ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԵՐԲ ՍԻՐԵԼԻ ՄԸ ՄԱՀԱՆԱՅ
Սուգ ընելը սխա՞լ է
Երբեք կարճատեւ հիւանդութիւն մը ունեցա՞ծ ես։ Թերեւս այնքան արագ առողջացար որ նոյնիսկ միտքդ չի գար եղածը։ Սակայն սիրելիի մը մահուան պատճառած ցաւը այդպէս չէ։ Դոկտ. Ալէն Ուուլֆելթ իր գրքին մէջ գրեց. «Մահուան պատճառած ցաւէն ‘ազատիլ’ ըսուած բան մը չկայ»։ Սակայն ան աւելցուց. «Ժամանակի ընթացքին եւ ուրիշներու օգնութեամբ՝ ցաւդ պիտի մեղմանայ» (Healing a Spouse’s Grieving Heart)։
Օրինակ՝ նկատի առ թէ Աբրահամ նահապետ ինչպէ՛ս հակազդեց, երբ իր կինը մեռաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աբրահամ Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ [«սկսաւ», ՆԱ]»։ «Սկսաւ» բառը ցոյց կու տայ, թէ այս ցաւին հետ գլուխ ելլելը ժամանակ առաւ իրեն հետ *։ Ուրիշ օրինակ մըն է Յակոբը, որ զինք խաբելով ըսին թէ գազան մը մեռցուցած էր իր տղան՝ Յովսէփը։ Ան «շատ օրեր սուգ ըրաւ», եւ իր ընտանիքին անդամները չէին կրնար զինք մխիթարել։ Տարիներ ետք, Յովսէփին մահը տակաւին իր մտքին մէջ կը դառնար (Ծննդոց 23։2. 37։34, 35. 42։36. 45։28)։
Ներկայիս շատերու պարագան ալ նոյնն է, որոնք շատ մօտիկ անձի մը համար կ’ողբան։ Նկատի առ երկու օրինակներ։
-
«9 յուլիս 2008–ին մահացաւ ամուսինս՝ Ռապըրթ։ Սովորական առաւօտ մը ունեցանք այդ օրը որ արկածը պատահեցաւ։ Նախաճաշէն ետք, զիրար համբուրեցինք, փաթթուկ ըրինք եւ ‘քեզ կը սիրեմ’ ըսինք։ Վեց տարի անցած է եւ տակաւին այս ցաւը սրտիս մէջ է։ Չեմ կարծեր որ օր մը օրանց անոր մահուան ցաւէն պիտի ազատիմ» (Կէյլ, 60 տարեկան)։
-
«Հակառակ որ աւելի քան 18 տարի է որ սիրելի կինս մահացած է, տակաւին զինք կը կարօտնամ եւ ցաւ կը զգամ։ Երբոր բնութեան մէջ գրաւիչ բան մը տեսնեմ, ինքը միտքս կու գայ, եւ չեմ կրնար չմտածել, թէ եթէ ինք տեսնէր տեսածս՝ որքա՜ն պիտի ուրախանար» (Էյդիեն, 84 տարեկան)։
Յստակօրէն, շատ բնական է որ մէկը այսպիսի ցաւալի եւ երկարատեւ զգացումներ ունենայ։ Ամէն անհատ իր ձեւով իր ցաւը կ’արտայայտէ, եւ իմաստութիւն չէ ուրիշին հակազդած կերպը դատել։ Միեւնոյն ատեն, պէտք չէ մենք մեզ մեղադրենք, եթէ զգանք թէ չափազանց կերպով կ’արտայայտենք մեր ցաւը։ Ինչպէ՞ս կրնանք մահուան ցաւին հետ գլուխ ելլել։
^ պարբ. 4 Աբրահամի տղան՝ Իսահակն ալ երկար ժամանակ սուգ ըրաւ։ Իսահակ իր մօրը՝ Սառային մահուան վրայ երեք տարի անցնելէ ետք տակաւին կը սգար, ինչպէս որ այս թիւին «Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք» յօդուածին մէջ յիշուած է (Ծննդոց 24։67)։