ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ
Շուարեցնող հարցում մը
ՄԱՐԴԻԿ տարբեր–տարբեր կարծիքներ ունին կեանքին եւ մահուան մասին։ Շատեր կը կարծեն թէ մեռնելէ ետք պիտի ապրին ուրիշ կազմուածքով մը կամ ուրիշ տեղ մը։ Ուրիշներ կը կարծեն որ նորէն պիտի ծնին, որպէսզի նորէն ապրին։ Իսկ ոմանք կը կարծեն որ մահուընէ ետք բան մը չկայ։
Թերեւս այս նիւթին մասին կարծիք մը ունիս, նայած թէ ինչպէ՛ս մեծցած ես կամ ինչ մշակոյթ ունիս։ Որովհետեւ տարբեր կարծիքներ կան, կա՞յ մէկը կամ բան մը որ այս շուարեցնող հարցումին ճիշդ եւ վստահելի պատասխանը կու տայ։
Դարերէ ի վեր, կրօնական առաջնորդները կը սորվեցնեն թէ մարդուն հոգին անմահ է։ Գրեթէ բոլոր գլխաւոր կրօնքներուն հետեւորդները,– քրիստոնեաներ, հինտուներ, հրեաներ, իսլամներ եւ ուրիշներ,– կը հաւատան որ հոգին անմահ է եւ անձին մեռնելէն ետք կը շարունակէ ապրիլ հոգեղէն տեղ մը։ Անդին, պուտտայականները կը հաւատան որ մէկը շատ անգամներ վերածնելէ ետք՝ ուժը կամ մտային զօրութիւնը կրնայ հասնիլ շատ երջանիկ վիճակի մը, որ կը կոչուի Նիրվանա։
Այս գաղափարները ձգած են որ մարդոց մեծամասնութիւնը հաւատայ, թէ մահը միջոց մըն է որ մէկը ուրիշ աշխարհի մը մէջ ապրի։ Շատերու համար, մահը կարեւոր քայլ մըն է կեանքի շրջանին մէջ, եւ անոնց այնպէս կ’երեւի թէ Աստուծոյ կամքն է որ մէկը մեռնի։ Բայց Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ ասոր մասին։ Հաճիս յաջորդ յօդուածը կարդա՛։ Թերեւս պատասխանը զարմացնէ քեզ։