Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 10

Յիսուս մի՛շտ հնազանդեցաւ

Յիսուս մի՛շտ հնազանդեցաւ

Դիւրի՞ն է որ մամային ու պապային խօսքը միշտ մտիկ ընես։— Թերեւս քիչիկ դժուար է։ Գիտե՞ս Յիսուս որո՛ւ խօսքը մտիկ ըրաւ։— Ան թէ՛ Եհովային եւ թէ՛ իր պապային ու մամային խօսքը մտիկ ըրաւ։ Եկուր Յիսուսի մասին սորվինք, որ իրեն պէս մամային ու պապային հնազանդիս, այսինքն՝ խօսքը մտիկ ընես, նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ։

Յիսուս երկրի վրայ ապրելէ առաջ, երկինքի մէջ էր, իր Պապային՝ Եհովային քով։ Բայց Յիսուս երկրի վրա՛յ ալ պապա ունէր՝ Յովսէփ։ Մամա՛ ալ ունէր՝ Մարիամ։ Գիտե՞ս Յիսուս ինչպէս Յովսէփին ու Մարիամին տղան եղաւ։—

Եհովան այնպէս մը ըրաւ որ Յիսուս Մարիամին փորիկին մէջ մեծնայ, ինչպէս որ բոլոր պզտիկները իրենց մամային փորիկին մէջ կը մեծնան առաջ որ ծնին։ Ասիկա հրա՛շք մըն էր։ Գրեթէ 9 ամիս ետք, Յիսուս ծնաւ։ Ուրեմն այսպէս է որ Մարիամ եւ իր ամուսինը՝ Յովսէփ, Յիսուսի մաման ու պապան եղան։

Երբ Յիսուս դեռ 12 տարեկան էր, բան մը ըրաւ որ ցուցնէ, թէ որքա՜ն կը սիրէր իր երկինքի Պապան՝ Եհովան։ Ի՞նչ ըրաւ։ Յիսուս իր ընտանիքին հետ Երուսաղէմ գնաց։ Հոն, անոնք տօն մը տօնեցին Եհովան պաշտելու համար։ Բայց երբ Յովսէփ ու Մարիամ ետ տուն կ’երթային, տեսան որ Յիսուսը քովերնին չէր։ Անոնք զինք փնտռեցին բայց չգտան։ Գիտե՞ս Յիսուս ուր էր։—

Յիսուս ինչո՞ւ տաճարին մէջ էր

Յովսէփ ու Մարիամ արագ–արագ ետ Երուսաղէմ գացին եւ ամէն տեղ Յիսուսը փնտռեցին։ Անոնք վախցան, քանի որ հո՛ն ալ Յիսուսը չէին գտներ։ Բայց երեք օր ետք, անոնք զինք տաճարին մէ՛ջ գտան։ Գիտե՞ս Յիսուս ինչո՛ւ տաճարին մէջ էր։— Քանի որ ան հոն կրնար իր երկինքի Պապային՝ Եհովային մասին սորվիլ։ Ան Եհովան կը սիրէր եւ կ’ուզէր սորվիլ թէ ինչպէ՛ս կրնար զինք ուրախացնել։ Նոյնիսկ մեծնալէ ետք, Յիսուս միշտ Եհովային հնազանդեցաւ։ Ան Աստուծոյ խօսքը մտիկ ըրաւ, նո՛յնիսկ երբ մարդիկ չար բաներ ըրին իրեն։ Յիսուս Յովսէփին ու Մարիամին ալ հնազանդեցա՞ւ։— Այո՛, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ հնազանդեցաւ։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվիս։— Պէտք է որ մամային ու պապային հնազանդիս, նոյնիսկ եթէ դժուար է։ Պիտի հնազանդի՞ս։—

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻԴ ՄԷՋԷՆ ԿԱՐԴԱ՛