Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 01

Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել

Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել

Գրեթէ բոլորս հարցումներ ունինք կեանքին, նեղութիւններուն, մահուան եւ ապագային մասին։ Նաեւ կը մտահոգուինք առօրեայ բաներով։ Օրինակ, կ’ուզենք գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք բաւարար դրամ շահիլ որ մեր պէտքերը հոգանք, կամ՝ թէ մեր ընտանիքը ինչպէ՛ս կրնայ ուրախ ըլլալ։ Շատեր տեսած են, որ Սուրբ Գիրքը, այսինքն՝ Աստուածաշունչը, թէ՛ իրենց կ’օգնէ որ կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանները գտնեն, եւ թէ գործնական խրատներ կու տայ ամէնօրեայ կեանքին շուրջ։ Քու կարծիքովդ, Սուրբ Գիրքը կրնա՞յ մարդոց օգնել։

1. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կարգ մը հարցումներու կը պատասխանէ

Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ այս կարեւոր հարցումներուն. Կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւ։ Ինչո՞ւ աշխարհ եկած ենք։ Բարիները ինչո՞ւ կը չարչարուին։ Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է։ Եթէ ամէն մարդ կ’ուզէ որ խաղաղութիւն ըլլայ, ինչո՞ւ այսքան պատերազմ կայ։ Ապագային, երկրին ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ, որ այս տեսակ հարցումներու պատասխանները գտնենք, եւ միլիոնաւոր մարդիկ Սուրբ Գիրքին տուած պատասխաններով համոզուած են։

2. Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ մեր կեանքէն հաճոյք առնենք

Սուրբ Գիրքը մեզի լաւ խրատներ կու տայ։ Օրինակ, ընտանիքներուն կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս իրապէս ուրախ ըլլալ։ Մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ կրնանք ընել, երբ ճնշուած ենք, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր գործը սիրել։ Մինչ միասին նկատի կ’առնենք այս հրատարակութեան դասերը, պիտի տեսնես թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կը սորվեցնէ այս եւ ուրիշ շատ մը նիւթերու մասին։ Կը յուսանք որ համաձայնիս, թէ «բոլոր գիրքը [ամէն ինչ որ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած է]. . . օգտակար է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16

Այս հրատարակութիւնը Սուրբ Գիրքին տեղը չ’առներ, հապա կը քաջալերէ, որ Սուրբ Գիրքը անձամբ քննես։ Ուստի լաւ կ’ըլլայ որ դասերուն մէջ յիշուած համարները կարդաս եւ անոնք բաղդատես սորվածներուդ հետ։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ, թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս մարդոց օգնած է, ինչպէ՛ս կրնաս հաճոյքով զայն կարդալ եւ ինչո՛ւ լաւ կ’ըլլայ, եթէ մէկը քեզի օգնէ որ Սուրբ Գիրքը հասկնաս։

3. Սուրբ Գիրքը կրնայ մեզ առաջնորդել

Սուրբ Գիրքը կը նմանի զօրաւոր լոյսի։ Անիկա կրնայ մեզի օգնել, որ լաւ որոշումներ առնենք եւ գիտնանք թէ ապագային ի՛նչ պիտի ըլլայ։

Կարդացէ՛ք Սաղմոս 119։105 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Այս սաղմոսը գրողը ի՞նչ կը մտածէր Սուրբ Գիրքին մասին։

  • Քու կարծիքդ ի՞նչ է Սուրբ Գիրքին մասին։

4. Սուրբ Գիրքը կրնայ մեր հարցումներուն պատասխանել

Կին մը գիտցաւ որ Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ այն հարցումներուն, որ ինք տարիներով ունէր։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, կինը ի՞նչ տեսակ հարցումներ ունէր։

  • Սուրբ Գիրքը սերտելը իրեն ինչպէ՞ս օգնեց։

Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ հարցումներ հարցնենք։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 7։7 եւ քննարկեցէ՛ք հետեւեալը.

  • Ի՞նչ հարցումներ ունիս, որոնց Սուրբ Գիրքը թերեւս կրնայ պատասխանել։

5. Կրնաս Սուրբ Գիրքը կարդալէն հաճոյք առնել

Շատեր Սուրբ Գիրքը կարդալէն հաճոյք կ’առնեն եւ անկէ կ’օգտուին։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, պատանիները կը սիրէի՞ն կարդալ։

  • Անոնք ինչո՞ւ սկսած են սիրել Սուրբ Գիրքը կարդալ։

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ իր տուած ուղղութիւնները կրնան մեզ մխիթարել եւ յոյս տալ։ Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 15։4 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Կ’ուզե՞ս այս խոստումին մասին աւելի գիտնալ։

6. Ուրիշներ կրնան մեզի օգնել որ Սուրբ Գիրքը հասկնանք

Սուրբ Գիրքը անձամբ կարդալէն զատ, շատեր օգտակար գտած են ուրիշներուն հետ զայն քննարկելը։ Կարդացէ՛ք Գործք 8։26-31 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

Եթովպիացի տղամարդը իր կարդացածը հասկնալու համար, օգնութեան պէտք ունէր։ Այսօր շատեր կ’օգտուին ուրիշներու հետ Սուրբ Գիրքը սերտելով

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Սուրբ Գիրքը սերտելով՝ ժամանակդ պարապի կ’երթայ»։

  • Ի՞նչ է քու կարծիքդ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Սուրբ Գիրքը խրատներ կու տայ ամէնօրեայ կեանքին շուրջ, կարեւոր հարցումներու կը պատասխանէ եւ մարդիկը կը մխիթարէ ու անոնց յոյս կու տայ։

Վերաքաղ

  • Սուրբ Գիրքին մէջ ի՞նչ տեսակ խրատներ կրնանք գտնել։

  • Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կարգ մը հարցումներու կը պատասխանէ։

  • Ի՞նչ կը փափաքիս գիտնալ Սուրբ Գիրքէն։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ, թէ Սուրբ Գիրքին տուած խրատները ինչպէ՛ս այսօր օգտակար են։

«Սուրբ Գիրքին իմաստուն ուսուցումները» (Դիտարան 2018–ի թիւ 1)

Տե՛ս թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս օգնեց տղամարդու մը, որ պզտիկութենէն ի վեր իր գէշ զգացումներուն դէմ կը պայքարէր։

Կեանքիս մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ (2։53)

Նկատի առ Աստուածաշունչին տուած գործնական խրատները ընտանիքներուն համար։

«Յաջող ընտանիք ունենալու 12 գաղտնիքներ» (Զարթի՛ր 2018–ի թիւ 2)

Տե՛ս թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս մէջտեղ կը հանէ, թէ իրապէս ո՛վ աշխարհին կը տիրէ։

Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել (երկար տարբերակ) (3։14)