Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞ւր կրնաս գտնել իսկական յոյս

Ո՞ւր կրնաս գտնել իսկական յոյս

Ո՞ւր կրնաս գտնել իսկական յոյս

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ ժամացոյցդ կը կենայ աշխատելէ։ Ատիկա նորոգելու կերպերը շատ են։ Շատեր քեզի կը խոստանան որ կրնան ժամացոյցդ նորոգել։ Բայց ետքը կը գիտնաս որ դրացիդ այդ ժամացոյցը ծրագրած ու շինած է անցեալին եւ հիմա պատրաստ է ատիկա ձրիօրէն նորոգելու։ Հիմա քեզի համար յստակ կը դառնայ որ ժամացոյցդ ո՛ւր նորոգութեան պիտի տաս։

Ասիկա լաւ օրինակ է, որ ցոյց կու տայ, թէ մէկը ինչպէ՛ս կրնայ յոյս գտնել։ Եթէ նկատես որ երթալէն ամէն բանի հանդէպ յոյսդ կը կտրես,– ինչպէս որ է շատերու պարագան այսօր այս դժուար պայմաններուն մէջ,– ո՞ւր կը դիմես օգնութեան համար։ Շատեր կ’ըսեն որ կրնա՛ն քեզի օգնել՝ որ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես, բայց իրենց տուած առաջարկները թերեւս քեզ շուարեցնեն։ Լաւ ի՞նչ կ’ըսես եթէ դիմես Ստեղծիչիդ, ան՝ որ քեզ ստեղծած է, քանի որ ի՛նքը կրնայ մեզի իսկական յոյս տալ։ Աստուածաշունչը իր մասին կ’ըսէ թէ «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» եւ թէ իրա՛ւ կ’ուզէ մեզի օգնել (Գործք 17։27. Ա. Պետրոս 5։7

«Յոյս» բառին աւելի խոր իմաստը

Աստուածաշունչը բժիշկներէն, գիտնականներէն եւ հոգեբաններէն աւելի լաւ կը բացատրէ «յոյս» բառին իմաստը։ Հոն, «յոյս» թարգմանուած բառը կը նշանակէ՝ անհամբեր սպասել եւ լաւ բան ակնկալել։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ յոյսին մէջ երկու բան կայ։ Առաջին, դուն կ’ուզե՛ս որ լաւ բան պատահի եւ երկրորդ՝ դուն լա՛ւ պատճառ ունիս հաւատալու որ ատիկա պիտի՛ պատահի։ Այն յոյսը, որուն մասին Աստուածաշունչը կը խօսի պարզապէս երազային բան մը չէ։ Ատիկա իսկական է եւ փաստերու վրայ հիմնուած է։

Այս ուղղութեամբ, յոյսը կը նմանի հաւատքին։ Ատիկա ալ պէտք է հիմնուած ըլլայ փաստերու վրայ (Եբրայեցիս 11։1)։ Բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ հաւատքը եւ յոյսը երկու տարբեր բաներ են (Ա. Կորնթացիս 13։13

Օրինակով մը բացատրենք. երբ բարեկամէդ բան մը խնդրես, կը յուսաս որ քեզի օգնէ։ Բայց յոյսդ զօրաւոր հիմ ունի, քանի որ բարեկամդ լաւ կը ճանչնաս եւ անոր ազնիւ ու առատաձեռն գործերը տեսած ես անցեալին. անոր համար կը հաւատաս որ կրնա՛յ քեզի օգնել։ Հոս, հաւատքը եւ յոյսը, որոնք երկու տարբեր բաներ են, միասնաբար քեզի կ’օգնեն որ այդ եզրակացութեան հասնիս։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնաս այս տեսակ յոյս դնել Աստուծոյ վրայ։

Յոյսին հիմը

Աստուած մեզի իսկական յոյս կու տայ։ Աստուածաշունչի օրերուն, Եհովա Աստուած կը կոչուէր «Իսրայէլի Յոյսը» (Երեմիա 14։8)։ Ինքն էր իր ժողովուրդին՝ իսրայէլացիներուն՝ յոյսը։ Անոնց յոյսը երեւակայութիւններու վրայ հիմնուած չէր։ Աստուած անոնց զօրաւոր փաստեր տուած էր, որ յոյսով ապրին։ Երկար ժամանակ, երբ իսրայէլացիները իր ժողովուրդն էին, Եհովա Աստուած միշտ իր խոստումները պահեց։ Իսրայէլացիներուն առաջնորդը՝ Յեսու անոնց ըսաւ. «Գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ» (Յեսու 23։14

Այսօր, մենք ալ նոյն պատճառները ունինք Աստուծոյ խոստումներուն հաւատալու։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք Աստուծոյ շատ մը խոստումներուն մասին եւ թէ ատոնք ինչպէ՛ս կատարուեցան։ Այդ խոստումները ա՛յնքան վստահելի էին, որ երբ գրի առնուեցան, այնպէս մը գրուեցան, որ կարծես արդէ՛ն կատարուած են։

Անոր համար է որ Աստուածաշունչին համար կրնանք ըսել որ յոյսի գիրք է։ Եւ երբ այս գիրքը սերտես, պիտի տեսնես որ կրնա՛ս Աստուծոյ վստահիլ եւ ատիկա իր խոստումներուն հանդէպ յոյսդ զօրաւոր պիտի պահէ։ Պօղոս առաքեալ Աստուածաշունչին նկատմամբ գրեց. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվինք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռովմայեցիս 15։4

Աստուած ինչի՞ մասին յոյս կու տայ

Մենք ամէնէն շատ յոյսի պէտք կ’ունենանք, երբ մեր սրտին մօտ եղող անհատ մը մեռնի։ Բայց շատեր ճիշդ այս պարագային է որ անյոյս կը զգան։ Վերջ ի վերջոյ, մահը ի՞նչ յոյս պիտի տայ մարդու մը։ Ատիկա բան մըն է որ կարծես առանց յոգնելու մեր ետեւէն կը վազէ։ Եւ կու գայ օրը որ ատոր առջեւ բոլորս անկարող կը դառնանք ու կը մեռնինք կամ ալ չենք կարենար ետ կեանքի բերել մեր մահացած սիրելիները։ Ճիշդ ասոր համար է որ Աստուածաշունչը մահուան համար կ’ըսէ. «Վերջին թշնամին» (Ա. Կորնթացիս 15։26

Լաւ, մեռելները յոյս մը ունի՞ն։ Վերը նշուած Աստուածաշունչի համարը որ մահուան մասին կ’ըսէ որ մարդ արարածին վերջին թշնամին է, նաեւ կ’ըսէ որ ատիկա պիտի «խափանուի», այսինքն՝ ատոր վերջ պիտի դրուի։ Եհովա Աստուած մահուընէ աւելի՛ զօրաւոր է։ Աստուածաշունչին մէջ ինը անգամ կը կարդանք որ Աստուած ինչպէ՛ս իր ուժը գործածեց, որ մահացած անհատներ ետ կեանքի բերէ։

Օրինակ, Եհովա Աստուած իր Որդիին՝ Յիսուսին՝ զօրութիւն տուաւ որ յարութիւն տայ անոր բարեկամին՝ Ղազարոսին, որ չորս օրէ ի վեր մահացած էր։ Եւ Յիսուս Ղազարոսին յարութիւն տուաւ շատերու աչքին առջեւ (Յովհաննէս 11։38-48, 53. 12։9, 10

Թերեւս հարց տաս. ‘Մարդիկ ինչո՞ւ յարութիւն առին։ Ամէն պարագայի անոնք ետ չծերացա՞ն ու մեռան’։ Այո՛։ Բայց այն ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ այս յարութիւններուն մասին մեզի պատճառ կու տայ հաւատալու, որ անոնք՝ որոնք կը մեռնին, նորէ՛ն պիտի ապրին։ Ուրիշ խօսքով, Աստուածաշունչը մեզի իսկական յոյս կու տայ։

Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը» (Յովհաննէս 11։25)։ Եհովա Աստուած Յիսուսին պիտի տայ զօրութիւն, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեռելները ե՛տ կեանքի բերէ։ Յիսուս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր [Յիսուսին] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Անոնք՝ որոնք մահացած են,– գերեզմանի մէջ են,– ետ կեանքի պիտի գան դրախտային երկրի վրայ։

Եսայի մարգարէն յարութիւնը նկարագրեց այս գեղեցիկ խօսքերով. «Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։ Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ» (Եսայի 26։19

Այս խոստումը մեզ կը մխիթարէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր մահացած սիրելիներուն յիշատակը ամէնէն ապահով տեղն է,– Եհովա Աստուծոյ մտքին մէջ,– եւ թէ անոնք յարութիւն պիտի առնեն, քանի որ ան՝ ամենակալ Աստուած՝ անոնցմէ ամէն մէկը կատարեալ կերպով կը յիշէ։ Անոնցմէ մէ՛կը պիտի չմոռցուի (Ղուկաս 20։37, 38)։ Անոնք մօտ օրէն ետ կեանքի պիտի գան եւ նոր աշխարհի մը մէջ պիտի դիմաւորուին իրենց սիրելիներուն կողմէ։ Ուրեմն, նոյնիսկ մեռելները իրենց առջեւ գեղեցիկ յոյս ունին։

Յոյսը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել

Պօղոս առաքեալ շատ բան կը սորվեցնէ մեզի յոյսի մասին։ Ան յոյսը նմանցուց սաղաւարտի, այսինքն՝ մետաղէ գլխարկի (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8)։ Ինչո՞ւ։ Աստուածաշունչի օրերուն, զինուոր մը սաղաւարտ կը դնէր պատերազմի ժամանակ եւ այսպէս իր գլուխը կը պաշտպանէր թշնամիին նետերէն։ Լաւ Պօղոս առաքեալ ի՞նչ կը փորձէր սորվեցնել։ Ինչպէս որ սաղաւարտը գլուխը կը պաշտպանէ, նոյնպէս յոյսը մեր միտքը կը պաշտպանէ։ Եթէ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր յոյս ունենաս, ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ մտքի խաղաղութիւն ունենաս, նոյնիսկ երբ դժուար խնդիրներու առջեւ ըլլաս։ Մենք բոլորս այս տեսակ «սաղաւարտ»ի պէտք ունինք։

Պօղոս առաքեալ ուրիշ օրինակով մըն ալ ցոյց տուաւ թէ յոյսը որքա՛ն կարեւոր է։ Ան գրեց. «Յոյսը... որ ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը» (Եբրայեցիս 6։18, 19)։ Պօղոս մէկ անգամէ աւելի նաւի կործանումէ ազատեցաւ. եւ ան շատ լաւ գիտէր խարիսխի մը կարեւորութիւնը։ Երբ նաւը փոթորիկի մէջ կախուէր, նաւին վրայ աշխատող անձերը խարիսխը ծով կը նետէին։ Եթէ խարիսխը ծովուն յատակը հասնէր եւ կանգ առնէր, նաւը ապահով վիճակի մէջ կ’ըլլար եւ ժայռերուն չէր զարնուեր։

Նոյնպէս, եթէ Աստուծոյ խոստումները մեզի համար «հաստատ ու անշարժ» յոյս են, այդ յոյսը կրնայ մեզի օգնել որ այս փոթորկանման դժուար օրերուն դիմանանք։ Եհովան կը խոստանայ որ մօտ օրէն պատերազմներ, ոճիր, ցաւ, նեղութիւն եւ նոյնիսկ մահ պիտի չըլլան (Տե՛ս էջ 10–ի շրջանակը)։ Այդ յոյսը մեզ կրնայ պաշտպանել եւ ոյժ տալ որ մեր շուրջի մարդիկը ընդօրինակելու տեղ՝ Աստուծոյ հնազանդինք։

Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ դո՛ւն ալ յոյսով ապրիս եւ կեանքը վայելես ինչպէս որ ինք ծրագրած էր։ Իր փափաքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին»։ Բայց նախ, պէտք է որ ամէն մէկ անձ ‘ճշմարտութիւնը ճանչնայ’ (Ա. Տիմոթէոս 2։4)։ Անոր համար, մենք քեզ կը քաջալերենք որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սերտես։ Քանի որ այն յոյսը, որուն մասին Աստուածաշունչը կը խօսի, կը գերազանցէ որեւէ յոյս որ աս աշխարհը քեզի կը խոստանայ։

Այսպիսով, անյոյս պիտի չզգաս, քանի որ Աստուած քեզ պիտի տայ ոյժ որ կարենաս հասնիլ նպատակներուդ, որոնք իր կամքին համաձայն են (Բ. Կորնթացիս 4։7. Փիլիպպեցիս 4։13)։ Մենք բոլորս այս տեսակ յոյսի պէտք ունինք։ Ուրեմն եթէ յոյսի նշոյլ կը փնտռես եւ ատոր պէտք ունիս, ուրախ լուրեր կան. կրնա՛ս իսկական յոյս գտնել։

[Շրջանակ/Նկար]

Յոյս ունենալու պատճառներ

Աստուածաշունչի այս համարները կրնան յոյսդ զօրաւոր պահել

▪ Աստուած ուրախ ապագայ կը խոստանայ։

Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ամբողջ երկիրը դրախտ պիտի դառնայ, եւ հոն պիտի ապրին ուրախ եւ միացած մարդիկ (Սաղմոս 37։11, 29. Եսայի 25։8. Յայտնութիւն 21։3, 4

▪ Աստուած սուտ չի խօսիր։

Աստուած կ’ատէ սուտերը։ Աստուած սուրբ է եւ անարատ, ուրեմն անկարելի է որ ան ստէ (Առակաց 6։16-19. Եսայի 6։2, 3. Տիտոս 1։2. Եբրայեցիս 6։18

▪ Աստուած անսահման զօրութիւն ունի։

Միայն Եհովա Աստուած ամէն բանի կարող է։ Տիեզերքին մէջ բան մը չկայ, որ կրնայ արգելք ըլլալ որ ան իր խոստումները կատարէ (Ելից 15։11. Եսայի 40։25, 26

▪ Աստուած կ’ուզէ որ յաւիտեան ապրիս

(Յովհաննէս 3։16. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4

▪ Աստուած յոյս ունի որ մենք իրեն պիտի հնազանդինք։

Ան կ’ընտրէ կեդրոնանալ ոչ թէ մեր սխալներուն եւ ձախողութիւններուն վրայ, հապա մեր լաւ յատկութիւններուն եւ ջանքերուն վրայ (Սաղմոս 103։12-14. 130։3. Եբրայեցիս 6։10)։ Ան յոյս ունի որ մենք ճիշդը պիտի ընենք եւ կ’ուրախանայ երբ ատիկա տեսնէ (Առակաց 27։11

▪ Աստուած կը խոստանայ քեզի օգնել որ իր աչքին հաճելի եղող բաներ ընես։

Աստուծոյ ծառաները պէտք չունին անյոյս զգալու։ Աստուած անոնց օգնելու համար, առատօրէն իր սուրբ հոգին՝ ամէնէն զօրաւոր ուժը՝ կու տայ (Փիլիպպեցիս 4։13

▪ Երբ Աստուծոյ յուսանք, բնաւ յուսախաբ պիտի չըլլանք։

Կրնաս Աստուծոյ լիովին վստահիլ եւ բնաւ յուսախաբ պիտի չըլլաս (Սաղմոս 25։3

[Նկար]

Ինչպէս որ սաղաւարտը գլուխը կը պաշտպանէ, նոյնպէս յոյսը մեր միտքը կը պաշտպանէ

[Նկար]

Խարիսխի նման, զօրաւոր հիմ ունեցող յոյսը իր հետ կայունութիւն կը բերէ

[Նկարին աղբիւրը]

Courtesy René Seindal/Su concessione del Museo Archeologico Regionale A. Salinas di Palermo