Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 6

Համարին կիրարկումը յստակացնել

Համարին կիրարկումը յստակացնել

Յովհաննէս 10։33-36

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Համարը կարդալէ ետք, յաջորդ կէտին չանցնիլ։ Վստահ ըլլալ որ քեզի մտիկ ընողը կարդացուած համարին եւ քննարկուած կէտին միջեւ եղած կապը կը տեսնէ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Գլխաւոր բառերը անջատէ։ Համար մը կարդալէ ետք, շեշտէ այն բառերը՝ որոնք ուղղակի կապ ունին նիւթին գլխաւոր կէտին հետ։ Ասիկա կրնաս ընել այդ բառերը կրկնելով կամ քեզի մտիկ ընողներուն հարցում մը հարցնելով, որ կարենան տեսնել գլխաւոր բառերը։

  • Գաղափարը շեշտէ։ Եթէ համար մը կարդալէ առաջ ըսես որ ինչո՛ւ այդ համարը կը կարդաս, բացատրէ թէ ինչպէ՛ս համարին գլխաւոր բառերը կապուած են տուած բացատրութեանդ հետ։

  • Պարզ կերպով ցոյց տուր համարը ինչպէ՛ս կիրարկել։ Մի՛ խօսիր մանրամասնութիւններու մասին, որոնք նիւթիդ գլխաւոր կէտին հետ կապ չունին։ Հաշուի առ, որ քեզի մտիկ ընողները որքա՛ն տեղեկութիւն ունին նիւթին մասին։ Անոր հիման վրայ որոշէ, որ քանի՛ կէտի մասին պէտք է խօսիս, որ համարին կիրարկումը յստակացնես եւ հասկնալի դարձնես։