Էլիաս Հութեր եւ իր ուշագրաւ եբրայերէն Սուրբ Գիրքերը
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ եբրայերէնը կրնա՞ս կարդալ։ Հաւանաբար ո՛չ։ Թերեւս բնա՛ւ չես տեսած եբրայերէն Սուրբ Գիրք մը։ Բայց ձեռքերուդ մէջ եղած Սուրբ Գրութիւնները կրնաս աւելի գնահատել, երբ տեղեկութիւն առնես 16–րդ դարու ուսումնական Էլիաս Հութերին եւ իր հրատարակած երկու եբրայերէն Սուրբ Գիրքերուն մասին։
Էլիաս Հութեր ծնաւ 1553–ին՝ Կորլիցի մէջ, որ գիւղաքաղաք մըն էր հիմակուան Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի ու Չեխիայի Հանրապետութեան միջեւ եղած սահմանին մօտ։ Հութեր արեւելեան լեզուները սերտեց Եէնայի Լուտերական համալսարանին մէջ։ Երբ ան հազիւ 24 տարեկան էր՝ Լայփցիկի մէջ նշանակուեցաւ եբրայերէնի փրոֆէսոր։ Որպէս կրթական բարեկարգիչ, ան յետագային Նուրեմպերկի մէջ հիմնեց դպրոց մը, ուր աշակերտները կրնային եբրայերէն, յունարէն, լատիներէն եւ գերմաներէն սորվիլ չորս տարուան մէջ։ Ասիկա այդ ժամանակ անկարելի բան մըն էր ուրիշ որեւէ դպրոցի կամ համալսարանի համար։
«ԱՅՍ ՏԱՐԲԵՐԱԿԻՆ ՇՔԵՂՈՒԹԻՒՆԸ»
1587–ին, Հութեր արտադրեց Հին Կտակարանի եբրայերէն տարբերակ մը։ Ատոր անունն էր Derekh ha-Kodesh, որ առնուած էր Եսայի 35։8–էն եւ կը նշանակէր՝ «Սրբութեան Պողոտայ»։ Գործածուած գեղեցիկ տառատեսակը ձգեց որ մարդիկ ըսեն. «Այս տարբերակին շքեղութիւնը ամէն բանի մէջ յայտնի է»։ Բայց բուն պատճառը որ այս Սուրբ Գիրքը շատ արժէքաւոր դարձուց այն էր, թէ ատիկա կրնար գործնական կերպով օգնել աշակերտներուն որ եբրայերէն սորվին։
Որպէսզի հասկնաս թէ Հութերին եբրայերէն Սուրբ Գիրքը ինչո՛ւ շատ գործնական էր, նկատի առ թէ աշակերտ մը ի՛նչ երկու դժուարութիւն ունէր, մինչ կը փորձէր Սուրբ Գիրքը եբրայերէնով կարդալ։ Առաջին, ատիկա անծանօթ այբուբեն ունէր, եւ երկրորդ՝ դժուար էր բառերուն արմատները ճանչնալ, ատոնց վրայ աւելցուած նախամասնիկներուն ու յետնամասնիկներուն պատճառով։ Օրինակ, նկատի առ եբրայերէն נפש բառը (կը տառադարձուի՝ նէֆէշ), որ կը նշանակէ «հոգի»։ Եզեկիէլ 18։4–ին մէջ, այս բառին աւելցուած է ה (հէ) նախամասնիկը, որ «ն» որոշիչ յօդին դերը կը խաղայ, եւ ատոնք միասնաբար կը կազմեն הנפש (հէն·նէֆէշ) բառը, կամ «հոգին»։ Եթէ մէկու մը աչքը վարժուած չէ, הנפש (հէն·նէֆէշ) բառը լման տարբեր կ’երեւի נפשׁ (նէֆէշ) բառէն։
Հութեր գործածեց շատ խելացի տպագրական թեքնիք մը, որպէսզի իր աշակերտներուն օգնէ։ Ան գործածեց եբրայերէն գիրերու տառատեսակ մը, որ ունէր թէ՛ թաւ եւ թէ ուրուագիծ ձեւեր։ Ան իւրաքանչիւր բառին արմատը տպեց թաւ գիրերով, իսկ նախամասնիկներուն եւ յետնամասնիկներուն համար գործածեց ուրուագիծ գիրերը։ Այս կերպով *։ Տառադարձուած արմատը գրուած է սեւատիպով, իսկ նախամասնիկները եւ յետնամասնիկները՝ պարզ ձեւով։ Վերի նկարները կը ցուցնեն Եզեկիէլ 18։4–ին մէջ Հութերին եբրայերէն Սուրբ Գիրքին գործածած տառատեսակը, ինչպէս նաեւ Ծանօթագրութիւններով Սուրբ Գիրք–ին գործածած տառատեսակը նոյն համարին ստորանիշին մէջ։
աւելի դիւրին եղաւ աշակերտներուն, որ եբրայերէն բառի մը արմատը ճանչնան, եւ այսպիսով լեզուն սորվին։ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն՝ ծանօթագրութիւններով այսպիսի գործնական թեքնիք մը կը գործածէ ստորանիշներուն մէջ«ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆ»ԻՆ ԵԲՐԱՅԵՐԷՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿ ՄԸ
Հութեր նաեւ տպեց տարբերակ մը, ուր «Նոր Կտակարան»ը գրուած էր 12 լեզուներով։ Այս տարբերակը հրատարակուեցաւ 1599–ին՝ Նուրեմպերկի մէջ, եւ ընդհանրապէս կը կոչուի՝ Նուրեմպերկի բազմալեզու թարգմանութիւնը։ Հութեր ուզեց որ անոր մէջ եբրայերէնն ալ ըլլայ։ Բայց ան ըսաւ որ նոյնիսկ եթէ «պատրաստ ըլլա[յ] դրամ թափելու», որպէսզի այսպիսի եբրայերէն թարգմանութիւն մը գտնէ, պարապի փնտռած պիտի ըլլայ *։ Ասոր համար, ան որոշեց անձամբ Նոր Կտակարանը թարգմանել յունարէնէն եբրայերէնի։ Ան իր բոլոր միւս պատասխանատուութիւնները մէկ կողմ դնելով՝ թարգմանութիւնը վերջացուց միայն մէկ տարուան մէջ։
Հութերի Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն եբրայերէն թարգմանութիւնը որքա՞ն լաւ էր։ Ճանչցուած Ֆրանց Տելիթշ, որ 19–րդ դարուն կը պատկանէր եւ եբրայերէն լեզուի ուսումնական էր, գրեց թէ անոր եբրայերէն թարգմանութիւնը կը ցուցնէ, որ ան շատ լաւ կը հասկնար լեզուն, ինչ որ քիչ կը գտնուի քրիստոնեաներուն մէջ։ Ան նաեւ ըսաւ որ տակաւին մինչեւ հիմա կ’արժէ ատոր դիմել, քանի որ Հութեր մեծ յաջողութեամբ կրցած է ճիշդ արտայայտութիւնները զատել։
ՄՆԱՅՈՒՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
Հութերին թարգմանութեան գործը զինք չհարստացուց, քանի որ իր տարբերակները շատ չծախուեցան։ Բայց իր գործը կարեւոր եւ մնայուն ազդեցութիւն ձգեց։ Օրինակ՝ 1661–ին, իր եբրայերէն Նոր Կտակարանը վերանայուեցաւ եւ դարձեալ տպագրուեցաւ Ուիլիամ Ռապըրթսընի կողմէ, իսկ 1798–ին՝ Ռիչըրտ Գէտիքի կողմէ։ Երբ Հութեր յունարէն բնագիրէն կը թարգմանէր, Գիրի·ոս (Տէր) եւ Թէ·ոս (Աստուած) տիտղոսները թարգմանեց «Եհովա» (יהוה, JHVH), երբ համարները մէջբերուած ըլլային Եբրայերէն Գրութիւններէն, կամ երբ զգաց որ տիտղոսը կ’ակնարկէ Եհովային։ Ասիկա հետաքրքրական է, քանի որ Հութերին թարգմանութիւնը կը փաստէ, թէ պէտք է Աստուծոյ անունը վերադարձուի Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, հակառակ որ Նոր Կտակարանի շատ մը թարգմանութիւններ չեն գործածեր Աստուծոյ անունը։
Երբ յաջորդ անգամ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ տեսնես Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, կամ Ծանօթագրութիւններով Սուրբ Գիրք–ին մէջ ստորանիշի մը նայիս, յիշէ Էլիաս Հութերին գործը եւ իր ուշագրաւ եբրայերէն Սուրբ Գիրքերը։
^ պարբ. 7 Տե՛ս Ծանօթագրութիւններով Սուրբ Գիրք–ին մէջ Եզեկիէլ 18։4–ին երկրորդ ստորանիշը եւ Յաւելուած 3B։
^ պարբ. 9 Այնպէս կ’երեւի թէ նախապէս կարգ մը ուսումնականներ արտադրած էին Նոր Կտակարանի եբրայերէն թարգմանութիւններ, ինչպէս՝ շուրջ 1360–ին, Սայմըն Ադումէնոս, որ բիւզանդական կրօնաւոր մըն էր, եւ շուրջ 1565–ին՝ Օսվալթ Շրեքընֆուքս, որ գերմանացի ուսումնական մըն էր։ Այս թարգմանութիւնները բնա՛ւ չհրատարակուեցան եւ այժմ կորսուած են։