Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 146

Ինծի ըրիք

Ինծի ըրիք

(Մատթէոս 25։34-40)

  1. Տէր Յիսուս ունի հեզ, ժիր ուրիշ ոչխարներ,

    որոնք օծեալներուն սիրով միշտ կ’օգնեն։

    Անոնք շա՛տ ջանք կ’ընեն, զոհուելո՛ւ պատրաստ են։

    Անոր համար պիտ’ լսեն Յիսուս կ’ըսէ.

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    «Երբ անոնց օգնեցիք, ինծի՛ օգնեցիք։

    Ամէն բան որ ըրիք, ինծի՛ դուք ըրիք։

    Երբ եղբայրներուս ձեռք տուիք՝ օգնեցիք,

    Ինծի՛ դուք ըրիք, ինծի՛ օգնեցիք։

    Դուք գիտցէք որ անշո՛ւշտ պիտ’ վարձատրուիք»։

  2. «Երբ ծարաւ էի շատ, դուք տուիք խմելիք.

    օգնութեան ալ հասաք, տուիք հագուելիք»։

    «Բայց ասոնք ե՞րբ ըրինք Տէր», պիտի հարցնեն։

    Յիսուս այն ատեն անոնց պիտի ըսէ.

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    «Երբ անոնց օգնեցիք, ինծի՛ օգնեցիք։

    Ամէն բան որ ըրիք, ինծի՛ դուք ըրիք։

    Երբ եղբայրներուս ձեռք տուիք՝ օգնեցիք,

    Ինծի՛ դուք ըրիք, ինծի՛ օգնեցիք։

    Դուք գիտցէք որ անշո՛ւշտ պիտ’ վարձատրուիք»։

  3. Յիսուս շատ լաւ գիտէ որ հաւատարիմ են

    եւ իր եղբայրներուն կողքին կ’աւետեն։

    Ան իր աջ կողմը եղողներուն պիտ’ ըսէ.

    «Եկէ՛ք եւ յաւերժ կեանքը ժառանգեցէք»։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    «Երբ անոնց օգնեցիք, ինծի՛ օգնեցիք։

    Ամէն բան որ ըրիք, ինծի՛ դուք ըրիք։

    Երբ եղբայրներուս ձեռք տուիք՝ օգնեցիք,

    Ինծի՛ դուք ըրիք, ինծի՛ օգնեցիք։

    Դուք գիտցէք որ անշո՛ւշտ պիտ’ վարձատրուիք»։