Երգ 148
Քու անգին Որդիդ տուիր
-
Մեր կեանքը պարապ էր,
Բնաւ իմաստ չունէր։
Փրկանքը՝ սուրբ զոհը,
Յոյս տուաւ մեզի...
Անոր մասին պատմենք.
Քու կամքդ կատարենք։
Ամէն օր քեզ պատուենք՝
Սրտանց մենք քարոզենք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Որդիդ դուն զոհեցիր...
Պայծա՜ռ յոյս մը տուիր...
Այնքա՜ն մեզ սիրեցիր Հայր,
Որ քու անգին Որդիդ տուիր։
-
Ազնիւ ես, ներող ես,
Ունիս շատ վեհ անուն։
Բարի ես, ընկեր ես,
Սէր ունիս՝ անմար։
Բայց երբ Որդիդ տուիր,
Որ մենք յաւէտ ապրինք...
Ինչ մե՜ծ նուէր տուիր։
Կ’արժե՞նք այսքա՛ն սէր Հայր։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Որդիդ դուն զոհեցիր...
Պայծա՜ռ յոյս մը տուիր...
Այնքա՜ն մեզ սիրեցիր Հայր,
Որ քու անգին Որդիդ տուիր։
(ՎԵՐՋԱԲԱՆ)
Եհովա, որքա՜ն մենք շնորհակալ ենք Հայր...
Սիրով դուն Յիսո՛ւսը՝ քու անգին Որդիդ՝ տուիր։
(Տե՛ս նաեւ Յովհ. 3։16. Ա. Յովհ. 4։9)