Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովայի խնդրածը ընելը օրհնութիւններ կը բերէ

Եհովայի խնդրածը ընելը օրհնութիւններ կը բերէ

«Մե՛նք կ’երթանք»։ Ամուսինս ու ես եւ եղբայրս ու իր կինը այսպէս արտայայտուեցանք, երբ որոշ նշանակումի մը հրաւիրուեցանք։ Ինչո՞ւ ընդունեցինք նշանակումը եւ Եհովան ինչպէ՞ս օրհնեց մեզ։ Նախ, քիչ մը իմ մասիս պատմեմ ձեզի։

ԾՆԱԾ եմ 1923–ին Հեմզուըրթին մէջ, որ գիւղաքաղաք մըն է Եորքշայրի մէջ, Անգլիա։ Մէկ եղբայր ունիմ Պոպ անունով։ Երբ շուրջ ինը տարեկան էի, հօրս ձեռքը անցան կարգ մը հրատարակութիւններ, որոնք սուտ կրօնքին ինչ ըլլալը մէջտեղ կը հանեն։ Հայրս իր կարդացածով շատ տպաւորուեցաւ, քանի որ չէր սիրեր կրօնքներուն մէջ եղած կեղծաւորութիւնը։ Քանի մը տարի ետք, Պոպ Ադքընսըն մեր դուռը զարկաւ եւ ֆոնոկրաֆի վրայ մտիկ ընել տուաւ եղբայր Ռատըրֆորտին դասախօսութիւններէն մէկը։ Անդրադարձանք որ մեր այս լսածը այդ նոյն խումբէն է, որ այդ գիրքերը հրատարակած էր։ Ծնողքս եղբայր Ադքընսընը հրաւիրեց որ ամէն իրիկուն մեզի հետ ընթրէ եւ մեր բազմաթիւ հարցումներուն պատասխանէ։ Ան մեզ հրաւիրեց որ ժողովներու երթանք եղբօր մը տունը, որ քանի մը քիլոմեթր հեռու էր մեզմէ։ Սկսանք կանոնաւորաբար ժողովներու երթալ, եւ պզտիկ ժողովք մը հաստատուեցաւ Հեմզուըրթին մէջ։ Շատ չանցած, սկսանք գօտիի ծառաները (հիմա կը կոչուին շրջանային տեսուչներ) հրաւիրել որ մեր տունը մնան, եւ մեզի մօտ եղող ռահվիրաները ճաշի կը հրաւիրէինք։ Այդ եղբայրներն ու քոյրերը շատ մեծ տպաւորութիւն ձգեցին վրաս։

Այդ ժամանակ, ընտանիքս գործի մը սկսած էր, բայց հայրս ըսաւ եղբօրս. «Եթէ կ’ուզես ռահվիրայութիւն ընել, մեր գործը կը կեցնենք»։ Պոպը համաձայնեցաւ եւ տունը ձգեց որ ռահվիրայութիւն ընէ։ Ան 21 տարեկան էր։ Երկու տարի ետք՝ երբ 16 տարեկան էի, ռահվիրայ նշանակուեցայ։ Բացի շաբաթավերջերէն, ընդհանրապէս առանձին կը ծառայէի, գործածելով վկայութեան քարտ մը եւ ֆոնոկրաֆ մը։ Եհովային օրհնութիւնը վայելեցի, երբ Աստուածաշունչի աշակերտուհի մը ունեցայ, որ հիանալի կերպով յառաջդիմեց։ Յետագային, այդ աշակերտուհիին ընտանիքէն շատեր ընդունեցին ճշմարտութիւնը։ Յաջորդ տարին, ես եւ Մէրի Հէնշըլ մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցանք եւ ղրկուեցանք չնշանակուած թաղամաս մը Չէշայր շրջանին մէջ։

Համաշխարհային Բ. պատերազմին, կիները ստիպուած էին որոշ բաներ ընել պատերազմին համար։ Մենք կարծեցինք թէ քանի որ մասնաւոր ռահվիրայ էինք, մեզմէ պիտի չպահանջուի ատոնց մասնակցիլ, ճիշդ ինչպէս որ ուրիշ կրօնական ծառաներու պարագան էր։ Բայց դատարանը չհամաձայնեցաւ ասոր, եւ 31 օր բանտարկուեցայ։ Յաջորդ տարին, երբ 19 տարեկան էի, երկու անգամ ալ դատարան կանչուեցայ, քանի որ տակաւին խիղճս չէր ներեր որ պատերազմին թիկունք կանգնիմ։ Բայց երկու անգամն ալ դատս չեղեալ նկատուեցաւ։ Լման այս պատահածներուն ընթացքին, համոզուած էի որ սուրբ հոգին ինծի կ’օգնէր եւ Եհովան ձեռքէս բռնած կը զօրացնէր զիս (Եսա. 41։10, 13

ՆՈՐ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑ ՄԸ

1946–ին ծանօթացայ Արթըր Մեթիուզին։ Ան պատերազմին չմասնակցելուն պատճառով երեք ամիս բանտարկուած էր եւ տակաւին նոր ելած էր բանտէն ու իր եղբօր Տէնիսին հետ շուտով մասնաւոր ռահվիրայութեան սկսած էր Հեմզուըրթի մէջ։ Անոնց հայրը իրենց մանկութենէն իրենց սորվեցուցած էր Եհովային մասին, եւ անոնք պատանի տարիքին մկրտուած էին։ Շատ չանցած, Տէնիս Իրլանտա նշանակուեցաւ եւ Արթըր առանձին մնաց։ Ծնողքս տպաւորուեցաւ Արթըրին վարուելակերպով եւ աշխատասէր ըլլալով, եւ այս պատճառով զինք հրաւիրեցին որ իրենց հետ մնայ։ Երբ ես գայի, Արթըրը եւ ես պնակները կը լուայինք ճաշէն ետք։ Ի վերջոյ, սկսանք նամակ գրել իրարու։ 1948–ին, Արթըր նորէն երեք ամիս բանտ մտաւ։ Յունուար 1949–ին ամուսնացանք, եւ մեր նպատակակէտն էր ռահվիրայութիւն ընել որքան ատեն որ կրնանք։ Շատ զգուշութեամբ դրամ կը ծախսէինք եւ մեր արձակուրդը կը գործածէինք, որ քիչ մը դրամ շահինք պտուղ քաղելով։ Եհովային օրհնութեամբ կրցանք ռահվիրայութիւնը շարունակել։

Հեմզուըրթի մէջ՝ 1949–ին մեր ամուսնութենէն քիչ ետք

Շուրջ մէկ տարի ետք, Հիւսիսային Իրլանտա նշանակուեցանք, նախ՝ Արմայ եւ ետքը՝ Նիուրի, որոնք երկուքն ալ ընդհանուր առմամբ կաթողիկէ գիւղաքաղաքներ էին։ Այդ շրջանին մէջ կրօնական զօրաւոր լարուածութիւն կար, եւ պէտք էր որ զգուշութեամբ եւ լաւ դատողութեամբ քարոզէինք մարդոց։ Ժողովները ամուսնացած Վկայ զոյգի մը տունը կ’ընէինք, որ մեր ապրած տեղէն 16 քմ. հեռու էր։ Շուրջ ութ հոգի կու գային ժողովներուն։ Ատեններ, մեզի կ’ըսէին որ իրիկունը հոն անցընենք։ Գետինը կը պառկէինք եւ առտուն ճոխ նախաճաշ մը կ’ընէինք։ Շա՜տ ուրախ եմ որ հիմա բազմաթիւ Վկաներ կան այդ շրջանին մէջ։

«ՄԵ՛ՆՔ Կ’ԵՐԹԱՆՔ»

Եղբայրս եւ իր կինը՝ Լադի, արդէն իսկ մասնաւոր ռահվիրաներ էին Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ։ 1952–ին, մենք եւ իրենք նահանգային համաժողովի մը գացինք Պելֆասթի մէջ։ Չորսս ազնիւ եղբօր մը տունը մնացինք, նաեւ մեզի հետ ըլլալով Փրայս Հիյուզը, որ այդ ատեն Բրիտանիոյ մասնաճիւղի ծառան էր։ Իրիկուն մը կը խօսէինք նոր հրատարակուած գրքոյկին մասին՝ Աստուծոյ ճամբան սէր է, որ մասնաւորաբար իրլանտացիներուն համար հրատարակուած էր։ Եղբայր Հիյուզը բացատրեց թէ Իրլանտայի Հանրապետութեան մէջ կաթողիկէներուն քարոզելը դժուար է։ Այդտեղի եղբայրները իրենց տուներէն դուրս կը դրուէին, եւ քահանաները մարդիկը կը դրդէին որ եղբայրներուն հետ վայրագութեամբ վարուին։ Ան ըսաւ. «Ինքնաշարժ ունեցող զոյգերու պէտք ունինք, որպէսզի յատուկ արշաւ մը ընեն եւ այս գրքոյկը բաժնեն ամբողջ երկրին մէջ» *։ Այդ ժամանակ է որ ըսինք՝ «Մե՛նք կ’երթանք»։

Ուրիշ ռահվիրաներու հետ՝ կցուած նստարանով մոթորսիքլեթի մը վրայ

Տապլինի մէջ երկար տարիներէ ի վեր հաւատարիմ քոյր մը կար, որուն կը կոչէին՝ «մամա» Ռըթլէնտ։ Անոր տունը միշտ բաց էր ռահվիրաներուն։ Ժամանակ մը հոն մնացինք եւ մեր ունեցածներուն մէկ մասը ծախեցինք։ Ետքը, չորսս հեծանք Պոպին՝ կցուած նստարանով մոթորսիքլեթը եւ գացինք ինքնաշարժ փնտռելու։ Գործածուած յարմար ինքնաշարժ մը գտանք եւ ծախողէն խնդրեցինք որ մեզի բերէ զայն, քանի որ մեզմէ ո՛չ մէկը քշել գիտէր։ Արթըր անկողինին վրայ լման գիշերը անցուց՝ երեւակայելով որ ինքնաշարժ կը քշէ։ Յաջորդ առտու, երբ ան կը փորձէր ինքնաշարժը կառատունէն դուրս հանել, մեզի հանդիպեցաւ Միլտրէտ Ուիլեթ անունով միսիոնար քոյր մը (որ յետագային ամուսնացաւ Ճոն Պառին հետ)։ Ի՜նչ ուրախացանք որ ան քշել գիտէր։ Ան մեզի օգնեց որ քշել սորվինք։ Վերջապէս պատրաստ էինք երթալու։

Մեր ինքնաշարժը եւ կցասայլը

Նաեւ, ապրելու տեղի պէտք ունէինք։ Եղբայրները մեզի ըսած էին որ կցասայլի մէջ չապրինք, քանի որ հակառակորդները կրնան կրակի տալ զայն։ Տուն փնտռեցինք բայց չգտանք։ Այդ գիշեր ամէնքս ինքնաշարժին մէջ քնացանք։ Յաջորդ օրը, միակ բանը որ գտանք կցասայլ մըն էր, որ երկու գոցուելիք անկողին ունէր։ Ատիկա մեր տունը եղաւ։ Ի՜նչ լաւ էր որ կցասայլը կրնայինք շարել ազնիւ հողագործներու կալուածին մէջ, եւ կը քարոզէինք թաղամասի մը մէջ, որ 16–էն 24 քմ. հեռու էր կցասայլէն։ Իսկ երբ նոր թաղամաս մը անցնէինք, կը վերադառնայինք որ քարոզենք այն մարդոց, որոնց շրջանին մէջ շարած էինք կցասայլը։

Հանրապետութեան հարաւարեւելեան կողմը գտնուող բոլոր տուները այցելեցինք, եւ շատ հակառակութեան չհանդիպեցանք։ Աւելի քան 20,000 գրքոյկ բաժնեցինք եւ հետաքրքրուող անհատներուն անունները ղրկեցինք Բրիտանիոյ մասնաճիւղը։ Ի՜նչ օրհնութիւն է որ ներկայիս հարիւրաւոր Վկաներ կան այդ շրջանը։

ԱՆԳԼԻԱ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ԵՒ ԵՏՔԸ ԴԷՊԻ ՍԿՈՎՏԻԱ

Ժամանակ մը ետք նշանակուեցանք Լոնտոնի հարաւը։ Իսկ քանի մը շաբաթ ետք, Բրիտանիոյ մասնաճիւղը հեռաձայնեց Արթըրին եւ իրմէ խնդրեց, որ յաջորդ օրը շրջանային գործին սկսի։ Մէկ շաբաթ մարզում ստանալէ ետք, ճամբորդեցինք մեզի նշանակուած թաղամասը Սկովտիայի մէջ, եւ Արթըր ժամանակ չունեցաւ որ իր դասախօսութիւնները պատրաստէ։ Հակառակ ասոր, ան միշտ պատրաստ էր որեւէ նշանակում ընդունելու, որքան ալ դժուար ըլլար, եւ ասիկա շատ կը քաջալերէր զիս։ Շրջանային գործը շա՜տ սիրեցինք։ Մեզի համար հոյակապ օրհնութիւն մըն էր, որ քանի մը տարի անցընելէ ետք չնշանակուած թաղամասի մը մէջ, այլեւս բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ էինք։

1962–ին, երբ Արթըր հրաւէր ստացաւ որ տասը ամիս Գաղաադի դպրոցը երթայ, պէտք էր կարեւոր որոշում մը առնէինք։ Որոշեցինք այս առանձնաշնորհումը ընդունիլ, հակառակ որ առանձին պիտի մնայի, քանի որ հրաւիրուած չէի։ Մասնաճիւղը զիս նորէն Հեմզուըրթ նշանակեց որպէս մասնաւոր ռահվիրայ։ Երբ Արթըր մէկ տարի ետք վերադարձաւ, նահանգային գործին նշանակուեցանք։ Մեր թաղամասին մէջ կային Սկովտիան, հիւսիսային Անգլիան եւ Հիւսիսային Իրլանտան։

ԻՐԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ

1964–ին, Արթըր նշանակում ստացաւ որ Իրլանտայի Հանրապետութեան մասնաճիւղի ծառան ըլլայ։ Սկիզբը, այս փոփոխութեան հոգը առի, քանի որ շրջագայական գործը շատ կը սիրէի։ Հիմա որ ետեւ կը նայիմ, ուրախ եմ որ կրցած եմ Բեթէլին մէջ ծառայել։ Համոզուած եմ որ եթէ մէկը ընդունի որոշ նշանակում մը՝ նոյնիսկ եթէ իր սրտին չի խօսիր, Եհովան միշտ պիտի օրհնէ զինք։ Բեթէլին մէջ գրասենեակի գործեր կ’ընէի, հրատարակութիւնները կը ծրարէի, ճաշ կ’եփէի եւ մաքրութիւն կ’ընէի։ Նաեւ ժամանակ մը ծառայեցինք նահանգային գործին մէջ, եւ երկրին չորս կողմը գտնուող եղբայրներու ծանօթացանք։ Թէ՛ ասիկա եւ թէ մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն յառաջդիմելը տեսնելը ձգեցին, որ զօրաւոր կապ ունենանք մեր հոգեւոր ընտանիքին հետ Իրլանտայի մէջ։ Ասիկա շա՜տ մեծ օրհնութիւն մըն էր։

ԻՐԼԱՆՏԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԷՊՔ ՄԸ

Իրլանտայի մէջ առաջին միջազգային համաժողովը տեղի ունեցաւ 1965–ին, Տապլինի մէջ *։ Թէեւ մեծ հակառակութիւն կար, բայց համաժողովը շատ յաջող անցաւ։ 3948 հոգի ներկայ եղան եւ 65 հոգի մկրտուեցան։ Բոլոր անոնք որոնք իրենց տունը ընդունած էին 3500 միջազգային պատուիրակները, գնահատանքի նամակ ստացան։ Տանտէրերն ալ իրենց կարգին գովեցին պատուիրակներուն վարքը։ Այս առիթը իրապէս աղուոր փոփոխութիւն մըն էր Իրլանտայի համար։

Արթըր կը դիմաւորէ Նաթան Նորը, որ 1965–ի համաժողովին համար եկաւ

1983–ին, Արթըր կը յայտարարէ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքին հրատարակուիլը գելերէնով

1966–ին, Տապլինի մասնաճիւղը սկսաւ հոգ տանիլ թէ՛ հիւսիսային եւ թէ հարաւային Իրլանտային։ Այսպիսով, կարծես թէ այս երկու շրջանները միացան, մինչդեռ քաղաքական եւ կրօնական գետնի վրայ բաժանումներ կային բնակչութեան մէջ։ Կը զարմանայինք տեսնելով որ շատ մը կաթողիկէներ ճշմարտութեան կու գային եւ կը ծառայէին եղբայրներու հետ, որոնք նախապէս բողոքական էին։

ՄԵՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ ԼՄԱՆ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ

2011–ին, մեր կեանքը լման փոխուեցաւ, երբ Իրլանտայի մասնաճիւղը միացաւ Բրիտանիոյ մասնաճիւղին եւ մենք նշանակուեցանք Լոնտոնի Բեթէլը։ Ես արդէն սկսած էի մտահոգուիլ Արթըրին առողջութեամբ, քանի որ բժիշկները ըսած էին որ Փարքինսըն հիւանդութիւնը ունի։ 20 մայիս 2015–ին ամուսինս մեռաւ, 66 տարի միասին անցընելէ ետք։

Վերջին քանի մը տարիներուն, յուսահատութեան, ընկճուածութեան եւ վիշտի պահեր ունեցած եմ։ Անցեալին, Արթըրը միշտ օգնական կ’ըլլար ինծի։ Շա՜տ կը կարօտնամ զինք։ Բայց երբ այսպիսի պարագաներէ անցնիս, աւելի կը մօտենաս Եհովային։ Շատ կ’ուրախանամ երբ կը լսեմ, որ Արթըր որքա՜ն սիրուած էր։ Նամակներ ստացած եմ Իրլանտայի, Բրիտանիոյ եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներուն մէջ գտնուող բարեկամներէս։ Թէ՛ ասոնք ինծի չափէ դուրս օգնած են, եւ թէ այն քաջալերութիւնը որ ստացած եմ Արթըրին եղբօրմէն՝ Տէնիս, իր կնոջմէն՝ Մէյվըս, եւ եղբօրս երկու աղջիկներէն՝ Ռութ եւ Ճուտի։

Զիս շատ քաջալերած է Եսայի 30։18–ը, որ կ’ըսէ. «Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի. քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։ Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն»։ Շատ կը մխիթարուիմ գիտնալով որ Եհովան համբերութեամբ կը սպասէ այն ժամանակին, երբ բոլոր մեր խնդիրները պիտի լուծէ եւ մեզի պիտի տայ հաճելի նշանակումներ իր նոր աշխարհին մէջ։

Հիմա որ ետեւ կը նայիմ, կրնամ տեսնել որ Եհովան ինչպէ՛ս առաջնորդած եւ օրհնած է քարոզչութեան գործը Իրլանտայի մէջ։ Մեծ առանձնաշնորհում կը սեպեմ որ գոնէ պզտիկ դեր մը խաղցած եմ այդ հոգեւոր աճումին մէջ։ Շատ ճիշդ է այն գաղափարը, թէ եթէ Եհովային խնդրածը ընենք՝ միշտ օրհնութիւններ պիտի վայելենք։

^ պարբ. 12 Տե՛ս 1988–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք, էջ 101-102 (անգլերէն)։

^ պարբ. 22 Տե՛ս 1988–ի Տարեգիրք–ը, էջ 109-112 (անգլերէն)։