Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՀԱՐՑՈՒՄ 10

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Եթէ այս խօսքը ճիշդ է, ուրեմն Աստուածաշունչը կրնայ քեզի պէտք եղած ուղղութիւնը տալ։

ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ

Երեւակայէ այս պարագան։ Տէյվիտը ինքնաշարժ կը քշէ շրջանի մը մէջ, որ իրեն անծանօթ կը թուի։ Ճամբուն վրայի նշանները եւ ուղղութիւնները ցոյց կու տան որ ան սխալ վայրի մը մէջ է։ Տէյվիտը կ’անդրադառնայ որ կորսուած է։ Կրնայ ըլլալ որ ան որոշ մէկ հանգրուանին սխալ փողոց մը մտած էր։

Եթէ Տէյվիտին տեղը ըլլայիր, դո՛ւն ինչ կ’ընէիր։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ

Քանի մը ընտրութիւն ունիս.

  1. 1. Մէկէ մը ուղղութիւն խնդրել։

  2. 2. Քարտէս կամ GPS գործածել։

  3. 3. Շարունակել քշել, այն յոյսով որ ձեւով մը ճամբադ պիտի գտնես։

Անշուշտ երրորդ ընտրութիւնը իմաստուն քայլ մը չէ։

Երկրորդը առաջինէն լաւ է, քանի որ վերջ ի վերջոյ քարտէս մը կամ GPS–ը ունենալը քեզի պիտի օգնէ որ ուղղութիւնդ գտնես։

Աստուածաշունչը նոյն ձեւով կրնայ քեզի օգնել։

Ամենաշատ ծախուած այս գիրքը կրնայ

  • քեզ առաջնորդել, երբ խնդիրներու առջեւ գտնուիս։

  • քեզի օգնել, որ դուն քեզ ճանչնաս եւ աւելի լաւ անձ մը դառնաս։

  • քեզի ցոյց տալ, որ ինչպէ՛ս կրնաս լաւագոյն կեանքը ձեռք ձգել։

ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Հազիւ խօսելու սկսինք, հարցումներ կ’ուղղենք։

  • Երկինքը ինչո՞ւ կապոյտ է։

  • Աստղերը ինչէ՞ շինուած են։

Յետոյ կը սկսինք մեր շուրջը պատահող դէպքերուն մասին հարցումներ ուղղել։

Գիտէի՞ր որ այս հարցումներուն պատասխանները Աստուածաշունչին մէջ կան։

Շատեր կ’ըսեն որ Աստուածաշունչը առասպելներով լեցուն է, հին գիրք մըն է կամ դժուարահասկնալի է։ Բայց արդեօք Աստուածաշո՞ւնչն է խնդիրը, թէ ոչ ատոր նկատմամբ մարդոց տեսակէտը։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք սխալ տեղեկութիւններ առած են։

Օրինակ, մարդիկ կը կարծեն որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուա՛ծ կը ղեկավարէ երկիրը։ Բայց ասիկա կարելի՞ է։ Այս աշխարհը անղեկավարելի է։ Անիկա լեցուն է ցաւով ու տառապանքով, հիւանդութեամբ եւ մահով, աղքատութեամբ եւ աղէտներով։ Կարելի՞ է որ այս գէշ բաներուն ետին սիրոյ Աստուած մը ըլլայ։

Կ’ուզե՞ս պատասխանը գիտնալ։ Աստուածաշունչին ըսածը թերեւս քեզ զարմացնէ։

Հաւանաբար նկատեցիր որ այս գրքոյկին խրատները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած են։ Եհովայի վկաները համոզուած են, որ Աստուածաշունչը մարդիկը առաջնորդելու վստահելի աղբիւր մըն է, քանի որ անիկա «Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու» (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Քու օգտիդ համար պէտք է քննես այս հին՝ բայց արդի գիրքը։