Միտքդ յարձակումի տակ է, բայց կրնա՛ս յաղթել
ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ տակ ես։ Թշնամիդ Սատանան է եւ ան շատ վտանգաւոր զէնք մը կը գործածէ քեզի դէմ։ Այս զէնքը ծրագրուած է որ քու միտքիդ վրայ յարձակի, ու ոչ թէ մարմնիդ։ Այս զէնքը փրոփականտն է։
Պօղոս առաքեալ գիտէր թէ Սատանային փրոփականտը շատ վտանգաւոր է, բայց ամէն քրիստոնեայ չէր գիտեր ասիկա։ Օրինակ, այնպէս կ’երեւի թէ Կորնթոսի մէջ ոմանք չափէ դուրս ինքնավստահ էին, եւ կը կարծէին որ այնքա՛ն զօրաւոր են ճշմարտութեան մէջ, որ բնա՛ւ չեն իյնար (Ա. Կոր. 10։12)։ Ասոր համար, Պօղոս այս զգուշացումը տուաւ. «Կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն» (Բ. Կոր. 11։3)։
Պօղոսին խօսքը կը ցուցնէ թէ որքա՜ն կարեւոր է, որ չափէ դուրս ինքնավստահ չըլլանք։ Որպէսզի կարենաս Սատանային փրոփականտին դէմ պայքարիլ եւ յաղթել, պէտք է ըմբռնես որ ատիկա որքա՛ն վտանգաւոր է եւ դուն քեզ պաշտպանես ատկէ։
ՓՐՈՓԱԿԱՆՏԸ ՈՐՔԱ՞Ն ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է
Փրոփականտը ի՞նչ է։ Այս նիւթին մէջ, փրոփականտ կը նշանակէ՝ ճշգրիտ չեղող կամ խաբուսիկ տեղեկութիւն գործածելով մարդիկը մղել որ որոշ կերպով մտածեն եւ գործեն։ Ըստ Propaganda and Persuasion գիրքին, փրոփականտը «բարոյական չեղող, վնասակար եւ անարդար թաքթիք է»։ Կարգ մը մարդիկ զայն կը նկարագրեն որպէս՝ «սուտ, կեղծիք, խաբեբայութիւն, խարդախութիւն, խելքին հետ խաղալ [եւ] հոգեբանական պատերազմ»։
Փրոփականտը շատ վտանգաւոր է, քանի որ առանց մեր զգալուն կրնայ կամաց–կամաց ազդել մեր մտածելակերպին։ Ատիկա կը
նմանի թունաւոր կազի, որ ո՛չ կը տեսնուի ոչ ալ հոտ ունի։ Վանս Փաքըրտ, որ մարդկային վարուելակերպի մասնագէտ է, ըսաւ թէ փրոփականտը «մեր անդրադարձածէն աւելի» կ’ազդէ մեր մտածելակերպին։ Ուրիշ մասնագէտ մը ըսաւ որ փրոփականտը պատճառ դարձած է որ մարդիկ վերջին ծայր վտանգաւոր եւ անտրամաբանական բաներ ընեն, ինչպէս՝ ցեղասպանութիւն, պատերազմ եւ ցեղային կամ կրօնական հալածանք (Easily Led—A History of Propaganda)։Եթէ պարզ մարդը կրնայ իր փրոփականտով մեզ խաբել, որքան աւելի Սատանան կրնայ։ Ան մարդուն ստեղծուելէն ի վեր կը սերտէ, թէ մարդ արարածը ինչպէ՛ս կը վարուի։ Հիմա «բոլոր աշխարհ»ը իր ձեռքին մէջ է, եւ աշխարհին մէջ եղող որեւէ բան կրնայ գործածել որ իր սուտերը տարածէ (Ա. Յովհ. 5։19. Յովհ. 8։44)։ Ան այնքա՛ն շատ մարդոց ‘մտքերը կուրցուցած է’, որ հիմա ‘բոլոր աշխարհը կը մոլորեցնէ’ (Բ. Կոր. 4։4. Յայտ. 12։9)։ Ինչպէ՞ս կրնաս իր փրոփականտին դէմ դնել։
ՀԱՒԱՏՔԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ
Յիսուս մեզի սորվեցուց թէ փրոփականտին դէմ պայքարելու համար պարզ կերպ մը կայ։ Ան ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8։31, 32)։ Պատերազմի մը ընթացքին, զինուորը պէտք ունի գիտնալու, թէ ուրկէ կրնայ վստահելի տեղեկութիւն առնել, որպէսզի թշնամին չկրնայ իր խելքին հետ խաղալ։ Դուն ալ վստահելի տեղեկութեան պէտք ունիս։ Եհովան իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին մէջ գրած է ինչ որ պէտք ունիս, որպէսզի Սատանային փրոփականտին դէմ դնես (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։
Անշուշտ, ամէնէն մեծ փրոփականտիստը՝ Սատանան ասիկա գիտէ։ Ասոր համար, ան այս չար աշխարհը կը գործածէ, որ մեզի արգելք կենայ որ Սուրբ Գիրքը կարդանք ու սերտենք։ Իր ծածուկ փոսերուն մէջ մի՛ իյնար (Եփ. 6։11)։ Չի բաւեր որ ճշմարտութեան մասին միայն հիմնական բաները գիտնանք։ Պէտք է շատ ջանք թափենք որ խոր գիտութիւն առնենք (Եփ. 3։18)։ Ինչպէս որ հեղինակ Նոամ Չամսքի ըսաւ, «մէկը չի կրնար ուղեղիդ մէջ ճշմարտութիւն լեցնել։ Դո՛ւն պէտք է գտնես զայն»։ Ուրեմն, աշխատասիրութեամբ ‘ամէն օր գրքերը քննէ’, եւ այսպիսով ‘դո՛ւն գտիր’ ճշմարտութիւնը (Գործք 17։11)։
Մի՛ մոռնար թէ Սատանան կ’ուզէ որ միտքդ պղտորի եւ չկրնաս տրամաբանել։ Ինչո՞ւ։ Առ. 14։15)։ Աստուծոյ կողմէ քեզի տրուած մտածելու եւ տրամաբանելու կարողութիւնը գործածէ որ հաւատքդ զօրացնես (Առ. 2։10-15. Հռով. 12։1, 2)։
Քանի որ փրոփականտը «շատ հաւանաբար ծայր աստիճան կ’ազդէ», երբ մարդիկ «չկրնան լաւ դատողութեամբ մտածել», կ’ըսէ աղբիւր մը (Media and Society in the Twentieth Century)։ Ասոր համար, բնա՛ւ առանց մտածելու կամ կուրօրէն մի՛ հաւատար լսածիդ (ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԷ
Պատերազմի ատեն, փրոփականտը կրնայ ձգել որ զինուորները վախնան եւ կռուելու տատամսին։ Ատիկա նոյնիսկ կրնայ ձգել որ զինուորները իրարու դէմ կռուին կամ զօրքէն զատուին։ Ըստ գերմանացի զօրավարի մը, պատճառներէն մէկը որ Գերմանիան պարտուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին այն է, թէ «փրոփականտը թմրեցուց ժողովուրդը, ճիշդ ինչպէս որ օձը կը շլացնէ նապաստակը»։ Սատանան այսպիսի մեթոտներ կը գործածէ, որպէսզի քրիստոնեաներուն միութիւնը քանդէ։ Օրինակ, ան կը փորձէ եղբայրներուն միջեւ անհամաձայնութիւններ պատճառել, կամ ձգել որ անոնք Եհովային կազմակերպութենէն հեռանան, կարծելով թէ ատիկա որոշ անարդարութիւն մը կամ սխալ մը ըրած է։
Մի՛ խաբուիր։ Աստուծոյ Խօսքին խրատին հետեւէ եւ եղբայրներուն հետ միացած մնա։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը քեզ կը քաջալերէ որ շարունակես «ներել» եւ շուտով անհամաձայնութիւնները լուծես (Կող. 3։13, 14. Մատ. 5։23, 24)։ Ատիկա նաեւ մեզի լրջօրէն զգուշացում կու տայ որ չմեկուսանանք (Առ. 18։1, ստորանիշ)։ Ուրեմն, վստահ եղիր որ պատրաստ ես Սատանային փրոփականտին դէմ դնելու։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Վերջին անգամ երբ մէկը նեղացուց զիս, ինչպէ՞ս հակազդեցի. աշխարհին հոգիէ՞ն ազդուելով, թէ ոչ Աստուծոյ հոգիէն ազդուելով’ (Գաղ. 5։16-26. Եփ. 2։2, 3)։
ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԴ ԿՈՐՍՈՒԻ
Եթէ զինուորը իր հրամանատարին հաւատարիմ չըլլայ, չի կրնար լաւ կռուիլ։ Ասոր համար, թշնամիները փրոփականտ կը գործածեն որ զինուորին վստահութիւնը կտրեն իր հրամանատարներուն հանդէպ։ Եթէ հրամանատարները սխալ մը ընեն, թշնամիները կը փորձեն առիթը օգտագործելով ըսել. «Չես կրնար հրամանատարներուդ վստահիլ» եւ «Մի՛ ձգեր որ անոնք կեանքդ քանդեն»։ Սատանան նոյնը կ’ընէ։ Ան կը փորձէ վստահութիւնդ կտրել Եհովային ընտրած առաջնորդներուն հանդէպ։
Ա. Թես. 5։12, 13)։ Թերեւս հաւատուրացները եւ ուրիշ խաբեբաներ կազմակերպութեան դէմ ելլեն (Տիտ. 1։10)։ Նոյնիսկ եթէ երեւի թէ անոնց ըսածը ճիշդ է, ‘չըլլայ որ շուտ մը խախտիս մտքէդ’ (Բ. Թես. 2։2)։ Հետեւէ Տիմոթէոսին տրուած խրատին. «հաստատո՛ւն կեցիր» այն ճշմարտութեան մէջ որ սորված ես, եւ յիշէ թէ ուրկէ սորվեցար զայն (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Մտածէ բոլոր այն փաստերուն մասին, որոնք թոյլ կու տան որ վստահիս այն հաւատարիմ ծառային, որ Եհովան գրեթէ հարիւր տարիէ ի վեր կը գործածէ որ ճշմարտութիւնը սորվեցնէ մեզի (Մատ. 24։45-47. Եբ. 13։7, 17)։
Ինչպէ՞ս կրնաս դուն քեզ պաշտպանել։ Վճռէ՛ Եհովային կազմակերպութեան մէջ մնալ։ Շարունակէ՛ հաւատարիմ ըլլալ եւ թիկունք կանգնիլ առաջնորդութիւն առնող տղամարդոց, հակառակ որ անկատար են (ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ
Միտքդ պահէ որ Սատանան միշտ խորամանկ կերպեր չի գործածեր։ Ատեններ, ան ուղղակի կերպեր կը գործածէ, ինչպէս՝ վախցնելը։ Գիրք մը կ’ըսէ թէ վախցնելը «փրոփականտին ամէնէն հին ձեւերէն մէկն է» (Easily Led—A History of Propaganda)։ Օրինակ, բրիտանացի փրոֆէսոր Ֆիլիփ Մ. Թէյլըր գրեց, որ ասորեստանցիները թէ՛ փրոփականտ կը գործածէին եւ թէ իրենց թշնամիները կը վախցնէին, որպէսզի անոնց վրայ իշխեն։ Սատանան պիտի գործածէ վախը, ինչպէս՝ մարդու հանդէպ վախը, հալածուելու վախը եւ մեռնելու վախը, որպէսզի վազ անցնիս Եհովային ծառայելէն (Եսա. 8։12. Եր. 42։11. Եբ. 2։15)։
Մի՛ ձգեր որ Սատանան վախը գործածելով տրամադրութիւնդ քանդէ կամ քեզ մղէ անհաւատարիմ գտնուելու։ Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին» (Ղուկ. 12։4)։ Լման վստահ եղիր որ Եհովան իր խոստումին տէրը ելլելով քեզի հոգ պիտի տանի, «զօրութեան առաւելութիւնը» պիտի տայ եւ օգնէ որ Սատանային յարձակումներուն դէմ դնես (Բ. Կոր. 4։7-9. Ա. Պետ. 3։14)։
Անշուշտ, կան ատեններ երբ տկար կը զգաս կամ կը վախնաս։ Բայց միտքդ պահէ թէ Եհովան ի՛նչ խօսքերով քաջալերեց Յեսուն։ Ան ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս» (Յես. 1։9)։ Երբ մտահոգ ըլլաս, շուտով Եհովային աղօթէ հոգերուդ մասին։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ ‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը քու սիրտդ ու միտքդ պիտի պահպանէ’, եւ այսպիսով զօրութիւն պիտի ունենաս որ Սատանային ամէն փրոփականտին դէմ դնես (Փլպ. 4։6, 7, 13)։
Կը յիշե՞ս թէ ասորեստանցիներուն պատգամաւորը՝ Ռափսակը ի՛նչ փրոփականտ գործածեց Աստուծոյ ժողովուրդը վախցնելու համար։ Ան կարծես թէ կ’ըսէր. ‘Բան մը չկայ որ ձեզ պաշտպանէ Ասորեստանէն։ Նոյնիսկ ձեր Աստուածը՝ Եհովան բան մը չի կրնար ընել ձեզի համար’։ Ան համարձակօրէն աւելցուց. ‘Եհովա՛ն մեզի ըսաւ որ այս երկիրը աւերենք’։ Լաւ, Եհովան ի՞նչ պատասխանեց։ «Մի՛ վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները ինծի հայհոյեցին» (Դ. Թագ. 18։22-25. 19։6)։ Ետքը, ան հրեշտակ մը ղրկեց, որ մէկ գիշերուան մէջ 185,000 ասորեստանցի մեռցուց (Դ. Թագ. 19։35)։
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԵՂԻՐ ԵՒ ՄԻՇՏ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՏԻԿ ԸՐԷ
Օր մը օրանց դիտա՞ծ ես ֆիլմ մը, որուն մէջ անձ մը չ’անդրադառնար որ մէկը զինք կը խաբէ։ Արդեօք ուզեցի՞ր ըսել. ‘Մի՛ հաւատար։ Վրադ սուտ կը խօսի’։ Հիմա երեւակայէ որ հրեշտակները պոռալով քեզի կ’ըսեն. «Մի՛ խաբուիր Սատանային սուտերէն»։
Ուրեմն Սատանային փրոփականտին խուլ ականջ դարձուր (Առ. 26։24, 25)։ Եհովային մտիկ ըրէ եւ իրեն վստահէ ամէն բանի մէջ (Առ. 3։5-7)։ Ան քեզ կը սիրէ եւ կը քաջալերէ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր» (Առ. 27։11)։ Եթէ ասիկա ընես, պիտի կարենաս միտքիդ դէմ եղած յարձակումին յաղթել։