Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ

Ուքրանիայի պատերազմը ուտելիքի պակասը կը վատթարացնէ ամբողջ աշխարհի մէջ

Ուքրանիայի պատերազմը ուտելիքի պակասը կը վատթարացնէ ամբողջ աշխարհի մէջ

 19 Մայիս 2022–ին, ՄԱԿ–ի Ապահովութեան խորհուրդը աւելի քան 75 բարձրաստիճան պաշտօնեաներէ լսեց, որ «ամբողջ աշխարհի մէջ, ուտելիքի պակասը, որ սկիզբ առած էր ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին եւ կլիմայի փոփոխութեան պատճառով, հիմա սովի աստիճան կը հասնի՝ Ուքրանիայի պատերազմին պատճառով»։ Անկէ քիչ ետք, շաբաթաթերթ մը յայտարարեց, որ այդ «պատերազմը, պատճառ պիտի դառնայ որ խնդիրներու տակ ընկղմած աս աշխարհին մէջ շատ աւելի մարդիկ սովի աստիճան անօթի մնան» (The Economist)։ Աստուածաշունչը մարգարէացած էր, որ ուտելիքի պակաս պիտի ըլլար մեր օրերուն, բայց ատիկա նաեւ ըսած էր թէ ինչը մեզի պիտի օգնէր որ այս դժուար պարագային հետ գլուխ ելլենք։

Աստուածաշունչը մարգարէացած էր որ ուտելիքի պակաս պիտի ըլլար

  •    Յիսուս մարգարէացաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր... պիտի ըլլան» (Մատթէոս 24։7

  •    Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը կը նկարագրէ խորհրդանշական չորս ձիաւորներ։ Անոնցմէ մէկը կը ներկայացնէ պատերազմը։ Ատոր ետեւէն կու գայ ուրիշ ձիաւոր մը, որ կը ներկայացնէ սովը։ Սովին ժամանակ դժուար պիտի ըլլար ուտելիք ձեռք ձգել եւ մարդիկ խելքէ–մտքէ վեր գումարներով պիտի ծախէին ուտելիքները։ «Ահա տեսայ սեւ ձի մը, որուն հեծեալը իր ձեռքին ունէր կշիռք մը։ Ու լսեցի ձայն մը,... որ կ’ըսէր. ‘Բուռ մը ցորենը՝ մէկ օրավարձքի փոխարէն, երեք բուռ գարին՝ մէկ օրավարձքի փոխարէն’» (Յայտնութիւն 6։5, 6. Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն

 Ուտելիքի պակասին մասին Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը կատարուին այսօր, «վերջին օրեր» կոչուող ժամանակաշրջանին (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ «Վերջին օրեր»ուն եւ Յայտնութիւն գիրքին չորս ձիաւորներուն արշաւին մասին աւելի՛ տեղեկութիւններ առնելու համար, դիտէ՛ 1914–էն ի վեր աշխարհը փոխուած է վիտէոն եւ կարդա՛ «Որո՞նք են չորս ձիաւորները» յօդուածը։

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել

  •    Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք գործնական խրատներ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ գլուխ ելլենք նոր պարագաներու հետ, օրինակի համար ուտելիքի սղութեան կամ նոյնիսկ ուտելիքի պակասին հետ։ Կարգ մը օրինակներ տեսնելու համար, կարդա՛ «Ինչպէ՞ս կրնաս քիչ եկամուտով ապրիլ» յօդուածը։

  •    Աստուածաշունչը մեզի յոյս կու տայ, որ վիճակները պիտի լաւանան։ Ատիկա կը խօսի ժամանակի մը մասին, երբ «ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ» եւ ամէն մարդ լեփ–լեցուն ուտելիք պիտի ունենայ (Սաղմոս 72։16)։ Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար ապագային նկատմամբ Աստուածաշունչին տուած յոյսին մասին եւ թէ ինչո՛ւ կրնաս ատոր վստահիլ, կարդա՛ «Իսկական յոյս՝ աւելի լաւ ապագայի մը մասին» յօդուածը։