ԳԼՈՒԽ 8
Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ չարիքն ու տառապանքը
1. Չարիքը ինչպէ՞ս սկսաւ։
Երկրի վրայ չարիքը սկսաւ, երբ Սատանան առաջին սուտը խօսեցաւ։ Սկիզբը, ան կատարեալ հրեշտակ մըն էր, բայց «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ» (Յովհաննէս 8։44)։ Ան ցանկաց պաշտուիլ, ինչ որ իրաւացիօրէն միայն Աստուծոյ կը պատկանի։ Սատանան առաջին կինը՝ Եւան, խաբեց եւ համոզեց որ Աստուծոյ հնազանդելու տեղ՝ իրեն հնազանդի։ Եւային նման, Ադամ Աստուծոյ չհնազանդեցաւ. եւ անոր որոշումը առաջնորդեց տառապանքի ու մահուան։ — Կարդա՛ Ծննդոց 3։1-6, 19։
Եւային առաջարկելով Աստուծոյ չհնազանդիլ, Սատանան Աստուծոյ գերիշխանութեան կամ Բարձրեալ ըլլալուն դէմ ըմբոստութիւն կը հրահրէր։ Մարդկութեան մեծամասնութիւնը Սատանային կողմը կենալով՝ մերժած է Աստուած որպէս իր Կառավարիչը։ Այսպէս՝ Սատանան «աշխարհին իշխանը» դարձած է։ — Կարդա՛ Յովհաննէս 14։30. Ա. Յովհաննէս 5։19։
2. Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ թերութիւն կա՞ր։
Աստուծոյ բոլոր գործերը կատարեալ են։ Աստուծոյ ստեղծած մարդիկն ու հրեշտակները կարող էին Աստուծոյ կատարելապէս հնազանդիլ (Բ. Օրինաց 32։4, 5)։ Աստուած մեզ ստեղծեց ազատ կամքով. ուստի կրնանք ընտրել բարիք ընել կամ չարիք ընել։ Այս ազատութիւնը մեզի թոյլ կու տայ, որ Աստուծոյ հանդէպ սէր յայտնենք։ — Կարդա՛ Յակոբոս 1։13-15. Ա. Յովհաննէս 5։3։
3. Աստուած ինչո՞ւ մինչեւ օրս տառապանքը թոյլատրած է։
Եհովա իր գերիշխանութեան դէմ եղած ըմբոստութիւնը որոշ ժամանակ թոյլատրած է։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի ցոյց տայ, թէ առանց իրեն՝ իշխելու որեւէ ջանք մարդոց օգտին պիտի չծառայէ (Ժողովող 7։29. 8։9)։ Այժմ, մարդկային պատմութենէն 6000 տարի անցնելով, ապացոյցը յստակ է։ Մարդկային կառավարիչները չեն կրցած չքացնել պատերազմը, ոճիրը, անարդարութիւնը կամ հիւանդութիւնը։ — Կարդա՛ Երեմիա 10։23. Հռովմայեցիս 9։17։
Մարդկային իշխանութեան հակառակը, Աստուծոյ իշխանութիւնը կ’օգտէ անոնց՝ որոնք զայն կ’ընդունին (Եսայի 48։17, 18)։ Շուտով, Եհովա մարդկային բոլոր կառավարութիւններուն վերջ պիտի դնէ։ Երկրի վրայ պիտի բնակին միայն անոնք, որոնք կ’ընտրեն Աստուծոյ կողմէ իշխուիլ (Եսայի 11։9)։ — Կարդա՛ Դանիէլ 2։44։
Դիտէ այս վիտէոն՝ Աստուած ինչո՞ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին
4. Աստուծոյ համբերութեան շնորհիւ ի՞նչ բանի պատեհութիւնը ունինք։
Սատանան դաւանեցաւ թէ մարդիկ Եհովային կը ծառայեն միայն անձնասէր պատճառներով։ Կրնա՛ս փաստել թէ այս մէկը սուտ է։ Աստուծոյ համբերութիւնը մեզի թոյլ կու տայ, որ ցոյց տանք թէ որո՛ւ իշխանութիւնը կը նախընտրենք՝ Աստուծո՛յ թէ մարդու։ Մեր ընտրութիւնը մեր ապրելակերպով յայտնի կ’ընենք։ — Կարդա՛ Յոբ 1։8-12. Առակաց 27։11։
5. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած ընտրել որպէս մեր Կառավարիչը։
Կրնանք Աստուած ընտրել որպէս մեր Կառավարիչը, իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած ճշմարիտ պաշտամունքը փնտռելով եւ իւրացնելով (Յովհաննէս 4։23)։ Կրնանք մերժել Սատանան որպէս մեր կառավարիչը, քաղաքականութեան եւ պատերազմի միջամուխ չըլլալով, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ։ — Կարդա՛ Յովհաննէս 17։14։
Սատանան իր ուժը կը գործածէ՝ անբարոյ, վնասակար սովորութիւններ յառաջ մղելու համար։ Երբ այդպիսի սովորութիւններ մերժենք, թերեւս կարգ մը բարեկամներ եւ ազգականներ մեզ ծաղրեն կամ հակառակին (Ա. Պետրոս 4։3, 4)։ Ուստի մեր առջեւ ընտրութիւն մը կայ։ Պիտի ընկերակցի՞նք աստուածասէր մարդոց։ Պիտի հնազանդի՞նք Աստուծոյ իմաստուն ու սիրալիր օրէնքներուն։ Եթէ այո՛, ուրեմն կը փաստենք թէ Սատանան սուտ խօսեցաւ, երբ դաւանեցաւ որ ո՛չ ոք ճնշումի տակ պիտի կատարէր Աստուծոյ ըսածները։ — Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. 15։33։
Մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սէրը կ’երաշխաւորէ, թէ չարիքն ու տառապանքը վերջ պիտի գտնեն։ Անոնք՝ որոնք ցոյց կու տան թէ ասոր կը հաւատան, երկրի վրայ առյաւէտ կեանքը պիտի վայելեն։ — Կարդա՛ Յովհաննէս 3։16։