Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 140

Ռահվիրային կեանքը

Ռահվիրային կեանքը

(Ժողովող 11։6)

  1. Առտուան ժամերուն, դեռ արեւ չծագած,

    Մեր տաքուկ անկողնէն

    դուրս կ’ելլենք եւ սրտանց կ’աղօթենք։

    Մեր ժպտուն դէմքերով թաղամաս կը հասնինք։

    Հակառակ որ շատեր

    մեզի դէմ կը խօսին, բայց կ’ըսենք.

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    «Զատեցինք այս ճամբան.

    Կը սիրենք Եհովան

    Եւ կ’ընենք ինչ որ ինք կը խնդրէ։

    Օդը ցուրտ է, թէ՝ տաք,

    Շարունակ կը տոկանք։

    Այսպիսով ցոյց կու տանք թէ Աստուած

    Կը սիրենք»։

  2. Իրիկուան ժամերուն, օրը աւարտելով,

    Երջանիկ, գոհունակ,

    խանդավառ սրտերով կ’աղօթենք։

    Կը սիրենք քարոզել, ծառայել լիաժամ։

    Լաւագոյն ջանքերով

    կը գովենք Եհովան ու կ’ըսենք.

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    «Զատեցինք այս ճամբան.

    Կը սիրենք Եհովան

    Եւ կ’ընենք ինչ որ ինք կը խնդրէ։

    Օդը ցուրտ է, թէ՝ տաք,

    Շարունակ կը տոկանք։

    Այսպիսով ցոյց կու տանք թէ Աստուած

    Կը սիրենք»։