ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ
Չուզեցի մեռնիլ
-
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1964
-
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ԱՆԳԼԻԱ
-
ՆԱԽԱՊԷՍ։ ԻՆՔՆԱԳԼՈՒԽ ՊԱՏԱՆԻ ՄԱՅՐ
ԱՆՑԵԱԼՍ
Ծնած եմ Փատինկթըն, Անգլիոյ Լոնտոն քաղաքի մէջ խճողուած շրջան մը։ Կ’ապրէի մօրս եւ երեք մեծ քոյրերուս հետ։ Հայրս իր ալքոլամոլութեան պատճառով օր մը մեզի հետ կ’ըլլար, օր մըն ալ չէր ըլլար։
Երբ պզտիկ էի, մայրս ինծի սորվեցուցած էր ամէն իրիկուն աղօթել։ Պզտիկ Սուրբ Գիրք մը ունէի, որ միայն Սաղմոսաց գիրքը ունէր, եւ ես երաժշտութիւն կը հնարէի որպէսզի երգելով ըսեմ զանոնք։ Կը յիշեմ որ անգամ մը աշխարհիկ գիրքերէս մէկուն մէջ արտայայտութիւն մը կարդացի որ միտքս մնաց. «Օր մը՝ ‘վաղը’ պիտի չըլլայ»։ Այս խօսքը ձգեց որ իրիկունը արթուն մնամ եւ ապագային մասին մտածեմ։ Մտածեցի. «Վստահաբար կեանքը միայն ասիկա չէ։ Ես ինչո՞ւ ծնած եմ»։ Չուզեցի մեռնիլ։
Շատ հետաքրքրուած էի կախարդութեամբ։ Կը փորձէի մեռելներու հետ խօսիլ, դասընկերներուս հետ գերեզմաննոցներ կ’երթայի եւ սարսափեցուցիչ ֆիլմեր կը դիտէի։ Մեզի համար, ատոնք թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ վախնալիք էին։
Սկսայ ինքնագլուխ ըլլալ երբ միայն տասը տարեկան էի։ Սկսայ ծխել եւ շուտով մոլի դարձայ։ Ետքը, սկսայ մարիխուանա ծխել։ Իսկ 11 տարեկանիս արդէն ալքոլ կը խմէի։ Թէեւ ատոր համը չէի սիրեր, բայց կը սիրէի գինովութեան ազդեցութիւնը։ Նաեւ կը սիրէի երաժշտութիւնն ու պարելը։ Երբոր առիթը ունենայի՝ հաւաքոյթներու եւ գիշերային զբօսավայրեր կ’երթայի։ Իրիկունը գաղտնօրէն տունէն դուրս կ’ելլէի եւ առտուան լոյսը ծագելէն քիչ առաջ գաղտնօրէն տուն կը մտնէի։ Յաջորդ օրը յոգնած ըլլալով՝ դպրոց չէի երթար։ Իսկ երբ դպրոց երթայի, շատ անգամներ մէկ պահէն միւսին միջեւ ալքոլ կը խմէի։
Դպրոցի վերջին տարուան նիշերս շատ ցած էին։ Մայրս շատ յուսախաբ եղաւ եւ բարկացաւ, գրեթէ չգիտնալով որ որքա՛ն ինքնագլուխ կեանք մը կ’ապրէի։ Իրարու հետ վիճեցանք, եւ տունէն փախայ։ Ժամանակ մը, մնացի ընկերոջս՝ Թոնիին քով, որ ռասթաֆարական կրօնքի հետեւորդ մըն էր։ Ան թեթեւ ոճիրներ կ’ընէր, թմրեցուցիչ կը ծախէր եւ անունը ելած էր որ վերջին ծայր վայրագ էր։ Շատ չանցած յղի մնացի եւ տղայ մը ունեցայ, երբ միայն 16 տարեկան էի։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ
Առաջին անգամ ըլլալով Եհովայի վկաներուն հանդիպեցայ, երբ կ’ապրէի տեղ մը որ չամուսնացած մայրերու եւ
իրենց պզտիկներուն համար էր։ Կառավարութիւնը այդտեղ սենեակ մը տուած էր ինծի։ Երկու Վկաներ կանոնաւորաբար կ’այցելէին այդտեղի կարգ մը մայրերուն։ Օր մը, իրենց խօսակցութեան մասնակցեցայ։ Նպատակս էր որ Վկաներուն սխալ ըլլալը փաստեմ։ Բայց երկու կիները հանդարտութեամբ եւ Սուրբ Գիրքէն պատասխանեցին բոլոր հարցումներուս։ Անոնք շատ ազնիւ եւ մեղմ էին, եւ ասիկա զիս իրենց քաշեց։ Այսպիսով, ես ալ համաձայնեցայ որ Սուրբ Գիրքը սերտեմ իրենց հետ։Պզտիկութենէս ի վեր կը վախնայի մահէն։ Բայց Սուրբ Գիրքէն բան մը սորվեցայ որ կեանքս փոխեց։ Յարութեան մասին սորվեցայ (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Նաեւ գիտցայ որ Աստուած անձնապէս ինձմով հետաքրքրուած է (Ա. Պետրոս 5։7)։ Երեմիա 29։11–ի խօսքը շատ ազդեց ինծի. «Ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու»։ Սկսայ հաւատալ որ կրնամ յոյսը ունենալ յաւիտեան ապրելու Դրախտին մէջ, որ երկրի վրայ պիտի ըլլայ (Սաղմոս 37։29)։
Եհովայի վկաներուն քով անկեղծ սէր տեսայ։ Երբ առաջին անգամ ըլլալով իրենց ժողովին գացի, ջերմ եւ հանգիստ մթնոլորտ մը կար. բոլորը ընկերային էին (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Ասիկա շա՜տ տարբեր էր այն վերաբերմունքէն, որ ինծի հանդէպ ցուցաբերուեցաւ եկեղեցիի մը մէջ։ Վկաները ինծի հանգիստ զգալ տուին, հակառակ պարագաներուս։ Անոնք ինծի ժամանակ տրամադրեցին, հոգ տարին եւ ինձմով հետաքրքրուեցան։ Անոնք նաեւ գործնական կերպով օգնեցին ինծի։ Զգացի թէ կարծես մեծ եւ սիրալիր ընտանիքի մը մէջ էի։
Սուրբ Գիրքը սերտելով անդրադարձայ որ պէտք է կեանքիս մէջ փոփոխութիւններ մտցնեմ, որպէսզի Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիմ։ Ինծի համար դիւրին չեղաւ ծխախոտը ձգելը։ Միեւնոյն ատեն, անդրադարձայ որ երբ որոշ երաժշտութիւններ մտիկ ընեմ, սիրտս կ’ուզէ մարիխուանա ծխել։ Ասոր համար սկսայ ուրիշ բաներ մտիկ ընել։ Որովհետեւ կ’ուզէի միշտ արթուն վիճակի մէջ ըլլալ, այլեւս հաւաքոյթներու եւ գիշերային զբօսավայրեր չգացի, քանի որ հոն գինովնալու փորձութեան մէջ պիտի ըլլայի։ Նաեւ նոր բարեկամներ զատեցի, որոնք լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենային վրաս, եւ պիտի օգնէին որ շարունակեմ մաքուր կերպով ապրիլ (Առակաց 13։20)։
Մինչ այդ Թոնին ալ Սուրբ Գիրքը կը սերտէր Եհովայի վկաներուն հետ։ Մինչ Վկաները Սուրբ Գիրքէն կը պատասխանէին իր հարցումներուն, ինքն ալ համոզուեցաւ որ իր սորվածները ճշմարտութիւնն են։ Ան իր կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ ըրաւ. իր առաջուան վայրագ ընկերներէն հեռացաւ, այլեւս թեթեւ ոճիրներ չըրաւ եւ մարիխուանա ծխելը ձգեց։ Նաեւ մեր անբարոյ կեանքը ձգեցինք եւ 1982–ին ամուսնացանք, որպէսզի Եհովային սիրտը լման ուրախացնենք։ Այսպիսով, մեր տղան սկսաւ կայուն մթնոլորտի մը մէջ մեծնալ։
«Այլեւս իրիկունները արթուն մնալով չեմ մտահոգուիր մահուան կամ ապագային մասին»
Կը յիշեմ թէ ինչպէս Դիտարան եւ Զարթի՛ր * պարբերաթերթերուն մէջ կը փնտռէի պատմութիւններ, թէ ինչպէ՛ս անհատներ յաջողապէս ըրած են այն փոփոխութիւնները որ ես կ’ուզէի ընել։ Անոնց օրինակով շատ քաջալերուեցայ եւ զօրութիւն ունեցայ որ շարունակեմ ջանք թափել եւ չյանձնուիմ։ Միշտ կ’աղօթէի Եհովային որ իր յոյսը չկտրէ ինձմէ։ Յուլիս 1982–ին, Թոնին եւ ես մկրտուեցանք որպէս Եհովայի վկայ։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ
Եհովա Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնս կեանքս փրկած է։ Թոնին եւ ես նաեւ տեսած ենք թէ Եհովան ինչպէս մեզի օգնած է նեղ ժամանակներուն։ Սորված ենք Եհովային վստահիլ դժուարութիւններուն մէջ, եւ կը զգանք թէ ան միշտ օգնած է մեր ընտանիքին (Սաղմոս 55։22)։
Տղուս եւ աղջկանս ուրախութեամբ օգնած եմ որ ինծի պէս Եհովան ճանչնան։ Նոյն ուրախութիւնը հիմա կը վայելեմ, երբ կը տեսնեմ թէ ինչպէս իրենց զաւակները երթալէն աւելի գիտութիւն կ’առնեն Աստուծոյ մասին։
Այլեւս իրիկունները արթուն մնալով չեմ մտահոգուիր մահուան կամ ապագային մասին։ Թոնին եւ ես լման զբաղած ենք՝ ամէն շաբաթ Եհովայի վկաներու ժողովքներուն այցելելով, որպէսզի զանոնք քաջալերենք։ Մենք անոնց հետ կը սորվեցնենք ուրիշներուն, որ եթէ Յիսուսին հաւատան՝ իրենք ալ կրնան յաւիտենական կեանք ունենալ։
^ պարբ. 17 Նաեւ կը հրատարակուի Եհովայի վկաներուն կողմէ։