Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 48

Երբ կեանքը դժուարանայ, վստահ եղիր որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ

Երբ կեանքը դժուարանայ, վստահ եղիր որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ

«‘Զօրացէ՛ք,. . . քանզի ես ձեզի հետ եմ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը» (ԱՆ. 2։4

ԵՐԳ 81 «Մեր հաւատքը աւելցուր»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. ա) Ի՞նչ նմանութիւններ կան մեր եւ Երուսաղէմ վերադարձող հրեաներուն պարագաներուն միջեւ։ բ) Հրեաներուն ունեցած դժուարութիւններուն մասին գաղափար մը տուր (տե՛ս « Անգէի, Զաքարիայի եւ Եզրասի օրերը» շրջանակը)։

 ԱՏԵՆՆԵՐ ապագայով կը մտահոգուի՞ս։ Թերեւս գործդ կորսնցուցիր եւ մտահոգ ես թէ ինչպէ՛ս ընտանիքիդ հոգ պիտի տանիս։ Կամ ալ թերեւս ընտանիքիդ ապահովութեամբ մտահոգ ես՝ քաղաքական անկայուն վիճակին, հալածանքին կամ մեր քարոզչութեան դէմ եղած հակառակութեան պատճառաւ։ Եթէ այս պարագաներէն որեւէ մէկը ունիս, պիտի օգտուիս նկատի առնելով թէ Եհովան ինչպէ՛ս անցեալին իսրայէլացիներուն օգնեց, երբ անոնք նոյնանման խնդիրներ ունեցան։

2 Իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին, Բաբելոնի մէջ ապրող հրեաներուն համար հաւատք կ’ուզէր, որ իրենց ետին ձգեն հանգիստ կեանք մը եւ ճամբորդեն երկիր մը, որուն մասին շատ քիչ բան գիտէին։ Երբ հասան, անոնք շուտով ազդուեցան այդտեղի անկայուն քաղաքական եւ տնտեսական վիճակներէն, ինչպէս նաեւ՝ հակառակութենէն։ Անոր համար, ոմանք դժուարութիւն ունեցան Եհովայի տաճարը վերանորոգելու գործին վրայ կեդրոնանալու։ Հետեւաբար, Ք.Ա. շուրջ 520–ին, Եհովան երկու մարգարէներ՝ Անգէն եւ Զաքարիան, ղրկեց ժողովուրդին նախանձախնդրութիւնը արթնցնելու համար (Ան. 1։1. Զաք. 1։1)։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, այս մարգարէներուն տուած քաջալերութիւնը շատ լաւ արդիւնք տուաւ։ Բայց մօտ 20 տարի ետք, վերադարձող հրեաները անգամ մը եւս քաջալերութեան պէտք ունեցան։ Եզրաս, որ Օրէնքին արագագիր դպիր մըն էր, Բաբելոնէն Երուսաղէմ եկաւ՝ Աստուծոյ ժողովուրդը քաջալերելու որ ճշմարիտ պաշտամունքը առաջին տեղը դնեն (Եզր. 7։1, 6

3. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք (Առակաց 22։19

3 Ճիշդ ինչպէս որ անցեալին Անգէի եւ Զաքարիայի մարգարէութիւնները Աստուծոյ ժողովուրդին օգնեցին որ շարունակեն վստահիլ Եհովային, հակառակութեան դիմաց, անոնք մեզի ալ պիտի օգնեն որ վստահ ըլլանք թէ Եհովան մեզի պիտի օգնէ՝ մեր կեանքին մէջ ի՛նչ դժուարութիւններ ալ ունենանք (կարդա՛ Առակաց 22։19)։ Մինչ նկատի կ’առնենք Անգէի եւ Զաքարիայի միջոցաւ Աստուծոյ տուած պատգամը եւ կը քննենք Եզրասի օրինակը, այս հարցումներուն պիտի պատասխանենք. Բաբելոնէն վերադարձող հրեաները ինչպէ՞ս ազդուեցան կեանքի անորոշ վիճակներէն։ Ինչո՞ւ պէտք է դժուար ժամանակներուն կեդրոնացած մնանք Աստուծոյ կամքը ընելուն վրայ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը աւելցնել՝ երբ նեղութիւններ ունենանք։

ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՂ ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱԶԴՈՒԵՑԱՆ ԱՆՈՐՈՇ ՎԻՃԱԿՆԵՐԷՆ

4-5. Թերեւս ինչո՞ւ տաճարը վերաշինելու նկատմամբ հրեաներուն խանդավառութիւնը մարեցաւ։

4 Երբ հրեաները Երուսաղէմ վերադարձան, անոնք ընելիք շատ գործ ունէին։ Անոնք արագօրէն Եհովային զոհասեղանը վերաշինեցին եւ տաճարին հիմը դրին (Եզր. 3։1-3, 10)։ Բայց անոնց ունեցած սկիզբի խանդավառութիւնը շուտով մարեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Տաճարին գործէն զատ, անոնք նաեւ իրենց տուները պիտի շինէին, այգիները տնկէին, եւ իրենց ընտանիքները կերակրէին (Եզր. 2։68, 70)։ Ասկէ զատ, անոնց թշնամիները իրենց հակառակեցան եւ ծրագրեցին տաճարին վերաշինութիւնը կեցնել (Եզր. 4։1-5

5 Վերադարձող հրեաները նաեւ ազդուեցան տնտեսական եւ քաղաքական անկայուն վիճակներէն։ Հիմա անոնց երկիրը պարսկական կայսրութեան իշխանութեան տակ էր։ Երբ որ պարսիկ Կիւրոս թագաւորը մեռաւ Ք.Ա. 530–ին, անոր յաջորդը՝ Կամբիւսեսը, ուզեց Եգիպտոսի վրայ յարձակիլ։ Մինչ պարսիկ զինուորները կ’ուղղուէին դէպի Եգիպտոս, անոնք հաւանաբար իսրայէլացիներէն պահանջեցին ուտելիք, ջուր եւ մնալու տեղ, ինչ որ իսրայէլացիներուն կեանքը աւելի դժուարացուց։ Եւ երբ Դարեհ Ա. թագաւորը սկսաւ իշխել, քաղաքական անկայուն վիճակը շարունակուեցաւ։ Եւ ասիկա անկասկած պատճառ եղաւ, որ վերադարձող հրեաներէն շատեր մտահոգուին թէ իրենց ընտանիքին ինչպէ՛ս հոգ պիտի տանէին։ Եւ այս բոլոր պատճառներով, կարգ մը հրեաներ զգացին որ ժամանակը չէր որ Եհովային տաճարը վերաշինէին (Ան. 1։2

6. Զաքարիա 4։6, 7–ի համաձայն, հրեաները ուրիշ ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցան, եւ Զաքարիան անոնց ի՞նչ երաշխիք տուաւ։

6 Կարդա՛ Զաքարիա 4։6, 7։ Տնտեսական եւ քաղաքական անկայուն վիճակէն զատ, հրեաները նաեւ հալածուեցան։ Ք.Ա. 522–ին, անոնց թշնամիները յաջողեցան Եհովայի տաճարին վերաշինութիւնը արգիլել։ Բայց Զաքարիան հրեաները վստահեցուց որ Եհովան իր զօրաւոր հոգին պիտի գործածէր որեւէ դժուարութիւն վերցնելու համար։ Ք.Ա. 520–ին, Դարեհ թագաւորը տաճարի շինարարութեան վրայ դրուած արգելքը վերցուց եւ նոյնիսկ հրեաներուն նիւթական օգնութիւն տուաւ եւ ուրիշ կառավարիչներէ խնդրեց որ նոյնը ընեն (Եզր. 6։1, 6-10

7. Երբ վերադարձող հրեաները Աստուծոյ կամքը ընելը առաջին տեղը դրին, ի՞նչ օրհնութիւններ ստացան։

 7 Անգէին եւ Զաքարիային միջոցաւ, Եհովան իր ժողովուրդին խոստացաւ որ իրենց պիտի օգնէր, եթէ ամէն բանէ առաջ տաճարը վերաշինէին (Ան. 1։8, 13, 14. Զաք. 1։3, 16)։ Վերադարձող հրեաները՝ քաջալերուելով մարգարէներէն, տաճարը վերաշինելու գործը ետ սկսան Ք.Ա. 520–ին, եւ հինգ տարի չանցած ատիկա ամբողջացուցին։ Քանի՛ որ անոնք Աստուծոյ կամքը ընելը առաջին տեղը դրին՝ հակառակ կեանքի անորոշութիւններուն, Եհովան իրենց օգնեց՝ ոչ միայն նիւթապէս, հապա նաեւ հոգեւորապէս։ Եւ արդիւնքը եղաւ որ անոնք Եհովան ուրախութեամբ պաշտեցին (Եզր. 6։14-16, 22

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԸՆԵԼՈՒՆ ՎՐԱՅ

8. Անգէ 2։4–ի խօսքերը ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել որ կեդրոնանանք Աստուծոյ կամքը ընելուն վրայ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

8 Մինչ մեծ նեղութիւնը կը մօտենայ, կ’անդրադառնանք որ որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է որ հնազանդինք քարոզելու պատուէրին (Մար. 13։10)։ Բայց թերեւս դժուար ըլլայ մեր քարոզչութեան վրայ կեդրոնանալը, եթէ նիւթական վնաս մը քաշած ենք, կամ մեր քարոզչութեան դէմ հակառակութիւն կայ։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք։ Վստահ ըլլալը որ «զօրքերուն Տէրը» b մեր քովն է։ Ան մեզի պիտի օգնէ, եթէ շարունակենք Թագաւորութեան շահերը մեր շահերէն առաջ դնել։ Եւ այսպիսով պիտի չվախնանք (կարդա՛ Անգէ 2։4

9-10. Զոյգ մը ինչպէ՞ս Մատթէոս 6։33–ի խօսքերուն ճիշդ ըլլալը փորձառաբար գիտցաւ։

9 Նկատի առ Օլէկի եւ Իրինայի c օրինակը՝ ամուսնացած զոյգ մը, որ ռահվիրայութիւն կ’ընէ։ Երբ անոնք ժողովքի մը օգնելու համար ուրիշ շրջան փոխադրուեցան, իրենց եկամուտի աղբիւրը կորսնցուցին՝ իրենց երկրին տնտեսական գէշ պայմաններուն պատճառով։ Ճիշդ է որ անոնք մօտ մէկ տարի հաստատ եկամուտ չունէին, բայց միշտ զգացին որ Եհովան եւ ատեն–ատեն քոյրերն ու եղբայրները իրենց կ’օգնէին։ Լաւ, անոնք ինչպէ՞ս կրցան գլուխ ելլել կեանքի անորոշութիւններուն հետ։ Օլէկը, որ սկիզբը ընկճուեցաւ, կ’ըսէ. «Ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը մեզի օգնեց որ կեդրոնանանք կեանքի մէջ ամենակարեւոր բանին վրայ»։ Մինչ ինքն ու իր կինը շարունակեցին գործ փնտռել, անոնք ծառայութեան մէջ զբաղած մնացին։

10 Օր մը, երբ անոնք ծառայութենէն տուն վերադարձան, գիտցան որ մօտիկ բարեկամ մը շուրջ 160 քմ. քշած էր, որպէսզի իրենց երկու տոպրակ ուտելիք բերէ։ Օլէկը կ’ըսէ. «Այդ օրը անգամ մը եւս Եհովային եւ ժողովքին խոր հոգատարութիւնը զգացինք։ Համոզուած ենք որ Եհովան բնա՛ւ չի մոռնար իր ծառաները, անոնց պարագաները որքա՛ն ալ անյոյս երեւնան» (Մատ. 6։33

11. Եթէ Աստուծոյ կամքը ընելուն վրայ կեդրոնանանք, ի՞նչ կրնանք ակնկալել։

11 Եհովան կ’ուզէ որ կեդրոնանանք աշակերտելու փրկարար գործին վրայ։ Ինչպէս որ  7–րդ պարբերութեան մէջ նշուեցաւ, Անգէն Եհովային ժողովուրդը քաջալերեց որ վերսկսին տաճարը շինել, կարծես թէ տաճարին հիմերը անգամ մը եւս կը դնէին։ Եթէ այդպէս ընէին, Եհովան զիրենք պիտի ‘օրհնէր’ (Անգէ 2։18, 19)։ Մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեր ջանքերը պիտի օրհնէ, եթէ իր նշանակած գործը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՄԵՐ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼՑՆԵԼ

12. Եզրասը եւ իր հետ վերադարձողները ինչո՞ւ զօրաւոր հաւատքի պէտք ունէին։

12 Ք.Ա. 468–ին, Եզրասը հրեաներու երկրորդ խումբով մը Բաբելոնէն Երուսաղէմ ճամբորդեց։ Որպէսզի այս ճամբորդութիւնը ընէին, Եզրասը եւ իր հետ եղողները զօրաւոր հաւատքի պէտք ունէին։ Անոնք վտանգաւոր ճամբաներէ պիտի անցնէին, եւ քանի՛ որ իրենց հետ մեծ քանակով ոսկի եւ արծաթ կար՝ տաճարին նուիրուած, գողերը կրնային իրենց վրայ յարձակիլ եւ զիրենք կողոպտել (Եզրաս 7։12-16. 8։31)։ Ասկէ զատ, անոնք շատ չանցած անդրադարձան որ Երուսաղէմը ապահով տեղ մը չէր։ Անոր մէջ քիչեր կը բնակէին եւ անոր պարիսպները եւ դռները նորոգութեան պէտք ունէին։ Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը աւելցնելու նկատմամբ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եզրասէն։

13. Եհովայի հանդէպ Եզրասի վստահութիւնը ինչպէ՞ս զօրացաւ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

13 Եզրասը անձամբ տեսած էր թէ ինչպէ՛ս Եհովան դժուար ժամանակներուն իր ժողովուրդին օգնած էր։ Տարիներ առաջ, Ք.Ա. 484–ին, Եզրասը հաւանաբար կ’ապրէր Բաբելոնի մէջ, երբ Ասուերոս թագաւորը հրաման մը հանեց, որ պարսկական կայսրութեան մէջ ապրող հրեաները բնաջնջուին (Եսթեր 3։7, 13-15)։ Ասիկա կը նշանակէր թէ Եզրասի կեանքը վտանգի տակ էր։ Բոլոր գաւառներուն մէջ հրեաները ծոմ պահեցին եւ լացին, եւ հաւանաբար աղօթքով Եհովային առաջնորդութիւնը խնդրեցին (Եսթեր 4։3)։ Մէկ հատ երեւակայէ, թէ Եզրասը եւ միւս հրեաները ի՛նչ զգացին, երբ անոնք որոնք կը ծրագրէին զիրենք սպաննել, իրե՛նք սպաննուեցան (Եսթեր 9։1, 2)։ Այդ դժուար ժամանակներուն, Եզրասին գլուխէն անցածները զինք պատրաստած ըլլալու էին ապագայ դժուարութիւններու, եւ շատ հաւանաբար իր հաւատքը զօրացուցին, թէ Եհովան որքա՛ն կարողութիւն ունի իր ժողովուրդը պաշտպանելու d։

14. Քոյր մը ի՞նչ դաս սորվեցաւ, երբ դժուար ժամանակներուն Եհովան իրեն հոգ տարաւ։

14 Երբ Եհովան մեզի անորոշ ժամանակներուն հոգ կը տանի, իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելնայ։ Նկատի առ Անասթազիայի օրինակը, որ կ’ապրի արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Ան չէզոք մնալու համար, իր գործը ձգեց։ Անասթազիան կ’ըսէ. «Բնա՛ւ չէի եղած պարագայի մը մէջ, որ քովս դրամ չկար։ Հարցը Եհովային ձեռքերուն մէջ դրի, եւ տեսայ թէ ան ինչպէ՛ս ինծի քնքշօրէն հոգ տարաւ։ Եթէ օրին մէկը նորէն գործս կորսնցնեմ, պիտի չվախնամ։ Եթէ իմ երկնաւոր Հայրս այսօր ինծի հոգ տարաւ, ան վաղն ալ ինծի հոգ պիտի տանի»։

15. Ի՞նչ բան Եզրասին օգնեց որ Եհովային աւելի վստահի (Եզրաս 7։27, 28

15 Եզրաս Եհովային ձեռքը տեսաւ իր կեանքին մէջ։ Երբ ան մտածեց թէ անցեալին Եհովան ինչպէ՛ս շատ անգամներ իր օգնութեան հասաւ, ասիկա իր վստահութիւնը աւելցուց Եհովային հանդէպ։ Նկատի առ «Աստուծոյ ձեռքը իմ վրաս [եղաւ]» արտայայտութիւնը (կարդա՛ Եզրաս 7։27, 28)։ Եզրասը վեց անգամներ եւս ասոր նման արտայայտութիւն գործածեց իր անունը կրող գիրքին մէջ (Եզրաս 7։6, 9. 8։18, 22, 31

Ո՞ր պարագաներուն կրնանք աւելի յստակ կերպով տեսնել Աստուծոյ ձեռքը մեր կեանքին մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 16) e

16. Ո՞ր պարագաներուն, Եհովային ձեռքը մեր կեանքին մէջ աւելի յստակօրէն պիտի տեսնենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

16 Եհովան մեզի ալ կրնայ օգնել, երբ դժուարութիւն մը ունինք։ Օրինակ, երբ մեր գործատէրէն խնդրենք որ մեզի արձակուրդ տայ համաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար, կամ գործի յայտագրին մէջ փոփոխութիւն մտցնէ, որպէսզի բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուինք, ասիկա առիթ պիտի ստեղծէ որ մեր կեանքին մէջ Եհովային ձեռքը տեսնենք։ Որքա՜ն պիտի զարմանանք, երբ մեր ակնկալածէն աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգենք։ Ասիկա Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը պիտի աւելցնէ։

Եզրասը տաճարին մէջ կու լայ եւ կ’աղօթէ, նեղանալով ժողովուրդին ըրած մեղքերուն համար։ Ժողովուրդն ալ կու լայ։ Ետքը, Սեքենիան Եզրասը կը մխիթարէ՝ իրեն ըսելով. «Իսրայէլին համար յոյս կայ... մենք ալ քեզի հետ ըլլանք» (Եզր. 10։2, 4) (տե՛ս պարբերութիւն 17)։

17. Եզրասը ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցոյց տուաւ դժուար ժամանակներուն (տե՛ս կողքին նկարը)։

17 Եզրասը խոնարհաբար Եհովային օգնութիւնը խնդրեց։ Ամէն անգամ որ կը մտահոգուէր իր ընելիքներուն նկատմամբ, ան խոնարհաբար Եհովային կ’աղօթէր (Եզրաս 8։21-23. 9։3-5)։ Ուրիշներ՝ տեսնելով որ Եզրասը Եհովային կը վստահէր, մղուեցան իրեն օգնելու եւ իր հաւատքը ընդօրինակելու (Եզրաս 10։1-4)։ Մենք ալ երբ չափազանց կը մտահոգուինք մեր նիւթական պէտքերով կամ մեր ընտանիքին ապահովութեամբ, պէտք է նոյնպէս վստահութեամբ Եհովային աղօթենք։

18. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը աւելնայ։

18 Եթէ խոնարհաբար Եհովային օգնութիւնը խնդրենք, եւ մեր հաւատակիցներուն տուած օգնութիւնը ընդունինք, Աստուծոյ հանդէպ մեր վստահութիւնը պիտի աւելնայ։ Էրիքա անունով երեք զաւակներու տէր մայր մը Եհովային հանդէպ իր վստահութիւնը չկորսնցուց, հակառակ իր ունեցած մեծ վնասներուն։ Իրար ետեւէ, ան կորսնցուց իր տակաւին չծնած պզտիկը եւ իր սիրելի ամուսինը։ Ետ նայելով, ան կ’ըսէ. «Առաջուընէ չես կրնար գիտնալ, թէ Եհովան քեզի ինչպէ՛ս պիտի օգնէ։ Ան անակնկալ կերպեր կը գործածէ օգնելու համար։ Սորվեցայ որ աղօթքներուս մեծ մասը պատասխանուեցաւ բարեկամներուս խօսքերով եւ գործերով։ Եթէ սիրտս բանամ բարեկամներուս, անոնք աւելի դիւրին կրնան ինծի օգնել»։

ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԷ

19-20. Երուսաղէմ վերադառնալու կարողութիւն չունեցող հրեաներէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

19 Նաեւ կրնանք արժէքաւոր դաս մը սորվիլ այն հրեաներէն, որոնք չկրցան Երուսաղէմ վերադառնալ՝ յառաջացած տարիքի, լուրջ հիւանդութեան կամ ընտանեկան պարտաւորութիւններու պատճառով։ Հակառակ այս բոլորին, անոնք յօժարաբար վերադարձողներուն օգնեցին՝ նուիրատուութիւններ ընելով (Եզր. 1։5, 6)։ Եւ անկէ շուրջ 19 տարի ետք, Բաբելոնի մէջ մնացողները տակաւին նուիրատուութիւններ կը ղրկէին Երուսաղէմ (Զաք. 6։10

20 Նոյնիսկ եթէ կը զգանք որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ շատ բան չենք կրնար ընել, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան զինք հաճեցնելու մեր անկեղծ ջանքերը կը գնահատէ։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Զաքարիայի օրերուն, Եհովան իր մարգարէէն խնդրեց որ Բաբելոնի մէջ գտնուող գերիներուն կողմէ ղրկուած ոսկիով եւ արծաթով պսակ կամ թագ մը շինէ (Զաք. 6։11)։ Այս «վեհաշուք պսակը» որպէս «յիշեցում» պիտի ծառայէր՝ անոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններուն համար (Զաք. 6։14, ՆԱ)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան բնաւ պիտի չմոռնայ մեր անկեղծ ջանքերը որ իրեն ծառայենք դժուար ժամանակներուն (Եբ. 6։10

21. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ ապագային նայինք վստահութեամբ։

21 Այս վերջին օրերուն մենք վստահաբար դժուարութիւններէ պիտի անցնինք, եւ ապագային թերեւս վիճակները աւելի անորոշ եւ աւելի գէշ ըլլան (Բ. Տիմ. 3։1, 13)։ Բայց պէտք չունինք չափազանց մտահոգուելու։ Յիշենք թէ Եհովան Անգէի օրերուն ի՛նչ ըսաւ իր ժողովուրդին. «Ես ձեզի հետ եմ. . . մի՛ վախնաք» (Ան. 2։4, 5)։ Մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի հետ պիտի ըլլայ, այնքան ատեն որ մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք իր կամքը ընելու։ Գործադրելով այն դասերը, որոնք սորվեցանք Անգէի եւ Զաքարիայի մարգարէութիւններէն եւ Եզրասի օրինակէն, կրնանք միշտ Եհովային վստահիլ՝ ի՛նչ դժուարութիւններէ ալ անցնինք ապագային։

ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք

a Այս յօդուածին նպատակն է մեզի օգնել Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնելու, երբ տնտեսական դժուարութիւններ, քաղաքական անկայուն վիճակ կամ մեր քարոզչութեան դէմ հակառակութիւններ կը դիմագրաւենք։

b «Զօրքերու Տէր» արտայայտութիւնը Անգէ գիրքին մէջ 14 անգամ անցած է։ Անիկա հրեաներուն՝ ինչպէս նաեւ մեզի, յիշեցուց որ Եհովան անսահման զօրութիւն ունի եւ հոգեղէն արարածներու հսկայ բանակ մը կ’առաջնորդէ (Սաղ. 103։20, 21

c Կարգ մը անուններ փոխուած են։

d Աստուծոյ Օրէնքին արագագիր դպիր մը, այսինքն՝ արագ ընդօրինակող մը ըլլալով, Եհովայի մարգարէական խօսքին հանդէպ Եզրասի վստահութիւնը աւելցած էր նոյնիսկ Երուսաղէմ ճամբորդելէ առաջ (Բ. Մն. 36։22, 23. Եզր. 7։6, 9, 10. Եր. 29։14

e ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը իր գործատէրէն արձակուրդ կը խնդրէ համաժողովի մը ներկայ ըլլալու համար, բայց կը մերժուի։ Ան Աստուծոյ կ’աղօթէ եւ իրմէ օգնութիւն կը խնդրէ, մինչ կը պատրաստուի անգամ մը եւս իր գործատիրոջ մօտենալու։ Եղբայրը իր գործատիրոջ ցոյց կու տայ համաժողովին յայտագիրը եւ կը բացատրէ թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս մեզ ա՛լ աւելի լաւ մարդիկ կը դարձնէ։ Գործատէրը ասկէ ազդուած իր միտքը կը փոխէ։