Երգ 102
Թագաւորութեան երգին միացէք
1. Յաղթանակի ուրախ նոր երգը երգենք.
Տէր Եհովան՝ Բարձրեալը, մեծարենք։
Ի՜նչ յոյս կու տան երգին շքեղ բառերը։
Արքայութեան նոր երգին միացէք.
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
‘Եկէ՛ք պաշտենք Տէր Եհովան,
որուն Որդին եղաւ Արքայ։
Եկէ՛ք սորվինք Թագաւորութեան երգը.
Եհովայի անունը գովերգենք’։
2. Արքայութեան երգով մենք կը հռչակենք.
«Յիսուս Քրիստոս երկինքի մէջ կ’իշխէ»։
Նախատեսուած՝ Եահի նորածին ազգը
ուրախութեամբ Յիսուսը կ’ողջունէ.
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
‘Եկէ՛ք պաշտենք Տէր Եհովան,
որուն Որդին եղաւ Արքայ։
Եկէ՛ք սորվինք Թագաւորութեան երգը.
Եհովայի անունը գովերգենք’։
3. Խոնարհ մարդիկ կրնան սորվիլ այդ երգը,
որ ունի ջերմ, յստակ ու պարզ բառեր։
Միլիոնաւոր մարդիկ արդէն գիտեն զայն.
իրենց կարգին՝ կ’ուղղեն հրաւէրներ.
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
‘Եկէ՛ք պաշտենք Տէր Եհովան,
որուն Որդին եղաւ Արքայ։
Եկէ՛ք սորվինք Թագաւորութեան երգը.
Եհովայի անունը գովերգենք’։
(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 95։6. Ա. Պետ. 2։9, 10. Յայտ. 12։10)