Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 10

Եհովայի վկաներու ժողովները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել

Եհովայի վկաներու ժողովները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել

Եհովայի վկաներու ժողովներէն մէկուն ներկայ եղա՞ծ ես։ Եթէ առաջին անգամ ներկայ պիտի ըլլաս, թերեւս քիչ մը մտահոգուիս եւ հարց տաս. ‘Այդ ժողովներուն մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ։ Ինչո՞ւ կարեւոր են։ Ինչո՞ւ պէտք է ներկայ ըլլամ’։ Այս դասը ցոյց պիտի տայ, թէ ուրիշներուն հետ հաւաքուիլը ինչպէ՛ս կրնայ քեզ Աստուծոյ մօտեցնել եւ քեզի անձնապէս օգնել։

1. Միասին հաւաքուելու ամէնէն կարեւոր պատճառը ի՞նչ է

Սուրբ Գիրքի գրող մը իր խօսքերով արտայայտեց, թէ ուրիշներու հետ հաւաքուելու ամէնէն կարեւոր պատճառը ի՛նչ է. «Ժողովին մէջ [Եհովան] պիտի գովեմ» (Սաղմոս 22։22)։ Այսօր ալ Եհովայի վկաները ուրախութեամբ քով–քովի կու գան։ Անոնք աշխարհի չորս կողմը ամէն շաբաթ միասին կը հաւաքուին Աստուած փառաբանելու, երգելու եւ աղօթելու։ Իսկ տարին քանի մը անգամ, աւելի մեծ խումբերով կը հաւաքուին։

2. Մեր ժողովներուն մէջ ի՞նչ պիտի սորվիս

Ժողովներուն մէջ կը կեդրոնանանք Աստուծոյ Խօսքին վրայ, զայն բացատրելով ու հասկնալի դարձնելով (կարդա՛ Նէեմիա 8։8)։ Ներկայ գտնուելով, Եհովային եւ իր գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին պիտի սորվիս։ Ո՛րքան աւելի գիտնաս քեզի հանդէպ իր սիրոյն մասին, ա՛յնքան աւելի իրեն պիտի մօտենաս։ Նաեւ պիտի սորվիս թէ ան ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել, որ խաղաղ կեանք ունենաս (Եսայի 48։17, 18

3. Ժողովներուն մէջ ուրիշներու հետ ընկերակցելով ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ

Եհովան մեզի կը պատուիրէ, որ «իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք» (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Մեր ժողովներուն մէջ պիտի հանդիպիս անհատներու, որոնք իրապէս իրարու հոգ կը տանին եւ քեզի պէս՝ հետաքրքրուած են Աստուծոյ մասին աւելի սորվելով։ Պիտի լսես Սուրբ Գիրքին հիման վրայ իրենց տուած քաջալերական գաղափարները (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։11, 12)։ Նաեւ պիտի կարենաս խօսիլ անհատներու հետ, որոնք իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ կ’ելլեն։ Ասոնք միայն քանի մը պատճառներ են, թէ ինչո՛ւ Եհովան կ’ուզէ, որ կանոնաւորաբար քով–քովի գանք։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ Եհովայի վկաներու ժողովներուն մէջ ի՛նչ կ’ըլլայ եւ թէ ինչո՛ւ կ’արժէ ջանք ընել ներկայ գտնուելու համար։

4. Եհովայի վկաներու ժողովները

Առաջին դարուն, քրիստոնեաները կանոնաւորաբար կը հաւաքուէին Եհովան պաշտելու համար (Հռովմայեցիս 16։3-5Կարդացէ՛ք Կողոսացիս 3։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Առաջին դարու քրիստոնեաները Եհովան ինչպէ՞ս կը պաշտէին։

Ներկայիս, Վկաներն ալ կանոնաւորաբար ժողովներ կ’ունենան։ Անոնց ժողովներուն մասին գաղափար մը առնելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։ Ետքը, նայեցէք ժողովի նկարին եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Ի՞նչ նմանութիւններ նկատեցիր Թագաւորութեան սրահին մէջ եղած բաներուն եւ Կողոսացիս 3։16–ի մէջ կարդացածիդ միջեւ։

  • Վիտէոյին կամ նկարին մէջ, ժողովներուն նկատմամբ նկատեցի՞ր ուրիշ բան մը, որ հաւնեցար։

Կարդացէ՛ք Բ. Կորնթացիս 9։7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներու ժողովներուն մէջ դրամ չեն հաւաքեր։

Ուսուցիչիդ հետ նկատի առ, թէ այս շաբթուան ժողովներէն մէկուն մէջ ի՛նչ նիւթերու մասին պիտի խօսուի։

  • Ժողովի ո՞ր բաժինը կը կարծես թէ քեզ աւելի պիտի հետաքրքրէ կամ քեզի համար գործնական պիտի ըլլայ։

Գիտէի՞ր

Կրնաս jw.org կայքին վրայ գիտնալ, թէ աշխարհի չորս կողմը ժողովները ո՛ւր եւ ե՛րբ տեղի կ’ունենան։

  1. Ա. Մեր ժողովներուն մէջ կան՝ դասախօսութիւններ, ցուցադրութիւններ եւ վիտէօներ։ Ժողովները կը սկսին երգով ու աղօթքով եւ նոյն կերպով ալ կը վերջանան

  2. Բ. Ժողովի կարգ մը բաժիններու մէջ, ներկաները կրնան մասնակցիլ

  3. Գ. Բոլո՛րը բարի եկած են, ըլլան տղամարդիկ, կիներ, տարեցներ կամ պատանիներ

  4. Դ. Մուտքը ձրի է եւ դրամ չի հաւաքուիր

5. Ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ջանք կը պահանջէ

Նկատի առ Յիսուսի ընտանիքին օրինակը։ Տարեկան տօնի մը ներկայ գտնուելու համար, անոնք Նազարէթէն շուրջ 100 քմ. կը քալէին դէպի Երուսաղէմ, լեռնային շրջաններէ անցնելով։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 2։39-42 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Քու կարծիքովդ, դէպի Երուսաղէմ այս ճամբորդութիւնը ջանք կը պահանջէ՞ր։

  • Ինչո՞ւ թերեւս պէտք ունենաս ջանք թափելու, որ ժողովներուն ներկայ գտնուիս։

  • Կը կարծե՞ս որ կ’արժէ ջանք թափել։ Ինչո՞ւ։

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ պաշտամունքի համար միասին հաւաքուիլը շատ կարեւոր է։ Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 10։24, 25 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ պէտք է կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլանք։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Պէտք չունիս ժողովի երթալու։ Բաւարար է որ տունը Սուրբ Գիրքը կարդաս»։

  • Ո՞ր համարը կամ Սուրբ Գիրքէն ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Ժողովներուն ներկայ գտնուիլը քեզի պիտի օգնէ, որ Եհովայի մասին աւելի սորվիս, իրեն հետ բարեկամութիւնդ զօրացնես եւ ուրիշներու հետ զինք պաշտես։

Վերաքաղ

  • Եհովան ինչո՞ւ մեզ կը քաջալերէ որ քով–քովի գանք։

  • Եհովայի վկաներու ժողովներուն մէջ ի՞նչ պիտի սորվիս։

  • Քու կարծիքովդ, ժողովներուն ներկայ գտնուելով ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնաս օգտուիլ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Եթէ ժողովներու ներկայ գտնուելու նկատմամբ կը մտահոգուիս, տե՛ս թէ ինչպէ՛ս տղամարդ մը, որ այդպէս կը զգար, սկսաւ ժողովները սիրել։

Մենք բնա՛ւ պիտի չմոռնանք այդ ընդունելութիւնը (4։16)

Տե՛ս թէ երիտասարդ մը ինչպէ՛ս ժողովներէն հաճոյք առաւ եւ ի՛նչ ըրաւ, որպէսզի շարունակէ ներկայ ըլլալ։

Ժողովները շատ սիրեցի (4։33)

Կարդա՛ թէ վայրագ անհատի մը կեանքը ինչպէ՛ս փոխուեցաւ, Եհովայի վկաներու ժողովի մը ներկայ գտնուելէ ետք։

«Առանց ատրճանակի՝ տեղ մը չէի երթար» (Դիտարան 1 յուլիս 2014)