Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքը սերտելէն աւելի օգտուիլ եւ հաճոյք առնել
ՅԵՍՈՒՆ մեծ դժուարութեան մը առջեւ է։ Ան պէտք է իսրայէլ ազգը մտցնէ Աւետեաց երկիրը, հակառակ որ արգելքներ կան։ Բայց Եհովան կը քաջալերէ զինք, ըսելով. ‘Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր։ Օրէնքս պահէ։ Գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես’ (Յես. 1։7, 8)։
Այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ, մենք ալ մեծ դժուարութիւններ ունինք (Բ. Տիմ. 3։1)։ Եթէ կ’ուզենք Յեսուին պէս յաջողիլ, պէտք է հետեւինք Եհովային կողմէ իրեն տրուած խրատին։ Պէտք է կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը կարդանք եւ ատոր սկզբունքները գործադրենք երբ խնդիրներ դիմագրաւենք։
Թերեւս մեզմէ շատեր ըսեն, որ չեն գիտեր թէ ինչպէ՛ս սերտեն, կամ չեն սիրեր սերտել։ Բայց քանի որ Սուրբ Գիրքը սերտելը շատ կարեւոր է, տե՛ս « Այս առաջարկները փորձէ» շրջանակը, որպէսզի տեսնես թէ ինչպէ՛ս կրնաս Սուրբ Գիրքը սերտելէն աւելի օգտուիլ եւ աւելի հաճոյք առնել։
Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն» (Սաղ. 19։8)։ Աստուծոյ Խօսքը սերտելը կրնայ շա՜տ ուրախացնել քեզ։ Մինչ հոգեւոր գանձեր կը փնտռես, գեղեցիկ գոհարներ պիտի գտնես։
Ճիշդ է որ Յեսուին պէս ազգ մը պիտի չառաջնորդես, բայց դուն ալ քու կարգիդ դժուարութիւններ ունիս։ Ուրեմն, Յեսուին պէս Աստուծոյ Խօսքը սերտէ եւ անոր հնազանդէ, որպէսզի դուն ալ ‘գործերդ յառաջ տանիս եւ յաջողութիւն գտնես’։