ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Որո՞ւն կրնաս վստահիլ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
Մարդիկ յուսախաբ կ’ըլլան, երբ իրենց աչքին վստահելի երեւցող մարդիկ զիրենք երեսի վրայ կը ձգեն։ Շատեր ա՛լ չեն վստահիր...
քաղաքական առաջնորդներու, որոնք իրենց անձնական շահերը ժողովուրդին շահերէն առաջ կը դնեն։
լրատուամիջոցներու, որոնք լուրերը չեն ներկայացներ ճշգրիտ, պատշաճ եւ պարկեշտ կերպով։
գիտնականներու, որոնք մարդոց օգտին համար չեն շարժիր։
կրօնական առաջնորդներու, որոնք գլխաւորաբար զբաղած են քաղաքականութեան թիկունք կանգնելով, քան թէ՝ Աստուած ներկայացնելով։
Մարդիկ իրաւունք ունի՛ն զգոյշ ըլլալու, թէ որոնց վստահին այս օրերուն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ.
«Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ» (Սաղ. 146։3)։
Վստահելի անձ մը
Աստուածաշունչը կը խօսի մէկու մը մասին, որուն կրնա՛ս վստահիլ. այն ալ Յիսուս Քրիստոսն է։ Յիսուսը պարզապէս բարի մարդ մը չէր, որ դարեր առաջ ապրեցաւ։ Աստուած, Յիսուսը նշանակած է որ «թագաւորէ», եւ «անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ» (Ղուկաս 1։32, 33)։ Յիսուս, Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորն է։ Եւ այս թագաւորութիւնը հիմա երկինքին մէջ կ’իշխէ (Մատթէոս 6։10)։
Գիտնալու համար, թէ ինչո՛ւ կրնաս Յիսուսին վստահիլ, կարդա՛ «Ո՞վ է Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը» եւ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ» յօդուածները։