Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Արդեօք. . .

  • երկնային կառավարութի՞ւն է

  • սրտի վիճա՞կ է

  • ուրի՞շ բան մը

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

«Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի» (Դանիէլ 2։44

«Մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ» (Եսայի 9։6, Վերստուգուած աշխարհաբար թարգմանութիւն)։

ԱՍԻԿԱ Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

ԻՍԿԱՊԷՍ ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՒԱՏԱԼ ԻՆՉ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

Այո՛, նուազագոյնը երկու պատճառներով.

  • Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի իրագործէ։ Ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։ Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ, թէ այդ աղօթքը ինչպէ՛ս պիտի պատասխանուի։

    Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, անօթիները կերակրեց, հիւանդները բուժեց եւ նոյնիսկ մեռելներու յարութիւն տուաւ (Մատթէոս 15։29-38. Յովհաննէս 11։38-44)։ Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան ապագայ Կառավարիչը, Յիսուս գեղեցիկ նախանմոյշ մը տուաւ, թէ այդ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի ընէ իր հպատակներուն համար (Յայտնութիւն 11։15

  • Աշխարհի վիճակները կը հաստատեն, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի գայ։ Յիսուս մարգարէացաւ, թէ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ խաղաղութիւն բերելէն կարճ ժամանակ առաջ, աշխարհը լեցուն պիտի ըլլայ պատերազմներով, սովերով եւ երկրաշարժներով (Մատթէոս 24։3, 7

    Այսօր, մեր շուրջը ճիշդ այս վիճակները կը տիրեն։ Ուրեմն կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով այս բոլորին վերջ պիտի դնէ։

ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։

Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ այս համարներով՝ ՍԱՂՄՈՍ 37։29 եւ ԵՍԱՅԻ 65։21-23։