Օգնութեան դիմել
Օգնութեան դիմել
«Եթէ մէկը իրեն յաղթէ, երկուքը կրնան անոր ընդդիմանալ» (Ժողովող 4։12, ԱԾ)։
ԵՐԲ ուրիշներուն օգնութիւնը ունենանք, աւելի հաւանական է որ թշնամիի մը յաղթենք,– անիկա ո՛վ որ ալ կամ ի՛նչ որ ալ ըլլայ։ Ուրեմն, եթէ կ’ուզես ծխելը կեցնել, լաւ կ’ըլլայ որ դիմես ընտանիքիդ եւ ընկերներուդ օգնութեան,– կամ ալ մէկու մը որ սրտանց կ’ուզէ օգնել եւ համբերող է։
Կրնաս խնդրել որ քեզի օգնէ մէկը, որ ծխելը կեցուցած է, քանի որ կրնայ քեզ հասկնալ եւ օգնել։ Դանիայէն Թորպըն անունով քրիստոնեայ մը կ’ըսէ. «Ուրիշներուն օգնութիւնը ինծի համար շատ կարեւոր էր»։ Հնդկաստանի մէջ ապրող Ապրահամ կը գրէ. «Ընտանիքիս եւ հաւատակիցներուս անկեղծ սէրը ինծի օգնեց, որ ծխելը կեցնեմ»։ Բայց ատեններ նոյնիսկ ընտանիքին եւ բարեկամներուն օգնութիւնը բաւարար չէ։
Պակուանտաս անունով մարդ մը կ’ըսէ. «27 տարի կը ծխէի, բայց երբ գիտցայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ անմաքուր սովորութիւններուն մասին, որոշեցի ծխելը կեցնել։ Ջանք ըրի որ քիչ ծխեմ, շրջանակս փոխեցի եւ մասնագէտի օգնութեան դիմեցի։ Բան մը չօգնեց, մինչեւ որ գիշեր մը սիրտս բացի Եհովային առջեւ եւ աղաչեցի որ ինծի օգնէ։ Ատկէ ետք, վերջապէ՛ս յաջողեցայ»։
Ուրիշ կարեւոր բան մըն ալ կրնաս ընել. կրնաս պատրաստ ըլլալ այն դժուարութիւններուն, որոնք թերեւս ունենաս։ Ի՞նչ են ատոնք։ Յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ։
[Շրջանակ]
ԾԽԵԼԸ ԿԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷ՞ՏՔ Է ԴԵՂԵՐ ԱՌՆԵՍ
Շատ մը մարդիկ դեղեր կը գործածեն, որ ծխելը կեցնեն։ Եւ ատիկա մեծ առեւտուր դարձած է։ Բայց դեղերու դիմելէ առաջ, այս հարցումները նկատի առ.
Ի՞նչ են օգուտները։ Անոնք՝ որոնք կը քաջալերեն աս դեղերը գործածել, կ’ըսեն որ ատոնք քեզի կ’օգնեն որ շատ հիւանդ չզգաս, երբ ծխելը կեցնես։ Բայց ամէն մարդ իրենց ըսածին չի համաձայնիր։
Ի՞նչ են վտանգները։ Կարգ մը դեղեր կրնան պատճառել սիրտխառնուք, ընկճուածութիւն եւ անձնասպանութեան միտքեր։ Միտքդ պահէ որ այս դեղերը նիքոթին առնելու ուրիշ կերպ մըն են եւ առողջութեան համար վնասակար են։ Ուրեմն այս տեսակ դեղեր գործածողները իրականութեան մէջ դե՛ռ նիքոթինի մոլի են։
Ծխելը կեցնելու ուրիշ կերպ կա՞յ։ Փորձագիտանք մը ցոյց կու տայ, որ ծխելը կեցնողներուն 88 առ հարիւրը ըսաւ որ անոնք ծխելը մէկ կտոր կեցուցին,– առանց որեւէ դեղ գործածելու։