Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 24

Մեր համաշխարհային գործը ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուի

Մեր համաշխարհային գործը ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուի

Նեփալ

Թօկօ

Բրիտանիա

Ամէն տարի, մեր կազմակերպութիւնը կը հրատարակէ եւ անվճար կը բաշխէ հարիւր միլիոնաւոր Աստուածաշունչեր եւ այլ հրատարակութիւններ։ Թագաւորութեան սրահներ եւ մասնաճիւղեր կը կառուցանենք ու կը նորոգենք։ Հազարաւոր բեթէլականներու եւ միսիոնարներու նիւթապէս կ’օգնենք, եւ աղէտներու ժամանակ օժանդակութիւն կը հայթայթենք։ Ուստի, թերեւս հարց տաս. ‘Այս ամէնը ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուի’։

Մենք տասանորդ կամ տուրք չենք պահանջեր, ոչ ալ հանգանակութիւն կը կատարենք։ Թէեւ մեր աւետարանչական աշխատանքին թիկունք կանգնելու ծախսերը շատ են, սակայն գումարներ չենք հաւաքեր։ Աւելի քան մէկ դար առաջ, Դիտարան–⁠ի երկրորդ թիւը նշեց, թէ մենք կը հաւատանք որ մեզի զօրավիգ կանգնողը Եհովան է եւ «բնա՛ւ մարդոցմէ նիւթական օգնութիւն պիտի չխնդրենք կամ չաղաչենք»,– եւ պարագան միշտ այդպէս եղած է (Մատթէոս 10։8

Մեր գործունէութիւնները յօժարակամ նուիրատուութիւններով կ’օժանդակուին։ Բազմաթիւ մարդիկ Աստուածաշունչի մեր կրթական գործունէութիւնը կը գնահատեն եւ անոր ի նպաստ նուիրատուութիւններ կ’ընեն։ Վկաները ուրախութեամբ իրենց ժամանակը, կորովը, դրամը եւ ուրիշ միջոցներ կը տրամադրեն, ամբողջ երկրագունդի տարածքին Աստուծոյ կամքը կատարելու համար (Ա. Մնացորդաց 29։9)։ Թագաւորութեան սրահին եւ մեր համաժողովներուն մէջ նուիրատուութեան տուփեր կան, որոնց մէջ նուիրատուութիւններ կը դնեն անոնք՝ որոնք կը փափաքին։ Անոնք նաեւ կրնան նուիատուութիւններ ընել jw.org կայքին միջոցաւ։ Մեծաւ մասամբ, նուիրատուութիւններ ընողները համեստ ապրուստ ունին, Յիսուսի գոված տնանկ այրիին նման, որ տաճարի գանձանակը երկու լումայ ձգեց (Ղուկաս 21։​1-4)։ Արդ, ոեւէ անձ կրնայ կանոնաւորաբար բան մը ‘իր քով դիզել’, որպէսզի տայ «ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի» (Ա. Կորնթացիս 16։2. Բ. Կորնթացիս 9։7

Համոզուած ենք թէ Եհովան պիտի շարունակէ այն անհատներուն սրտերը մղել, որոնք Թագաւորութեան գործին թիկունք կանգնելով կ’ուզեն ‘զինք պատուել իրենց ստացուածքներով’, որպէսզի Իր կամքը կատարուի (Առակաց 3։9

  • Ի՞նչ բան մեր կազմակերպութիւնը ուրիշ կրօնքներէ տարբեր կը դարձնէ։

  • Կամաւոր նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս կը գործածուին։