Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Ինչո՞ւ լաւ էր որ Եհովան թէ՛ տատրակները եւ թէ աղաւնիները կ’ընդունէր որպէս զոհ

ՕՐԷՆՔԻՆ տակ, թէ՛ տատրակները եւ թէ աղաւնիները Եհովային կողմէ ընդունելի էին որպէս զոհ։ Այս երկու թռչունները միշտ միասին յիշուած են զոհերու վերաբերեալ օրէնքներուն մէջ, եւ մէկը կրնար միւսին տեղը առնել (Ղեւ. 1։14. 12։8. 14։30)։ Ասիկա ինչո՞ւ յարմար էր։ Պատճառներէն մէկը այն էր, որ տատրակները միշտ դիւրաւ չէին գտնուեր։ Ինչո՞ւ։

Տատրակ

Տատրակները գաղթող թռչուններ են, որոնք տաք ամիսներուն ընթացքին ամբողջ Իսրայէլի մէջ կը գտնուին։ Հոկտեմբերին անոնք դէպի հարաւ կը գաղթեն, երթալով աւելի տաք երկիրները։ Իսկ գարնան, կը վերադառնան Իսրայէլ (Երգ 2։11, 12. Եր. 8։7)։ Աստուածաշունչի օրերուն, ասիկա կը նշանակէր որ իսրայէլացիներուն համար դժուար էր ձմրան ընթացքին տատրակները որպէս զոհ մատուցանել։

Վայրի աղաւնի

Միւս կողմէ, աղաւնիները ընդհանրապէս չեն գաղթեր, անոր համար Իսրայէլի մէջ կը գտնուէին ամբողջ տարուան ընթացքին։ Ասկէ զատ, մարդիկը աղաւնիներ կը պահէին (համեմատէ՛ Յովհաննէս 2։14, 16Bible Plants and Animals գիրքը կ’ըսէ. «Պաղեստինի բոլոր գիւղերուն ու գիւղաքաղաքներուն բնակիչները աղաւնիներ կը պահէին։ Իւրաքանչիւր տանտէր ունէր իր աղաւնետունը, կամ՝ պատին մէջ ծակ մը, ուր աղաւնիները կրնային ապրիլ» (համեմատէ՛ Եսայի 60։8

Աղաւնետան մէջ աղաւնի մը

Այսպէս, Եհովան ցոյց տուաւ թէ՛ իր սէրը եւ թէ իր տրամաբանող ըլլալը, ընդունելով որպէս զոհ թռչուններ, որոնք իսրայէլացիները դիւրաւ կրնային գտնել ամբողջ տարուան ընթացքին։