Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնաս յաւիտեան ապրիլ երկրի վրայ

Կրնաս յաւիտեան ապրիլ երկրի վրայ

Ի՜ՆՉ ԱՂՈՒՈՐ ՅՈՅՍ ՄԸ։ Մեր Ստեղծիչը խոստացած է յաւիտենական կեանք տալ մեզի հոս՝ երկրի վրայ։ Բայց շատերու համար դժուար է ասոր հաւատալ։ Անոնք կ’ըսեն. «Ամէն մարդ ի վերջոյ պիտի մեռնի։ Ասիկա գոյութեան բնական մէկ մասն է»։ Ուրիշներ կը հաւատան որ կարելի է յաւիտեան ապրիլ, բայց ոչ հոս՝ երկրի վրայ։ Անոնք կ’ըսեն որ յաւիտեան կ’ապրինք միայն երբ մեռնինք եւ երկինք երթանք։ Քու կարծիքդ ի՞նչ է։

Առաջ որ պատասխանես, նկատի առ թէ Սուրբ Գիրքը հետեւեալ հարցումներուն ի՛նչ պատասխան կու տայ. Ըստ մարդ արարածին շինուած ձեւին, ան ստեղծուած է որքա՞ն երկար ապրելու։ Երկրին եւ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ բուն նպատակը ի՞նչ էր։ Մարդիկ ինչո՞ւ սկսան մեռնիլ։

ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ՅԱՏՈՒԿ Է

Երկրի վրայ Աստուծոյ ստեղծած բաներուն մէջ մարդ արարածը ի՛րապէս յատուկ է։ Ինչպէ՞ս։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ միայն մարդ արարածը ստեղծուած է Աստուծոյ «պատկեր»ով եւ «նմանութիւն»ով (Ծննդոց 1։26, 27)։ Ասիկա ըսել է որ մարդ արարածին տրուեցան յատկութիւններ, որոնք Աստուծոյ յատկութիւններուն նման են, ինչպէս՝ սէր եւ արդարութեան զգացում։

Ասկէ զատ, մարդիկ ստեղծուած են մտածելու եւ տրամաբանելու կարողութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ բարոյական եւ հոգեւոր կարողութիւններով։ Ասոր համար է որ կրնանք հիանալ տիեզերքին եւ բնութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կը գնահատենք արուեստը, երաժշտութիւնը եւ բանաստեղծութիւնը։ Ամէնէն կարեւորը, մարդ արարածը յատուկ կարողութիւն ունի որ Ստեղծիչը պաշտէ։ Այս յատկութիւնները շատ յստակ կը դարձնեն, թէ մարդ արարածը շա՜տ տարբեր է երկրի վրայ ապրող միւս բոլոր էակներէն։

Պահ մը մտածէ. եթէ Աստուծոյ նպատակն էր որ մենք միայն 70-80 տարի ապրինք, մեզի կու տա՞ր այսպիսի հոյակապ յատկութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ անսահման կարելիութիւն որ զանոնք զարգացնենք։ Իրականութիւնը այն է որ Աստուած այս յատուկ յատկութիւններն ու կարողութիւնները մեզի տուաւ, որպէսզի կարենանք յաւիտեան ապրիլ հոս՝ երկրի վրայ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Բայց ոմանք կ’ըսեն, որ Աստուծոյ բուն նպատակին մէջ չկար որ մարդիկ յաւիտեան ապրին երկրի վրայ։ Անոնք կ’ըսեն թէ երկիրը ստեղծուած է որ մարդ արարածին ժամանակաւոր տունը ըլլայ, եւ ան հոն փորձուի, տեսնելու համար թէ արժանի՞ է երկինք երթալու եւ Աստուծոյ հետ յաւիտեան ապրելու։ Բայց եթէ ասիկա ճիշդ ըլլար, պիտի չնշա՞նակէր որ Աստուա՛ծ է պատասխանատուն երկրին վրայ եղող չարութեան եւ գէշութիւններուն։ Սակայն անկարելի է որ Աստուած չարիք պատճառէ։ Սուրբ Գիրքը իրեն մասին կ’ըսէ. «Անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է» (Բ. Օրինաց 32։4

Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կը ցուցնէ, թէ երկրին նկատմամբ Աստուծոյ բուն նպատակը ի՛նչ էր, ըսելով. «Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է, բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ» (Սաղմոս 115։16)։ Աստուած երկիրը ստեղծեց, որպէսզի մարդկութեան գեղեցիկ ու մնայուն բնակարանը ըլլայ, եւ զայն լեցուց ամէն բանով որ պէտք ունինք իմաստալից եւ անվերջ կեանք մը ապրելու համար (Ծննդոց 2։8, 9

«Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է, բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ» (Սաղմոս 115։16)

Սուրբ Գիրքը նաեւ յստակօրէն կը ցուցնէ, թէ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ էր։ Ան առաջին մարդկային զոյգին ըսաւ. «Երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք. . . եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք» (Ծննդոց 1։28)։ Իրենց համար մեծ առանձնաշնորհում էր, որ իրենց բնակարանը եղող Դրախտին հոգ տանէին եւ զայն ընդարձակէին մինչեւ որ ամբողջ երկիրը դրախտ ըլլար։ Ուրեմն, Ադամին ու Եւային եւ իրենց ապագայ սերունդին առջեւ եղած յոյսը՝ յաւիտեան երկրի վրայ ապրիլ էր, եւ ոչ թէ՝ երկինքին մէջ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՄԵՌՆԻՆՔ

Բայց ինչո՞ւ կը մեռնինք։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ Աստուծոյ հոգեղէն արարածներէն մէկը,– որ յետագային ճանչցուեցաւ որպէս ըմբոստ Բանսարկու Սատանան,– փորձեց ձախողեցնել Աստուծոյ ըրած կարգադրութիւնները Եդեմի պարտէզին մէջ։ Ինչպէ՞ս։

Սատանան Ադամն ու Եւան մղեց որ իրեն պէս ըմբոստանան Աստուծոյ դէմ։ Երբ Սատանան նշեց որ Աստուած զիրենք կը զրկէր այն իրաւունքէն, որ անձամբ որոշեն թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ, անոնք իրեն միանալով իրենց կռնակը դարձուցին Աստուծոյ։ Արդիւնքը ի՞նչ էր։ Անոնք ժամանակի ընթացքին մեռան, ինչպէս որ Աստուած ըսած էր։ Անոնք կորսնցուցին դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը (Ծննդոց 2։17. 3։1-6. 5։5

Ադամին ու Եւային ըմբոստութիւնը բոլոր մարդոց ազդած է մինչեւ մեր օրերը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ինչպէս մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Մենք կը մեռնինք, քանի որ մեղք ու մահ ժառանգած ենք մեր առաջին ծնողքէն՝ Ադամէն ու Եւայէն, եւ ոչ թէ քանի որ Աստուած ծրագրած էր որ մարդ արարածը մեռնէր։

ԿՐՆԱՍ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԱՊՐԻԼ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ

Ադամին ու Եւային ըմբոստութիւնը չխանգարեց մարդկութեան եւ երկրին նկատմամբ Աստուծոյ բուն նպատակը։ Աստուծոյ կատարեալ սէրը եւ արդարութեան զգացումը զինք մղեցին, որ միջոց մը կարգադրէ մեզ ազատելու ժառանգուած մեղքէն ու մահէն։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռովմայեցիս 6։23)։ Աստուած սէրէ մղուած՝ «իր միածին Որդին [Յիսուս Քրիստոս] տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։ Իր կեանքը յօժարութեամբ զոհելով որպէս փրկանք, Յիսուս ապահովեց ամէն ինչ որ մարդկութիւնը Ադամին երեսէն կորսնցուց *։

Մօտ ատենէն, երկիրը դրախտի պիտի վերածուի, ինչպէս որ Աստուած խոստացած է։ Այս հիանալի ապագան կրնաս ունենալ եթէ լուրջի առնես Յիսուսին այս խրատը. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7։13, 14)։ Քու ապագադ քո՛ւ ձեռքդ է։ Ի՞նչ պիտի ընես։

^ Աւելի տեղեկութիւն առնելու համար, թէ Յիսուսին զոհը ի՛նչ օգուտ ունի քեզի, տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին 27–րդ դասը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ, եւ կրնաս ձրիօրէն բեռնել www.isa4310.com/hyw կայքէն։