Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 65

Թագաւորութիւնը կը բաժնուի

Թագաւորութիւնը կը բաժնուի

ԳԻՏԷ՞Ք թէ այս մարդը ի՛նչու իր վերարկուն կտոր կտոր կ’ընէ։ Եհովա իրեն ըսաւ որ այդպէս ընէ։ Այս մարդը Աստուծոյ Աքիա մարգարէն է։ Բայց գիտէ՞ք թէ մարգարէ մը ի՛նչ է։ Ան մէկն է, որու Աստուած նախապէս կ’ըսէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի։

Հոս Աքիա կը խօսի Յերոբովամին հետ։ Յերոբովամ մարդ մըն է, որու Սողոմոն կը յանձնէ իր շինարարական գործին մէկ մասը։ Երբ Աքիա Յերոբովամի կը հանդիպի ճամբուն վրայ, ան տարօրինակ բան մը կ’ընէ։ Անոր հագած նոր վերարկուն կը հանէ եւ պատռելով 12 կտորի կը բաժնէ։ Ան Յերոբովամի կ’ըսէ. ‘Քեզի՛ առ 10 կտորը’։ Գիտէ՞ք թէ Աքիա ինչո՛ւ Յերոբովամին կու տայ 10 կտորը։

Աքիա կը բացատրէ թէ Եհովա թագաւորութիւնը պիտի առնէ Սողոմոնի ձեռքէն։ Ան կ’ըսէ թէ Եհովա 10 ցեղերը Յերոբովամին պիտի տայ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Սողոմոնի որդւոյն՝ Ռոբովամի, միայն երկու ցեղ պիտի ձգուի։

Երբ Սողոմոն կը լսէ ինչ որ Աքիա ըսաւ Յերոբովամի, ան շատ կը բարկանայ։ Ան կը ջանայ սպաննել Յերոբովամը։ Բայց Յերոբովամ Եգիպտոս կը փախչի։ Ժամանակ մը ետք Սողոմոն կը մեռնի։ Ան 40 տարի թագաւորեց եւ հիմա իր որդին՝ Ռոբովամ թագաւոր կ’ըլլայ։ Եգիպտոսի մէջ, Յերոբովամ կը լսէ որ Սողոմոն մեռաւ, ուստի ան կը վերադառնայ Իսրայէլ։

Ռոբովամ բարի թագաւոր մը չէ։ Ան իր հօրմէն՝ Սողոմոնէն աւելի գէշ թագաւոր մըն է ժողովուրդին համար։ Յերոբովամ եւ կարգ մը ուրիշ երեւելի մարդիկ կ’երթան Ռոբովամ Թագաւորին եւ կը խնդրեն որ ան աւելի լաւ վարուի ժողովուրդին հետ։ Բայց Ռոբովամ մտիկ չըներ։ Իրականութեան մէջ, առաջուընէ աւելի գէշ կը դառնայ։ Ուստի ժողովուրդը 10 ցեղին վրայ Յերոբովամը թագաւոր կը հռչակեն, իսկ երկու ցեղերը՝ Բենիամինը եւ Յուդան, կը շարունակեն Ռոբովամը ունենալ որպէս իրենց թագաւորը։

Յերոբովամ չուզեր որ իր ժողովուրդը Երուսաղէմ երթան, Եհովայի տաճարին մէջ պաշտամունք մատուցանելու համար։ Ուստի ոսկիէ երկու հորթ կը շինէ եւ 10 ցեղեան թագաւորութեան ժողովուրդին կը բերէ որպէսզի զանոնք պաշտեն։ Երկիրը շուտով ոճիրով եւ բռնութեամբ կը լեցուի։

Երկու ցեղեան թագաւորութեան մէջ ալ խնդիրներ կը ծագին։ Ռոբովամ թագաւոր ըլլալէ հինգ տարի ետք, Եգիպտոսի թագաւորը Իսրայէլի դէմ պատերազմելու կու գայ։ Ան Եհովայի տաճարէն շատ մը գանձեր կը տանի։ Հետեւաբար տաճարը շատ քիչ ժամանակ իր առաջուան վիճակին մէջ կը մնայ։