Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Ինչո՞ւ իսրայէլացի չեղող անձեր կը ծառայէին Դաւիթ թագաւորին բանակին մէջ

ԴԱՒԻԹ թագաւորին բանակին մէջ կային մարդիկ, որոնք իսրայէլացի չէին։ Օրինակ՝ ամմոնացի Սելեկը, քետացի Ուրիան եւ մովաբացի Յեթեման (Ա. Մն. 11։39, 41, 46) a։ Դաւիթին բանակին մէջ նաեւ կային «Քերեթիները», «Փելեթիները» եւ «Գեթացիները» (Բ. Թագ. 15։18)։ Այնպէս կ’երեւի թէ քերեթիները եւ փելեթիները ազգականական կապեր ունէին փղշտացիներուն հետ (Եզեկ. 25։16)։ Գեթացիները փղշտացիներու Գէթ քաղաքին բնակիչներն էին (Յես. 13։2, 3. Ա. Թագ. 6։17, 18

Լաւ, Դաւիթ ինչո՞ւ ձգեց որ այս օտարները իր բանակին մէջ ըլլան։ Ան վստահ էր, որ անոնք իրեն հաւատարիմ պիտի մնան, եւ ամէնէն կարեւորը՝ Եհովային հաւատարիմ պիտի մնան։ Օրինակ, Աստուածաշունչի բառարան մը քերեթիներուն եւ փելեթիներուն համար կ’ըսէ. «Անոնք Դաւիթին հաւատարիմ մնացին իր իշխանութեան ամէնէն դժուար ժամանակներուն ընթացքին» (The New Interpreter’s Dictionary of the Bible)։ Ինչպէ՞ս։ Երբ «Իսրայէլի բոլոր մարդիկը» Դաւիթ թագաւորին կռնակ դարձուցին եւ Սաբէէ անունով մարդու մը հետեւեցան, քերեթիները եւ փելեթիները Դաւիթին հաւատարիմ մնացին եւ իրեն օգնեցին, որ Սաբէէին ըմբոստութիւնը կեցնէ (Բ. Թագ. 20։1, 2, 7)։ Ուրիշ առիթով մը, Դաւիթ թագաւորին տղան՝ Ադոնիան, փորձեց Սողոմոնին տեղը ինքը թագաւոր ըլլալ։ Բայց այս անգամ ալ քերեթիները եւ փելեթիները Դաւիթին հաւատարիմ մնացին եւ օգնեցին, որ Սողոմոնը գահը ժառանգէ, քանի որ Եհովան զի՛նք ընտրած էր որպէս թագաւոր (Գ. Թագ. 1։24-27, 38, 39

Գեթացի Եթթին ալ վերջին ծայր հաւատարիմ էր Դաւիթին։ Ան իր 600 զինուորներուն հետ Դաւիթ թագաւորին օգնեց, երբ Դաւիթին տղան՝ Աբիսողոմը, իրեն դէմ ըմբոստացաւ եւ փորձեց իսրայէլացիներուն սիրտը գրաւել։ Սկիզբը Դաւիթ Եթթիին ըսաւ, որ ինք պէտք չունէր որ Եթթին իրեն հետ երթար կռուելու համար, քանի որ ան օտար էր։ Բայց Եթթին ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու իմ թագաւոր տէրս ալ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տէրս ո՛ւր որ ըլլայ, թէ՛ մահուան մէջ եւ թէ՛ կենդանութեան մէջ, քու ծառադ ալ հոն պիտի ըլլայ» (Բ. Թագ. 15։6, 18-21

Եթթին հաւատարիմ էր Դաւիթին, որ Եհովային օծեալ թագաւորն էր

Թէեւ քերեթիները, փելեթիները եւ գեթացիները օտարներ էին, բայց անոնք կ’ընդունէին, որ Եհովան ճշմարիտ Աստուածն է եւ Դաւիթ Եհովային օծեալն է։ Դաւիթ որքա՜ն երախտապարտ ըլլալու էր, որ այսպիսի հաւատարիմ մարդիկ իր կողմն էին։

a Բ. Օրինաց 23։3-6–ին մէջ գրուած Աստուծոյ օրէնքը կ’արգիլէր, որ ամմոնացիները եւ մովաբացիները Տէրոջը ժողովարանը մտնեն։ Բայց այնպէս կ’երեւի որ այս օրէնքը ըսել կ’ուզէր, որ անոնք չէին կրնար երկրին մէջ օրինական լման անդամակցութիւն ունենալ։ Բայց կրնային Աստուծոյ ժողովուրդին ընկերակցիլ կամ անոնց միջեւ ապրիլ։ Տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր Ա., էջ 95 (անգլ.)։