպէս սաղմոսերգուն յստակօրէն կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, երբ մարդ մը հարստանայ ու անոր տանը փառքը շատնայ. վասն զի մեռնելու ատենը ամենեւին բան մը իրեն հետ պիտի չտանի ու իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ»։ (Սաղմոս 49։16, 17) Ուշագրաւ է ուրեմն Պօղոսի իմաստուն խրատը. «Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու»։—Ա. Տիմոթէոս 6։17
13. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք քաջութեա՛մբ հնչեցնել Աստուծոյ ազդարարութիւնը։
13 Ուստի, որքա՜ն կարեւոր է որ ներկայիս Աստուծոյ դատաստանական պատգամները ամէնուրեք հնչուին։ Երբ Փարիսեցիները առարկութիւն ըրին որ ամբոխը Յիսուսը կ’ողջունէ որպէս ‘Եհովայի անունով եկող Թագաւոր’, Յիսուս պատասխանեց. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն»։ (Ղուկաս 19։38-40) Նոյն կերպով, եթէ ներկայիս Աստուծոյ ծառաները աշխարհին ամբարշտութիւնը չքօղազերծեն, «քարը պատէն պիտի աղաղակէ»։ (Ամբակումայ 2։11) Ուստի, շարունակենք քաջութեա՛մբ հնչեցնել Աստուծոյ ազդարարութիւնը։
Երրորդ Վայը եւ Արիւնապարտութեան Հարցը
14. Աշխարհի կրօնքները ո՞ր արիւնապարտութեան պատասխանատու եղած են։
14 Ամբակումի ծանուցանած երրորդ վայը, արիւնապարտութեան հարցը կ’արծարծէ։ Ամբակումայ 2։12–ը կ’ըսէ. «Վա՜յ անոր, որ արիւններով քաղաք կը շինէ ու անիրաւութեամբ աւան կը հաստատէ»։ Իրերու այս դրութեան մէջ, անիրաւութիւնն ու արիւնահեղութիւնը յաճախ ձեռք ձեռքի կ’ընթանան։ Նկատողութեան արժանի է որ պատմութեան ամենէն ատելավառ արիւնահեղութեան պատասխանատուները աշխարհի կրօնքները եղած են։ Միայն քանի մը հատը յիշենք. Խաչակրութիւնները, որոնք այդպէս կոչուած Քրիստոնեաները կռիւի դրդեցին Մահմետականներու դէմ. Սպանիոյ եւ Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ Հաւատաքննութիւնը. Բողոքականներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ Եւրոպայի Երեսուն Տարուան Պատերազմը. իսկ ամենէն արիւնարբուն, մեր դարու երկու աշխարհամարտերը, որոնց երկունք ալ սկսան Քրիստոնեայ Աշխարհի ծիրէն ներս։
15. (ա) Եկեղեցիին համագործակցութեամբ կամ հաւանութեամբ ազգերը ի՞նչ կը շարունակեն ընել։ (բ) Միացեալ Ազգերը կրնա՞յ վերջ դնել աշխարհի սպառազինումին։
15 Երկրորդ աշխարհամարտի ամենէն ամբարիշտ երեսակներէն մէկն էր նացիական ողջակիզութիւնը, որ Եւրոպայի մէջ միլիոնաւոր Հրեաներ եւ ուրիշ անմեղներ լափեց։ Միայն վերջերս էր որ Ֆրանսայի մէջ, Հռովմէական Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը խոստովանեցաւ որ ինք չընդդիմացաւ, երբ հարիւր հազարաւոր զոհեր Նացիներու մահուան խցիկները ղրկուեցան։ Այսուհանդերձ, ազգերը կը շարունակեն արիւն թափելու համար պատրաստութիւններ տեսնել, եկեղեցիին համագործակցութեամբ կամ հաւանութեամբ։ Թայմ պարբերաթերթի միջազգային տպագրութիւնը, Ռուսական Ուղղափառ Եկեղեցիին մասին խօսելով, վերջերս նշեց. «Վերակենդանացած եկեղեցին յատկանշական ազդեցութիւն կը բանեցնէ նաեւ մարզի մը մէջ, որ ժամանակին աներեւակայելի կը թուէր. ռուսական ռազմամթերքին վրայ։ . . . Ճէթ ռազմական օդանաւերը եւ զօրանոցները օրհնելը գրեթէ առօրեայ սովորութիւն մը դարձած է։ Նոյեմբերին, Մոսկուայի Տանիլովսկի Վանքին մէջ, ուր կը գտնուի Ռուսական Պատրիարքարանը, եկեղեցին մինչեւ իսկ ռուսական կորիզային զինարանը սրբագործեց»։ Միացեալ Ազգերը կրնա՞յ վերջ դնել այս աշխարհը ռազմական ճիւաղային գործիքներով վերազինելու ջանքերուն։ Ա՛նկարելի է։ Լոնտոնի (Անգլիա) Կարտիըն օրաթերթին համաձայն, Նոպէլի Խաղաղութեան Մրցանակակիրներէն մէկը, ըսաւ. «Ինչ որ իրապէս ընդվզում կը պատճառէ, այն է որ ՄԱԿ–ի Ապահովութեան Խորհուրդին հինգ մնայուն անդամները՝ աշխարհի հինգ մեծագոյն զէնքի հայթայթիչներն են»։
16. Եհովա ռազմամոլ ազգերուն ի՞նչ պիտի ընէ։
Ամբակումայ 2։13–ը կը նշէ. «Ահա ասիկա զօրքերու Տէրոջմէն չէ՞, որ ժողովուրդները կրակի համար կ’աշխատին ու ազգերը պարապ տեղ կը յոգնին»։ ‘Զօրքերու Տէր’։ Այո, Եհովա երկնքի մէջ հրեշտակային բանակներ ունի, զորս պիտի գործածէ, ռազմասէր ժողովուրդներն ու ազգերը ոչնչացնելու համար։
16 Արդեօք Եհովա դատաստան ի գործ պիտի դնէ՞ ռազմամոլ ազգերուն վրայ։17. Ազգային վայրագ խմբակցութիւններու վրայ իր դատաստանը գործադրելէն ետք, Եհովայի գիտութիւնը ի՞նչ տարողութեամբ պիտի լեցնէ երկիրը։
17 Այդ վայրագ ազգային խմբակցութիւններուն վրայ Եհովայի դատաստանի գործադրման ի՞նչ պիտի յաջորդէ։ Ամբակումայ 2։14–ը կը պատասխանէ. «Երկիրը Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ Ի՜նչ հոյակապ հեռանկար մը։ Արմագեդոնին, Եհովայի գերիշխանութիւնը յաւիտեան ջատագովուած պիտի ըլլայ։ (Յայտնութիւն 16։16) Ան մեզ կը հաւաստիացնէ որ ‘պիտի փառաւորէ իր ոտքերուն տեղը’՝ այս երկիրը, որու վրայ կ’ապրինք։ (Եսայեայ 60։13) Ամբողջ մարդկութիւնը Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպին համաձայն պիտի դաստիարակուի, այնպէս որ Եհովայի փառաւոր նպատակներուն մասին անոնց ունեցած գիտութիւնը, ծովերուն հուները ծածկող ովկիանոսներու նման պիտի ըլլայ։
Չորրորդ եւ Հինգերորդ Վայերը
18. Ամբակումի ծանուցանած չորրորդ վայը ի՞նչ է. աշխարհի բարոյական վիճակը ի՞նչպէս կ’արտացոլացնէ ասիկա։
18 Չորրորդ վայը, Ամբակումայ 2։15–ի մէջ նկարագրուած է հետեւեալ բառերով. «Վա՜յ քեզի, որ քու ընկերիդ գինի կը խմցնես, եւ արբեցուցիչ ըմպելին առատ կը բաշխես, որ ուրիշներն ալ գինովցնես, որպէս զի անոնց մերկութիւնը տեսնես»։ Ասիկա արդի աշխարհի անառակ ու կամակոր վիճակին ակնարկութիւն կ’ընէ։ Թոյլատու կրօնական անձնակազմերու կողմէն իսկ քաջալերուած անոր անբարոյութիւնը, որեւէ ժամանակէ աւելի ցած մակարդակի հասած է։ Համայն աշխարհի մէջ, ԱԴԱ–ի (ԷՅՏԾ) եւ սեռային գետնի վրայ փոխանցուող հիւանդութիւններու պատուհասները նոր վերելքներ կ’արձանագրեն։ Փոխանակ ‘Եհովայի փառքը’ արտացոլացնելու, հիմակուան՝ ‘առաջ–ես’ի սերունդը հետզհետէ աւելի կ’ընկղմի անառակութեան մէջ, եւ կ’ուղղուի դէպի Աստուծոյ դատաստանի գործադրութեան։ ‘Փառքէն աւելի՝ ամօթով կշտացած’ ըլլալով, այս յանցագործ աշխարհը շուտով Եհովայի բարկութեան գաւաթէն պիտի խմէ, որ աշխարհի նկատմամբ իր կամքը կը ներկայացնէ։ Անոր ‘փառքին վրայ անարգանք պիտի գայ’։—Ամբակումայ 2։16
19. Ամբակումի կողմէ ծանուցուած հինգերորդ վայէն առաջ ի՞նչ բանի ակնարկուած է. այս խօսքերը ի՞նչ նշանակութիւն ունին ներկայ աշխարհին համար։
19 Հինգերորդ վայէն առաջ քանդակուած կուռքերու պաշտամունքին դէմ խիստ ազդարարութիւն մը կը տրուի։ Եհովա իր մարգարէին հետեւեալ ուժեղ խօսքերը արտասանել կու տայ. «Վա՜յ անոր, որ փայտին կ’ըսէ՝ ‘Արթնցի՛ր’ եւ համր քարին՝ ‘Ելի՛ր’. միթէ անիկա բան մը պիտի սորվեցնէ՞. ահա անիկա ոսկիով ու արծաթով պատուած է եւ անոր մէջ ամենեւին հոգի Ամբակումայ 2։19) Մինչեւ օրս, թէ՛ Քրիստոնեայ եւ թէ այդպէս կոչուած հեթանոս աշխարհը իրենց խաչելութիւններուն, Տիրամայրերուն, սրբանկարներուն եւ մարդկային կամ անասնական ուրիշ նմանութիւններուն առջեւ կը ծնրադրեն։ Երբ Եհովա իր դատաստանը գործադրելու գայ, ասոնցմէ ո՛չ մէկը կրնայ արթննալ ու զինք պաշտողը փրկել։ Յաւիտենական Աստուծոյ՝ Եհովայի վսեմութեան եւ իր կենդանի ստեղծագործութեանց փառքին հետ բաղդատած, անոնց ոսկիով ու արծաթով պատուած ըլլալը բոլորովին անարժէք է։ Թող որ յաւիտե՛ան գովաբանենք Եհովայի անզուգական անունը։
չկայ»։ (20. Ո՞ր տաճարի կարգադրութեան մէջ ուրախութեամբ ծառայելու առանձնաշնորհումը ունինք։
20 Այո, մեր Աստուածը՝ Եհովա, ամէն փառաբանութեան արժանի է։ Իրեն հանդէպ խոր ակնածութիւն ունենալով, թող որ կռապաշտութեան դէմ այս խիստ ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայենք։ Բայց մտի՛կ ըրէք. Եհովա կը շարունակէ խօսիլ. «Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է. անոր երեսին առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ երկիր»։ (Ամբակումայ 2։20) Մարգարէն անկասկած իր մտքին մէջ ունէր Երուսաղէմի տաճարը։ Սակայն, մենք այսօր առանձնաշնորհումը ունինք զինք պաշտելու շատ աւելի հոյակապ՝ հոգեւոր տաճարի կարգադրութեան մը մէջ, ուր մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը տեղաւորուած է որպէս Քահանայապետ։ Հոս՝ այդ տաճարի երկրային գաւիթին մէջ է որ մենք կը հաւաքուինք, կը ծառայենք եւ կ’աղօթենք, Եհովայի տալով իր անուան արժանի փառքը։ Իսկ ի՜նչ մեծ ուրախութիւն է սրտանց պաշտամունք մատուցանել մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր։
Կը յիշէ՞ք
• Եհովայի՝ «պիտի չուշանայ» խօսքը ի՞նչպէս կը նկատէք։
• Ամբակումի կողմէ ծանուցուած վայերուն արդի նշանակութիւնը ի՞նչ է։
• Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք Եհովայի ազդարարութիւնը հնչեցնել։
• Ո՞ր տաճարի գաւիթին մէջ ծառայելու առանձնաշնորհումը ունինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Ամբակումի նման, Աստուծոյ արդի ծառաները գիտեն թէ Եհովան պիտի չուշանայ
[Նկարներ՝ էջ 18]
Իր հոգեւոր տաճարի գաւիթին մէջ Եհովան պաշտելու ձեր առանձնաշնորհումը կը գնահատէ՞ք
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 16]
U.S. Army photo